ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻ ՄԱՍԻՆ
Եղիա Մարգարէի մասին Աստուածաշունչ Մատեանի Գ Թագաւորաց գիրքին մէջ սապէս գրուած է.
«Եղիան Աքաաբին՝ որ Իսրայէլի վրայ թագաւոր էր, ըսաւ.- Իսրայէլին Տէր Աստուածը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է, որ այս տարիներուն մէջ ցօղ եւ անձրեւ պիտի չգայ առանց իմ խօսքիս։ Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ, ըսելով.- Ասկէ գնա՛ ու դէպի արեւելք դառնալով՝ Յորդանանի առջեւ գտնուող Քերիթ հեղեղատին քով պահուէ՛։ Դուն այն հեղեղատէն ջուր պիտի խմես ու ագռաւներուն հրամայեր եմ որ հոն քեզ կերակրեն։ Անիկա գնաց եւ Տէրոջը ըսածին պէս ըրաւ ու գնաց Յորդանանի առջեւ գտնուող Քերիթ հեղեղատին քով նստաւ։ Ագռաւները առտուն եւ իրիկունը անոր հաց ու միս կը բերէին ու անիկա հեղեղատէն ջուր կը խմէր։ Ժամանակ մը ետքը հեղեղատը ցամքեցաւ, քանի որ երկրին վրայ անձրեւ չեկաւ։
«Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով.- Ելի՛ր, Սիդոնացիներուն Սարեփթան գնա՛ ու հոն նստէ՛։ Ահա հոն որբեւայրի կնոջ մը հրամայեր եմ, որ քեզ կերակրէ։
«Անիկա ելաւ Սարեփթա գնաց ու քաղաքին դուռը հասնելով՝ տեսաւ որ որբեւայրի կին մը փայտ կը հաւաքէր։ Զանիկա կանչեց ու ըսաւ.- Կ՚աղաչեմ, ինծի ամանով քիչ մը ջուր բեր, որպէսզի խմեմ։ Երբ անիկա բերելու գնաց, Եղիա անոր ետեւէն կանչեց ու ըսաւ.- Ձեռքդ պատառ մըն ալ հաց ա՛ռ ու ինծի բե՛ր։ Կինը ըսաւ.- Քու Տէր Աստուածդ կենդանի է, որ նկանակ չունիմ, բայց միայն կարասին մէջ մէկ բուռի չափ ալիւր կայ ու կուժին մէջ ալ քիչ մը իւղ կայ։ Ահա երկու կտոր փայտ կը հաւաքեմ, որպէսզի երթամ զանիկա ինծի ու իմ տղուս համար եփեմ եւ ուտենք ու ետքը մեռնինք։
«Եղիա անոր ըսաւ.- Մի՛ վախնար, գնա՛ ըսածիդ պէս ըրէ. բայց անկէ նախ ինծի համար պզտիկ շօթ մը շինէ՛ ու ինծի բե՛ր եւ քեզի ու քու տղուդ համար ետքը շինէ, քանզի Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ՚ըսէ.- Կարասէն ալիւրը պիտի չհատնի ու կուժէն իւղը պիտի չպակսի՝ մինչեւ այն օրը, երբ Տէրը երկրի վրայ անձրեւ տա՛յ։ Կինը գնաց ու Եղիային ըսածին պէս ըրաւ ու անիկա եւ ինք ու իր ընտանիքը երկար ատեն կերան։ Կարասէն ալիւրը չհատաւ ու կուժէն իւղը չպակսեցաւ, Տէրոջը՝ Եղիային միջոցով ըսած խօսքին համեմատ։
«Այս բաներէն ետքը, տանը տիկնոջ տղան հիւանդացաւ։ Անոր հիւանդութիւնը շատ ծանր էր, այնպէս որ անոր վրայ շունչ չմնաց։
«Կինը Եղիային ըսաւ.- Մա՛րդ Աստուծոյ, ինծի հետ ի՞նչ ունիս. միթէ իմ մեղքս յիշեցնելո՞ւ ու իմ տղաս մեռցնելո՞ւ համար ինծի եկար։
«Անիկա ըսաւ.- Տղադ ինծի տո՛ւր։
«Զանիկա անոր ծոցէն առաւ եւ իր բնակած վերնատունը հանեց ու զանիկա իր անկողնին մէջ պառկեցուց։ Ապա Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ.- Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, իրաւցընէ այս որբեւայրի կի՞նն ալ, որուն քով ես պանդխտութեամբ կը բնակիմ, չարչարեցիր՝ անոր տղան մեռցնելով։ Տղուն վրայ երեք անգամ երկննալով ու Տէրոջը աղաղակելով՝ ըսաւ.- Ո՛վ Տէր Աստուած իմ, կ՚աղաչեմ այս տղուն հոգին իր մարմինին թող դառնայ։ Տէրը Եղիային ձայնը լսեց ու տղուն հոգին իր մարմինին դարձաւ եւ անիկա կենդանացաւ։
«Եղիան տղան առաւ ու զանիկա վերնատունէն իջեցուց եւ անոր մօրը տուաւ, Եղիա ըսաւ.- Նայէ՛, տղադ կենդանի է։
«Կինը Եղիային ըսաւ.- Հիմա գիտցա՛յ թէ դուն Աստուծոյ մարդն ես ու քու բերնիդ մէջ Տէրոջը խօսքը ճշմարի՛տ է» (Գ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ ԺԷ 1-24)։
Եղիա Մարգարէի երկինք վերցուելու մասին Աստուածաշունչ Մատեանը սապէս կը վկայէ.
