ՅԻՍՈՒՍ Կ՚ԱՆԻԾԷ ԹԶԵՆԻՆ

Աւագ երկուշաբթի օրուան խորհուրդն է՝ անիծուած թզենին։ Ասիկա կը պատմուի Աւետարանի հետեւեալ հատուածին մէջ.

«Առտուն, երբ ինք քաղաքը կը դառնար, անօթեցաւ։ Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով քովը գնաց։ Անոր վրայ տերեւներէն զատ բան մը չգտաւ. ու ըսաւ անոր.- Ասկէ յետոյ պտուղ չտաս յաւիտեան։ Եւ իսկոյն թզենին չորցաւ։

Աշակերտները երբ տեսան, զարմացան եւ ըսին.- թզենին ինչպէ՞ս շուտ մը չորցաւ։

Յիսուս պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոնց.- Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի. եթէ հաւատք ունենաք ու չերկմտիք, ոչ միայն այդ թզենիին եղածը պիտի ընէք, հապա նաեւ եթէ այս լերանը ըսէք. ելի՛ր ու ծովը ինկիր, պիտի իյնայ։ Ամէն ինչ որ աղօթքի մէջ հաւատքով կը խնդրէք, պիտի առնէք». (ՄԱՏԹ. ԻԱ 18-22)։

Իսկ Մարկոս, նոյն դէպքը կը պատմէ հետեւեալ ձեւով.

«Հետեւեալ օրը Բեթանիայէն կ՚ելլէին, անօթեցաւ եւ հեռուէն տերեւալից թզենի մը տեսնելով գնաց, խորհելով թէ վրան բան մը կը գտնէ, բայց երբ անոր քով գնաց՝ տերեւներէն զատ բան չգտաւ, վասնզի դեռ թուզի ատենը չէր։ Եւ Յիսուս այն ատեն ըսաւ անոր.- Ասկէ յետոյ մէկը քեզմէ պտուղ չուտէ յաւիտեան։ Եւ աշակերտները լսեցին». (ՄԱՐԿ. ԺԱ 12-14)։

Համատես աւետարաններ՝ Մատթէոս, Մարկոս եւ Ղուկասէն զատ՝ անիծուած թզենիի այս պատմութիւնը անհեթեթ՝ իմաստազուրկ բան մը կարելի է նկատել առաջին ակնարկով։ Անիկա, արդարեւ, մտածել կու տայ երիտասարդ Յիսուսի քմահաճոյքներու մասին՝ որ տեղի-անտեղի օգտագործուած է իր խօսքի կարողութիւնը. «երեխայական» բաներ՝ որոնք մեծ հաճոյքով նկարագրուած են մեր թուագրութեան Ե. կամ Զ. դարերուն գրուած պարականոն (apokryphos՝ գաղտնի, ծածուկ) որոշ աւետարաններուն մէջ։ Այդ այնքան ալ նման չէ Նոր կտակարանի Քրիստոսին։

Համատես աւետարաններէն Մատթէոս եւ Մարկոս, սակայն, կու տան ուրիշ տարբեր լուսաբանութիւն։

Յիսուսի՝ Երուսաղէմ գալու յաջորդ օրն է. Ան երկարօրէն կը նայէր, թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ տաճարին մէջ. ապա կը մեկնէր այնտեղէն առանց որեւէ բան մը ըսելու։ Հետեւեալ օրը առաւօտեան Ան տակնուվրայ պիտի ընէր ամէն ինչ, որ վաճառքի առարկայ էր դարձեր շէնքին մէջ՝ որ պէտք էր ըլլար «աղօթքի տուն», եւ որ պատասխանատուները, սակայն այն վերածեր էին «աւազակներու որջ»ի. (ՄԱՐԿ. ԺԱ 15-16), (ՄԱՏԹ. ԻԱ 12-17), (ՂՈՒԿ. ԺԹ 45-48) եւ (ՅՈՎՀ. Բ 13-22)։

