ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ

Մեծ պահ­քը զղջու­մի եւ խոս­տո­վա­նու­թեան շրջան մըն է՝ լա­ւա­գոյն ա­ռիթ մը հո­գե­պէս նո­րո­գուե­լու եւ կազ­դու­րուե­լու։

Եւ ե­թէ մե­ղան­չու­մը սխա­լանք մըն է, ա­պա ու­րեմն միշտ կայ ա­ռի­թը սրբագ­րե­լու եւ սրբագ­րուե­լու, ինչ­պէս ա­մէն հի­ւան­դու­թիւն ու­նի իր բու­ժիչ դեղն ու դար­մա­նը։ Եւ ե­թէ չէ գտնուած, ա­նի­կա չի նշա­նա­կեր որ ա­նոր դեղն ու դար­մա­նը միան­գամ ընդ միշտ գո­յու­թիւն չու­նի, այլ պար­զա­պէս այն պատ­ճա­ռով, որ մարդ չէ կրցած գտնել, քա­նի որ պէտք ե­ղած ջան­քը չէ թա­փած եւ ու­րեմն չէ կրցած գտնել։ Ար­դա­րեւ, բնու­թիւ­նը իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ ա­մէն բու­ժիչ բա­լա­սան ա­մէն հի­ւան­դու­թեան դէմ։ Եւ ինչ­պէս դե­ղը եւ բու­ժու­մը կը վե­րա­նո­րո­գէ եւ կը կեն­դա­նաց­նէ մար­մի­նը, այն­պէս ալ զղջու­մը եւ խոս­տո­վա­նան­քը բու­ժում են հո­գիին եւ ա­ղօթ­քը՝ վե­րա­կեն­դա­նա­ցու­մը եւ լու­սա­ւո­րու­մը ա­նոր։

Այս ի­մաս­տով Մեծ պահ­քի շրջա­նը կը բո­վան­դա­կէ իր մէջ վեց կի­րա­կի։ Իսկ «Կի­րա­կի»ն հանգս­տեան օր է, նաեւ օրհ­նու­թեան, փրկու­թեան՝ Տի­րոջ նուի­րուած օր։

Ար­դա­րեւ Կի­րա­կի օ­րը, մար­դիկ պէտք է թո­ղուն ի­րենց ա­մէն տե­սակ աշ­խար­հա­յին հո­գերն ու զբա­ղում­նե­րը եւ սրտով ու մտքով ուղ­ղուին դէ­պի Աս­տուած՝ որ է հո­գի ի­մաս­տու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան։

Յա­կո­բոս Տեառ­նեղ­բայր իր ընդ­հան­րա­կան նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Մօ­տե­ցէ՛ք Աս­տու­ծոյ, եւ Աս­տուած Ինք պի­տի մօ­տե­նայ ձե­զի» (ՅԱ­ԿՈԲ. Դ 8)։­

Ա­ռա­քեա­լին այս խօս­քը կը բա­ցատ­րէ Կի­րա­կիի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ մար­դոց հո­գե­ւոր կեան­քին՝ խա­ղա­ղու­թեան եւ փրկու­թեան հա­մար։

Երբ Մեծ պահ­քի շրջա­նին իւ­րա­քան­չիւր Կի­րա­կի ու­նի իր ի­մաս­տը, հոն կա­պակ­ցու­թիւ­նը կը տես­նուին վեց Սուրբ Գրա­յին պատ­մու­թիւն­նե­րու՝ հաս­տա­տուած աս­տուա­ծա­յին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ճշմար­տու­թեան վրայ։ Եւ այդ վեց կի­րա­կի­նե­րէն ա­ռա­ջինն է՝ Բուն Բա­րե­կեն­դա­նի Կի­րա­կին, որ կը ներ­կա­յաց­նէ դրախ­տա­յին հա­ճե­լի եւ ե­րա­նե­լի կեան­քը, հո­գիի ա­զա­տու­թեան եւ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան վա­յե­լու­մը։ Մէկ խօս­քով՝ ու­րախ, զուարթ եւ զուար­ճա­լի կեան­քը։

Ինչ­պէս Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նը կը վկա­յէ՝ Աս­տուած մար­դը ստեղ­ծեց զայն կո­չե­լով ե­րա­նե­լի՜ կեան­քի մը՝ կամ­քի ա­զա­տու­թեան մէջ։ Ա­հա­ւա­սիկ «Բուն Բա­րե­կեն­դան»ը, թէ՛ ի­մաս­տով, թէ՛ նկա­րագ­րա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ կը խորհր­դան­շէ այս դրախ­տա­յին ե­րա­նե­լի՜ վի­ճա­կը։ Նա­խաս­տեղծ մար­դը կո­չուած էր այս եր­ջան­կու­թեան, հո­գիի կա­տա­րե­լու­թեան։

Ա­ռա­ջին մար­դիկ, ու­րեմն ե­րա­նե­լի՜ կեանք մը կ՚ապ­րէին, եր­ջա­նիկ էին, քա­նի որ ա­զատ էին։

