ԱՐՄԵՆԱԿ ՊԵՏԵՒԵԱՆ ԵՒ ԻՐ ԲՈՒՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆԸ
Գատըգիւղի «Իշ Պանքասը»ի հրատարակութեանց գրավաճառատան մէջ հանդիպեցայ գրքի մը, որուն եւ իր հեղինակին մասին առաջին անգամ լսած էի Դեղագործական ֆաքիւլթէի մեր դասախօսներէն՝ փրոֆ. տքթ. Թուրհան Պայթօփէն։ Ան յանձնարարած էր նոյն ֆաքիւլթէի Դեղաբուսաբանական ամպիոնի գրադարանը երթալ ու ծանօթանալ այդ գիրքին հետ։ Այդ գիրքը, Արմենակ Պետեւեանի հեղինակած բառարանն էր, ծանօթ՝ «Illustrared Polyglottic Dictionary of Plant Names» անունով, հրատարակուած՝ 1936-ին, Գահիրէ։ Բառարանը կ՚ընդգրկէր 3657 բոյսի անունները, նկարազարդուած՝ 1711 բոյսի նկարներով։ Մեծ եղած էր զարմանքս, երբ ի ձեռին ունեցայ բառարանը, տեսնելով անոր լատիներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, թրքերէն, հայերէն եւ արաբերէն պարունակութիւնը։ Այս բառարանին նմանատիպն էր, որ այս տարի լոյս աշխարհ եկած էր որպէս մշակութային հրատարակութիւն։
Նախապէս հայերէնով լոյս տեսած են գիրքեր, որոնք իրենց ժամանակին օգտակար գիտելիքներ ընձեռած են ընթերցողներուն, եւ որոշ չափով ալ կը շարունակեն իրենց օգուտը բերել։ Այդ կարգի հրատարակութիւններ լաւագոյնս արժեւորուած են Արմենակ Պետեւեանի հեղինակած եւ իր տեսակին մէջ աննախընթաց բուսաբանական բառարանին մէջ։ Այս հրատարակութեամբ անմահացած են նաեւ Ամիրտովլաթ Ամասիացիի, Հ. Ղեւոնդ Ալիշանի, Յովհաննէս Արթինեանի, Հ. Համազասպ Սափարեանի, Հ. Ներսէս Տիրացուեանի, Հ. Մանուէլ Քաջունիի անունները հանդերձ իրենց հեղինակած գործերով։ Նաեւ պէտք է նշել, թէ անմահացած են նաեւ Հրաչեայ Աճառեանի, Հ. Սիմոն Երամեանի, Գուիտոն Լուսինեանի, Հ. Եփրեմ Չաքըճեանի, Միքայէլ Րէստէնի անունները իրենց բառգիրքերով։
Բազմալեզուեան բառարանի հեղինակը՝ Արմենակ Պետեւեան ծնած է 1884-ին, Հալէպ, Արաբկիրցի ծնողքէ։ Իր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ազգային Մովսէսեան վարժարանին մէջ։ Այդ շրջանին ծնողքը Գահիրէ փոխադրուած ըլլալով կը յաճախէ Ազգային Խորէնեան վարժարանը, ապա Կիպրոսի մէջ 1898-1902 տարիներուն կ՚աշակերտի 1897-ին հաստատուած Հայկական Կրթարան որբանոցին մէջ, որուն տնօրէնն էր ծանօթ կրթական մշակ եւ մտաւորական Վահան Քիւրքճեան, որ նոյն կրթական յարկին տակ հաստատած էր տպարան մը, ուրկէ լոյս ընծայած էր իր երկու հեղինակութիւնները, հաստատութեան կանոնագիրները եւ այլ հրատարակութիւններ։ Արմենակ Պետեւեան այս կրթական յարկին տակ ու փորձառու կրթական մշակին շունչով կը ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն եւ կը թրծուի մեր ժողովուրդի նուիրականութեանց ոգիով։
