ԻՍԼԱՄԸ՝ ԳԻՏԱԿԻՑ ՔԱՆ ՄԵՆՔ

Մեր թուականէն եօթ տարիներ առաջ՝ 2015 թուականին ֆրանսական յայտնի «Շարլի Էպտօ» (Charlie Hebdo) շաբաթաթերթը իր կողքին վրայ հրապարակեց ծաղրանկար մը, ուր ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէր այլազգիներուն ամենէն սրբութիւնը՝ Մուհամմէտ մարգարէն: Պատկերին մէջ Մուհամմէտ մարգարէ իր ձեռքին բռնած է գրութիւն մը, որ կ՚ըսէ. «ամէն բան նեռուած է ինծի»:

Հաւանաբար ծիծաղաշարժ նկար մը՝ սակայն ո՛չ անոնց համար, որոնք հաւատքի եւ կրօնքի հանդէպ նախանձախնդրութիւնն ու գիտակցութիւնը ունին: Ծաղրանկարի հրապարակումէն ետք շաբաթաթերթի խմբագրատունը կ՚ենթարկուի յարձակման աւելի քան մի քանի անգամ, որուն զոհ կը դառնան 12 յայտնի ծաղրանկարիչներ եւ գրողներ. յաջորդող օրերուն դարձեալ հինգ անձեր կը զոհուին՝ շաբաթաթերթի մը կողքի վրայ հրատարակուած նկարի մը պատճառով:

Վստահաբար ահաբեկչութեան եւ սպանութեան բոլոր տեսակներուն ու ձեւերուն դէմ ենք, սակայն այս դէպքին մէջ կայ բան մը՝ որուն պակասը ունինք մենք այսօր, այն ալ գիտակցութիւնն է: Մենք ինչքա՛ն ազատամտութեան ետեւէն գացինք, այնքա՛ն օտարացանք մեր արժէքներուն:

Այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի «զարգացած» երկիրներու մէջ Քրիստոսը կը ծաղրուի նոյնինքն քրիստոնեաներու կողմէ. շատեր կը  յայտարարեն, թէ Քրիստոս արուամոլ անձ մըն էր՝ միասեռականութեամբ զբաղող, ուրիշներ կը կապկեն Աստուածածինին կուսութիւնն ու սրբութիւնը եւ այդ բոլորին դիմաց անտարբե՜ր ժպիտ մը մեր դէմքին՝ բան մը չեղածի պէս կը շարունակենք ապրիլ:

Ֆրանսական վերոյիշեալ շաբաթաթերթը իր զանազան թիւերուն մէջ հրատարակած է Քրիստոսի եւ Աստուածածինի առընչուած սրբապիղծ ծաղրանկարներ, սակայն երբեք յարձակման չեն հանդիպած:

Մենք յաճախ կը հպարտանանք, թէ մեր քրիստոնէական կրօնքը մահմետական կրօնքին նման ծայրայեղութիւններ չունի. կը հպարտանանք, որ մենք իրենց պէս «աչքը գոց» չէ, որ կը հասկնանք ու կ՚ըմբռնենք Աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները, այլ ունինք իրաւունքը վերլուծելու զանոնք:

Այսօր բազմահազար ծաղրանկարներու դիմաց (որոնցմէ մին այս յօդուածին կցուած նկարն է) կը մնանք լուռ ու անտարբեր, իսկ աւելին՝ յաճախ մենք եւս սրտանց քահ-քահ մը դուրս տալով կը խնդանք, մինչ անոնք, նոյնիսկ արեան գնով կը փորձեն տէր կանգնիլ իրենց սրբութիւններուն, որուն ինչ ըլլալը անգամ յստակօրէն չեն գիտեր:

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօր կարիքը ունինք նախանձելու իսլամները, որոնք աշխարհի ո՛ր ափին վրայ ալ գտնուին, ծանօթ ըլլայ թէ ոչ, լիիրաւ կերպով կը փորձեն կատարել իրենց հոգեւոր աւանդութիւններն ու պարտաւորութիւնները:

Երբեւէ առիթը ունեցա՞ծ էք Վահէ Պէրպէրեանի ներկայացումները նայելու. ներկայացման կէսէն աւելի Քրիստոսի ծաղրանքը կը կատարուի, եւ մեր քրիստոնեայ առաջին ազգը եղող հայ ժողովուրդը փոխանակ նեղութիւն մը զգալու իր սրբութեան ոտնակոխումէն, ժպիտներով ու ծափահարութիւններով կ՚ընդունին: Պէրպէրեան իր ներկայացումներէն մէկուն մէջ կ՚ըսէր. «Եթէ Յիսուս Հայաստան ապրէր, ո՛չ թէ խաչին վրայ, այլ խորոված ուտելէն կը մեռնէր եւ անոր նկարը միայն վերջին ընթրիքը չէր ըլլար. Սեւանի ափին Իշխան ձուկը ձեռքին նկար մը կ՚ունենար...»: Յաճախ կը յիշէ «Աստուած խելքը կորսնցուցած է եւ չի՛ գիտեր ինչ կ՚ընէ» եւ նման արտայայտութիւններուն դիմաց բոզերու վայել խնդուքով մը կը լեցուի ամբողջ սրահը:

