ՃԱՐՊԻԿ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՍԷՐ
Ընկերային կեանքի մէջ, ընդհանրապէս գնահատելի կը նկատուի ճարպիկութիւնը, աշխատասիրութիւնը եւ ջանադրութիւնը։ Այս յատկութիւններն են որ մարդս օգտակար անդամ մը կ՚ընեն ընկերութեան եւ զինքն ալ յաջողութեան կ՚առաջնորդեն։ Այս յատկութիւններուն՝ առաքինութիւններուն փոխարէն՝ կը դատապարտուին ծուլութիւնը, անտարբերութիւնը եւ թուլութիւնը, քանի որ ծոյլ, անտարբեր եւ թոյլ մարդիկ, եթէ ո՛չ վնաս, եւ սակայն ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովեն հաւաքականութեան։
Մարդ ընկերային էակ մըն է, իր գոյութիւնը եւ գոյատեւութիւնը հաստատուած է իրերօգնութեան վրայ, այսինքն իւրաքանչիւր անհատ կը կարօտի մէկ ուրիշին, քանի որ ո՛չ մէկը կատարեալ է՝ ունի թերութիններ եւ տկարութիւններ։ Ուստի անհատը, ընկերութեան մէջ ուրիշ անհատով մը, եւ երբեմն ուրիշ անհատներով կ՚ամբողջանայ, եթէ ո՛չ կատարեալ, բայց կատարեալին կը մօտենայ։ Մա՛րդ ինքնաբաւ չէ…։
Արդարեւ, աշխատասիրութեամբ, ջանադրութեամբ, մարդ, թէ՛ իր գոյութիւնը կը պահէ եւ կը տեւականացնէ, եւ թէ՛ իրեն եւ իր շուրջիններուն՝ մերձաւորներուն եւ մինչեւ իսկ ընկերութեան բարօր կեանք մը կ՚ապահովէ։ Աշխատող անհատ մը, ընկերութեան օգտակար տա՛րր մը կը հանդիսանայ։
«Երկու ծառ իրարու շուքով չեն աճիր», կ՚ըսէ Հ. Ճիպրան։ Արդարեւ, մարդ մարդու ո՛չ թէ շուքը, այլ՝ լո՛յսը պէտք է ըլլայ, ի՛նչ որ կարելի է իրականացնել աշխատութեամբ, իրերօգնութեամբ եւ լայն առումով՝ բարեգործութեա՛մբ։ Իսկ Ժան Ժագ Ռուսօ կ՚ըսէ, թէ՝ «մարդու մը մահուան արգելք ըլլալ չի՛ բաւեր, այլ պէտք է զայն ապրեցնելու համար կարելին ընել»։ Ազնիւ, ներշնչեալ մարդիկ միայն ունին ազնիւ եւ առաքինի զգացումներ, եւ անոնք են որ այլասէր են՝ գիտակցութիւնը ունին ընկերային կեանքի պահանջներուն, ինքնամոլ եւ ինքնակեդրոն չեն, այլ համակրական հասկացողութեամբ կը մօտենան իրենց նմաններուն։
Եւ դարձեալ Ժան Ժագ Ռուսօ կ՚ըսէ, թէ՝ «Ընկերային մարդուն համար աշխատանքը պարտաւորութիւն մըն է։ Հարուստ կամ աղքատ, զօրաւոր կամ տկար՝ անաշխատ մարդ մը՝ խաբեբա՛յ մըն է»։ Այս իսկ պատճառով, անաշխատ, ծոյլ մարդիկ «մակաբոյծ»ներ են՝ որոնք կ՚ապրին ընկերութեան ոեւէ անդամին կամ անդամներուն քով եւ անոր շնորհիւ կ՚ապրին, անոնց շնորհիւ կը գոյապահպանեն եւ կը գոյատեւեն իրենց կեանքը։
Ուրիշին լոյսովը լուսաւորուիլ՝ մարդկային արժանապատուութեան բոլորովին ներհակ, մարդ էակին կոչումին հակառակ կացութիւն մըն է…։
Ահաւասիկ, ա՛յս իսկ պատճառով միշտ դատապարտելի են եղած ծուլութեամբ եւ անտարբերութեամբ իրենց կեանքը վարողները։ Եւ երբ աշխատասէրներ բարօր կեանք ապրելու կ՚արժանանան եւ երջանիկ են, անգործ եւ անաշխատներ ծուլութեամբ աւելի եւս անգործութեան եւ ամլութեան կը մատնուին եւ թշուառ՝ ապերջանիկ կեանք մը կ՚ապրին, եթէ անիկա կարելի է «կեանք ապրիլ» կոչել։ Ուստի մարդ, իր ստեղծագործումէն, արարչութենէն իսկ կոչուած է իրերօգնութեան, զիրար ամբողջացնելու, զօրացնելու, թերութիւնները լրացնելու եւ զիրար կատարելագործելո՛ւ։
