ԼԱՒ ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ
«Լա՛ւ տրամադրութիւն ունենալ» կը նշանակէ՝ ինքնավստահ ըլլալ, կորովի, զօրեղ զգալ ինքզինք, քաջարի ըլլալ եւ պատրաստակամ՝ կատարելու այն ի՛նչ որ իրեն կը վերաբերի։ Լաւ տրամադրութիւն ունեցողը «հոգիի ուժ» ունեցող մէկն է։ Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին, սիրելի բարեկամներ, «լաւ տրամադրութիւն»ը հոգիի առողջութեան համար անհրաժեշտ վիճակ մը չէ՞, ուրեմն։ Եւ եթէ առողջութիւնը խնամելը արուեստ մըն է, լաւ տրամադրութեան մէջ կարենալ ըլլալն ալ, այդ արուեստին միջոցներէն մին եւ կարեւորագոյնը պէտք է համարել։
Խորհեցէք պահ մը, սիրելիներ, մարմնապէս առողջ մէկը, եթէ լաւ տրամադրութիւն չունի, իր մարմնական առողջութիւնը որեւէ «իմաստ» կամ «արժէք» չի՛ ներկայացներ, եւ թերեւս առողջութեանը վատթարացման պատճառ կ՚ըլլայ։ Ուրեմն, երբ յաճախ կը լսենք, լսելու վարժուած ենք՝ թէ մարմնական առողջութիւնը, մարդուս երջանկութեան նախապայմա՛նն է, անոր պէտք է միացնել նաեւ՝ «լաւ տրամադրութիւն»ը, այն վիճակը՝ որ ներքին խաղաղութիւն, հոգիի զօրութիւն, կ՚ենթադրէ։
Անշուշտ, որ մարմնապէս առողջ մէկը երջանիկ պէտք է զգայ ինքզինք, քանի որ գոնէ մարմնի տեսակէտէ որեւէ հոգ չունի, մտահոգութեան պատճառ մը չունի։
Բայց նոյն մարդը եթէ լաւ տրամադրութիւն չունի, ներքին խաղաղութիւն չունի, ապա ուրեմն թերի կողմ մը կայ, կը նշանակէ իր երջանկութեան մէջ՝ երջանկութիւնը կատարեալ չէ՛։ Իսկ եթէ մէկը մարմնապէս առողջ է, եւ հոգեպէս ալ լաւ տրամադրութեան մէջ, ահաւասիկ կատարելապէս երջանիկ մարդը ա՛ն է՝ երանելի՜ մարդը։ Հոս հարցում մը ուղղենք մենք մեզի. կա՞յ արդեօք «երանելի՜ մարդ» այս աշխարհի վրայ, այս իմաստով։ Ի՞նչ կ՚ըսէք սիրելի՜ներ։
Չկա՛յ, քանի որ մարդ, շատ անգամ ինքն իրեն հարցեր, հոգեր կը ստեղծէ, կարծես մտատանջութեան առիթներ կը փնտռէ, մտմտուքէ հաճո՛յք կը զգայ։ Մարդ կարծես ո՛րքան կատարելութեան ձգտի, այնքան թերութիւններ կը ստեղծէ՝ որոնք արգելք կը հանդիսանան իր իսկ երջանկութեան։
Մարդ կարծես միշտ «անկատարութեան» կը ձգտի՝ կատարելութիւնը փնտռած ատեն, եւ նո՛յնպէս՝ դժբախտութիւնը կը նախընտրէ՝ փոխանակ երջանկութեան, երբ հետամուտ կ՚ըլլայ երանութեան…։
Մարդկային բնութիւնն է այս՝ անյագ ըլլալ, միշտ աւելի՛ն, միշտ գերագոյնը, բարձրագոյնը իրեն նպատակ ունենալով։ Եւ ո՜րքան իմաստալից է ժողովրդական այն խօսք, որ կ՚ըսէ. «լաւագոյնը թշնամի՛ն է լաւին»։ Անբաւարարութիւնը ամենամեծ արգելքն է երջանկութեան։ Անշուշտ որ եղածով գոհանալ ամլութեան պատճառ կ՚ըլլայ, սնամէջ վիճակ մը ստեղծէ, բայց մարդ պէտք է զանազանէ՝ կարելին եւ անկարելին, եւ ըստ այնմ շարժի, որպէսզի ի վերջոյ յուսախաբ չըլլայ եւ ամլութեան չմատնուի։ Եւ վերջապէս մարդ պէտք է գիտնայ իրատես ըլլալ, քանի որ ամէն երազ, ամէն տեսիլք չ՚իրականանա՛ր։
Վահան Սարկաւագ Սահակեան կը պատմէ.
