ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Կը շարունակենք թղթատել «հի՜ն էջ»եր՝ ուր կը գտնենք հետաքրքրական տողեր, որոնք կ՚ուզենք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, խորհելով, թէ շահեկան խորհրդածութիւններու առիթ պիտի ըլլան անոնք։
Ահաւասիկ, դարձեալ, մեր ձեռքին տակ ունինք՝ 10 Յուլիս 1904 թուակիր «ՄԱՍԻՍ»ը՝ ուր կը նկարագրուի վարժարաններու տարեվերջի հանդիսութիւնները։
Ուրեմն ներկայացնել սկսինք Էսաեան Վարժարանէն։
Եւ ինչպէս միշտ, նկարգրութիւնները կու տանք իրենց բնատիպին հաւատարիմ մնալով՝ նոյնութեա՛մբ։
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Բերայի Էսաեան երկսեռ վարժարանի հանդէսն ալ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, նախագահութեամբ Սրբազան Պատրիարք Հօր, որուն շուրջը կը գտնուէին Բերայի քարոզիչ Սրբազանը եւ Աւագերէց Տ. Մկրեան հայրը, Թաղային Խորհուրդը, Հոգաբարձութիւնը։
Վարժարանի վերաշինող-բարերարը՝ Մկրտիչ Էֆ. Էսաեան անձամբ պատասխանած էր իրեն ուղղուած հրաւէրին եւ ընդունուեցաւ արժանավայել մեծարանքով։
Հանդէսը բացուեցաւ Կայսերական Համիտիյէ քայլերգով, զոր նուագեցին աշակերտուհի մը եւ աշակերտ մը, որուն յոտնկայս ունկնդրեցին ներկաներն ու ծափահարեցին։ Տեսուչ Գրիգոր Էֆ. Մարգարեան կարդաց ամփոփ տեղեկագիր մը ուսկից կ՚երեւար թէ ներկայ տարեշրջանին մէջ Էասեան վարժարանը ունեցած է 398 երկսեռ աշակերտ, Նարեկեանը՝ 240, Տօլապ-Տէրէյի Արշակունեանը՝ 130 եւ Բանկալթիի Սուրբ Լուսաւորչեանը՝ 60։ Էսաեան վարժարանը այս տարի ունի 21 շրջանաւարտ՝ 8 աշակերտ եւ 13 աշակերտուհի։
Տեղեկագրի ընթերցումէն ետք, դաշնակի վրայ զանազան հատուածներ նուագուեցան եւ ճառեր արտասանեցին՝ Օր. Սաթենիկ Բ. Քէչեան՝ հայերէն, եւ Պ. Պօղոս Մ. Տէր-Ներսէսեան՝ թուրքերէն։
Հանդէսը փակեց Սրբազան Պատրիարք Հայրը՝ հակիրճ բանախօսութեամբ մը՝ գովելով Հոգաբարձութեան ջանքերը, ուսուցչական մարմնոյն եւ տնօրէնին աշխատութիւնները ու օրհնելով սաները ու սանուհիները։
Ն. Սրբազնութիւնը իր բանախօսութեանը աւարտին բարեմաղթութիւններ ընելով Վեհ. Կայսեր արեւշատութեանը համար։
(ԾԱՆՕԹ.- Շրջանի Սրբազան Պատրիարքն է՝ Մաղաքիա Ա Պոլսեցի Օրմանեան՝ 1896-1908)։
* * *
ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՃԵՄԱՐԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Սկիւտարի Ճեմարան վարժարանի հանդէսն ալ կատարուեցաւ երկուշաբթի օրը Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եւ գոհացուցիչ տպաւորութիւն մը թողուց ներկաներուն վրայ։
* * *
ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Պէրպէրեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը կատարուեցաւ երեքշաբթի օրը, նախագահութեամբ Սրբազան Պատրիարք Հօր, եւ կրթական, գրական ու լրագրական դասերու պատկանող ծանօթ ազգայնոց ներկայութեամբ։
Եկեղեցական դասէն եկած էին Տ. Հմայեակ եւ Տ. Մկրտիչ Սրբազանները։
Կրթական Նախարարութեան ներկայացուցիչն էր Սալիհ պէյ։ Կայսերական Համիտիյէ քայլերգին նուագումէն ետք, որ յոտնկայս ունկնդրուեցաւ ու ծափահարուեցաւ, Պէրպէրեան Էֆ. կարդաց իր տարեկան տեղեկագիրը որուն մէջ գոհութեամբ կը հաղորդէր թէ Կրթական Նախարարութիւնը որոշած է վաւերացնել Պէրպէրեան վարժարանի ընթացաւարտներուն վկայականները, որով դիւրութիւն պիտի ունենան կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններ մտնելու։
Նոյնպէս շնորհակալութեամբ յիշեց թէ Նշան Էֆ. Գազազեան իր հաստատած 10 ոսկիի տարեկան մրցանակը բարձրացուցած է 20 ոսկիի։
Պէրպէրեան վարժարանը այս տարի ունի 17 շրջանաւարտներ՝ որոնց 13-ը Պոլսեցի ու 4-ը գաւառացի։
