ՅԱՐԱՏԵՒԵԼ ՍԻՐՈՅ ՄԷՋ

«Միշտ աղօթեցէ՛ք», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ (Ա ԹԵՍ. Ե 17), եւ կը շարունակէ. «Միշտ եւ ամէն առիթով գոհութիւն մատուցէ՛ք Հօր Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով» (ԵՓԵՍ. Ե 20)։ Այս մասին Եւագր Պոնտացի սապէս կ՚ըսէ. «Մեզի չէ՛ հրամայուած աշխատիլ, հսկել եւ յարատեւօրէն ծոմ պահել, մինչդեռ մեզի համար օրէ՛նք է անդադար աղօթել»։ Իսկ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ապրեցէ՛ք աղօթքին եւ պաղատանքներուն մէջ, միշտ աղօթեցէ՛ք Հոգիով, անխոնջ հսկումով աղօթեցէ՛ք բոլոր սուրբերուն համար» (ԵՓԵՍ. Զ 18)։

Այս անխոնջ եռանդը կրնայ գալ մարդուս միա՛յն սէրէն։ Արդարեւ յարատեւելու համար անհրաժեշտ է սէր ունենալ, սիրով կապուած ըլլալ, եւ աղօթքն ալ սէր կը պահանջէ, եւ հոն ո՛ւր սէր կայ, հոն կայ նաեւ յարատեւ եւ սրտաբուխ աղօթք՝ որ կը նշանակէ զգալ, ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը ամէն պահ, ամէնուրեք։

Մարդկային հոգեկան ծանրութեան եւ ծուլութեան դէմ, աղօթքին պայքարը՝ վստահող եւ յարատեւող խոնարհ «սիրոյ» պայքա՛րն է։ Սէրն է որ կը յաղթահարէ հոգեկան ծանրութիւնը եւ ծուլութիւնը մարդուս՝ որոնք արգելք են աղօթքի, աղօթքի մէջ յարատեւութեան։

Արդարեւ, աղօթելը «միշտ կարելի» է։ Քրիստոնեային ժամանակը յարուցեալ Քրիստոսի ժամանա՛կն է, որ «մեզի հետ է ամէն օր» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20) ի հեճուկս փոթորիկներուն (ՂՈՒԿ. Ը 24)։ Մարդուս ժամանակը Աստուծոյ ձեռքին մէ՛ջն է, եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան. «Կարելի է նոյնիսկ շուկայի մէջ կամ մենաւոր պտոյտի մը ժամանակ յաճախակի եւ եռանդագին աղօթք մը զրուցել։ Նստած ձեր խանութին մէջ, առուծախի կամ նոյնիսկ կերակուր եփելու պահուն»։

Աղօթելը՝ «կենսական անհրաժեշտութի՛ւն» մըն է։ Եւ ինչպէս սէրը՝ կեանքին էական տարրը։ Հակառակին փաստը նուազ համոզիչ չէ. եթէ մենք մեզ չյանձնենք Հոգիին, որ առաջնորդէ մեզ, կ՚իյնանք մեղքին ստրկութեան մէջ (ԳԱՂ. Ե 16-25)։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգին ի՞նչպէս կրնայ «մեր կեանքը» ըլլալ եթէ մեր սիրտը հեռո՛ւ է Անկէ. ի՞նչպէս մարդ կրնայ սրտաբուխ աղօթել երբ իր մէջ կը պակսի սէրը…։

«Ոչի՛նչ աղօթքէն աւելի կ՚արժէ. ան անկարելին կարելի կը դարձնէ, դիւրին՝ ի՜նչ որ դժուար է։ Մարդը որ կ՚աղօթէ, անկարելի է որ կարենայ մեղանչել», կ՚ըսէ դարձեալ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։

Իսկ Սուրբ Ալփոնսոս Լիգուորի կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ կ՚աղօթէ, ստոյգ կը փրկուի, ո՛վ որ չ՚աղօթեր ստոյգ կը դատապարտուի»։ Ուստի, «աղօթք» եւ «քրիստոնեայ կեանք» անբաժանելի՛ են իրարմէ, որովհետեւ անոնք կախում ունին նոյն սէրէն եւ այն անձնուրացութենէն, որ սէրէն կը բխի։ Աղօթք եւ քրիստոնեայ կեանք՝ կախում ունին Հօր սիրոյ ծրագրին որդիական եւ սիրազեղ նո՛յն համակերպութենէն։ Անոնք կախում ունին նոյն «կերպարանափոխուող միութենէն Սուրբ Հոգիին մէջ», որ Յիսուս Քրիստոսի հետ միշտ աւելի՛ համակերպ կը դարձնէ մեզ։

Բոլոր մարդոց հանդէպ նո՛յն սէրէն, Յիսուս Քրիստոսի հետ, որով Ան սիրեց մեզ. «Ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէս Իմ անունովս, պիտի տայ ձեզի։ Ա՛յս է Իմ պատուիրանս. սիրեցէ՛ք զիրար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 16-17)։

Ուրեմն եթէ սիրենք զիրար, այդ հասարակաց սէրէն բխած աղօթքը ընդունելի պիտի ըլլայ Աստուծմէ, քանի որ Ի՛նք՝ Աստուած Սէր է։

«Ան որ կը միացնէ աղօթքը գործերուն եւ գործերը աղօթքին, միշտ կ՚աղօթէ։ Միայն այսպէս մեզի համար գործադրելի կը դառնայ անդադար աղօթելու սկզբունքը»։ (Որոգինէս)։ Բայց «անդադար աղօթել» երբեք չի նշանակեր մեքենաբար կրկնութիւններ ընել եւ կամ շատախօսել. անդադար աղօթելը կ՚ենթադրէ յարատեւ աղօթել, միշտ աղօթքի մէջ ըլլալ՝ ո՛չ միայն խօսքով, այլ եւ մանաւանդ՝ գործո՛վ։ Աղօթքի կեանքը «գործել», «շարժիլ» կը նշանակէ, աղօթքի մէջ ապրիլ. թէ ոչ միայն խօսքով աղօթքը, խօսքերու կրկնութիւնը հեռո՛ւ կը մնայ աղօթքին նպատակայարմար օգտագործումէն։

Աղօթելու սովորութիւնը կը տեսնենք Յիսուսի մէջ, Իր ժամը հասած ըլլալով, Ան կ՚աղօթէ Հօր. (ՅՈՎՀ. ԺԷ). Անոր աղօթքը, Աւետարանին մէջբերած ամենէն երկարը, իր մէջ կը պարփակէ ամբողջ տնտեսութիւնը արարչութեան եւ փրկութեան, ինչպէս նաեւ Անոր խաչելութիւնը եւ Յարութի՛ւնը։

Քրիստոսի աղօթքը, ինչպէս նաեւ Անոր Սէրը եւ Զոհաբերումը կը զօրեն մինչեւ լրումն ժամանակներուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 19, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019