ՋԱՅԼԱՄՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի երեքշաբթի, 12 ապրիլ 2022-ի թիւին մէջ գրեցի «Ջայլամախտ» խորագրեալ յօդուած մը, ուր յիշած էի, թէ «մեր մէջ տարածում գտած է ջայլամխատը»: Այս մէկը գրած ժամանակ երբեք մտքովս պիտի չանցնէր, որ ամիս մը ետք առիթը պիտի ունենամ ծանօթանալու ամոլի մը՝ Նուէր եւ Լիլիթ, որոնք Հայաստանի մէջ կը զբաղին ջայլամաբուծութեամբ. ջայլամ եւ Հայաստան. Ուրկէ՜ ուր:

Անցեալ շաբաթավերջին բարեկամ մը զանգեց եւ ըսաւ, որ արաբերէն խօսողի կարիքը կայ. լիբանանեան եւ հայաստանեան ընկերութիւն մը իրարու հետ հանդիպում մը պիտի ունենան, սակայն թարգմանիչը վերջին վայրկեանին յայտնած է, թէ պիտի չկարենայ ներկայ գտնուիլ: Հակառակ թարգմանիչ չըլլալուս, չուզեցի մերժել բարեկամը եւ կէս ժամ ետք ինքզինքս գտայ երկու մեծ գործատուներու հանդիպման մէջ: Արաբներ եկած էին Հայաստան եւ հետաքրքրուած էին ջայլամաբուծութեամբ, ինչպէս նաեւ ջայլամի իւղով շինուած գեղեցկագիտական դեղերով, որոնց հեղինակն ու գիւտարարը դարձեալ հայ կին մըն էր՝ Լիլիթը:

Արաբներ այնքան սիրեցին արտադրութիւնը, որ ուզեցին գնել անոր իրաւունքները եւ դառնալ հայկական ընկերութեան ներկայացուցիչները աւելի քան 17 երկիրներու մէջ, որոնց մէջ մաս կը կազմէ նաեւ եւրոպական շատ մը երկիրներ, ինչպէս նաեւ արաբական գրեթէ ամբողջ երկիրները: Խօսուածը կը թարգմանէի, սակայն միշտ նոյն հարցումը միտքիս մէջ կը դառնար. «ջայլամը Հայաստանի մէջ ի՞նչ գործ ունի...»:

Պահ մը հանդիպման դադար տրուեցաւ. ուզեցի հարցնել, թէ ջայլամը ի՞նչ գործ ունի Հայաստանի մէջ. պատասխանը տպաւորիչ, նոյնքան ալ զարմանալի էր. Լիլիթը, որ ուսումով մանկավարժ մըն էր (ո՛չ դեղագէտ եւ ո՛չ անասնաբոյծ), մի քանի տարիներ առաջ որոշած էր քաղաքէն տեղափոխուիլ հայկական գիւղերէն մին եւ զբաղիլ ջայլամաբուծութեամբ: Տպաւորուած էի. ձեզմէ ո՞վ կրնայ այսօր որոշել, որ փիղ կամ ընձուղտ պիտի պահէ եւ մտածումէ անդին լծուի աշխատանքի եւ դուրսէն բերել տայ այն բոլորը, որոնք ընդհանրապէս ծանօթ չեն իրեն. պահ մը փորձեցէք կատակի մը համար ձեր ընտանիքի անդամներուն ըսել, որ որոշած էք ջայլամ բերել... պատասխանը բաւարար պիտի ըլլայ ըսելու այն ամէնը՝ որ հիմա ըսել կ՚ուզեմ:

Լիլիթ, ժամանակ մը ետք սկսած է հետաքրքրուիլ ջայլամի իւղով, որովհետեւ լսած էր, թէ մեծ օգուտներ ունի մաշկային շարք մը հիւանդութիւններ բուժելու, ինչպէս նաեւ մաշկին նոր փայլք ու գեղեցկութիւն տալու մէջ:

Լիլիթը պրպտումներու արդիւնքով շինած էր իր իւղի առաջին օրինակները, փորձարկած էր իր եւ իր ընտանիքի անդամներուն վրայ եւ տեսած անոնց օգուտները եւ որոշած էր անցնիլ նաեւ ջայլամի իւղի արտադրութեան:

Քաղաքացի մանկավարժ կին մը, ջայլամներ պահելով ջայլամի իւղ կ՚արտադրէ. տրամաբանականօրէն տարօրինակ, սակայն յաջողութեամբ պսակուած նախաձեռնութիւն մը:

Ուրախութիւն էր ծանօթանալ Լիլիթի հետ հերքելու համար բոլո՛ր այն ձախողածները, որոնք «Հայաստանի մէջ գործ չկայ» ըսելով ծուլութեամբ ու անգործութեամբ դէպի դուրս գաղթելու երազները կը հիւսեն: Լիլիթը փաստ մըն էր, որ գործը երկինքէն որպէս պատրաստ մանանայ չէ՛, որ կը տեղայ, այլ ինքնաշխատութեամբ կը ստեղծուի եւ անկոտրուն ջանքերով յաջողութեան կը հասնի:

Լիլիթը կենդանի օրինակ մըն է, որ յաջողութեան հասնելու համար պէտք է ծրագրել, պէտք է վստահիլ սեփական ուժերուն եւ հակառակ ձախողութիւններուն՝ չյուսահատիլ եւ չընկճուիլ, այլ աւելի եռանդով փորձել՝ հասնելու համար յաջողութեան:

Իրապէս հպարտութիւն էր տեսնել, որ աշխարհահռչակ կազմակերպութիւն մը լսելով Հայաստանի գիւղերէն մէկուն մէջ արտադրուող ջայլամի իւղերուն մասին եկած էին Հայաստան՝ իրենց յայտնի տեսականիին վրայ աւելցնելու մէկ նորը՝ հայկականը, որուն գովքը այսօր հասած է մինչեւ Ֆրանսա, մինչեւ Միացեալ Նահանգներ եւ այլուր:

Մեր պատմութեան մէջ, մեր գրողներուն մօտ հայ կինը յաճախ ներկայացուած է՝ որպէս դժբախտ, տառապող ու զոհուած տիպար, սակայն կայ միւս կողմը՝ կան Լիլիթները, որոնք կու գան փաստելու, որ հայ կինը անոնց կողքին այն քաջ անձնաւորութիւնն է, որ քաղքենի հանգիստ կեանքը մէկ կողմ դնելով կրնայ երթալ եւ մասնագիտանալ ջայլամներով, որոնց մասին հաւանաբար նախապէս ո՛չ մէկ տեղեկութիւն կամ հմտութիւն ունէին:

Յաճախ կը հպարտանանք բոլո՛ր այն հայ գիւտարարներով, որոնք պատմութեան մէջ ձգած են իրենց հետքը, սակայն կ՚անգիտանանք, որ ո՛չ միայն անցեալին, այլ այսօր եւս հայերուն մէջ կարելի է գտնել իմաստուններ ու գիտուններ, հանճարներ ու գիւտարարներ... միա՛յն թէ առիթը տրուի անոնց ընելու այն, որոնց երազանքն ու փափաքը ունին:

Եզակի դէմք է Լիլիթը, որ ո՛չ միայն չօտարացաւ, այլ յաջողեցաւ ջայլամը հայացնել՝ որպէս հայկական կազմակերպութիւն գրաւելով անո՛նց ուշադրութիւնը, որ յաճախ նախանձով կը նայինք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԻՐԱՆՈՅՇ
(1857-1932)

Մեր թուականէն 165 տարիներ առաջ՝ 25 մայիս 1857-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է դերասանուհի եւ յայտնի արուեստագիտուհի Սիրանոյշ (բուն անունով՝ Մեհրոպէ Գանթարճեան):

Սիրանոյշ նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ. երիտասարդ տարիքէն սկսած է բեմ բարձրանալ հայկական մասնագիտական առաջին թատրոնի՝ «Արեւելեան թատրոն»ին մէջ՝ ստանձնելով Սունդուկեանի «Պէպօ»ի Կեկելի դերը, Ֆ. Շիլլերի «Աւազակներ»ուն Ամալիայի դերը եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Որոշ ժամանակ «Արեւելեան թատրոն»ին մէջ դերեր ստանձնելէ ետք ընդունուած է դերասան եւ թատերական գործիչ Թովմաս Ֆասուլաճեանի թատերական խումբէն ներս, ուրկէ անցած է բեմադրիչ Յակոբ Վարդովեանի «Օսմանեան թատրոն»ը: Դերասանութեան կողքին Սիրանոյշ յայտնի դարձած է իր երգելու շնորհքով. հայկական եւ թրքական բազմաթիւ ներկայացումներու մէջ հանդէս եկած է որպէս օփերային երգչուհի. դարձած է Սերովբէ Պենկլեանի օփերային խումբի դերասանուհի: Պոլսոյ մէջ բեմ բարձրանալէ ետք յատուկ հրաւէրով 1879-1881 եւ 1891-1892 թուականներուն մեկնած է Թիֆլիզ, ուր հանդէս եկած է Շէյքսփիրի «Համլեթ»ի Օֆելիայի, Գ. Սունդուկեանի «Էլի մէկ զոհ»ի Անանի եւ այլ դերերով:  Ապա դարձեալ վերադարձած է Պոլիս եւ Պենկլեանի խումբին հետ միասին ելոյթներ ունեցած է Յունաստանի, Եգիպտոսի, Թիֆլիզի, Պաքուի, Մոսկուայի եւ այլ վայրերու մէջ:

Սիրանոյշ 1895 թուականին ստեղծած է սեփական թատերական խումբը եւ դարձեալ յաջող ներկայացումներով շրջած է բազմաթիւ երկիրներ եւ ելոյթներ ունեցած է: Պատմութեան համաձայն, Սիրանոյշ ստանձնած է աւելի քան 300 դերեր, որոնց մաս կը կազմէ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ»ու Իշխանուհիի, Մուրացանի «Ռուզան»ի Ռուզան դերը եւ ուրիշներ:

Դերասանութեան կողքին յաճախ յօդուածներով հանդէս եկած է հայկական մամուլներուն մէջ՝ խօսելով հայ լեզուի ուսուցման ու պահպանման հարցերուն մասին:

Մեծ դերասանուհին մահացած է 10 յունիս 1932 թուականին, ներկայացումներէն տուն դարձի ճամբուն վրայ:

Դերասան, գրող եւ արձակագիր Վահրամ Փափազեան խօսելով Սիրանոյշի մասին կ՚ըսէ. «Տաղանդներ շատ կան, որոնց համար երեւակայութիւնը շօշափելի իրականութիւն է... այդպէս էր Սիրանոյշը»: 

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2022