ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐՇՆՉԱԾԸ

Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ, կա­նուխ ժա­մե­րուն, նստած գողտ­րիկ, գե­ղե­ցիկ ե­կե­ղեց­ւոյ նստա­րան­նե­րուն վրայ, կը դի­տեմ Սուրբ Խո­րա­նը։ Այդ պա­հը այն խորհր­դա­ւոր պահն է՝ երբ ա­ռան­ձին մտա­ծե­լու, խորհրդա­ծե­լու եւ ապ­րե­լու ա­ռի­թը ու­նիմ վե­հա­գոյն ճշմար­տու­թիւ­նը, կ՚ամ­փո­փուիմ եւ կը վե­րա­նամ, մտա­պէս կը յափշ­տա­կուիմ երբ կը մտա­ծեմ, որ քիչ յե­տոյ այդ նոյն Սուրբ Խո­րա­նին վրայ պի­տի կա­տա­րուի աշ­խար­հի ամ­բողջ պատ­մու­թեան ե­զա­կի զո­հա­բե­րու­մը՝ նուի­րու­մը եւ պի­տի ապ­րուի կեան­քի աննման ճշմար­տու­թիւ­նը… ան­ձայն, հա­մեստ այդ Սուրբ Սե­ղա­նին վրայ։

Ա­ռան­ձին, կը սպա­սեմ, որ այս ճշմար­տու­թեան մաս­նա­կից­ներ գան, ա­նոնք ալ վա­յե­լեն այդ գե­ղեց­կու­թիւ­նը, վե­հու­թիւ­նը, հո­գե­ւոր աչ­քով տես­նեն ճշմար­տու­թիւ­նը ամ­բողջ։

Սուրբ Սե­ղա­նին վրայ կը նկա­տեմ Խա­չը՝ եր­կու մո­մա­կալ­նե­րու մի­ջեւ, ո­րուն խո­րը կը հանգ­չի յա­ւի­տե­նա­կան «Զոհ»ը։

Ա­պա կը նշմա­րեմ դաշ­տե­րու հա­մեստ ու խո­նարհ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ մա­նուկ­նե­րու նման ան­մեղ ու ժպտա­դէմ ծա­ղիկ­նե­րը, որ գրգիռ կու տայ մտքիս։ Կը խոր­հիմ, հա­ւա­նա­բար ե­րէ­կուը­նէ զե­տե­ղուած ըլ­լան ա­նոնք այս Սուրբ Սե­ղա­նին վրայ… բայց միշտ թարմ եւ մա­քուր։

Կը խոր­հիմ. ե­րա­նի՜ մար­դիկ ալ ու­նե­նա­յին այդ ծա­ղիկ­նե­րուն հա­մես­տու­թիւնն ու խո­նար­հու­թիւ­նը՝ թար­մու­թիւ­նը եւ մաք­րու­թիւ­նը։ Եւ կը խոր­հիմ՝ ար­դեօք ծա­ղիկ­նե­րուն այդ հա­մես­տու­թի՞ւ­նը, այդ ան­մե­ղու­թիւ­նը եւ մաք­րու­թիւնն է, որ ա­նոնք ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ ը­րած է Սուրբ Խո­րան բարձ­րա­նա­լու եւ Սուրբ Սե­ղա­նին վրայ զե­տե­ղուե­լու, հոն՝ ուր շա­տեր չեն կրնար բարձ­րա­նալ ու վա­յե­լել այդ վա­յել­քը եւ միա՛յն ար­ժա­նա­ւոր­ներ, ո­րոնց­մէ քա­նին ի­րա­պէս «ար­ժա­նա­ւոր» է եւ ար­ժա­նի հոն բարձ­րա­նա­լու, ի­րա­պէս խնդրա­կա՛ն է…։

Եւ դար­ձեալ կը խոր­հիմ, ո՜վ գի­տէ ժո­ղո­վուր­դին մէջ կան ո՜ր­քան ար­ժա­նա­ւոր­ներ, ո­րոնք չեն կրնար բարձ­րա­նալ Սուրբ Խո­րան եւ դար­ձեալ, ո՜ր­քան ա­նար­ժան­ներ եւ պա­տա­հա­բար «ար­ժա­նա­ցած»ներ՝ ո­րոնք ի­րենք զի­րենք կը ցու­ցադ­րեն ժո­ղո­վուր­դին որ­պէս ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ­ներ եւ ընտ­րուած­ներ։ Ի՜նչ ինք­նա­խա­բէու­թիւն, ի՜նչ պատ­րանք։ Ա­նոնք ի­րա­կան խեղ­ճեր են, թշուառ­ներ, ո­րոնք կը նմա­նին Ա­ւե­տա­րա­նի մէջ յի­շուած «մաք­սա­ւոր»ին, բայց կը վա­րուին որ­պէս «Փա­րի­սե­ցի»։ Ինք­նա­հա­ւան, մե­ծա­միտ, ինքն իր­մով հպարտ, փա­ռա­մոլ այս խեղ­ճե­րը, դժբախ­տա­բար շատ ա­ւե­լի յարգ ու պա­տիւ կը վա­յե­լեն ի­րենց ար­տա­քին տես­քով, քան ա­նոնք՝ որ ի­րա­պէս նուի­րուած են ծա­ռա­յու­թեան։ Եւ ա­նոնք կը խա­բեն ո՛չ միայն միա­միտ­նե­րը, կը խա­բեն նաեւ ի­րենք զի­րենք, քա­նի որ ի­րենց սու­տին ի­րենք ալ կը հա­ւա­տան եւ ի­րենք զի­րենք «ար­ժա­նա­ւոր» կը կար­ծեն։