Երաժշտական հատուածներու նուագումէն ու ճառերու արտասանութենէն ետքը, բաշխուեցան վկայականները, եւ Սրբազան Պատրիարքը փակեց հանդէսը՝ դրուատելով Պէրպէրեան Էֆ.ի կրթական արդիւնաւոր աշխատութիւնը եւ քաջալերելով ու օրհնելով ուսանողները։ Ն. Սրբազնութիւնը խօսքը աւարտեց բարեմաղթութիւններ ընելով Վեհ. Կայսեր արեւշատութեանը համար։
Աշակերտները միաբերան երգեցին «Հայր մեր» եւ Պահպանիչով վերջացաւ այս պարզ՝ բայց գեղեցիկ հանդէսը։
* * *
Իսկ 31 Յուլիս 1904 թուակիր «ՄԱՍԻՍ»ի մէջ կը կարդանք հետեւեալ նկարագրականը։
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Կեդրոնական Վարժարանը իր վերջին եօթնամեայ շրջանը բոլորած ըլլալով այս տարի, ունեցաւ եօթը շրջանաւարտներ որոնց վկայականներու բաշխումը կատար-ւեցաւ հինգշաբթի առաւօտ, Ղալաթիոյ խորհրդարանի սրահին մէջ, նախագահութեամբ Սրբազան Պարիարք Հօր՝ շրջապատուած եպիսկոպոսներէ եւ վարդապետներէ։
Պատրիարքարանի ժողովականներէ եւ ուրիշ ծանօթ անձնաւորութիւններէ զատ, ներկայ էին նաեւ Վիէննական Մխիթարեաններէն Հ. Եղիշէ Գաֆթանեան եւ Հ. Գաբրիէլ Մէնէվիշեան վարդապետները, բողոքականաց ազգապետ Էֆ.ն, Բրօֆ. Ճէճիզեան ու Տիկինը եւ ուրիշ հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ այլն։
Խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Էֆ. Էսաեան կարդաց ընդարձակ տեղեկագիր մը որով բացատրութիւններ կու տար վարժարանին կրթական ծրագրին ու դասաւանդութեանց վրայ եւ մէկիկ մէկիկ կը յիշէր ներկայ Խնամակալութեան կազմութիւնը, եկամուտները եւ անոնց կանոնաւոր մատակարարութիւնը, Ե. դասարանի կազմութիւնը, 1897-էն մինչեւ այսօր՝ եօթնամեայ շրջանին տուած արդիւնքները եւ ուրիշ շահեկան մանրամասնութիններ։
Յետոյ ներկայացուաց ընթացաւարտները որոնք ծափահարութեանց մէջտեղ ստացան Գիտութեանց կամ Դպրութեանց պսակաւորի վկայականները։
Այս պարոններն ալ են Գրիգոր Խանճեան, Հրատ Գըրըգճեան, Լեւոն Ղարիպեան, Երուանդ Նազարեան, Միհրան Զէրտէեան, Միքայէլ Խաչիկեան եւ Աբիկ Հանչէրեան։
Շրջանաւարտներէն երեքը ճառեր կարդացին՝ օսմաներէն, հայերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով։ Յետոյ խօսք առաւ Ուսումնական Խորհուրդի ատենապետ Տօքթ. Վահրամ Էֆ. Թորգոմեան՝ շնորհաւորելով Կեդրոնական Վարժարանին ընձեռած արդիւնքները եւ Վարժապետանոցի մը հաստատման պէտքը շեշտելով։
Թէ՛ Տօքթ. Թորգոմեան Էֆ. եւ թէ՛ նախորդ բանախօսները երախտագիտութեամբ յիշեցին Վեհ. Կայսեր Բարձր հովանին որուն շնորհիւ կրթական գործը կը զարգանայ ու դպրոցները կը յառաջդիմեն։
Սրբազան Պատրիարքը հակիրճ բանախօսութեամբ մը պարզեց իր տեսութիւնները Կեդրոնական Վարժարանին նկատմամբ, ներկայ եօթնամեայ շրջանը նկատելով այդ հաստատութեան երկրորդ ու արդիւնաւոր երախայրիքը, գովելով Խնամակալութեան ջանքերը եւ ուսուցչական մարմնոյն աշխատանքները։
Ն. Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս փափաք յայտնեց Կեդրոնական Վարժարան ղրկել իրենց զաւակները եւ բարեկեցիկ ծնողներ ալ յօժարին ասոր փոխանակ ղրկելու օտար դպրոցներ։ Ն. Սրբազնութիւնը քաջալերական խօսքեր ուղղեց ընթացաւարտներուն եւ յորդորեց որ գործնական կեանքի մէջ կատարեն այն ազնիւ առաջադրութիւնները զորս պարզած էին իրենց ճառերով։
Սրբազան Պատրիարքը իր բանախօսութիւնը աւարտեց բարեմաղթութիւններով Վեհ. Կայսեր արեւշատութեանը համար, որոնց ձայնակցեցան ներկաները։
Հանդէսը փակուեցաւ «Պահպանիչ»ով եւ ներկաները մեկնելէ առաջ՝ իրենց խնդակցութիւններն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին Կեդրոնական Վարժարանի Խնամակալութեան։
* * *
Ահաւսիկ, առիթ մը եւս բաղդատելու այս պատմական իրադարձութիւնները ներկայիս հետ, ի՛նչ որ հետաքրքրական արդիւնքներ պիտի տան եւ ուղեցո՛յց պիտի ըլլան ապագայի կառուցման…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 3, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024