ՀՐԱՇՔԸ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼ

Գեր­ման մշա­կոյ­թի մե­ծա­գոյն միտ­քը՝ Եո­հան Վոլֆ­կանկ Ֆոն Կէօ­թէ կ՚ը­սէ, թէ՝ «Հրաշ­քը բնու­թեան օ­րէն­քին մէկ բա­ցա­ռու­թիւնն է»։ Ուս­տի կեան­քի բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ, եր­բեմն շե­ղում­ներ կը պա­տա­հին, ո­րոնք կը փո­խեն կեան­քի ըն­թաց­քը։ Եւ այս կը պա­տա­հի ա­մէն մէ­կուս կեան­քին մէջ. ո­մանք կ՚ան­դար­դառ­նան, ո­մանք ալ այդ «շե­ղում»ը ո՛չ թէ զար­տու­ղու­թեան, այլ բնա­կան ըն­թաց­քին մէկ հե­տե­ւան­քը կ՚ըն­դու­նին եւ ինչ որ տրուած է ի­րենց, ա­նոր հա­մե­մատ կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ ի­րենց կեան­քը։

Եւ շա­տեր կ՚ան­տե­սեն, չեն անդ­րա­դառ­նար պա­տա­հած «բա­ցա­ռու­թիւ»նե­րուն եւ զար­տու­ղու­թիւ­նը կ՚ըն­դու­նին որ­պէս բնա­կան ե­րե­ւոյթ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս կէ­տին է, որ մարդ դէմ յան­դի­ման կու գայ «հրաշք» կո­չուած ե­րե­ւոյ­թին հետ։ Ար­դա­րեւ ըստ Կէօ­թէի, պա­տա­հած զար­տու­ղու­թի՛ւնն է հրաշ­քը։

Եւ հրաշ­քը կը պա­տա­հի մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն պա­հուն, ա­մէն ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, շատ ան­գամ ա­նակն­կալ եւ անզ­գա­լա­բար։ Հրաշ­քը կը պա­տա­հի յան­կարծ՝ անս­պա­սե­լի կեր­պով, ա­նակն­կա­լօ­րէն։ Կը հար­ցուի. «պատ­ճա՞ռ», բայց կա­րե­լի իսկ չ՚ըլ­լար «պատ­ճառ»ը գտնել, այ­լա­պէս միա՛յն ար­դի՛ւն­քը։

Ֆրան­սա­ցի ի­մաս­տա­սէր Ֆրան­սուա-Մա­ռի Ա­ռուէ-Վոլ­թէ­րի (1694-1778) «Dictionnaire Philosophique»ին (1764) մէջ «հրաշք»ին՝ «Miracles» վեր­տա­ռու­թեամբ ըն­դար­ձակ տեղ տուած եւ եր­կար հա­տուած մը յատ­կա­ցու­ցած է։

Ըստ Վոլ­թէ­րի, «հրաշք»ը՝ իր ի­մաս­տով, հիա­ցում, սքան­չա­ցում պատ­ճա­ռող ի­րո­ղու­թիւն մըն է։ Ու­րեմն բնու­թեան մէջ ա­մէն ինչ «հրա՛շք» է։ Բնու­թեան սքան­չե­լի եւ զար­մանք պատ­ճա­ռող հա­մա­կար­գը, կա­նո­նա­ւոր սար­քը, աստ­ղա­բաշ­խա­կան տե­սա­կէ­տէ տիե­զեր­քի կազ­մու­թիւ­նը, աստ­ղե­րու, մո­լո­րակ­նե­րու, ա­րեւ­նե­րու ընդ­հա­նուր դրու­թիւ­նը, լոյ­սին ազ­դող ու­ժը, ան­հա­մար ա­նա­սուն կեն­դա­նի­նե­րու ապ­րե­լա­կեր­պը եւ բնու­թեան մէջ ա­մէն ներ­դաշ­նակ գո­յա­վի­ճակ, ա­մէն շար­ժում, բո­լո­րը ան­հատ­նում, ան­վերջ եւ անս­պառ «հրաշք»ներ են։ Ստա­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մե­մատ՝ այս աս­տուա­ծա­յին եւ անս­կիզբ օ­րէնք­նե­րու պար­տա­դիր գոր­ծու­նէու­թեան «հրաշք» կ՚ը­սենք։

