ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ «ԿԱՐՄԻՐ»Ը
Բնութեան մէջ «կարմիր» գոյնը կը խորհրդանշէ ընդհանրապէս հասունութիւնը, կատարելութիւնը, քանի որ բոյսեր, ծառեր, տերեւներ եւ պտուղներ մանաւանդ երբ սկսին կարմրիլ, այդ նշանակ է անոնց հասուն վիճակի մէջ ըլլալուն այլեւս։ «Կարմիր» գոյնը հոգեւոր կեանքի մէջ ալ նշանակութիւններ ունի. ան նախ եւ առաջ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի փրկարար արիւնը, որ թափուեցաւ խաչին վրայ՝ մարդկութեան փրկութեանը համար։
Եւ Քրիստոսի արեան պատճառով, կարմիրը խորհրդանիշն է նաեւ զոհողութեան, անձնուիրութեան, զոհուելու վսեմ նպատակի մը կամ բարձր գաղափարի մը համար։
Այլաբանական իմաստով կարմիրը՝ աշխէտը եւ շառագոյնը արիւնահեղութեան կամ յաղթութեան նշանակ է ըստ Սուրբ Գրային վկայութիւններու.
«Առաջին կառքին աշխէտ ձիեր լծուած էին…», ինչպէս կը մարգարէանայ Զաքարիա (ԶԱՔ. Զ 2)։
Եւ դարձեալ, Յովհաննէս առաքեալ, Յայտնութեան գրքին մէջ կ՚ըսէ.
«Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ եւ տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ եօթը թագ» (ՅԱՅՏ. ԺԲ 3)։
Իսկ կրկնակի եւ որդան կարմիրը նշանակ են անջնջելի բանի, ինչպէս կը վկայէ Եսայի մարգարէ.
«Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ՚ըսէ Տէրը. եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (ԵՍ. Ա 18)։ (Ծանօթ. «ասր» կը նշանակէ՝ ոչխարի կտրուած եւ մաքրուած բուրդ՝ ազնիւ եւ սպիտա՛կ)։
Կարմիրը, որպէս Քրիստոսի փրկարար արիւնը, շարունակաբար կը ջրէ Եկեղեցին։ Անոր թափած արիւնով է, որ մարդիկ կը մաքրուին եւ կը սրբուին իրենց մեղքերէն։ Եսայի մարգարէի ըսածին պէս՝ անջնջելի մեղքերը կը սրբուին Յիսուսի անմեղ արիւնով։
Հետաքրքրական է հոս տեսնել, թէ «կարմիր»ը՝ որ կը խորհրդանշէ անջնջելի բան, դարձեալ «կարմիր»ով կը ջնջուի՝ կը մաքրուի եւ կը սրբուի։
Քրիստոս մէ՛կ անգամ Իր անմեղ արիւնը թափեց խաչին վրայ, եւ սակայն մինչեւ այսօր, եւ մշտնջենաւորապէս փրկագործ տնօրինութեամբ մարդկութեան կը պարգեւէ մեղքերու քաւութիւն եւ արդարացում, որոնց պատճառով «յաւիտենական կեանքի յո՛յս»։ Արդարեւ Քրիստոս կ՚ըսէ.
«Լաւ գիտցէք, որ եթէ չուտէք Մարդու Որդիին մարմինէն եւ չխմէք Անոր արիւնէն՝ կեանք պիտի չունենաք ձեր մէջ։ Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ՚ունենայ եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք» (ՅՈՎՀ. Զ 53-55)։ Քրիստոս պատարագուելէ, այսինքն զոհուելէ աւելին իրականացուց՝ փրկեց ամբողջ մարդկութիւնը. ուստի, Անոր պատարագուիլը՝ զոհուիլը մարդուս կեանքի եւ գոյութեան զօրութիւնը եղա՛ւ։
Անոր Խաչի ճանապարհն իսկ մարդկութեան յարութեան՝ յաւիտենական կեանքի յո՛յսն է. Ան Իր խաչով, մարդկութեան՝ յատկապէս Իրեն հաւատացողներուն սիրտերուն եւ հոգիներուն կը բերէ դժուարութիւններու, նեղութիւններու եւ ամէն տեսակ փորձութիւններու դիմադրելու եւ զանոնք յաղթահարելու կորով, քաջութիւն, քանի որ մարդ կը սպասէ լսելու Անոր յարութեան աւետիսը՝ «Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելով»։
Յինանց 4-րդ Կիրակիին «կարմիր» անուանումը կը խորհրդանշէ նաեւ այն բոլոր մարտիրոսներու եւ նահատակներու թափած արիւնը, որոնք ուրանալով իրենց անձը, մինչեւ վերջին շունչը հաւատարիմ մնացին Ամենասուրբ Երրորդութեան՝ կեանքի կոչելով Քրիստոսի պատգամը, ուր կ՚ըսէ.
«Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն» (ՂՈՒԿ. Թ 23-24)։
Արդարեւ, Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին մարմնացաւ, մարդացաւ՝ աշխարհ եկաւ մարդկութիւնը ճշմարտութեան հրաւիրելու եւ ճշմարտութեան ճամբուն վրայ դնելու համար։
Հոս պահ մը վերյիշենք Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծութիւններէն մին՝ «Երազի Օրեր»ը։
«Կարմիր ծաղիկ մը գարունի
«Առտու մը ինծի նվիրեցիր.
«Ըզգացի թէ տենդեր ունի
«Երազկոտ միտքըս ուշացիր։
«Խանդաղատանք մը հորդեցավ
«Իմ նըվաղկոտ լանջքիս տակ՝
«Դողաց սիրո սարսուռն անցավ՝
«Ու թովանքը համբույրին հուր։
«Եւ ըղձակաթ իմ հեգ հոգիս
«Ըզգաց սիրտիդ հուրքն արծարծուն,
«Ու մետաքսէ ուղի մը զիս
«Սեր - Ծաղիկին տարավ ածուն
«Հոն ժըպտեցավ կեանքը ինծի,
«Հըմայքներու հույլովն անցավ,
«Եւ ուրվական մը կասկածի
«Անոր մօտէն երբեք չանցավ»։
Բանաստեղծութիւնը արտատպեցինք՝ «Գրանիշ - գրական համայնք»էն իր բնատիպին հաւատարիմ մնալով։
Ահաւասիկ «կարմիր»ը գրականութեան մէջ, եւ ո՜րքան խոր իմաստ ունի ան, որ կը տիրապետէ մարդկային սրտին եւ մտքին, եւ ընթացք կու տայ զգացումներու եւ խորհուրդներու…։
Երբ կը խօսինք եւ կը խորհրդածենք «կարմիր» գոյնի մասին, հաւանաբար շատեր նկատած են, որ բազմաթիւ անձեր իրենց դաստակին կարմիր թել կապելու սովորութիւն մը ունին։ Պատճառը այն է՝ որ հին ժամանակներուն «կարմիր թել»ը կ՚օգտագործուէր չար աչքերէ պաշտպանուելու համար։ Ուստի «չար աչք»ի հաւատալիքը ընդունուած է ժողովուրդի մէջ, այդ «չար աչք»էն պաշտպանուելու միջոցն ալ ընդունուած էր «կարմիր թել»ը։
Բայց այս սովորութիւնը, բնականաբար, ճշմարիտ եւ ուղղափառ հաւատքի հետ կապ չունի։ Յիսուս Քրիստոսն է մեր փրկիչը եւ անոր փրկարար արիւնը։ Ուրեմն «կարմիր»ը պէտք չէ շփոթել եւ օգտագործել տարբեր նպատակներով, ուստի «կարմիր» գոյնը կարեւոր է եւ արժէք կը ստանայ քրիստոնեային համար, քանի որ Քրիստոսի անմեղ արիւնով եկաւ իր փրկութիւնը՝ որ կարմիր գոյն ունի։ Այս իմաստով, «կարմիր գոյն»ը միջո՛ց մըն է յիշելու Քրիստոսի թափուած արիւնը, եւ պէտք չէ շփոթել միջոցը եւ նպատակը, որ յաճախ տարակուսանքի առիթ կ՚ընծայեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 21, 2018, Իսթանպուլ