Այս կրթարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ կը վերադառնայ Գահիրէ եւ երկու տարի կ՚ուսանի Սէյնթ Մէրի՚զ Սքուլը։ 1904-1908 տարիներուն կ՚աշակերտի Գահիրէի Պետական Երկրագործական վարժարանին, ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ փայլուն յաջողութեամբ։ Վարժարանի տնօրէնները անգլիացիներ էին ու դասաւանդութեան լեզուն՝ անգլերէն։ Այս պարագան դուռ բացած էր որ հմտանար անգլերէնի։ Պետեւեան, վարժարանէն շրջանաւարտ ըլլալէ յետոյ պաշտօնի կը կոչուի Եգիպտոսի Երկրագործական նախարարութեան բուսաբանական բաժանմունքի բոյսերու զարգացման եւ բարելաւման գործով զբաղող ճիւղին մէջ, ուր հետզհետէ յառաջանալով կը հասնի մինչեւ իր դիւանի պետի դիրքին, գնահատուելով բարձաստիճան պաշտօնատարներէ։ Հանգստեան կը կոչուի 1944 թուականին։ Ֆրանսական կառավարութենէն կը պատուուի «Ասպետ»ի շքանշանով, իսկ եգիպտական կառավարութենէն՝ կը վարձատրուի «Նեղոս»ի ժապաւէնով։
Իր երկարամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին, Պետեւեան կատարած է բամպակի ցեղերու ազնուացման յատուկ մասնաւոր աշխատանքներ, նաեւ իր տեսակէտները բաժնելով գիտական պարբերաթերթերու մէջ։
Բացի այս հանրածանօթ բառարանէն յետ հանգստեան կոչման ձեռնարկած է հայերէն ընդարձակ աշխատասիրութեան մը՝ բուսաբանական բառերու ստուգաբանութեան, բժշկութեան եւ ճարտարարուեստի մէջ անոնց գործածութեան եւ անոնց յատկութեանց մասին։ Այս աշխատութիւնը մեծ հաւանականութեամբ մնացած է թերաւարտ։ Սակայն այդ վիճակով ներկայացուած է Հայաստան եւ արժանացած գնահատանքի։ Նոյնիսկ իրեն առաջարկուած է ժամանակաւորապէս մնալ Հայաստան եւ անձամբ հսկել այս մասնագիտական գործին տպագրութեան։ Հայաստանի գիտնականները հաճելի անակնկալով մը բուսաբանական պարտէզի ջեռոցին մէջ խնամուած արմաւենիի մէկ տեսակը մկրտած էին իր անունով եւ այս կարգադրութիւնը նուիրագործուած՝ իր անունը կրող ցուցատախտակով։
Պետական պաշտօնավարութենէն բացի Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ունեցած է համայնքային ծառայութիւն, ծանօթ՝ իր ուղղամիտ ու արդար հանրային մարդու նկարագրով։ Իր գլխաւոր ծառայութիւնը ի գործ կը դնէ Առաջնորդարանի հողային ստացուածքներու մատակարարութեան աշխատանքներու դաշտէն ներս։ Կը մասնակցի Կալուածոց յանձնաժողովներուն մեծապէս օգտակար ըլլալով իր մասնագիտութեամբ։
Եգիպտոսէն Հայաստան ներգաղթումը երբ քոլերայի պատճառաւ կը յետաձգուի, այս վիճակէն ազդուած անձերու օգնութեան համար 1948-ին Գահիրէի մէջ կազմուած հոգատար յանձնախումբին կ՚անդամակցի որպէս ատենադպիր։
Արմենակ Պետեւեան յանուն Առաջնորդարանի կը մասնակցի ժառանգական գործերու համար Եգիպտոսի կառավարութեան հաստատած ժողովին, որպէս քաջածանօթ արաբերէնի եւ ազգային օրէնքներու։ Քաղաքական ժողովի առաջարկով կը կազմուի յանձնաժողով մը՝ Առաջնորդարանի պաշտօնէից կանոնագրութիւն մը կազմելու առաջադրութեամբ։ Պետեւեան որպէս ատենապետը այս յանձնաժողովին, մեծապէս օգտակար կ՚ըլլայ կանոնագրի խմբագրական աշխատանքներուն։
Առաջնորդարանէ ներս յառաջացած նեղ ու անելի մատնուած վիճակի բարւոքման համար ունեցաւ կարեւոր ներդրում։ Իր ջանքերով վերահաստատուեցաւ վարչական մեքենայի կանոնաւորութիւնը։
