ԿՈՐՈՒՍՏԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

«Արթուն եւ պատրաստ եղէք, որովհետեւ ձեր թշնամին՝ Սատանան առիւծի պէս մռնչելով կը շրջի եւ կլլելու համար մէկը կը փնտռէ։ Հաստատուն հաւատքով դէմ դրէք անոր, գիտնալով որ աշխարհի մէջ բոլոր ձեր եղբայրներն ալ նոյն չարչարանքներէն կ՚անցնին», կ՚ըսէ Պետրոս Առաքեալ իր ընդհանրական առաջին նամակին մէջ. (Ա ՊԵՏՐ. Ե 8-9)։

Թոմ Կրէյս-ի պատմութիւնը կարծես իրագործումն է Պետրոս Առաքեալի վերոյիշեալ խօսքերուն։

Կ՚արժէ լսել այս հետաքրքրական պատմութիւնը՝ «Յիսուսի շնորհքով, դժոխք գացող շոգեկառքէ փրկուած» իր մէկ բարեկամին կողմէ պատմուած։

«Թոմ Կրէյս անուն մարդ մը, անգամ մը ա՛յն աստիճան արբեցած էր, որ ա՛լ աւելի խմել կարելի չէր, եւ քայլելու ուժը կորսնցնելով գետին ինկած մնաց եւ հոն քնացաւ։ Եւ երա՜զ մը տեսաւ։

«Անիկա տեսաւ, որ դժոխք գացող շոգեկառք մը նստած էր եւ ճամբորդութիւն կ՚ընէր։ Շոգեկառքը խուռն բազմութեամբ լեցուած էր։ Ամէն դասակարգէ մարդիկ կային հոն։ Այրեր, կիներ, մանուկներ, երիտասարդներ, ծերեր, անկրօններ, անունով քրիստոնեաներ, հայհոյողներ, անբարոյականներ, ոճրագործներ, մարդասպաններ, ինչպէս նաեւ բարոյականի տէր պատուաւոր մարդեր, ազնուականներ, եկեղեցւոյ անդամներ, նկարագրի տէր մարդիկ եւ ուսեալ դասակարգէն եղողներ, բոլորն ալ հո՛ն էին։ Շոգեկառքին վարիչը Սատանան ինքն էր եւ ամբողջ մեքենան, վակոնները՝ շոգեկառքի կառքերը եւ անիւնները ներկուած էին մարդու արիւնով։ Ածուխի տեղ կմախքներ եւ ոսկորներ կը գործածուէին, իսկ վակոնները կը լուսաւորուէին ծծումբի լոյսով։

«Շոգեկառքը քիչ մը ատեն կանաչ մարգագետիններու եւ գեղեցիկ դաշտերու մէջէն անցնելէ յետոյ ամայի եւ չոր անապատներ հասաւ։

«Ճամբորդները չգիտնալով թէ ո՛ւր կ՚երթան, կ՚ուրախանային եւ կը զուարճանային անհոգ, անտարբեր եւ անկասկած։ Մէյ մըն ալ տեսան, որ օդը հետզհետէ կը տաքնայ եւ կիզիչ հով մը կը սկսի տոչորել զիրենք։

«Նայեցան եւ ահա գեղեցիկ տեսարանները բոլորովին ետեւնին մնացած էր. եւ իրենք այրած, սեւցած, ահաւոր եւ մութ տեղեր եկած էին։

«Բոլորին ալ դէմքը դեղնած, ուրախութիւնը սոսկումի եւ երգեցողութիւնը՝ մեծ տագնապի եւ ողբի փոխուած էր։ Մինչդեռ շոգեկառքը հետզհետէ աւելի թափ ստանալով այն սոսկալի վայրերու վրայ աւելի արագօրէն կը սուրար։ Վերջապէս ճամբորդները յուսահատ եւ տխուր, հարցուցին.- Ո՞ւր, ո՜հ, ո՞ւր կ՚երթանք։

«Անոնց տրուած պատասխանը սա էր.- Դժո՛խք։

«Շատ արցունքներով խնդրեցին որ շոգեկառքը այլեւս կենայ. սակայն Սատանան ըսաւ.- Երբեք կարելի չէ՛ այդ։ Դուք մոռնալով զԱստուած, ձեր ցանկութիւններուն, կիրքերուն հպատակեցաք։ Հաւատքը, խոստովանութիւնը, աղօթքը եւ փրկութիւնը զանց ընելով Աստուծոյ Շնորհքը անարգեցիք, նախատեցիք եւ Անոր թշնամի եղաք։ Ամէն մէկ բանուոր իր վարձքը չի ստանա՞ր, ես ալ ձեզի կրակէ լիճը պիտի փոխադրեմ, որպէս հատուցում ձեր արարքներուն։

