ՔԱՆԱԿ ԵՒ ՈՐԱԿ
Որեւէ արժէք մը ի՞նչով կարելի է չափել՝ իր քանակութեամբը թէ՝ որակովը։ Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Որեւէ գոյութիւն, եւ կամ որեւէ իրողութիւն յարգ ստանալու համար ո՞ր մէկը կարեւոր է. անոր քանա՞կը թէ՝ որակը։ Ուղիղ եւ շիտակ գնահատելու համար որեւէ իր կամ իրողութիւն, կարծեմ անհրաժեշտ է ընել այս ընտրութիւնը, երբ շատ անգամ անարժէք բան մը արժէք կը ստանայ եւ արժէքաւորը՝ կ՚անտեսուի…։ Անարդարութիւն, անիրաւութիւն չէ՞ այս մէկը։
Կեանքի զանազան փորձութիւններ եւ ցաւալի փորձառութիւններ, յաճախ մտածել տուած են մեզի՝ անդրադառնալ այս հարցին եւ մտահոգուիլ, քանի որ դէպքը ո՛չ միայն անհատական հարց մըն է, այլ մանաւանդ ընկերային արդարութեան խնդիր մըն է։
Ինչպէս վերը ըսինք՝ չեմ գիտեր, դուք, սիրելիներ, ի՛նչ կը մտածէք, ի՛նչ կ՚ըսէք այս մասին։
Սիրելինե՜ր, այս տրուպ գրիչը միշտ կարեւորութիւն ընծայած է որակին։ Թերեւս սխալած, բայց գոնէ ըրած է իր նախընտրութիւնը այս մասին։ Արդարեւ, ընկերային կեանքի շատ մը անհանգստութիւններ արժէք տալու կամ արժէք խնայելու անարդարութենէն չե՞ն ծագիր։ Անիրաւուածներ շա՜տ են այս հարցով։
Սապէս խորհինք պահ մը. սնտուկ մը լեցուն փտած խնձոր ունիք, ուրիշ մըն ալ միայն մէկ հատ առողջ ու թարմ խնձոր ունի։ Եթէ հրամցուի ձեզի, ո՞ր մէկը կը նախընտրէք. սնտուկ մը լեցուն խնձո՞րը, թէ մէկ հատ թարմ խնձորը։ Բանաւոր պիտի ըլլար նախընտրել՝ մէկ հատ թարմ խնձորը։ Անշուշտ խորհողներ կրնայ ըլլալ, թէ սնտուկ մը փտած խնձորին մէջ կրնայ ըլլալ թարմ մնացած խնձոր մը…։ Փտածներուն մէջ թարմ մնալ կարելի՞ է, սիրելիներ։ Թերեւս հրա՜շք…։
Ուրեմն ողջամիտ մարդը, բանաւոր կերպով, որջախոհութեամբ կը պատասխանէ՝ թէ պէտք է նախընտրել մէկ հատ խնձորը՝ որ թարմ է եւ առողջ։ Բայց ան երբեք չի գտնուիր փտածներուն մէջ, եթէ այդպէս կարծուի, հետեւանքը յուսախաբութի՜ւն է…։ Արդարեւ, թարմ խնձորը օգուտ կը պատճառէ մարդուս, իսկ միւսը՝ վնա՛ս։
Ուրեմն հոս ստուգանիշն է՝ օգտակարութեան եզրը եւ անվնասութիւնը։
Այս օրինակը կարելի է բազմացնել։ Ամէն անգամ նո՛յն եզրակացութեան պիտի յանգի մարդ, եթէ բանականութեամբ խորհի…։
Արդարեւ, այս իրողութիւնը կարելի է պատկերացնել տնտեսական սկզբունքով մը. այն, որ սակաւաթիւ է, քիչ է, ան աւելի յարգի՛ է։ Այս ուղղութեամբ, որեւէ բան եթէ հազուագիւտ է, քիչ կը գտնուի, աւելի արժէք կ՚ընծայէ եւ աւելի ընտիր է։
Այս սկզբունքէն մեկնելով, հարցում մը եւս հարցնենք մենք մեզի. բազմաթիւ ընկերնե՞ր աւելի օգտակար են, թէ քիչ, բայց բարեկամ-ընկերներ։ Ուստի կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ամէն ընկեր «բարեկամ» չէ, ինչպէս ամէն ընտանիքի անդամ «բարեկամ» չի կրնար ըլլալ։
