ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

«Առձեռն Ընդհանուր ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Հին եւ Նոր Տէրութեանց - Վենետիկ, ի տպարանի Մխիթարեան, 1880» գիրքին մէջ «Ազդ» վերտառութեամբ՝ որպէս նախաբան, սապէս կ՚ըսէ Հ. Ներսէս Ճնտոյեան։

«Պատմական գիտութիւնը յիսուն տարիէ ՚ի վեր մեծապէս զարգացաւ, եւ ուսմանց կարգին մէջ առաջին տեղին ունի։ Սակայն դեռ անթիւ թերութիւնք կան ուղղելիք ՚ի պատմութեան. ժամանակագրութիւնն իրաւամբ պատմութեան լոյս կոչուած՝ թերի է տակաւին, եւ կերպով իւիք խաւար՝ շատ մեծամեծ դիպաց մէջ. կրնանք ըսել թէ այն խոր տգիտութիւնը՝ զոր ունին պատանեաց մեծ մասն ժամանակագրութեան նկատմամբ, կը ցուցընէ թէ անխնամ թողուցած չարիք մը կայ եւ շուտ դարմանոյ մը հարկ։

Այս իմ ենթադրեալ չարեաց դիմացը փոքր ՚ի շատէ առնելու մտքով՝ գաղղիերէնէ թարգմանեցի առաջնափորձ ճաշակաւ մը քսան հազար դէպք եւ թուականք ՚ի սկզբանէ աշխարհի մինչեւ մեր օրերը (vingt mille faits et dates depuis la création du monde jusqu'à nos jours)։

Գրքոյկը 1849-ին տպուած է, որով պէտք էր երեսուն տարուան դատարկն լեցնել, որպէսզի մեր ժամանակակից դէպք եւ թագակիրքն ալ ծանօթանան. գրքին եւ ուսմանց պէտքն, կարեւորութիւնն եւ նպատակն ոչ ոք կրնայ տգիտանալ եւ կարեւորօքն կատարեալ գրուածքներով եւ եւս զարգացնել։

Հայերէն թէ աշխարհական եւ թէ եկեղեցական ժամանակագրութիւն յաւելցուցինք մատենկանս մէջ, թէպէտ եւ երկուքին մէջ ալ տակաւին շատ մը քննելիք, դիտելիք եւ ուղղելիք կան, որ ժամանակաւ եւ հասուն խելամտութեան տեսութիւններով օր մը պիտի պարզեն եւ լուսաւորին՝ կը յուսամք մեծապէս։

Ներողամտութեան միայն եւ արդիւնաւորութեան մատենկանս մնամ եւ յուսամ»։

Հոս կ՚արժէ յիշել, թէ՝ «Ժամանակագրութիւն» իր լայն առումով կը նշանակէ՝ արձանագրութիւն օրը օրին պատահող կարեւոր դէպքերու կամ թուականներ. «քրոնիկոն»։

Այս նախաբանը մեզի անգամ մը եւս կը յիշեցնէ՝ պատմագրութեան՝ «պատմական գիտութեան» անուրանալի կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ, առանց անցեալը գիտնալու կարելի չէ՛ հասկնալ ներկան, եւ առանց ներկան հասկնալու՝ համոզուիլ կարելի ալ չէ պատրաստել ապագան։ Ուստի պատմութիւնը՝ «նախանիւթ»ն է, պարզագոյն տարրը ներկային եւ յաջորդաբար՝ ապագային։ Անցեալին նկատմամբ անտարբեր անհատ կամ ժողովուրդ չի կրնար վայելել ներկան եւ, թերեւս չափազանցութիւն, չի կրնար ունենալ ապագայ։ Այս իսկ պատճառով, պէտք է արժէք տրուի անցեալին՝ պատմագիտութեան, եւ ըստ այնմ ձեւաւորուի ներկան եւ ապագան։ Եւ այս կը պահանջէ խոհեմութիւն, իմաստութիւն եւ ողջամտութիւն…

Շարունակենք Հ. Ներսէս Ճնտոյեանի «տեղեկութիւն»ները.

«Ժամանակագրութեան նիւթն է չափ ու որոշումն ժամանակաց։

Ժամանակաց չափ ըսելով կ՚իմանամ ժամանակի ընդհանրապէս գործածական եղած բաժանմունքները, ինչպէս՝ տարի, ամիս, օր եւ այլն. իսկ որոշումն ժամանակաց՝ թուականներ կամ դարեր, որոնք դէպքով մը սկսեր են։