Կրօնքի հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կորսուած է այսօր մեր մէջ, մինչ իսլամներու պարագային համարձակէ՛ անոնց մարգարէին դէմ բան մը ըսել: Շատեր հաւանաբար առարկեն ըսելով, որ անոնցը պատասխանատուութեան գիտակցութենէն աւելի կրօնքին մէջ դրուած խստութիւնն է:

Պատճառը ի՛նչ է՝ չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ անոնք շա՛տ աւելի սէր ու յարգանք ունին իրենց հաւատալիքներուն ու սրբութիւններուն նկատմամբ՝ քան մենք, որ հակառակ Քրիստոսի յորդորներուն՝ մեր մարգարիտները խոզերուն առջեւ կը նետենք:

Մեր հայերուն մօտ «Օր մը Յիսուս»ով սկսած ծիծաղաշարժ զաւեշտներ շա՜տ կը լսես, սակայն իսլամին մօտ այդպէս չէ՛ վիճակը. ան գիտէ Մուհամմէտ բառին ներկայացուցած արժէքը եւ կը գիտակցի, թէ նման սրբութիւններ կատակի առարկայ չե՛ն կրնար դառնալ:

Պահ մը դիտեցէ՛ք քրիստոնեայ անհատի մը կողմէ նկարուած վերոյիշեալ նկարը. Մարիամ Աստուածածին՝ պառաւի մը կերպարանքով իր ոտքերը բացած որովայնէն դուրս կը նետէ մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը: Եւ նման նկար հրատարակող շաբաթաթերթի մը խմբագիրը օր մը տուած իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կը յայտնէ իր զարմանքը, ըսելով՝ «Իսլամները մեր նկարներուն վրայ չեն խնդար. զարմանալի՛ բան...»:

Իրապէս զարմանալի բան անո՛ր համար, որ չունի արժանապատուութիւնը գիտակցելու, թէ ինչ ըսել է սրբապղծութիւն եւ կրօնական արժէքներու անտեսում:

Շա՜տ բան ունինք սորվելիք իսլամներէն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳՈՒՍԱՆ ԱՇՈՏ
(1907-1989)

Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 25 ապրիլ 1907-ին Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ ծնած է գուսան եւ բանաստեղծ Գուսան Աշոտ (բուն անունով՝ Աշոտ Դադալեան):

Գուսան Աշոտ փոքր տարիքէն կորսնցուցած է իր մայրը, որուն մահէն ետք մեկնած է Պաքու, ուր 14 տարեկան հասակին սկսած է սորվիլ եւ նուագել քամանչա: Որոշ ժամանակ ապրած է Զանգեզուրի մէջ եւ ապա 1948 թուականին բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ: Երեւանի մէջ Գուսան Աշոտ կազմած է երաժշտական խումբ մը, որ զանազան համերգներով բեմ բարձրացած է թէ՛ Հայաստանի եւ թէ այլ երկիրներու մէջ: Գուսան Աշոտ հեղինակ է բազմաթիւ երգերու, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին երգուիլ զանազան երգիչ-երգչուհիներու կողմէ: Անոր երգերը առանձին հատորով առաջին անգամ լոյս տեսած է 1946 թուականին, «Աշուղական երգեր» անուան տակ, որուն յաջորդած է «Գուսանի սէրը», «Սիրոյ կրակներ», «Սիրտի նուագներ», «Ծովաստղիկս» եւ «Լեռները կանչում են» աշխատութիւնները: Անոր ստեղծագործած յայտնի երգերն են «Սարի սոխակ», «Սարի սիրուն եար», «Բարի հայրիկ» եւ բազմաթիւ այլ յայտնի երգեր:

Շնորհիւ իր վաստակին՝ Գուսան Աշոտ 1967 թուականին ստացած է Ժըողովրդական արուեստագէտի կոչում, ինչպէս նաեւ 1956 թուականին արժանացած է «Աշխատանքային գերազանցութեան համար» շքանշանին:

Գուսանը մահացած է 28 յունուար 1989 թուականին, Երեւանի մէջ: Գուսանը թաղուած է Գորիսի մէջ, ուր ի յիշատակ իրեն տեղի մշակոյթի տունը կոչուած է Գուսան Աշոտի անունով, որուն դիմաց կը գտնուի Գուսան Աշոտի յիշատակին կառուցուած աղբիւր յուշարձանը, որ կը կրէ մեծ գուսանին անունը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 25, 2022