ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻՆ՝ «ՄԱՍ»Ի ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ - Ա -
Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ մարդկային կեանքը՝ թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական, կը կառավարուի կարգ ու կանոնով, ընդհանուր առմամբ՝ օրէնքներով։ Ուստի Եկեղեցին ալ ունի իւրայատուկ կարգը եւ կանոնը, իրաւունքը եւ օրէնքը։
Օրէնքը կեանքի ընդհանուր կանոն մըն է՝ որուն նպատակն է հասարակաց բարիքը։ Օրէնքը կ՚ենթարդէ բանական կարգ, որ հաստատուած է Իմաստութեան զօրութեան, բարութեան եւ բանականութեան կողմէ, անհատներու միջեւ անոնց բարիքին համար եւ նաեւ հաւաքական-ընկերային կեանքին նպատակայարմար եւ արդիւնաբեր կերպով օգտագործման համար՝ ի նպաստ անհատներու։ Ուրեմն օրէնքը հասարակաց, ընդհանուր զգացման ու իմացականութեան, գիտակցութեան արտայայտութի՛ւնն է, որ կը կանոնաւորէ «կեանք»ը։
Այս իմաստով, օրէնքին սկզբնակէտն է բանականութիւնը՝ որուն նպատակն է հանրային օգուտը։ Ուրեմն օրէնքը, կեանքը դիւրացնելու համար է եւ ո՛չ՝ դժուարացնելու, հարցերը լուծելու համար է եւ ո՛չ՝ աւելի խրթին ու կնճռոտ վիճակի վերածելու։ Եւ ուրեմն առանց իրաւունքի եւ օրէնքի կարելի չէ՛ ապահովել եւ տեւականացնել մարդկային-ընկերային կեանքը։
Օրէնքը, իր ընդհանուր առումով կրնայ գրաւոր եւ կամ անգիր, ո՛չ գրով՝ բերանացի ըլլալ, կարեւորը բանական եւ օգտակար, նպատակայարմար կարգ ու կանոնի մը հաստատումն է։ Օրէնքը, ըստ էութեան գրաւոր ըլլալու հարկաւորութիւն մը չունի, բայց կարեւորը անոր տեւականութիւնը, յարակայ վիճակն է՝ մարդկային օգտին ու բարիքին ծառայելու համար։
Օրէնքի արժէք կը ներկայացնէ նաեւ «աւանդութիւն»ը՝ որ եթէ բանականութեան սահմաններուն մէջ հաստատուած է եւ կը կանոնաւորէ ընկերային կեանքը։
Աւանդութեան «օրէնք»ի համազօր ըլլալու նախապայմանն է՝ ընդհանուր բարեկարգութեան չհակասելը եւ երկար ժամանակէ ի վեր ընդունուած եւ գործադրուած ըլլալը՝ ի նպաստ ընկերութեան եւ մարդկութեան բարիքին։ Այն աւանդութիւնը՝ որ հակառակ չէ՛ բանականութեան եւ համարժէք օրէնքի, «օրէնք» կարելի է համարել, այն պայմանով, որ այդ մասին տուեալ գրաւոր օրէնք մը գոյութիւն չունենայ։
Ահաւասիկ այս կէտին, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել՝ «աւանդութեան» եւ «սովորութեան» տարբերութեան։ Աւանդութիւնը, ինչպէս ըսինք, ըստ էութեան անգիր ստացուած «օրէնք» մըն է, պայմանով որ այդ մասին գրաւոր օրէնք մը գոյութիւն չունենայ։ Իսկ սովորութիւնը՝ վարժութիւն մը, ունակութիւն մը, կարճ ժամանակի մէջ ապրելակերպ մը, բարք մըն է։ Այս իմաստով՝ սովորութիւնը ճշդուած, վաւերացուած վիճակ մը չէ, այլ ժամանակաւոր բարք մը։ Վաւերացուած չէ, քանի որ սովորութիւնը «բարի» ալ կրնայ ըլլալ, «չար» ալ։ Զոր օրինակ, ծխախոտ, եւայլն մոլութեան պատճառ նիւթեր գործածելու, ծխելու սովորութիւնը անհատական բնոյթ ունի եւ ընդհանրապէս վնասակար ունակութիւն մըն է եւ երբեք «աւանդութեան արժէք» չի ստանար։
Իսկ աւանդութիւնն ալ օգտակար է, երբ մարդ զայն կը գործածէ բարիքի համար, աւանդապահութեամբ։ Անոր չափազանցութիւնն ալ՝ աւանդապաշտութիւնը վնասակար է, քանի որ մարդս ձեւապաշտութեան կը մղէ։ Օրէնքի համար ալ կարելի է նոյնը ըսել՝ օրինապահութիւնը որքան օգտակար է մարդուս ընկերային կեանքին համար, շա՜տ աւելի վնասակար է օրինապաշտութիւնը, քանի որ օրինապաշտութեան պարագային օրէնքը կը կորսնցնէ իր նպատակն ու իմաստը, որովհետեւ հոն կը կորսուի «օրէնքի ոգի»ն։