«Աշակերտ մը, ուսուցչին կ՚ըսէ.- Դուն ա՜յնքան իմաստուն ես։ Միշտ լաւ տրամադրութիւն ունիս, երբեք չես վրդովիր, չես այլայլիր եւ թէ՛ չես բարկանար։ Օգնէ՛ ինծի, խնդրեմ, որպէսզի ես ալ քեզի պէս ըլլամ։
«Ուսուցիչը սիրով դիմաւորեց աշակերտին խնդրանքին եւ իրմէ ուզեց գետնախնձոր մը եւ թափանցիկ տոպրակ մը։ Եւ ըսաւ.- Եթէ դուն ոեւէ մէկուն բարկանաս եւ ոխ պահես, ապա կը վերցնես այս գետնախնձորը, մէկ կողմին վրայ կը գրես քու անունը, իսկ միւսին վրայ՝ քու բարկացած մարդուն անունը՝ որուն հետ գժտուած ես եւ քէն կը պահես, եւ գետնախնձորը կը դնես այդ թափանցիկ տոպրակին մէջ։
«Աշակերտը՝ անհամբեր, կը հարցնէ.- Այսքան եւ վե՞րջ։
«Ո՛չ, կ՚ըսէ ուսուցիչը եւ գորովագին ժպիտով մը կը շարունակէ.- պէտք է որ դուն միշտ քեզ հետ կրես այդ տոպրակը։ Եւ ամէն անգամ որ, ոեւէ մէկուն նեղանաս, պէտք է որ այդ թափանցիկ տոպրակին մէջ գետնախնձոր մը աւելցնես։
«Աշակերտը հաւանութիւն յայտնեց, համաձայնեցաւ եւ խոստացաւ իր ուսուցչին շարժիլ ա՛յդպէս։
«Որոշ ժամանակ մը անցաւ։ Այդ միջոցին աշակերտին տոպրակին մէջ աւելցուեցաւ մի քանի գետնախնձոր եւս։ Եւ անշուշտ համեմատաբար ծանրացաւ տոպրակը։ Տոպրակը հետզհետէ ծանրացաւ, եւ այլեւս անհնար եղաւ զայն անընդհատ կրել։ Ասկէ զատ, այն գետնախնձորը՝ որ ամենէն առաջ դրուած էր տոպրակին մէջ, սկսած էր արդէն փտիլ ու նեխիլ։ Ան լպրծուն, ցեխանման եւ գարշելի փառով, այսինքն՝ բարակ մաշկով մը պատուած էր։ Որոշները, այսինքն՝ կեղեւը արդէն տուած էր ծիլեր եւ ծաղկեր էին՝ որոնք սուր ցցուած՝ տհաճ ու գարշելի ժահ մը՝ գէշ հոտ մը կ՚արձակէին։ Գետնախնձորը սկսած էր արդէն փճանալ եւ աղբի վերածուիլ։
«Աշակերտը դարձեալ եկաւ ուսուցչին մօտ եւ ըսաւ.- Այլեւս կարելի չէ՛ կրել այս տոպրակը։ Նախ տոպրակը շատ ծանրացած է, եւ երկրորդ՝ գետնախնձորը սկսած է նեխիլ ու փճանալ։ Խնդրեմ ճար մը առաջարկեցէ՛ք։ Բայց ուսուցիչը, փոխանակ առաջարկ մը ներկայացնելու կամ խրատելու, աշակերտին պատասխանեց.- Ահաւասիկ, գետնախնձորին պատահած ճիշդ նոյն բանն է որ կը կատարուի քու հոգիիդ։ Երբ դուն ոեւէ մէկուն բարկանաս կամ նեղանաս անոր, հոգիդ ծանր քարի մը կը վերածուի։ Անմիջապէս դուն չես զգար այդ ծանրութիւնը։ Այնուհետեւ քարը աստիճանաբար կը մեծնայ եւ հետզհետէ կ՚աւելնայ ծանրութիւնը։ Ուստի մարդուս արարքները կը վերծուին սովորութեան, սովորութիւնները՝ բնաւորութեան, որ գարշահոտ արատներ կը ստեղծեն։ Ես քեզի, այդ ամբողջ յարաբերութիւններուդ ընթացքին, ողջմտութեամբ յառաջանալու, շիտակին հետեւելու հնարաւորութիւնը տուի։ Ուստի ամէն անգամ, երբ դուն նեղանաս կամ բարկանաս մէկու մը, ընդհակառակը, նեղանալէ առաջ մտածէ՝ թէ արդեօք քեզի պէ՞տք է այդ քարը»։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը. երբ կ՚ամբաստանենք մէկը, մեր միայն մէկ մատը՝ ցուցամատը ցոյց կու տայ զայն, իսկ մնացեալ չորս մատը ցոյց կու տան մեզի՝ ամբաստանողը։ Ուշադրութիւն ըրէ՛ք եւ ըստ այնմ որոշեցէ՛ք. ամբաստանե՞լ մէկը, թէ ամբաստանելէ առաջ ինքնադատե՛լ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 21, 2016, Իսթանպուլ