ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ ԵՒ «ՀԻՒՂԸ»
Միսաք Մեծատուրեան (Մեծարենց) ծնած է 1886 թուականին։ Դեռ փոքր տարիքին՝ փոխադրուած է Պոլիս, ուր պահած է հայրենի Ակն գաւառի զգայնութիւնը՝ գեղջկական ջերմութիւն, բնութեան պաշտամունք։
Գրել սկսած է կանուխ, փափուկ առողջութեան բերումով հարկադրուած է ամփոփուելու ինքն իր մէջ։
Ան հրատարակած է չափածոյ երկու գործեր՝ «Ծիածան», եւ «Նոր տաղեր»։ Ուստի զինք շատ դեռատի գերեզման տանող հիւանդութիւնը արգելք չէ եղած իր արտադրութեան։ Իր գործերուն մէջ կ՚երեւին իր ինքնատիպ խառնուածքը եւ նկարագիրը. ջերմ զգայնութիւնը։ Ան «երգած» է բնութեան սէրը եւ քնարական մեղմութիւնը՝ որ կը լրացնեն մարդապաշտ մտածումը, որ իր գործը օժտած է արտասովոր խորութեամբ եւ իմաստութեա՛մբ։
Մարդու հանդէպ պաշտամունք-սէրը կ՚արտայայտուի բնութեան եւ բնական, մաքուր կեանքի մը միացած։
Մարդ կը հիանայ այս պաշտամունք-սիրոյ վրայ, երբ կ՚անդրադառնայ, որ անիկա կը պատկանի դեռատի, գրեթէ պատանի բանաստեղծի մը։
ՀԻՒՂԸ
Դաշտի ճամբու մը վըրան,
Կամ ըստորոտը լերան,
ուղեւորին ժամանման
ըսպասող հիւղն ըլլայի։
Ու գգուանքիս կանչէի
ես ճամբորդներն անժաման.
ու ճամբուն վրայ մենաւոր,
ու ճամբուն վրայ ոսկեման,
եկուորներուն դիմաւոր
ծըխանիս ծուխն ամպէի։
*
Ու գրգանքիս կանչէի
ուղեւորներ պարտասուն.
ու բարեւի մը փոխան
հազար բարիք ես տայի։
Հազար բարիք ես տայի,
գոլը կրակին ճարճատուն
կութքը բերրի դաշտերուն,
Բոլոր միրգերն աշունի,
ու մեղր ու կաթ ու գինի…
Ու լըսէի ես ցայգուն,
քովը կրակին ճարճատուն,
երգն իրիկուան եկուորին.
Ու ջամբէի ես ցայգուն
երազներով պատարուն
նինջ իրիկուան եկուորին։
Ու լըսէի ես այգուն,
սրտապատար ու տրոփուն
գովքն իրիկուան եկուորին.
ու դիտէի ես այգուն,
ու խոկայի օրն ի բուն
երթն իրիկուան եկուորին…։
*
Ու ձմեռներն ալ համբուն,
հըրաւիրակ զըւարթուն,
կանգնէի քովը ճամբուն.
ու ձիւնապատ հէք մարդուն
ես հայրօրէն, լայնաբաց
երկու թեւըս պարզէի.
մի՜շտ քաղցրագին, նիւթացած
Հըրաւէ՜րն ես ըլլայի։
*
Ա՜հ ըլլայի՜, ըլլայի՜,
դաշտի ճամբու մը վըրան,
կամ ըստորոտը լերան,
ուղեւորին ժամանման
ըսպասող հի՜ւղն ըլլայի…
***
«Ու բարեւի մը փոխան-հազար բարիք ես տայի…». երբ կը կարդայի այս երկտողը, յիշեցի մերօրեայ կեղծ բարեկամութիւնները՝ որ բարեւի մը փոխարէն բարեւ մը իսկ կը զլանան, բարեւ մը եւ ո՛չ բարիք, բայց միայն ու միայն՝ չարի՛ք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 24 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024