Տաճարը, ուրեմն, չի տար այն պտուղները՝ որ պէտք է տար։

Ահա, այստեղ է, որ մէջ կը մտնէ թզենիի դրուագը։

Հին կտակարանի մէջ թզենին յաճախ հանդէս կու գայ որթատունկի հետ միասին որպէս Աւետեաց երկրի բարգաւաճման նշան։ Ինքը որթատունկը Եսայի մարգարէի կողմէ կը համեմատուի Իսրայէլի հետ, որ պէտք է տար վարդակարմիր խաղողներ եւ որ, սակայն, իր բազմաթիւ անհաւատութիւններու պատճառով, վատ հատիկներ կու տայ, որոնցմով միայն կարելի է վատորակ գինի պատրաստել. (ԵՍԱՅԻ Ե 1-7), (ՄԱՐԿ. ԺԲ 1-12)։ Համանման ձեւով, Ա սաղմոսի մէջ, Տիրոջ Օրէնքը գործադրող մարդը կը նմանցուի արգասաբեր ծառի մը։

«Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. եւ անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի». (ՍԱՂՄ. Ա 3)։

Միւս կողմէ՝ Մարկոսի Աւետարանին մէջ արդէն պտուղի մասին խօսուած է «սերմնացանի առակ»ին մէջ. պտուղ՝ որ կու տան անոնք, որոնք կը լսեն Խօսքը եւ կ՚ընդունին զայն. (ՄԱՐԿ. Դ 1-9 եւ Դ 13-20)։

Անպտուղ թզենին կը ներկայացնէ բոլորովին ուրիշ բան, քան ծառը ինքը։ Ուստի, անոր մասին եղած առակը տեսակ մը գործադրութեան մէջ եղող առակ է։ Այն խօսքը, որ Յիսուս կ՚ուղղէ անոր, կը պատկանի Երեմիայի կամ Եզեկիէլի կողմէ կատարուած խորհրդանշական գործերու շարքին. մարգարէն կ՚ըսէ եւ հրապարակով կը յայտնէ՝ ինչ որ Աստուած պիտի ընէ Երուսաղէմի կամ Իսրայէլի համար։

Ասիկա, մարդոց աչքերը եւ ականջները բանալու, ուշադրութեան հրաւիրելու ձեւ մըն է այն անխուսափելի ապագային առջեւ, որ անոնք պատրաստած են իրենք իրենց համար։

Երբ Յիսուս իր խօսքը կ՚ուղղէ թզենիին, աշակերտները այնտեղ են եւ կը լսեն. (ՄԱՐԿ. ԺԱ 14)։ Յիսուս պատկերաւոր ձեւով կը յայտնէ անոնց, որ հրէական աշխարհի կարեւոր մէկ հաստատութիւնը, անկասկած տաճարը, չի տար այն պտուղները՝ որ Աստուած կարող էր սպասել անկէ, եւ ան ընդմիշտ մնալու է անպտո՛ւղ։

Հատուածը չ՚ըսեր, թէ անոնք ի՛նչ հասկցան այդ պահուն։

Հաւանաբար անոնք խորապէս շփոթած մնացին, ճիշդ այնպէս ինչպէս ինքնաբերաբար կ՚ըլլայ Աւետարանի ընթերցողը՝ որ համակրանքով լեցուած այդ դժբախտ թզենիի նկատմամբ, որ միակ յանցանքը թուզ չունենա՛լն է գարնան եղանակին՝ թուզի եղանակէն ամիսնե՜ր առաջ։

Հին կտակարանով սնուած խորհրդածութիւնը միայն թոյլ կու տայ առաջին հակազդեցութիւններէ այն կողմ անցնիլ եւ հասնիլ այս դրուագի խորհրդանշական իմաստին։

Ուստի, կը հետեւի, թէ՝ Սուրբ Գիրքը իր բովանդակութեամբ ամբողջ մըն է եւ հարկ է հասկնալ իր ամբողջութեանը մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 25, 2024