Աշխատութիւնը անհրաժեշտ է նաեւ հոգեւոր իմաստով։ Մարդը, երկրի վրայ Աստուծոյ՝ իր Արարչին գործակիցը, գործակա՛տարն է. Աստուած երկիրը ստեղծեց եւ մարդը մշակ դրաւ անոր վրայ՝ աշխատելու, մշակելու, աճեցնելու, զարգացնելու եւ պտղաբերելու համար։
Այս իմաստով, մարդ կոչուած է աշխատելու, գործելու եւ արտադրելու։ Աստուած, մարդը օժտած է բազմաթիւ շնորհներով, որպէսզի օգտագործէ զանոնք, երկիրը աճեցնէ, թէ՛ ինք օգտուի եւ թէ՛ իր նմաններուն օգտակար ըլլայ, անշուշտ փոխադարձաբար, ինչ որ կ՚ենթադրէ՝ իրերօգնութի՛ւն։
Եթէ մարդիկ անտեսեն իրենց տրուած շնորհները՝ կարողութիւնը, ուժը, տարողութիւնը, հմտութիւնը, առողջութիւնը եւ անտերբեր, ծոյլ կեանք մը ապրին, կեանքը կը լճանայ, ամլութեան կը մատնուի եւ երկիրը՝ մեծ այգին կը չորնա՛յ։
Որպէսզի երկիրը միշտ դալար մնայ՝ անհրաժե՛շտ է որ մշակուի, աշխատուի եւ խնամուի։
Մարդ, իւրայատուկ հոգեկան եւ իմացական կարողութիւնները, առաւելութիւնները եթէ մեկուսացնէ, անտեսէ, անկարեւոր նկատէ՝ աշխարհի վրայ յառաջդիմութիւն, զարգացում, աճում գոյութիւն չ՚ունենար եւ ամէն տեղ անապատի կը վերածուի։
Հոգեւոր իմաստով ալ, որպէսզի երկրի վրայ սէր եւ խաղաղութիւն տիրէ, իւրաքանչիւր անհատ իր բաժինը եւ մասնակցութիւնը պէտք է բերէ եւ կատարէ Քրիստոսի բաժինը։
Եթէ այս աշխարհի վրայ թէ՛ մարմնաւոր, թէ՛ հոգեւոր իմաստով ծուլութիւն եւ անտարբերութին չտիրէր, Աստուծոյ զօրութիւնը զգացնելու պահանջքը չզգացուէր, Աստուծոյ միածին Որդին՝ Քրիստոս չէ՛ր մարմնանար եւ չէր ենթարկուեր տանջանքներու։ Արդարեւ ամէն բարեգործութեան յաջողութիւնը կախում ունի ընծայուած զոհողութեան ոգիէն՝ ի՛նչ որ աշխատանք կը պահանջէ՝ գո՛րծ կը պահանջէ։
Արարչագործութենէն վերջ՝ աշխարհի կառավարութիւնը, տնտեսութիւնը յանձնուեցաւ մարդ արարածին, քանի որ ան արարչագործութեան վեցերորդ օրը ստեղծուեցաւ. ուրիշ խօսքով՝ արարչագործութիւնը իր կատարելութեան հասաւ մարդուն ստեղծումով։ Այս իմաստով, մարդը Աստուծոյ գործակի՛ցն է՝ գործակատարը արարչագործութեան ընդհանուր ծրագրին կատարման։ Աշխարհի կատարելագործութիւնը կախում ունի մարդուն կատարելիք իմացական եւ հոգեկան ուղիղ առաջնորդութենէն, ջանադրութենէն եւ յարատեւ աշխատանքէն։ Ուրեմն աշխատութիւնը բնատուր պա՛րտք մըն է մարդուս համար։
Աշխատանքը «հոգեւոր պարտականութի՛ւն» մըն է, հոգեւոր, իմացական, բարոյական եւ նիւթական աշխատանքները իրարու ընդելուզուած՝ կատարելութեան եւ աստուածային պատուիրանին իրականացման կը ձգտին։ Ուստի իւրաքանչիւր անհատ պարտաւո՛ր է իր կարողութեան, տարողութեան, մարմնաւոր եւ հոգեւոր զօրութեան համեմատ աշխատի, ջանադիր ըլլայ մարդկութեան շէնքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման օգնելու համար, եւ ո՛չ միայն մարդկութեան, այլ իրենց յանձնուած երկրին զարգացման եւ բարգաւաճան համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 20, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024