Ունեցած է նաեւ կարեւոր ծառայութիւն Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) առաքելութեան, որպէս ջերմ հաւատացող մը Միութեան բարերար գործունէութեան նաեւ ըմբռնած ըլլալով՝ անոր դերին, նշակութեան ու ազգին մատուցած ծառայութիւններու կարեւորութեան։ Նաեւ ջերմ փափաքողներէն էր, որ Միութիւնը մասնաւորապէս ընդարձակէր կրթական գործունէութիւնը։
Թեմական ժողովին անդամ կ՚ընտրուի 14 փետրուար 1955-ին ու կը կոչուի Թեմական ժողովի ատենապետութեան, որպէս ամենափորձառու մէկ անդամը ժողովին։
Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը գնահատելով իր ազգանուէր գործունէութիւնը, զինքը պարգեւատրած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ա. Կարգի ականակուռ ոսկեայ շքանշանով։
Բազմարդիւն գիտնական մարդը եւ ազգային գործիչը իր մահկանացուն կը կնքէ 10 փետրուար 1957-ին Գահիրէի «Տար էլ Շիֆա» հիւանդանոցին մէջ։ Ազգային յուղարկաւորութիւնը կը կատարուի յաջորդ օրը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Նկատելով որ առաջնորդ սրբազանը երկրէն դուրս կը գտնուէր, արարողութեան կը նախագահէ առաջնորդական փոխանորդ՝ Տ. Սահակ Քհնյ. Շաքարեան, որ կը խօսի դամբանականը, վեր առնելով հանգուցեալի կատարած հանրային ու համայնքանուէր ծառայութիւնները։ Եկեղեցւոյ բակին մէջ յանուն ՀԲԸՄ-ի Եգիպտոսի Կեդրոնական յանձնաժողովին կը դամբանախօսէ տքթ. Խաչիկ պէյ Սողիկեան, ներկայացնելով հանգուցեալի կենսագրութիւնը ու գործունէութիւնը որպէս գիտութեան մարդ եւ բոլորանուէր ազգային։
Մարմինը կ՚ամփոփուի Սուրբ Մինաս Ազգային գերեզմանատան մէջ։
Աղբիւրներ.
1. «Եգիպտոսէն ներգաղթողներու հոգատարութիւնը», «Միութիւն» Պաշտօնաթերթ Կեդր. Վարչական Ժողովի, Հ.Բ.Ը. Միութեան, թ. 222, 1 Մարտ 1948, Նիւ Եորք, էջ՝ 1։
2. «Մահ Արմենակ Պետեւեանի», «Միութիւն» Պաշտօնաթերթ Կեդր. Վարչական Ժողովի, Հ.Բ.Ը. Միութեան, թ. 377, Ապրիլ 1957, Նիւ Եորք, էջ՝ 30-31։
3. «Արմենակ Պետեւեան», «Հայրենիք Օրաթերթ», 58-րդ տարի, թ. 13.648, Պոսթոն, 15 Մարտ 1957, էջ՝ 2։
4. «Արեգ Օրաթերթ», ԽԲ տարի, թ. 11.602, 11 Փետրուար 1957, Գահիրէ, էջ՝ 1։
5. «Ազգային յուղարկաւորութիւն Գահիրէի Թեմական Ժոողվի ատենապետ՝ Ողբ. Արմենակ Պետեւեանի», «Արեգ Օրաթերթ», ԽԲ տարի, թ. 11.603, 12 Փետրուար 1957, Գահիրէ, էջ՝ 4։
6. Ալպօյաճեան Արշակ, «Արմենակ Պետեւեան», «Արեգ Օրաթերթ», ԽԲ տարի, թ. 11.604, 13 Փետրուար 1957, Գահիրէ, էջ՝ 2 եւ նոյն՝ թ. 11.605, 14 Փետրուար 1957, Գահիրէ, էջ՝ 2։
7. «Սահակ Քհնյ. Շաքարեանի դամբանականը», «Արեգ Օրաթերթ», ԽԲ տարի, թ. 11.606, 15 Փետրուար 1957, Գահիրէ, էջ՝ 3
8. «Տքթ. Խազիկ Պէյ Սողիկեանի դամբանականը», «Արեգ Օրաթերթ», ԽԲ տարի, թ. 11.607, 16 Փետրուար 1957, Գահիրէ, էջ՝ 1։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