Օրէնքը, գրաւոր կամ անգիր, պէ՛տք է գործադրուի իր ոգիին համեմատ, իր նպատակին յարմար կերպով եւ իր իսկական իմաստին հաւատարիմ մնալով։
Բոլոր այս խորհրդածութիւններէ ետք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, այս ընդհանուր գաղափարը մասնաւորենք առօրեայ ընկերային կեանքով, մանաւանդ եկեղեցական կեանքով՝ որ ընկերային կեանքի կարեւոր մէկ հատուածը կը ներկայացնէ։ Պէտք է ընդունիլ, որ եկեղեցական կեանք կը ներգործէ մարդուս կեանքէն ներս որեւէ կերպով, որքան ալ մարդ հեռո՜ւ զգայ ինքզինք այդ կեանքէն։ Եկեղեցական կեանքը՝ մարդկային ընկերական ընդհանուր կեանքին անբաժանելի մէկ մասն է, քանի որ ան կը հետաքրքրէ մարդուս հոգեկան կեանքը, եւ մարդ առանց հոգեկան կեանքի չի կրնար գոյատեւել, որովհետեւ մարդ՝ «մարմին», «հոգի» եւ «միտք»է բաղկացած ամբողջութիւն մըն է։
Հաւատարիմ մնալով մեր խորհրդածութեան վերնագրին՝ «մաս»ի գործածութեան, տեսնենք, թէ ի՛նչ է «մաս» կոչուածը եւ «մաս»ին գործածութեան իմաստն ու նպատակը։
«Մաս» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ բաժին, իսկ աւելի յատուկ իմաստով՝ օրհնուած հաց։
«Մաս»ին յատուկ իմաստը անգամ մըն ալ լսենք արժանահաւատ հոգեւորականի մը՝ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի բացատրութեամբ։
Մաղաքին Արքեպիսկոպոս իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Պատարագի խորհուրդին նշխար պատրաստուած ատեն, սովորութիւն էր զայն առատութեամբ պատրաստել, որպէսզի անոնց մէջէն հա՛տ մը սրբագործութեան համար ընտրուելէ ու անով արժանաւորները հաղորդուելէ ետք, մնացեալն ալ անարժաններու՝ այսինքն չհաղորդուողներու բաժնուի իբր բարեպաշտական մասնակցութիւն Սուրբ Խորհրդոյն։
«Այս է մաս ըսուածը։
«Այժմ աւելի թուով պատրաստուած նշխարներէն զատ, դիւրագոյն պատրաստութեամբ, եւ առանց տիպի նուրբ նշխարներ կը պատրաստուին, եւ կտոր-կտոր կամ մաս-մաս բաժնելով՝ ժողովուրդին կը բաշխուին, եւ այս նուրբ ու անտիպ նշխարները բուն նշխարներէն զանազանուելու համար ՄԱՍ կը կոչուին»։
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի այս յստակ բացատրութեամբ կ՚իմացուի, թէ «մաս»ը իսկական, բո՛ւն հացին աւելցուկն է՝ փշրանքը։
Արդ, հարցնենք եւ միասին խորհրդածենք սիրելի՜ բարեկամներ, եթէ ժողովուրդը «զրկուած» է Սուրբ Հաղորդութենէն Մեծ պահքի շրջանին, ապա ուրեմն Սուրբ Հաղորդութեան հացին, միայն օրհնուած մասին արժանանալը, անոր մնացեալը բաժնելը ճի՞շդ է, թէ ո՛չ։ Եթէ որեւէ բանի մը բունը, իսկականը՝ արմատը ճիւղերուն միացնող մասը արգիլուած է, ապա անոր ճիւղերէն կամ պտուղէն օգտագործուիլ ո՜րքան բանական է եւ ընդունելի…։ Սիրելի՜ներ, խորհրդակցութիւն կ՚առաջարկեմ, քանի որ կը հաւատամ, թէ՝ ճշմարտութեան լոյսը յառաջ կու գայ միտքերու, գաղափարներու բախումէն։ Եւ դարձեալ չմոռնանք, որ մարդուս համար շատ աւելի դժուար է ազատիլ իր նախապաշարումներէն եւ կանխակալութիւններէն, քան երկիրը շարժել…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 8, 2016, Իսթանպուլ