1. Չափ ժամանակաց։ - Ժամանակաց բնական բաժանմունք՝ տարին, ամիս, օրերն են, որոնք աստեղաց պարբերական առաջ խաղալուն եւ յետ դառնալուն համեմատ բաժնուած են. արուեստական բաժանմունք են շաբաթ, ժամ, վայրկեան, եւ այլն։ (Հին ազգաց շատերն եօթնօրեայ շաբաթ ունէին. ոմանք ալ ութօրեայ, կէսն ալ՝ ինչպէս Յոյնք՝ տասնօրեայ։ Քաղդէացւոց կը տրուի եօթնօրեայ շաբաթու գիւտն, որ մտաւ Հռովմէական տէրութեան մէջ Քրիստոնէից ձեռքով՝ որոնք ՚ի Հրէից առին ասոր հնութիւնն ստեղծագործութեան կը հասնի։ Արաբացիք ալ եօթնօրեայ շաբաթ ունին։ Ժամը 60 վայրկեան է. վայրկեանն 60 րոպէ 60 րոպէն մաներկր եւ այլն, որոնց նշանք են. 5ժ, 48՛. 45՛՛. 30՛՛՛. 15՛՛՛՛։ Հրէայք, հին Յոյնք եւ Հռովմայեցիք 24 ժամ կը բաժնէին օրը, 12 ժամ տիւ, 12 ժամ գիշեր։ Եւրոպացիք նոյնպէս սովորութիւն առին։ Բաբելացիք, Աթենացիք եւ այլն, 12 հաւասար ժամ կը բաժնէին)։

Օրը ժամանակագրութեան ստոյգ եւ հիմնական տարերքն է. եթէ բոլոր հին ազգերն օրուան, անոր բաժանման, երբ սկսելուն վրայ չմիաբանեցան՝ գոնէ տեւողութիւնը նոյն պահեցին, բայց ազգերն ամսոյն օրաթուոյն եւ տարին բոլորող ամսոյ թուոյն վրայ իրարու անհամաձայն եղան, եւ տեսակ տեսակ տօմարներ գործածեցին։ (Բաբելացիք եւ Պարսք օրը առաւօտէն կը սկսէին. իրենց կը հետեւին արդի Յոյնք։ Իսկ Հրէայք, Հայք, Աթենացիք, Գերմանացիք, Գաղիացիք ՚ի հնոց. Արաբացիք։ Իտալացիք ՚ի նորոց՝ երեկոյէն կը սկսին օրը. Իտալիոյ հին բնակիչ Ումբրացիք կէսօրէն կը սկսէին, Հռովմայեցիք առաջին անգամ սկսան կէս գիշերին, որոնց հետեւեցան Եւրոպացիք)։

Ի սկզբան հաշիւները լուսնական դրութեամբ կ՚ըլլային. դիտեցին իմացան որ արեգակն ընտրելագոյն ուղղիչ է տարւոյն տեւողութեան, ուրեմն հնարուեցաւ արեգակնային տօմար մը. եւ հին տօմարը նորոյն հետ միաբանելու համար օրեր յաւելցուցին զանազան կերպով. ասկէ մեծ շփոթութիւն մը ծագեցաւ. Հռովմ վերջ տուաւ այս շփոթութեան։

(Լուսնական տարի կ՚ըսուի լուսնին երկրիս բոլորը 12 անգամ պըտըտիլը, ՚ի մի լուսնէն մինչեւ ՚ի միւս լուսին հաշուելով։ Լուսնական տարւոյն ստոյգ տեւողութիւնն կ՚ըլլայ 354 օր, 8ժ. 48՛. 38՛՛. 12՛՛՛։ Արեգակնային տարին է, 365 օր, 5ժ. 48՛. 45՛՛. 30՛՛՛։ Ինչպէս ըսուեցաւ՝ լուսնական ամիսն է 29 օր, 12ժ. 44՛. 3՛՛. 12՛՛՛. որով լուսնական տարւոյն ստոյգ տեւողութիւնն կ՚ըլլայ 354 օր, 8ժ. 48՛. 38՛՛. 12՛՛՛։ Յայտնի կ՚ըլլայ այս թիւերէս որ արեգակնային տարին աւելի է քան զլուսնականն 10 օր, 21ժ. 0՛. 7՛՛. 18՛՛՛. ուստի արեգակնային 33 տարի, 4 օր. 18ժ. 48՛ կ՚ընէ)։

Յուլիոս Կեսար իբրեւ քրմապետ՝ տօմարի ալ հսկելու պաշտօն ունենալով՝ աղէքսանդրացի Սոսիդենէս աստղաբաշխին խորհրդով լուսնական տարւոյն տեղ փոխանակեց արեգակնային տարին, որուն հետեւեցան Հռովմայեցիք. տարին 365 օր եւ չորս տարին մէկ մը օր մ՚ալ յաւելցնելով որ է նահանջ տարին։ Յուլեան թուականն ընդհանուր եղաւ. Հռովմ բոլոր իր հպատակ ժողովրդոց տուաւ զայն գործածել։

