ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
Հայ Եկեղեցին, պատմական հնագոյն եկեղեցիներէն մին է, որուն գոյութիւնը սկիզբ կ՚առնէ առաքելական դարէն։ Չորրորդ դարու սկիզբը՝ 301 թուականին, քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս հռչակուած է «Հայ Ժողովուրդի պետական կրօն»՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի օրով եւ անոր միջոցով։
Արդարեւ, բնական է, որ հայերը առաջին դարէն իսկ սկսած են պատարագ մատուցանել, հաւանաբար իր նախնական ձեւին տակ, որ ընդհանրապէս անյայտ է մեզի։ Այդ մասին պատմական վկայութիւններ կը պակսին։
Բայց չորրորդ դարուն, երբ հետզհետէ սկսաւ կառուցուիլ Եկեղեցին՝ կազմակերպուեցաւ Հայ հոգեւորական դասը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Կեսարիայէն վերադարձին, իր հետ բերաւ, հաւանաբար, «Պատարագամատոյց»ը, որ իր ժամանակի միւս եկեղեցիներուն մէջ գործածական էր, եւ սակայն ո՛ր Պատարագամատոյցը, այսօր մեզի անծանօթ կը մնայ։
Հոս հարկ է նշել, որ մինչեւ այդ ժամանակ բազմաթիւ պատարագամատոյցներ գոյութիւն ունէին, եւ ա՛յսօր ալ, որոնք պատմութեան ընթացքին խմբագրուած են զանազան հայրապետներու եւ ձեռնհաս կրօնականներու կողմէ, բնականաբար, նուիրուած նո՛յն խորհուրդին, եւ սակայն բազմատեսակ տարբերութիւններով՝ աղօթքներու, քարոզներու խմբագրման, ծիսական արարողութիւններու, երաժշտական եւ այլ տեսակէտներէ։
Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր աւանդութիւնը մեր այսօրուայ Պատարագամատոյցը կը վերագրէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին եւ ուրիշ հայազգի հայրապետերուն, որոնք յաւելումներ կատարած են անոր վրայ։
Եւ սակայն կը կարծուի, թէ՝ պատմական, բանասիրական ուսումնասիրութիւններ կ՚ապացուցանեն, որ Հայ Եկեղեցին Ե. դարու սկիզբը գործածած է Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի Պատարագամատոյցը. իսկ աւելի վերջ փոփոխութեան ենթարկուած է այն, հիմնուելով մանաւանդ Սուրբ Գրիգոր Նազիանցիի Պատարագամատոյցին վրայ՝ որ սխալմամբ կը կոչուի «Աթանասեան Պատարագամատոյց»։
Հայ Եկեղեցւոյ Պատարագամատոյցին մէջ կան նաեւ աղօթքներ Յովհաննէս Ոսկեբերանէն, զոր օրինակ՝ «Որ օրհնես զայնոսիկ» աղօթքը, եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի, ինչպէս նաեւ տեսակ տեսակ փոքր փոփոխութիւններ՝ որ բնականաբար առաջ եկած են պատմական կեանքի եւ հոլովոյթի բնական օրէնքով։
Սակայն եւ տասներորդ դարուն, Հայոց Պատարագամատոյցը արդէն կը ստանայ իր վարջնակա՛ն ձեւը։ Այս մասին կը խօսին Խոսրով Անձեւացին եւ Ներսէս Լամբրոնացին։ Այս կէտին՝ հարկ է յիշել, թէ այլ Եկեղեցիներ ունին մի քանի պատարագամատոյցներ իրարմէ տարբեր, որոնք բոլորն ալ իրենց համար կը շարունակեն մնալ գործածական։ Զոր օրինակ, Մեծ Պահքի ընթացքին Յոյն Օրթոտոքս Եկեղեցին, փոխն ի փոխ, տարբար պատարագամատոյցներով կը կատարէ Սուրբ Պատարագի խորհուրդի արարողութիւնը։
Հոս, միջանկեալ, տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Պատարագամատոյցի մասին՝ իր «Ծիսական Բառարան»ին մէջ։
«Պատարագամատոյցը՝ Սուրբ Պատարագի աղօթքները պարունակող գիրքն է, զոր քահանան կը գործածէ պատարագ մատուցանելու ատեն, որ եւ Խորհրդատետր կը կոչուի, եւ այդ անունով բացատրուած է»։
Իսկ «Խորհրդատետր»ի մասին եւս կ՚ըսէ.