Մարդկային յարաբերութիւններու բարձրագոյն արժէքն է բարեկամութիւնը։ Եւ եթէ բարեկամներ սակաւաթիւ են, ուրեմն անոնք ընտիր են եւ արժէք կ՚ընծայեն, յարգի են։ Ուստի «ընկեր» եւ «ընտանիք» նիւթական յարաբերութիւն մը կը ներկայացնեն։ Մին «միասին ուտող», միւսն ալ՝ «նոյն տանիքին տակ ապրող»։ Բայց եթէ այդ միութեան անդամները իրարու կապող բարոյական հասարակաց ուժ մը գոյութիւն չունի, այդ բոլոր յարաբերութիւնները մակերեսային եւ կարծեցեալ անդամակցութիւններ են։ Սիրելի ընթերցող բարեկամներ, կը կարծէ՞ք, թէ ամէն ընկեր, նոյնիսկ ընտանիքի մը անդամ «բարեկամ» է, եւ կամ ամէն միութեան անդամ իրարու նկատմամբ «բարեկամ» է…։
Թերեւս պիտի հակադրէք, պիտի հակառակիք եւ այս գրիչը անբժշկելի յոռետես մը պիտի անուանէք, բայց ո՛չ մէկ ընկեր «ընկեր» է, եթէ «բարեկամ» չէ՛, եւ աւելին՝ ո՛չ մէկ ընտանիքի անդամ, արենակից, իրապէս արենական կապ ունենալու, այդպէս կոչուելու արժանի է, եթէ «բարեկամ» չէ՛, եւ ըլլայ գործի, ըլլայ որեւէ գաղափարի մը շուրջ հաւաքուած անհատներ, իրապէս այդ միութեան անդամ են, երբ իրենց միջեւ կայ «բարեկամական» անկեղծ կապ։ Մարդիկ այս մասին միշտ զիրար կը խաբեն՝ բարեկամ կ՚երեւին, բայց թշնամի են իրարու։
Ի՞նչ է հիմնական պատճառը այս իրողութեան։
Պարզ է բացատրել, քանի որ մարդիկ անկեղծ չեն, ընդհանրապէս չեն երեւիր այնպէս՝ ինչպէս որ են։
Բայց ինչո՞ւ, քանի որ անոնք ինքնամոլ են, ինքնակեդրոն եւ այդ պատճառով միշտ պրկուած ու կաշկանդուած են նախանձի եւ ատելութեան զգացումներով։ Ամէն մարդ «ե՛ս» կարեւոր եմ, կ՚ըսէ, նոյնիսկ «միա՛յն ես», կ՚ըսէ, եւ ուրիշին արժէքը, իրաւունքը, զգացումները, մտածումները նկատի չ՚առներ կամ կարեւորութիւն չ՚ընծայեր անոնց։ Եւ դժբախտաբար, կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ խաղաղութեան, սիրոյ, մարդասիրութեան եւ ամէն առաքինութեան «միութիւն» կարծուած Եկեղեցւոյ մէջ ալ պարագան նո՛յնն է. նախանձ եւ ատելութիւն տիրապետող զգացումներ են հո՛ն ալ…։
Գիտեմ, հակադրողներ պիտի ըլլան մեր այս անկեղծ կարծիքին։ Անոնց կը յանձնարարեմ լա՛ւ ուսումնասիրել Եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ հոն պիտի գտնեն բազմաթիւ փաստեր՝ որոնք կ՚ապացուցանեն ճշգրտութիւնը մեր համեստ կարծիքին։ Անշուշտ չեմ յանձնարարեր դիտել ձեր շուրջը, ինչպէս յաճախ կ՚ընեմ, քանի որ հոն բազմաթիւ երեւոյթներ յուսախաբ պիտի ընեն շատերը։ Ուրեմն, շատ մի՛ դիտէք ձեր շուրջը այս մասին՝ պատմութիւնը լա՛ւ ուսումնասիրեցէք, կը բաւէ՛…։
Սիրելինե՜ր, անկեղծ ըլլանք եւ մանաւանդ ամէն մէկս գիտնանք մեր չափն ու կշիռը եւ ըստ այնմ յարգենք ամէն իրաւունք, ճանչնանք արժէք, եւ ո՛չ մէկու իր ունեցածէն աւելի արժէք չընծայենք, ինչպէս չունեցած արժէքով չփառաբանենք մէկը։ Յուսախաբութիւնը վա՛տ զգացում մըն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 24, 2015, Իսթանպուլ