«Սատանան այսպէս ըսաւ եւ սկսաւ աւելի՛ արագօրէն վարել շոգեկառքը։ Քիչ յետոյ սոսկալի՜ աղաղակ մը լսուեցաւ որ կը կանչէր.- Ահաւասիկ մօտեցանք. կրակէ լիճը հասանք։ Եւ ճամբորդները իրենց վախէն մեռելի պէս եղան։ Խե՜ղճ մարդեր, միթէ կրնայի՞ն փախչիլ եւ մէկ կողմ երթալ։ Ո՛չ, ո՛չ, վասնզի բոլորին ալ ձեռքերը եւ ոտքերը կապուած էին, բայց իրենք չէին գիտեր։

«Թոմ Կրէյս, ինքն ալ այնչափ վախցաւ որ մէկէն արթնցաւ եւ պառկած տեղէն ելլելով ծունկի վրայ եկաւ, եւ սկսաւ ամբողջ մարմինը դողալ։

«Եւ Թոմ Կրէյս, ճիշդ ա՛յդ պահուն, հոն տեսաւ իր բուն վիճակը։ Ան, այդ պահուն անդրադառնալու առիթը ունեցաւ, որ կորուստի եւ յաւիտենական կործանման եզերքը հասած է։ Անիկա հասկցաւ, թէ ո՛ւր կը տանին մեղքը եւ Սատանան զինք։

«Ճիշդ հոն բոլոր սրտով այնպիսի աղօթք մը ըրաւ, որ այդ շրթունքներէն տակաւին անոր նման աղօթք ելած չէր երբեք…։

«Աստուած լսեց իր աղօթքը, այնպէս որ ան չհեծաւ անգամ մըն ալ Դժոխք գացող շոգեկառքին. չմօտեցաւ իսկ անոր։

«Սիրելի՜ ընթերցող, հոս երազի մը մասին կը պատմուի, բայց ասիկա կը կարծես, որ լոկ երա՞զ մըն է։ Արդեօք չի տեսնուի՞ր, չի հասկցուի՞ր որ տակաւին հազարներ եւ միլիոններ այն շոգեկառքը հեծած՝ երկրիս վրայէն դէպի Դժոխք ճամբորդութիւն կ՚ընեն։ Ամէն մարդ այդ շոգեկառքին մէ՛ջն է։ Եւ եթէ մեղաւորներուն միակ Փրկիչը, Տէր Յիսուսի, անձամբ հանդիպած չէ մէկը, Անոր ապաւինելով իր մեղքերուն թողութիւն ստացած չէ։

«Պէտք է անդրադառնալ, որ շատեր այդ շոգեկառքին մէջն են որպէս ճամբորդ, բայց չեն գիտեր, թէ ո՜ւր կ՚երթան…։

«Երանի՜ թէ մարդ գիտնար, թէ ո՛ւր կ՚երթայ։ Սոսկալի իրողութիւնը եւ ճշմարտութիւնը ա՛յս է. այդ շոգեկառքին մէջ մարդիկ Դժոխք եւ կորուստ կ՚առաջնորդուին։ Մա՛րդ չի գիտեր, թէ որքան մօտեցած է, թերեւս ժամ մը վերջ, աչքերու այնքա՜ն գեղեցիկ երեւցող, հրապուրիչ այս աշխարհէն ելած՝ այն անյուսութեան, վիշտի, տանջանքի եւ ողբի վայրը ինկած, գլորած կրնայ ըլլալ մարդ. եւ ո՜րքան ցաւալի եւ զարհուրելի է կարճ կեանքէ մը վերջ երթալ Դժոխք եւ հոն տանջուիլ յաւիտեանս։

«Մինչ Տէր Յիսուս խոնարհած եկած մինչեւ մարդուս սրտին դուռը, զայն փրկել կ՚ուզէ. Անոր սիրտը կը վառի զայն փրկելու փափաքով։ Միթէ մարդ չ՚ուզե՞ր առանց ժամանակ վատնելու Անոր սիրոյ բազուկներուն յանձնուիլ եւ փրկուիլ յաւիտեանս։ Արդարեւ, բազկատարած, մարդը սպասող Փրկչին հետեւեալ խօսքերուն առջեւ կարելի՞ է անհոգ, անտարբեր եւ անզգայ մնալ։

«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ով որ Անոր հաւատայ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ. (ՅՈՎՀ. Գ 16)։

«Ո՜վ չ՚ուզեր հիմա հաւատալ եւ հիմա յաւիտենական կեանք ունենալ»։

 Ո՛չ մէկ բանի համար ուշ է, մանաւանդ այդ սոսկալի՜ շոգեկառքէն իջնելու համար, երբեք ուշ չէ, բա՛ւ է որ մարդ անդրադառնայ, թէ ո՛ւր կը տանի այդ շոգեկառքը զինք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 20, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 25, 2020