Լիա­լուս­նի խա­ւա­րու­մը, ա­րե­ւին մթագ­նու­մը (=éclipse), մե­ռած մէ­կը ե­թէ գլու­խը թե­ւե­րուն մէջ՝ եր­կու մղոն ճամ­բայ քա­լէ, ա­հա­ւա­սիկ այս ե­րե­ւոյթ­նե­րուն «հրա՛շք» կ՚ը­սենք։

Բազ­մա­թիւ բնա­գէտ­ներ (ֆի­զի­կոս), այս ի­մաս­տով, կ՚ը­սեն, թէ «հրաշք» ը­սուած բան մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Եւ ի­րենց տե­սա­կէ­տը սա­պէս կը պաշտ­պա­նեն. «Հրաշք մը թուա­բա­նա­կան, աս­տուա­ծա­յին, ա­նայ­լայ­լե­լի, անս­կիզբ օ­րէնք­նե­րուն պար­տադ­րու­թի՛ւնն է։ Միայն այս բա­ցատ­րու­թեամբ իսկ, հրաշ­քը ա­սա­ցուածք­նե­րու մի­ջեւ հա­կա­սու­թիւն մըն է։ Օ­րէնք մը՝ միան­գա­մայն թէ՛ ան­փո­փոխ, եւ թէ՛ պար­տադ­րա­կան չի կրնար ըլ­լալ»։

Կ­՚ը­սուի, թէ օ­րէնք մը երբ Աս­տու­ծոյ կող­մէ հաս­տա­տուած է, դար­ձեալ Աս­տու­ծոյ ձեռ­քով չի՞ փո­խուիր կամ ջնջուիր։ Փո­խա­դար­ձա­բար կը պա­տաս­խա­նուի, թէ՝ ո՛չ, ան­հուն ի­մաս­տուն Էու­թիւ­նը, ջնջե­լու հա­մար օ­րէնք հաս­տա­տե­լը կա­րե­լի չէ՛։

Աս­տուած լա­ւա­գոյ­նը ստեղ­ծե­լու հա­մար կրնար ջնջել՝ նա­խա­պէս հաս­տա­տած օ­րէն­քը. մինչ­դեռ Աս­տուած լա­ւա­գոյ­նը ստեղ­ծած է ար­դէն։ Բայց ե­թէ նիւ­թին էա­կա­նէն գո­յա­ցած թե­րու­թիւն մը նկա­տած է, ար­դէն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ժա­մա­նակ կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է ա­նի­կա, եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ եր­բեք պի­տի չփո­խէ ո­րե­ւէ բան։ Փո­խե­լու հարկ չկա՛յ։

Նաեւ Աս­տուած ո՛չ մէկ բան կը ստեղ­ծէ ա­ռանց պատ­ճա­ռի, ա­պա ու­րեմն ստեղ­ծա­գոր­ծած ո­րե­ւէ բան փո­խե­լու հա­մար ի՞նչ պատ­ճառ կրնայ ըլ­լալ։ Ի՞նչ բան կը պար­տադ­րէ, որ Աս­տուած փո­խէ նա­խա­պէս ստեղ­ծա­ծը՝ որ լա­ւա­գոյն է եւ կա­տա­րեա՛լ։ Մար­դոց օգ­տին հա­մար օ­րէն­քը կրնայ փո­խել, կ՚ը­սեն ո­մանք, ո­րոնց ալ որ­պէս պա­տաս­խան. «գո­նէ հա­մայն մարդ­կու­թեան օգ­տին…», կ՚ը­սեն։ Քա­նի որ աս­տուա­ծա­յին զօ­րու­թեան, փո­խա­նակ հա­մայն մարդ­կու­թեան, այլ յատ­կա­պէս քա­նի մը հո­գիի հա­մար գոր­ծադ­րուի­լը, քա­նի մը հո­գիի վա­յե­լու­մին ըն­ծա­յե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ՛ ըն­դու­նիլ. նոյ­նիսկ ամ­բողջ մարդ­կա­յին ցե­ղին գո­յու­թիւ­նը ո­րե­ւէ ար­ժէք եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն չի ներ­կա­յաց­ներ, քա­նի որ ան­հու­նը լեց­նող բո­լոր ա­րա­րած­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով՝ ա­նոնց մէջ ե­թէ բաղ­դա­տու­թիւն մը կա­տա­րուի, մարդ­կա­յին ցե­ղը մրջիւ­նի մը բոյ­նէն ա­ւե­լի փոքր կը տես­նուի։ Ու­րեմն կա­րե­լի՞ է խոր­հիլ, թէ ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը, ամ­բողջ տիե­զեր­քը մի քա­նի մրջիւ­նի օ­գու­տին հա­մար փո­փո­խու­թեան են­թար­կուի։ Ը­սենք, որ Աս­տուած յա­տուկ հո­գա­ծու­թիւն ցոյց կու տայ կարգ մը մար­դոց հա­մար, եւ զա­նոնք բա­ցա­ռիկ կեր­պով կը խնա­մէ, լա՛ւ, բայց ա­սի­կա պատ­ճառ կրնա՞յ ըլ­լալ որ տիե­զեր­քի ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գը յա­ճախ փո­խուի։