Բայց բնա­կան է որ ա­մէն ա­զա­տու­թիւն ու­նե­նար սահ­ման մը, չափ մը։ Թէեւ ա­ռա­ջին մար­դիկ ա­զատ էին, այդ պատ­ճա­ռով եր­ջա­նիկ՝ խա­ղաղ կեանք մը կը վա­րէին, ի­րենց հա­մար եր­կի­րը ան­հո՜ւն, ան­սահ­ման պար­տէզ մըն էր՝ դրա՛խտ եւ ի­րենց բո­լո­րո­վին օ­տար էր աշ­խա­տու­թիւն, քա­նի որ ի­րենց օ­տար էր ա­մէն տե­սակ կա­րիք, պա­հանջք, ան­կա­տա­րու­թիւն, բայց ու­նէին այդ բո­լո­րը սահ­ման մը, չափ մը։

Չա­փա­ւո­րու­թեան եւ պար­զու­թեան մէջ կը վա­յե­լէին ի­րենց ա­զա­տու­թիւ­նը եւ եր­ջա­նիկ էին եւ ի­րենց ա­մե­նա­մեծ ու կա­րե­ւոր եր­ջան­կու­թիւնն էր՝ Աս­տու­ծոյ հետ ապ­րիլ, Ա­նոր մօտ ըլ­լալ։ Աս­տու­ծոյ ձայ­նը ա­նոնց ա­կան­ջին շատ մօ­տէն կը հաս­նէր, իսկ Ա­նոր սէ­րը՝ ի­րենց ան­մի­ջա­պէս սրտին։

Ուս­տի մար­դուս ան­մեղ վի­ճա­կը՝ աս­տուա­ծա­յին «պար­գեւ» է, իսկ սրբու­թիւ­նը՝ ա­նոր ջան­քով ձեռք բե­րուած «նկա­րա­գի՛ր»։

­Բայց ա­ռա­ջին մար­դիկ նա­խընտ­րե­ցին սխա­լը, մեղ­քը՝ հպար­տու­թիւնն ու անհ­նա­զան­դու­թիւ­նը։

Չէ՞ որ այ­սօր ալ մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս կը նա­խընտ­րեն չա­րը՝ փո­խա­նակ բա­րիի, ա­տե­լու­թիւ­նը՝ փո­խա­նակ սի­րոյ, մեղ­քը՝ փո­խա­նակ սրբու­թեան, սու­տը՝ փո­խա­նակ ճշմար­տու­թեան, խռո­վու­թիւ­նը՝ փո­խա­նակ խա­ղա­ղու­թեան եւ շատ մը շի­տա­կէն շե­ղում­ներ՝ փո­խա­նակ ուղ­ղու­թեան։

Եւ դժբախ­տա­բար պէտք է ըն­դու­նիլ եւ խոս­տո­վա­նիլ, որ այդ ի­մաս­տով ո՛­չինչ փո­խուած է մար­դուս նկա­րագ­րէն՝ բաղ­տատ­մամբ նա­խաս­տեղծ մար­դոց, ո­րոնք նա­խընտ­րե­ցին սխալ եւ մո­լար ճամ­բան՝ փո­խա­նակ եր­ջան­կու­թեան տա­նող շի­տակ ճամ­բուն։ Հպար­տա­ցան ա­նոնք, ինչ­պէս այ­սօր կը հպար­տա­նան ո­մանք, ան­ցան ի­րենց չափն ու սահ­մա­նը՝ չա­րա­չար գոր­ծա­ծե­լով ի­րենց «ա­զատ կամք»ը, ինչ­պէս միշտ մարդ ան­ցած է իր չափն ու սահ­մա­նը եւ պատ­ճառ դար­ձած է ըն­կե­րա­յին ա­ւեր­նե­րու, կո­րուստ­նե­րու։

Ու­րեմն ո՜ր­քան պէտք ու­նի մարդ­կու­թիւ­նը, ա՛յ­սօր ալ չա­փա­ւո­րու­թեան, պար­զու­թեան՝ ո­րոնք ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ են, որ մար­դը կ՚ազ­նուաց­նեն, կը բարձ­րաց­նեն եւ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծեն, սրբու­թեամբ ապ­րե­լու կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն։ Ան­շուշտ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը, որ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը «կէս աս­տուած կը կո­չէ», ինք­նին կը ստեղ­ծէ ու­րիշ ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ եւս, զոր օ­րի­նակ, հա­մես­տու­թիւն, բա­րու­թիւն, պար­կեշ­տու­թիւն, մար­դա­սի­րու­թիւն։ Եւ բո­լոր այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը միա­նա­լով մարդս կը տա­նին իր ե­րա­նե­լի շրջա­նին, ուր կ՚ապ­րէր եր­ջա­նիկ եւ խա­ղաղ։ Բայց ինչ­պէս ա­մէն շրջա­նի, մեր օ­րե­րուն ալ բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը հա­մա­րուած են տկա­րու­թիւն, ան­զօ­րու­թիւն, խեղ­ճու­թի՛ւն։