Կան ո­մանք ալ, ո­րոնք ի­րենք զի­րենք ա­մե­նա­գէտ կը կար­ծեն, յա­ւակ­նոտ ու մե­ծա­միտ, կ՚ու­զեն քօ­ղար­կել ի­րենց տգի­տու­թիւ­նը։ Բայց ի­րա­կա­նին՝ ա­նոնք ի­րենց պա­տա­հա­բար ստա­ցած աս­տի­ճա­նին կամ տրուած պաշ­տօ­նին ի­րա­ւա­սու­թեան ե­տին ծած­կուած խե՜ղ­ճեր են։

Սուրբ Սե­ղա­նին վրայ զե­տե­ղուած հա­մեստ, ան­ձայն, մունջ եւ լուռ ծա­ղիկ­ներ շատ ա­ւե­լի ար­ժա­նի են եւ կը պատ­շա­ճին հոն, քան թէ հա­զար ու մէկ խա­բէու­թիւն­նե­րով, կեղ­ծի­քով, նեն­գու­թեամբ ստա­ցուած աս­տի­ճան­նե­րով բարձ­րա­ցող­ներ, ո­րոնք մի­միա՛յն վնաս կը պատ­ճա­ռեն սրբու­թիւն­նե­րու՝ ո­րոնց նուի­րուած կը ձե­ւաց­նեն ի­րենք զի­րենք։

Իսկ ծա­ղիկ­նե­րը այդ հա­մեստ ծա­ղիկ­նե­րը ո՛ւր որ ալ գտնուին ու տես­նուին ի­րենց կո­չու­մին ար­ժա­նի եւ հա­ւա­տա­րիմ են։ Նեն­գու­թիւն, կեղ­ծիք, խար­դա­խու­թիւն չկա՛յ ա­նոնց մէջ. ծի­րա­նի գօ­տիի վա­ղան­ցուկ գոյ­նե­րուն մնա­յո՛ւն պատ­կեր­ներն են ա­նոնք ա­մէ­նու­րեք, ինչ­պէս դաշ­տե­րու վրայ…։

Ծա­ղիկ­նե­րը՝ ան­մեղ, մա­քուր ծա­ղիկ­նե­րը ու­րա­խու­թիւն են սրտին, ե­րա­նու­թի՜ւն հո­գի­նե­րուն, կար­ծես Աս­տու­ծոյ մէկ ժպի­տը՝ երկ­րի ե­րե­սը հա­յե­լիա­ցած։

Եւ այս­պէս, ա­ռա­ւօտ կա­նուխ, երբ կը դի­տեմ Սուրբ Սե­ղա­նի վրայ զե­տե­ղուած թարմ ու մա­քուր ծա­ղիկ­նե­րը, կը խոր­հիմ, թէ քիչ յե­տոյ Սուրբ Խո­րան բարձ­րա­ցող­ներ ո՜ր­քան պի­տի կա­րե­նա­յին նմա­նիլ այդ ան­ձայն ծա­ղիկ­նե­րուն, երբ պո­ռա­յին, բարձ­րա­ձայն գո­չէին ո՛չ թէ ա­ղօ­թե­լու եւ Աս­տու­ծոյ պաշ­տա­մունք կա­տա­րե­լու, Աս­տուած փա­ռա­բա­նե­լու, Աս­տուած գո­վա­բա­նե­լու հա­մար, այլ կար­ծես յայ­տա­րա­րե­լու հա­մար, թէ ի­րենք պէտք է որ փա­ռա­բա­նուին։

