ՄԵՐ ԱԶԳԸ ՔԱՆԴՈՂՆԵՐԸ

Մեր ազգը քանդողները, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ անտարակոյս կուսակցութիւն ըսուած չարիքն է, որովհետեւ անոնք իրենց գոյութիւնը ազգին բարօրութեան ծառայեցնելու փոխարէն իրենց ուրոյն շահերուն կը ծառայեցնեն: Անուրանալի է կուսակցութիւններուն կատարած դերը մեր հայկական իրականութենէն ներս, մանաւանդ սփիւռքի տարածքին, սակայն նոյնպէս անուրանալի է անոնց պատճառած աղէտն ու չարիքը մեր ազգին, որոնց հետեւանքը մինչեւ այսօր կ՚ապրինք:

Մեր ցաւը միշտ ալ եղած է ան, որ կուսակցութիւնները մէկ նպատակի համար (որ սկզբունքով պէտք է ըլլայ հայն ու հայրենիքը) պայքարելու փոխարէն, զբաղուած են իրարու դէմ պայքարելով եւ աւելին՝ իրարու միջեւ պայքարելով, ինչ որ աւելիով տկարացուցած է արդէն իսկ տկարացած մեր ժողովուրդն ու գաղութները: Մեր կուսակցութիւնները նմանած են այն անմիտներուն, որոնք տան դրան առաջ կանգնող թշնամին վռնտելու փոխարէն զբաղուած են յաղթանակէ ետք բարձր դիրքին տիրանալու սին պայքարներով, առանց մտածելու որ առաջնահերթ է թշնամին հեռացնել եւ յետոյ մտածել այդ «բարձր» աթոռներուն մասին:

Մեր ազգը ինչե՜ր զոհած է այդ «աթոռ»ներուն սիրոյն, որովհետեւ մեր ազգը իր մէջ ունեցած է «կամ ինձ կամ ո՛չ մէկին» համոզումը եւ այս տրամաբանութեամբ իրարու արգելք հանդիսացած՝ առաջնորդելու համար արդէն իսկ կորուստի եզրին գտնուող մեր հայրենիքի նաւը:

Յաճախ մարդիկ նման հարցերու մասին խօսելով կը կարծեն, թէ այս բոլորը պատահած են անցեալին, սակայն իրականութեան մէջ մինչեւ օրս, նոյնիսկ այս պահուն այդ բոլորը կը կատարուին՝ մենք տեղեկանանք թէ ոչ. սփիւռքի մէջ մեր կուսակցութիւններուն վրայ պարզ ակնարկ մը բաւարար պիտի ըլլայ հասկնալու համար այդ վիճակը։ Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն (անխտիր) իր մէջ բաժնուած է երկու մասերու. այնպէս ինչպէս ունինք երկու կաթողիկոսութիւններ, որոնք իրենք իրենց սկզբնաղբիւր եւ ժառանգորդը կը նկատեն Լուսաւորչի աթոռին, նոյնպէս կուսակցութիւնները երկու եւ շատ անգամ երեք բաժանումներով կ՚ուզեն իրենց ճշգրիտ ըլլալը փաստել եւ անոր զոհ կը դառնայ պարզ ու հասարակ ժողովուրդը:

Խօսինք օրինակներով. պատկերացուցէք գաղութի մը մէջ երկուքի բաժնուած նոյն կուսակցութեան անդամներ, որոնք ամէն ձեւ կ՚ուզեն իշխանութիւնը ձեռք ձգել եւ իրենց տիրապետութիւնը պարտադրել. այդ իշխանութիւնն ու տիրապետութիւնը կ՚ըլլայ փոփոխական եւ ժամանակ մը առաջին խումբը «կ՚իշխէ», իսկ ժամանակ մը՝ երկրորդը: Եթէ առաջին խումբը փորձէ գաղութի դպրոցը վառ պահել, ինքնաբերաբար այդ դպրոցի աշխատանքներուն թշնամի կը դառնայ երկրորդ խումբը եւ փոխանակ գնահատելու դպրոցը յառաջ տանելու փորձերն ու աշխատանքները, ամէն ջանք ի գործ կը դնէ զրպարտելու եւ դատապարտելու համար ամէ՛ն տեսակի գործունէութիւն՝ նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ըլլայ օգտակար թէ՛ դպրոցին եւ թէ գաղութին համար: Ենթադրենք, թէ երկրորդ խումբը նախաձեռնութիւն մը կ՚ունենայ ձեռնարկ մը կամ հանդիսութիւն մը կազմակերպելու, առաջին խումբը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ձախողեցնելու համար այդ նպատակը, որովհետեւ իրենց պայքարը ո՛չ թէ գաղութը պայծառացնել, այլ իրարու դէմ մղուող անտեղի ու անիմաստ պայքարին մէջ յաղթանակ արձանագրելն է:

Այսօր սփիւռքի մէջ բազմաթի՜ւ դպրոցներ կ՚ապրին առ յաւէտ իրենց դռները փակելու վտանգը, սակայն այդ գաղութի կուսակցականները ի մի խմբուելու եւ այդ աղէտը կանխելու փոխարէն հակառակը կը գործեն, որովհետեւ առաջին խումբին օրով դպրոցին փակուիլը ի նպաստ երկրորդ խումբին է, որովհետեւ այդ պարագային անոնք քննադատելու եւ մեղադրելու մեծ առիթ կ՚ունենան։ Նոյնն է պարագան երբ կատարուի հակառակը. երկու խումբերն ալ իրարու հետ դպրոցի պայծառութեան համար պայքարելու փոխարէն փակումի աղէտը կը փորձեն վերածել իրենց համար «շահ»ի, մոռնալով որ ժամանակաւոր այդ շահը յաւիտենական կորուստ մըն է հայութեան եւ մանաւանդ այդ գաղութին համար, որ արդէն իսկ դատապարտուած է կորուստի:

Յաճախ ընտրութիւններու նախօրեակին կը հետեւիմ նախընտրական պայքարներուն. կուսակցութիւններ կը խոստանան իշխանութեան անցնելու պարագային այս կամ այն բարեկարգութիւնները ընել ու նման խոստումներուն դիմաց նոյն հարցը կու տամ. ինչո՞ւ համար չընել այդ բոլորը նաեւ չընտրուելու պարագային. ազգը պայծառացնելու համար պայմա՞ն է իշխանութեան գլուխը յայտնուիլ. եւ ինչո՞ւ համար չըլլայ հակառակը. գործ ընողները կանչուին իշխանութեան գլուխ:

Խոստացուած աթոռի դիմաց ծառայութիւններ խոստանալը խաբէութենէ տարբեր բան մը չէ, որովհետեւ իրապէս ազգին օգուտին համար ծառայողը իր ծառայութիւնները ի գործ դնելու համար պայմաններ չի դներ:

Ներքին պայքարին չափ ամօթ մըն է նաեւ այլ կուսակցութիւններու հանդէպ եղած պայքարները. այդ մէկը մինչեւ օրս կը կատարուի ամենայն ամօթալի ձեւերով. կուսակցութիւններէն մին երկուշաբթի գիշեր մը իր նահատակներուն յիշատակին համար հոգեհանգիստ ու յայտագիր ընել կ՚ուզէ եւ յանկարծ ի յայտ կու գայ, որ այլ կուսակցութիւն մը նոյն այդ երկուշաբթի գիշեր ճաշկերոյթ մը կազմակերպած է՝ քէֆ ընելու. մեր կուսակցութիւնները նուազագոյն յարգանքն անգամ չունին իրենց կեանքը հայրենիքի համար զոհածներուն՝ ի՛նչ գոյնի տակ ալ գտնուած ըլլան անոնք, որովհետեւ չունին այն գիտակցութիւնը, որ կուսակցութեան մը անդամ ըլլալէ առաջ բոլորս ալ հայրենիքին համար համահաւասար հայեր ենք՝ պարտաւոր ամէն տեսակի զոհողութեանց:

Սփիւռքի մէջ ապրող մեր ո՛չ իշխող կուսակցականները միշտ ալ նոյն մտածումով կ՚ապրին. «ես ըլլայի կուսակցութեան գլուխը գաղութին վիճակը տարբեր կ՚ըլլար». սակայն եկէ՛ք մենք մեր ըսածին ալ հակասենք. հարց տուինք, թէ ինչո՞ւ համար մարդիկ կը սպասեն ծառայութիւն մատուցել միայն իշխանութեան գլուխ անցնելէ ետք. պարագան չի փոխուիր սակայն, երբ առանց պայմանի ծառայութիւն մատուցեն, որովհետեւ եթէ իշխող կուսակցութեան ենթակայ չես, հայութեան համար ամենէն արդիւնաւոր գործն ալ ձեռնարկես՝ կը ձախողիս, որովհետեւ միայն «իշխող»ը իրաւունք ունի «բան մը ընել»ու: Մեր օրերուն Մեսրոպ Մաշտոց ալ ըլլաս, սակայն ենթակայ չըլլաս իշխողներուն, կը քննադատուի նաեւ գիրերու գիւտդ. մեր ազգին ճակատագիրը փոխող աներեւակայելի զոհողութիւններ ալ ընես, սակայն չենթարկուիս իշխող կուսակցութեան, զոհողութիւններդ պարզապէս անկարեւոր եւ քննադատելի կրնայ նկատուիլ:

Մենք մարդ ըլլալու շատ ալ յոյս չունինք, որովհետեւ պիտի չյաջողինք ըլլալ զօրաւոր ու կատարեալ մինչեւ այն ատեն, երբ հասկնանք որ հայրենիքը, հայ լեզուն ու մշակոյթը աւելի առաջնահերթ է քան մեր կուսակցութիւններու գոյութիւնը, որովհետեւ իմաստ չունի ունենալ կուսակցութիւն՝ սակայն կորսնցնել գաղութ, լեզու, մշակոյթ եւ ինքնութիւն. այս չորս սրբազան արժէքներու պահպանումով է, որ կուսակցութիւնները կ՚արժեւորուին եւ ո՛չ հակառակը:

Մարդ ըլլալու դեռ շա՜տ ժամանակ կ՚ուզենք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -251-

Աթէնքի մէջ մինչեւ օրս կը հրատարակուի «Ազատ Օր» օրաթերթը: Երբ Յունաստան հաստատուեցայ, տեղեկացայ, որ իմ տարածաշրջանիս մէջ վերջին անգամ հայկական թերթ հրատարակուած է մի քանի տասնամեակներ առաջ: Մամուլի հանդէպ սէրս պատճառ եղաւ, որ տեղի հայերուն համար շաբաթաթերթ մը հրատարակելու նախաձեռնութիւնը ունենամ. թերթը պիտի բաժնուէր առանց բաժանորդագրութեան գումարի. բոլոր ծախսերը պիտի հոգային շրջանին մէջ ապրող մի քանի նիւթապէս ապահով հայեր:

Թերթին առաջին թիւը հրատարակեցինք՝ «Փարոս» անուան տակ։ Շաբաթաթերթին մասին հաղորդագրութիւն մը գրեց Աթէնքի «Ազատ Օր»ը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Կենդրոնական վարչութիւնը։ Աշխատանքը գնահատելի էր բոլորին կողմէ՝ բացի կուսակցութենէն: Պարզուեցաւ, որ թերթին հրատարակութեան համար յատուկ հրաման մը չէի վերցուցած «իշխող» կուսակցութենէն եւ հետեւաբար Քրիստոնէական օրէնքին համաձայն «ով որ մեզի հետ չէ՝ մեզի դէմ է». ամէ՛ն ջանք ի գործ դրուեցաւ, որպէսզի թերթի հրատարակութիւնը խափանուի. նոյնիսկ արգելք դրուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ թերթը անվճար բաժնելու... որպէս թէ ազգը կործանող գործ մը կատարած ըլլանք:

Այսպիսներն են մերօրեայ կուսակցութեան «իշխանաւոր»ները: Վա՜յ մեզի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2023