ԱՅՆ ՈՐ «ՃԱԿԱՏԱԳԻՐ» Կ՚ԸՍՈՒԻ
Այն ինչ որ «ճակատագիր» կ՚ըսուի, ստեղծագործութեամբ հաստատուած աստուածային «ծրագիր»ի մը մասն է, որ իւրաքանչիւր անհատի «դեր» մը, կամ պարտականութիւն մը կու տայ, որպէսզի ստեղծագործութիւնը հասնի իր նպատակին եւ «ծրագիր»ը անթերի կերպով կատարուի։ Ինչպէս նախապէս յիշեցինք, արարչագործութիւնը տակաւին կը շարունակէ մինչեւ որ իր վախճանին հասնի, ծրագիրը ամբողջութեամբ իրականանայ։
Ահաւասիկ, «ճակատագիր» ըսուածը այն է՝ որ իւրաքանչիւր անհատ իրեն տրուած դերը կը կատարէ եւ «ծրագիր»ին կատարման համար իր պարտականութիւնը կը կատարէ։ Մարդ էակը իր «ազատ կամք»ով կը մասնակցի «ծրագիր»ին կատարման եւ Աստուած սկիզբէն արդէն գիտէ՝ կը տեսնէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ «ազատ կամք»ով կատարուած արարքին հետեւանքը։ Եւ քանի որ ստեղծագործութիւնը տակաւին կը շարունակէ, ապա ուրեմն կարելի ալ չէ մտածել անփոփոխ, վճռակա՛ն «ճակատագիր»ի մը մասին, ինչպէս կը հասկնան շատեր։
Ուստի «ճակատագիր» անուանուած իրողութիւն մը կարելի է բացատրել՝ «պատճառ» եւ «արդիւնքի» բնական եւ բանական սկզբունքով եւ ըսել, թէ՝ «ճակատագիր»ը պէտք է հասկնալ պատճառի մը արդիւնքը՝ որ Աստուած արդէն նախապէս տեսած է։
Աստուած ըստ Իր իմաստութեան ստեղծեց աշխարհը։ Ան անհրաժեշտութեան մը, կոյր ճակատագրի մը, կամ դիպուածի մը արտադրութիւնը չէ՛։ Ան յառաջ կու գայ ազատ կամքէն Աստուծոյ, որ ուզեց արարածները մասնակից դարձնել Իր Էութեան, Իր իմաստութեան եւ Իր Բարութեան. «Ո՜վ մեր Տէրը եւ Աստուածը, արժանի ես փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, որովհետեւ դո՛ւն ստեղծեցիր ամէն ինչ, քու կամքովդ ստեղծուեցան եւ գոյութիւն ունին բոլորը» (ՅԱՅՏ. Դ 11)։ Եւ Սաղմոսերգուն կը վկայէ. «Ո՛րքան բազմաթիւ են, Տէր, Քու գործերդ։ Քու իմաստութեամբդ ստեղծեցիր զանոնք» (ՍԱՂՄ. ՃԳ 24), եւ նաեւ. «Բարի է Տէրը ամէնուն հանդէպ, Անոր գորովը կը տարածուի Իր բոլոր գործերուն վրայ» (ՍԱՂՄ. ՃԽԴ 9)։ Եւ քանի որ Աստուած ստեղծեց մարդը՝ մասնակից դարձնելու համար Իր էութեան, ուրեմն, քանի որ Ինք «ճակատագիր»ի ենթակայ չէ, իր ստեղծած մա՛րդն ալ «ճակատագիր»ի ենթակայ պէտք չէ որ ըլլայ, ինչ որ բանականութիւնը ա՛յս կը պահանջէ։ Եւ երբ նկատի ունենանք մարդուն տրուած «ազատ կամք»ի շնորհը, կը տեսնենք որ «ճակատագիր»ը մարդուն բոլորովին օտար եւ իր բնութեան ներհակ իրողութիւն մըն է։
Արդարեւ, արարչագործութիւնը ունի իւրայատուկ լաւութիւն մը եւ կատարելութիւն մը, նպատակ մը եւ վախճան մը՝ որ կը կատարելագործուի աստուածային «ծրագիր»ով մը։ Եւ քանի որ «ծրագիր» մը կայ, այս կը նշանակէ որ ժամանակաշրջան մը կայ արարչագործութեան աւարտման համար։
Ուստի, արարչագործութիւնը լաւութիւն է եւ կատարելութիւն, բայց ան Արարչին ձեռքէն չէ ելած բոլորովին աւարտած։ Ան ստեղծուած է «ընթացողի վիճակ»ի մէջ. ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի «վերջին կատարելութիւն» մը՝ որուն սահմանած է զայն Աստուած։ Այն միջոցառումները որոնցմով Աստուած կ՚առաջնորդէ Իր արարչագործութիւնը դէպի այս կատարելութիւնը, կը կոչուի «աստուածային նախախնամութիւն»։ Եւ Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ինչ որ ստեղծած է. «Անիկա բարձր տեղերու գլուխը եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ…» (ԱՌԱԿ. Ը 1)։ Որովհետեւ Անոր հայեացքին դիմաց՝ «Չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԵԲՐ. Դ 13), նոյնիսկ այն բոլոր բաները զորս արարածներուն ազատ կամքը պիտի իրագործէ…։
Ուրեմն երբ ամէն ինչ Աստուծոյ նախախընամութեան ենթակայ է, Աստուած կը պահպանէ եւ կը կառավարէ, կարելի՞ է «ճակատագիր» կոչել այն ամէն բան, որ կը պատահի մարդուն։
«Ճակատագիր»ի գաղափարը ըստ էութեան անփոփոխ վիճակ մըն է, բայց հոն՝ ուր Աստուծոյ «պահպանութիւն»ը եւ «կառավարութիւն»ը կայ, այս կը նշանակէ թէ կրնայ բարեփոխուիլ ամէն վիճակ եւ ուրեմն այդ վիճակը «ճակատագիր» անուանել սխա՛լ է, տարակուսելի է։ Արդարեւ աստուածային նախախնամութեան հոգածութիւնը «տեսանելի», «շօշափելի» եւ «անմիջական» է։ Ան հոգածու է ամէն բանի, սկսեալ փոքրագոյնէն մինչեւ մեծագոյն դէպքերու ե՛ւ պատմութեան։
Սուրբ Գիրքը ուժգնօրէն կը հաստատէ Աստուծոյ բացարձակ տիրակալութիւնը դէպքերուն ընթացքին վրայ. «Մեր Աստուածը երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ կ՚ընէ այն՝ ի՛նչ որ հաճելի է Իրեն» (ՍԱՂՄ. ՃԺԴ 3)։ Քրիստոսի համար ալ ըսուած է. «Եթէ Ան բանայ, ո՛չ ոք պիտի փակէ, եթէ Ան փակէ, ո՛չ ոք պիտի բանայ» (ՅԱՅՏ. Գ 7)։
Արդարեւ, «Բազմաթիւ մտածումներ կ՚անցնին մարդուն սրտէն, միա՛յն Աստուծոյ ծրագիրը պիտի իրականանայ» (ԱՌԱԿ. ԺԹ 21)։
Ուրեմն «ճակատագիր»ը պէտք է հասկնալ որպէս «Աստուծոյ կամք»ը՝ որ նախատեսուած է, թէ ոչ Աստուած կարո՛ղ է փոխել շատերու հասկցած «ճակատագիր»ը՝ որ անփոփոխ կացութիւն մը ընդունուած է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 16, 2019, Իսթանպուլ