Ե­թէ կ՚ու­զէք տես­նել զա­նոնք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ան­գամ մը կը բա­ւէ գալ ե­կե­ղե­ցի եւ ու­շադ­րու­թեամբ դի­տել ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Պի­տի տես­նէք, սի­րե­լի­նե՜ր, որ երբ ա­նոնք ար­տա­ռոց ձայ­նով մը կը բա­ցա­գան­չեն. «Աս­տու­ծոյ երկր­պա­գես­ցուք», կար­ծես ը­սել կ՚ու­զեն. «Ես հոս եմ, ին­ծի միայն երկր­պա­գու­թիւն ը­րէք…»։ Եւ ա­սոնք կը կար­ծեն ծա­ռա­յել Աս­տու­ծոյ։ Մինչ­դեռ սրբու­թիւն­նե­րը ի­րենց շա­հուն ծա­ռա­յեց­նել է ի­րենց բո՛ւն նպա­տա­կը. ո՛ւր որ փառք ու պա­տիւ կայ, հո՛ն են ա­նոնք եւ ո՛չ թէ հոն՝ ո՛ւր ի­րա­պէս Աս­տուած կը փա­ռա­բա­նուի։

Մե­ծա­միտ, յա­ւակ­նոտ, ինքն­հա­ւան ծա­ռա­ներ են ա­նոնք, որ միայն ի­րենց շա­հուն գե­րի­ներն են։

Ա­նոնք եր­բեք չեն վա­րա­նիր, կրօն­քը, սրբու­թիւն­նե­րը, ե­կե­ղե­ցին եւ նոյ­նիսկ Աստ-ւած շա­հա­գոր­ծել՝ ի­րենց անձ­նա­կան փառ­քին եւ եր­բեմն ալ նիւ­թա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Ա­նոնք պա­տա­հա­բար ի­րենց տրուած աս­տի­ճան­նե­րը, պաշ­տօն­նե­րը եւ դիր­քը կը շա­հա­գոր­ծեն, պար­զա­պէս ի­րենց ե­ղա­ծէն ա­ւե­լի բարձր ցոյց տա­լու հա­մար ի­րենք զի­րենք։ Հա­ւա­տա­ցեալ կ՚ե­րե­ւին բայց կա­տա­րեալ ան­հա­ւատ­ներ են ա­նոնք, գի­տուն կ՚ե­րե­ւին բայց խեղճ տգէտ­ներ են ա­նոնք, գի­տա­կից կ՚ե­րե­ւին բայց ան­գի­տա­կից­ներ են ա­նոնք, բա­րի կ՚ե­րե­ւին բայց վնա­սա­կար չա­րեր են ա­նոնք, հաս­տա­տա­միտ կ՚ե­րե­ւին բայց մեղկ, կա­մա­զուրկ­ներ են ա­նոնք, վճռա­կան կ՚ե­րե­ւին բայց յա­րա­փո­փոխ նկա­րա­գիր ու­նին ա­նոնք, նկա­րագ­րով իբր թէ զօ­րա­ւոր կ՚ե­րե­ւին բայց ի­րա­կա­նին գաղջ բնա­ւո­րու­թիւն ու­նին՝ ինչ նկա­րագ­րի տէր ըլ­լա­լը կա­րե­լի չէ հասկ­նալ, ո­րուն նա­ւը տե­ղա­ւո­րուին ա­նոր եր­գը կը կան­չեն, կը բամ­բա­սեն, խօսք կը տա­նին ու կը բե­րեն, միշտ ի­րենք ի­րա­ւուն­քի տէր եւ ար­դար են, ու­րիշ­նե­րը՝ ա­նի­րաւ…։

Եւ այս­պէս, այս «ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեա՜լ»նե­րը, ի­րենց նկա­րագ­րին ու հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն ան­հա­մա­պա­տաս­խան՝ կը բարձ­րա­նան Սուրբ Խո­րան՝ ուր շա՜տ ար­ժա­նա­ւոր­ներ չեն կրնար բարձ­րա­նալ, եւ այն­տեղ մե­ծա­ձայն ի­րենց փառ­քը կ՚եր­գեն, այն Սուրբ Սե­ղա­նին առ­ջեւ՝ ուր խո­նարհ, հա­մեստ, ան­մեղ, մա­քուր եւ թարմ ծա­ղի­կը ան­կեղ­ծու­թեամբ կը զար­դա­րէ Սուրբ Խա­չը եւ մա­նուկ­նե­րու ան­մե­ղու­թեամբ, ժպտա­դէմ, ան­ձայն, անշ­շուկ, ա­նաղ­մուկ, լուռ կ՚եր­գէ եւ կը փա­ռա­բա­նէ զԱս­տուած։

Սի­րե­լի՜­ներ, ո՞վ ա­ւե­լի կը պատ­շա­ճի Սուրբ Սե­ղա­նին՝ ա­նար­ժան մէ՞­կը, թէ՝ պարզ ծա­ղի­կը, գո­ռոզ մա՞ր­դը, թէ հա­մեստ ծա­ղի­կը…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 18, 2016, Իս­թան­պուլ 

Երկուշաբթի, Յունուար 25, 2016