Երբ մարդ պարզ է, հա­մեստ է, խո­նարհ է՝ կ՚ա­նուա­նուի ժա­մա­նա­կավ­րէպ, շրջա­պա­տի ա­մէն տե­սակ ան­ցու­դար­ձէն ան­տե­ղեակ, յե­տամ­նաց եւ մին­չեւ իսկ տգէտ մարդ։

Ա­հա­ւա­սիկ հպար­տու­թեան մղող, դրդող սխա՛լ մըն է հա­մես­տը եւ պար­զը, չա­փա­ւո­րը «տկար» ա­նուա­նել, պատ­ճառ մը, որ մարդ փո­խուած ե­րե­ւիլ կա­մե­նայ, ե­ղա­ծէն տար­բեր ե­րե­ւոյթ մը պար­զէ։ Եւ այս պատ­ճա­ռով է որ հպար­տու­թիւ­նը ա­մէն մեղ­քի մայրն է, սկիզբն է, նա­խա­քա՜յլն է։ Բայց ինք­նա­գի­տա­կից մար­դը չի տա­րուիր մղում­նե­րէ, դրդում­նե­րէ, հաս­տատ կը մնայ իր նկա­րագ­րով՝ պարզ եւ չա­փա­ւո՛ր։

Ամ­բողջ մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ, սա­կայն, տու­ժող կողմ նկա­տուած են հեզ ու խո­նարհ, պարզ ու չա­փա­ւոր մար­դիկ։ Իսկ ամ­բար­տա­ւա­նու­թիւ­նը միշտ գո­վա­սան­քի ար­ժա­նա­ցած՝ հպարտ ու յա­ւակ­նոտ­նե­րը պսակ­նե­րու ար­ժա­նի տես­նուած են։

Մար­դիկ միշտ սխալ ընտ­րու­թեան պատ­ճա­ռով տու­ժած, բայց չեն հրա­ժա­րած ի­րենց սխալ ըն­թաց­քէն։

Ար­դա­րեւ նա­խաս­տեղ­ծուած մար­դէն՝ իր մեղ­քին պատ­ճա­ռով դրախ­տի ե­րա­նե­լի՜ կեան­քէն հե­ռա­նա­լու ստի­պուած մար­դէն շատ ա­ւե­լի տար­բեր վի­ճա­կի մը մէջ չ՚ե­րե­ւիր այ­սօ­րուան մո­լո­րած, սխա­լած եւ սխալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով չար­չա­րուող, տա­ռա­պող դժբախտ մար­դը։ Այ­սօր ալ մարդ ու­նի «դրախ­տա­յին» կեանք ապ­րե­լու պա­տե­հու­թիւ­նը՝ խա­ղա­ղու­թեան մէջ եր­ջա­նիկ ապ­րե­լու ա­ռի­թը, ե­թէ գո­հա­նալ գիտ­նայ իր ու­նե­ցա­ծով, ե­թէ պարզ ու չա­փա­ւոր ապ­րի, սի­րով մօ­տե­նայ իր նման­նե­րուն՝ փո­խա­նակ զա­նոնք ա­տե­լու, նա­խա­տինք դուրս տա­լու եւ մա­նա­ւանդ հեզ ու խո­նարհ ըլ­լա­լու՝ փո­խա­նակ սնա­փա­ռու­թեան, հպար­տու­թեան։

Մար­դիկ ա՛յ­սօր ալ կրնա­յին դրախ­տի կեանք վա­յե­լել, կրնա­յին ա­մե­նա­լաւ դիր­քի վրայ ըլ­լալ եւ եր­ջա­նիկ ըլ­լալ, ո­րուն ար­դէն կո­չուած են ա­րար­չու­թեան ա­ռա­ջին պա­հէն իսկ։ Մար­դիկ կրնա­յին ի­րենց ամ­բողջ կեան­քը ան­ցը­նել «բա­րե­կեն­դան»ի մի­ջա­վայ­րին մէջ, ե­րա­նե­լի, խա­ղաղ եւ հան­գիստ։

Հե­զե­րը, խո­նարհ­նե­րը տեղ պի­տի ու­նե­նան ի­րենց խոս­տա­ցուած երկ­նա­յին ե­րա­նե­լի՜ դրախ­տին մէջ՝ ուր­կէ ե­կաւ իր նա­խոր­դը, նա­խաս­տեղծ մար­դը։ Եւ ի վեր­ջոյ պի­տի կա­տա­րուի մար­դուն վե­րա­դար­ձը՝ դրա՛խտ։ Պէտք չէ յու­սա­հա­տիլ, քա­նի որ համ­բե­րու­թիւ­նը ինք­նին կեա՛նք է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 17, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Փետրուար 25, 2017