Բայց ամէն չորս տարի մէկ օր յաւելցընելով, կամ 6 ժամ, ամէն տարի. 11՛, 14՛՛, 30՛՛՛ կ՚աւելնար, որովհետեւ արեգակնային տարին 365 օր, 5 ժամ, 48՛, 45՛՛, 30՛՛՛ է։ Այս տարբերութիւնն 128 առ 129 տարուան մէջ օր մը կը կազմէ, եւ ԺԶ դարուն իմացուեցաւ որ եղանակաց կարգն այլայլեր էր։

Գրիգոր ԺԳ պապն իր 1581 փետրուար 24-ին հանած կոնդակովն Ալոզիոս Լելիոս Բանասիրին հաշուին համեմատ՝ 1582 տարիէն 10 օր դուրս ձգել տուաւ, հոկտեմբերի 4-ը՝ 15 համարելով, եւ վճռեց որ անկէ վերջ չորս դարական տարին մէկ մը միայն նահանջ ունենայ։

Գաղղիացիք, Իտալացիք, Սպանիացիք, Փորդուգալք եւ ուրիշ ուղղափառ ազգերը մէկէն ընդունեցան այս նորոգութիւնը. Գերմանացի բողոքական տէրութիւնք ասոնց օրինակին հետեւեցան (1699), Հոլանտա, Հելվետիա եւ Տանիմարքա (1700), Անգղիացիք (1752) եւ Շուէտք (1753)։ Բայց Ռուսք եւ Յոյնք դեռ յուլեան տօմարին կամ հին ոճոյն վրայ կեցան, որ հիմայ 12 օր յետ է գրիգորեան կամ նոր տօմարէն, եւ տարբերութիւնն կ՚առաւելու, ինչպէս տեսանք, ամէն 128 տարին օր մը։ (Ասիկայ բոլորովին ճիշդ չէ, դեռ 2ժ, 56՛, 40՛՛ տարբերութիւն կը մնայ, որ օր մը կ՚ըլլայ գրեթէ երեսուն ու չորս դարու մէջ. ուրեմն 5200 նահանջ տարին հասարակ թուականին հասարակ տարի մը կրնանք սեպել)։

2. Որոշումն ժամանակաց։ - Կը մնայ գիտնալ թէ ինչպէ՞ս հին եւ նոր ազգեր որոշեր են ժամանակաց մասունքը. այս ինքն է գլխաւոր թուականներ կամ դարեր, զորս ընտրեր են իբրեւ կէտ մը՝ ուսկից կը սկսին իւրաքանչիւր ազգաց մասնական պատմութեան դիպաց յաջորդութիւնք։

Բայց ինչպէս որ Գրիգորեան տօմարն ընդունեցանք իբրեւ աւելի կատարեալ՝ իրեն հետ յարմարցընելու համար ուրիշ զանազան ազգաց գործածած տօմարները, նոյնպէս կրնանք յարմարցընել ամէն տեսակ թուականներ հասարակ եւ հիմնական թուականի մը, որ է Քրիստոնէական թուականն։ - Որով ընդհանուր ժամանակագրութիւնն ալ կը բաժնուի երկու շրջանի։

Առաջինն. ՚ի սկզբանէ ժամանակաց ինչուան (=մինչեւ) Յիսուսի Քրիստոսի Ծնունդը, երկրորդն, Յիսուս Քրիստոսի Ծննդենէն մինչեւ հիմայ։

Տարիներն այսպէս հաշուելն՝ որ շատ աւելի ստոյգն է, խիստ յարմար է պատմութեան սովորական եռամասն բաժանման. այսինքն՝ Հին պատմութեան, որ կը տեւէ ինչուան (=մինչեւ) բարձումն Հռովմէական արեւմտեան կայսրութեան 476-ին։ Միջնադարեան պատմութիւն, որ կը լմըննայ Թուրքաց Կոստանդնուպօլսի տիրելովն 1453-ին, եւ Նոր պատմութիւն, որ կը սկսի 1453-էն եւ կը տեւէ ինչուան մեր օրերն։

Հասարակաց կամ Քրիստոնէական թուականին գործածութիւնն՝ Քրիստոսի թուականին Զ դարուն սկսաւ։

Դիոնիսիոս կրտսեր 550-ին Իտալիոյ մէջ առաջարկեց եւ հետզհետէ ընդունեցան Գաղղիացիք եւ Անգղիացիք, իսկ մեծին Կարոլոսի ատեն ընդհանուր եղաւ քրիստոնեայ ազգաց մէջ։

Հ. ՆԵՐՍԷՍ ՃՆՏՈՅԵԱՆ, 1880

Պատմագիտութեան մէջ (études historiques) կարեւոր եւ անուրանալի տեղ մը կը գրաւէ ժամանակագրութիւնը՝ որու մասին ամփոփ տեղեկութիւններ քաղեցինք եւ ներկայացուցինք Հ. Ներսէս Ճնտոյեանի աշխատասիրութենէն՝ 1880-ին հրատարակուած…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 18 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 25, 2023