«Երբ Տէրը Եղիան մրրիկով երկինք պիտի վերցնէր, Եղիա ու Եղիսէ Գաղգաղա գացին։ Եղիա ըսաւ Եղիսէին.- Դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Բեթէլ ղրկեց։ Եղիսէ պատասխանեց.- Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր։ Ու Բեթէլ իջան։
«Բեթէլի մէջ գտնուող մարգարէներուն որդիները Եղիսէին ելան եւ անոր ըսին.- Գիտե՞ս որ այսօր Տէրը քու տէրդ քու գլխէդ պիտի առնէ։ Եւ անիկա ըսաւ.- Ես ալ գիտեմ, լո՛ւռ կեցէք։ Եղիա անոր ըսաւ.- Ո՛վ Եղիսէ, դուն հոս նստէ՛, քանզի Տէրը զիս Երիքով ղրկեց։ Անիկա պատասխանեց.- Տէրը կենդանի է ու քու անձդ կենդանի է, որ ես քեզ չեմ թողուր։ Ու Երիքով գացին…։
«Երբ անոնք անցան, Եղիա ըսաւ Եղիսէին.- Խնդրէ՛, ի՞նչ ընեմ քեզի, քանի որ դեռ քեզմէ վերցուած չեմ։ Եղիսէ ըսաւ.- Թող քու ոգիիդ կրկնապատիկը ունենամ։ Եղիա պատասխանեց անոր.- Դժուար բան խնդրեցիր. բայց եթէ քեզմէ վերցուելու ատենս զիս տեսնես՝ խնդրածիդ պէս թող ըլլայ, ապա թէ ոչ՝ թող չըլլա՛յ։
«Երբ Եղիա եւ Եղիսէ խօսելով կ՚երթային, ահա հրեղէն կառք մը եւ հրեղէն ձիեր երեւցան ու զանոնք իրարմէ զատեցին ու Եղիա մրրիկով երկինք ելաւ։
«Եղիսէ տեսաւ ու աղաղակեց.- Հա՛յր իմ, հա՛յր իմ, Իսրայէլին կառքը ու անոր ձիաւորները։ Ա՛լ չտեսաւ զանիկա։ Իր հանդերձները բռնեց ու զանոնք երկու կտորի պատռեց։ Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն վերցուց եւ դարձաւ Յորդանանի եզերքը կեցաւ։
«Եղիային վրայէն ինկած վերարկուն առաւ, ջուրերուն զարկաւ եւ ըսաւ.- Եղիային Տէր Աստուածը ո՞ւր է հիմա։ Երբ ջուրերուն զարկաւ, մէկ կողմն ու միւս կողմը բաժնուեցան ու Եղիսէ անցաւ։
«Երիքովի մարգարէներուն որդիները զանիկա տեսնելով՝ ըսին.- Եղիայի ոգին Եղիսէին վրայ հանգչեցաւ։
«Զանիկա դիմաւորելու գացին ու գետնէն անոր խոնարհութիւն ըրին, եւ անոր ըսին.- Ահա քու ծառաներուդ հետ յիսուն զօրաւոր մարդիկ կան, թող երթան ու քու տէրդ փնտռեն. կարելի է Տէրոջը Հոգին զանիկա վերցուց ու լերան մը վրայ կամ ձորի մը մէջ ձգեց։ Անիկա ըսաւ.- Մի՛ ղրկէք։ Բայց անոնք բռնադատեցին զանիկա մինչեւ որ ամչցաւ ու ըսաւ.- Ղրկեցէ՛ք։ Եւ յիսուն մարդ ղրկեցին, բայց զանիկա չգտան ու անոր դարձան։ Անիկա Երիքով կը նստէր ու անոնց ըսաւ.- Ես ձեզի չըսի՞, թէ մի՛ երթաք» (Դ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ Բ 1-18)։
- Ծանօթագրութիւններ.-
- «Կենդանի»= Ողջ, ապրող, շարժուն։
- «Հեղեղատ»= հեղեղի ճամբայ, տարափ, յորձանք։
- «Որբեւայրի»= Անամուսին եւ ծնողազուրկ կին։
- «Նկանակ»= հաց։
- «Կարաս»= հողէ մեծ աման՝ ջուրի, գինիի։
- «Բուռ»= ափի պարունակածը, ափ։
- «Կուժ»= կաւէ ջրաման, սափոր, փարչ (պզտիկ)։
- «Շօթ»= բարակ բոլորշի՝ կլոր հաց, լաւաշ։
- «Մրրիկ»= փոթորիկ՝ սաստիկ հովով, ամպրոպ։
- «Հրեղէն»= կրակէ, կրակով կերտուած։
- Սուրբ Եղիա Մարգարէ. Քրիստոսէ առաջ 9-րդ դար։ (Սկզբնաղբիւր՝ «Աստուածաշունչ Մատեան» եւ «Վարք Սրբոց»)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 20, 2016, Իսթանպուլ