Ու­րեմն Աս­տուած ին­չո՞ւ հրաշք կա­տա­րէ Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ընդ­հա­նուր ծրա­գի­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, քա­նի որ ար­դէն կա­տա­րեալ եւ լա­ւա­գոյն կեր­պով ստեղ­ծած է ա­րա­րած­նե­րը։

Կա­րե­լի՞ է խոր­հիլ, թէ Աս­տուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­տեն սխա­լած ըլ­լայ եւ ան­կա­տար ստեղ­ծէ ո­րե­ւէ ա­րա­րած եւ իր ծրագ­րին ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար փո­խէ իր անս­կիզբ եւ աս­տուա­ծա­յին օ­րէնք­նե­րը։ Ար­դա­րեւ ա­սի­կա ո՛չ թէ Աս­տու­ծոյ կա­տա­րե­լու­թիւ­նը, այլ՝ ան­կա­տա­րու­թիւ­նը, ո՛չ թէ զօ­րու­թիւ­նը, այլ՝ տկա­րու­թիւ­նը ցոյց չի՞ տար…։

Եզ­րա­կաց­նե­լով, կ՚ը­սուի, թէ «հրաշք»նե­րու հա­ւա­տալ Աս­տու­ծոյ փառ­քին հան­դէպ կաս­կած յայտ­նել եւ Ա­նոր ա­մե­նա­զօ­րու­թիւ­նը նուաս­տաց­նել կը նշա­նա­կէ։ Այս­պէս կը մտա­ծեն կարգ մը խոր­հող­ներ։

Այս բո­լոր տե­սու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւանք՝ քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ, Յի­սուս Քրիս­տո­սի եւ Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն կա­տա­րած հրաշք­նե­րը կ՚ըն­դու­նին որ­պէս ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թիւն, բայց մեր օ­րե­րուն կա­տա­րուած եւ ո­րոշ ճշմար­տու­թիւն մը ներ­կա­յա­ցու­ցած ո­րե­ւէ «հրաշք»ի ի­րա­կա­նաց­ման բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը տես­նե­լով, ներ­կայ հրաշք­նե­րու, կամ «հրաշք կար­ծուած» ե­րե­ւոյթ­նե­րու ալ կաս­կա­ծով եւ տա­րա­կու­սան­քով կը մօ­տե­նան։

Օր մը, փի­լի­սո­փա­յի մը, ա­րե­ւին իր ըն­թաց­քը դադ­րե­ցու­ցած ըլ­լա­լը, աշ­խար­հի այ­լեւս ա­նոր շուր­ջը բո­լո­րուի­լը վեր­ջա­ցու­ցած ըլ­լա­լը, բո­լոր մե­ռած­նե­րուն վե­րա­կեն­դա­նա­ցած ըլ­լա­լը, բո­լոր լեռ­նե­րուն հա­ւա­քա­բար դէ­պի ծով ըն­թա­նա­լը երբ տես­նէ եւ այս ա­մէն­քը փո­փո­խա­կան շնոր­հի մը կամ կա­րե­ւոր ճշմար­տու­թեան մը վկա­յու­թեան հա­մար կա­տա­րուած ըլ­լա­լը հասկ­նայ, ի՞նչ կը խոր­հի, հար­ցուեր է։

Փի­լի­սո­փան պա­տաս­խա­ներ է. «Մա­նիի դա­ւա­նան­քը կ՚ըն­դու­նէի՝ սկզբուն­քի մը կա­տա­րա­ծը ջնջող ու­րիշ սկզբուն­քի մը գո­յու­թեան կը վկա­յէի…»։

-VOLTAİRE, «DİCTİONNAİRE PHİLOSOPHİQUE» 1764։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Յու­նիս 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յունիս 25, 2016