«Խորհրդատետրը՝ Պատարագի Սուրբ Խորհուրդին ատեն քահանային ի ձայն կամ ի թիւ կարդալու աղօթքներուն գիրքն է, որ փոքրիկ գրակալով սեղանին ձախ եղջիւրին վրայ կը դրուի, երեսը դէպի ժամարարը՝ կարդալու դիւրութեան համար։ Նոյն նպատակաւ Խորհրդատետրերը միշտ խոշորագիր կ՚ըլլան։ Պատարագամատոյց ալ կը կոչուի այս գիրքը»։
Հայ Եկեղեցին, հինէն ի վեր, միաժամանակ մի քանի պատարագամատոյցներ չէ գործածած, հապա ընդունած է մէ՛կ պատարագամատոյցի դրութիւնը։
Մեր այսօրուայ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, իր նախնական ձեւին մէջ, թէեւ օտար պատարագամատոյցի թարգմանութիւն է, եւ սակայն դարերու ընթացքին իր կրած փոփոխութիւններով եւ յաւելումներով, իր հայ լազուի կատարելութեամբ, ծիսական ուրոյն նկարագրով, եւ մանաւա՛նդ, զուտ հայկական երաժշտութեամբ՝ վերածուած է «ազգային գլուխ գործոց»ի՝ ուր մեր հոգեւոր նախնիները իրենց հոգիին ադամանդը բիւրեղացուցած են՝ մեզի ժառանգ թողլով հոգեւոր եւ մշակութենական՝ հոգեմտաւոր անփոխարինելի գա՛նձ մը։
Արդարեւ, Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագը միայն «կրօնական գանձ» չէ, այլ նաեւ՝ մշակութային արժէ՛ք մը։ Մշակութային արժէք մը՝ գրաբար լեզուի անճառելի՜ ձեւերու եւ երաժշտութեան աստուածային ներդաշնակութիւններու եւ համադրութիւններու շնորհիւ։
Եւ երբ Սուրբ Պատարագի միջոցին, եւ մանաւանդ վերացման պահերուն մեր աղօթքները խունկով ու երգով դէպի վե՛ր կը բարձրանան եւ որոնց կը մասնակցին հաւատացեալները՝ ամբողջ ժողովուրդը, կարծես աստուածային խորհուրդը եւ մեր աստուածային լեզուն կը մրցին իրարու հետ, կը գերազանցեն զիրար եւ կը մնան հաւասար եւ իրար արժանի՝ սրբազան խորհուրդը եւ մեր ոսկեդարեան լեզո՜ւն…։
Սուրբ Պատարագի մասնակցող գլխաւոր դերակատարներն են պատարագիչ քահանայ հայրը, սարկաւագը եւ դպիրները։ Դպիրները կը ներկայացնեն ժոողվուրդը, եւ ի՛նչ որ կ՚երգեն՝ ժողովուրդի կողմէն կը խօսին, ըլլա՛յ որպէս պատասխան, ըլլա՛յ որպէս գոհունակութեան արտայայտութիւն կամ խնդրանք։
Սուրբ Պատարագի արարողութիւն կատարողը՝ պատարագ մատուցողը, պատարագիչ քահանայ հայրն է։ Ան է, որ իր այդ հանգամանքով կ՚արտասանէ աղօթքները՝ ըլլա՛յ իր, ըլլա՛յ ժողովուրդին համար։
Իսկ պատարագիչ քահանայ հօր եւ ժողովուրդի, այսինքն՝ դպիրներու միջեւ միջնորդը սարկաւագն է։ Արդարեւ, սարկաւագը քահանայ հօր օգնականն է՝ սպասաւորի դերի մէջ։ Ան, նաեւ սպասաւորն ու պաշտօնեան է Աստուծոյ, անոր սեղանին, անոր խօսքին, այնպէս, ինչպէ՛ս Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագն եղաւ որպէս առաջին տիպարը սարկաւագներու։ Բայց սարկաւագին ամենէն կարեւոր եւ առաջնակարգ պաշտօնը՝ միջնորդ ըլլալն է։ Ուստի սարկաւագն է, որ իր այդ հանգամանքով զգոյշ եւ ուշադիր կերպով կը հետեւի արարողութիւններուն, եւ երբ կու գայ կարեւոր պահ մը, անմիջապէս դառնալով ժողովուրդին՝ անոր ուշադրութիւնը կը գրաւէ, զայն ուշադրութեան հրաւիրելով՝ հրահանգներ եւ խորհուրդներ կու տայ, եւ երբեմն ալ, կ՚արտասանէ ժողովուրդին կողմէ քահանային ուղղուած խօսքեր։
Սուրբ Պատարագի գլխաւոր խորհուրդը այն է՝ որ մարդկութեան հոգին եւ խիղճը ցնցելու եւ յեղաշրջելու նպատակով Յիսուս կը զոհաբերուի, կը զոհէ իր Անձը՝ Ան կը պատարագուի եւ կը բաշխուի մեր բոլորին մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 20, 2017, Իսթանպուլ