ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆ ՀԱՅՈՒՆ, ՀԱՅԸ՝ ՀՆԴԻԿԻՆ

Մարդկային բնութեան մէջ գերիշխանութիւնը կը պատկանի հզօրներուն, իսկ տկարները ենթակայ են ստրկութեան. գերակայութեան օրէնք՝ որ անփոփոխ է: Անհասկնալի պայքար մը ուժի եւ հնազանդութեան միջեւ: Այս մէկը սակայն աշխարհը կը փորձէ քօղարկել «մարդը մա՛րդ է՝ ինչ գոյնին եւ պատկանելիութեան»։ Մարդկային պատմութեան մէջ բարձրաձայնուած ամենէն մեծ սուտերէն մէկը պարզապէս. հակադրուող ճշմարտութիւն մը մարդկային ապրելակերպին:

Մարդը մարդ ընդունող աշխարհին մէջ բացայայտ է, որ ամէն մարդ չէ՛ որ իրապէս մարդ ըլլալով հանդերձ «մարդ» ըլլալու յարգանքին կ՚արժանանայ. այսօր մարդուն մարդկութիւնը կարելի է նժարի վրայ դնել, միւս կողմը դնելով իր պատկանելիութիւնը, իր ազգութիւնը, իր գոյնն ու ցեղը եւ ըստ այնմ որոշել թէ ինչքանո՞վ մարդ է ան։ Անցեալին գոյնը, ազգութիւնն ու պատկանելիութիւնը կը ծառայէր սահմանները ճշդելու, սակայն այսօր անոնցմով մարդկային արժէքը կը կշռադատուի, ինչ որ հաւասարութեան եւ արդարութեան էութիւնը խանգարող լուրջ հարցեր կը ստեղծէ:

Ամէ՛ն ազգ իր դիմաց անպայմանօրէն ունի ազգ մը, որ իրմէ բարձր եւ կամ իրմէ ցած կը նկատէ. օրինակի համար, գուցէ եւրոպական զարգացած երկիրի մը համար Հայաստան «նուաստ» նկատուող երկիր մը ըլլայ, սակայն Հայաստան իր կարգին իրմէ շատ աւելի նուաստ կը նկատէ Ափրիկէի երկիրներէն մին՝ իր արժանիքներն ու կարողութիւնները շատ աւելի վեր ու վեհ նկատելով. մարդկային կեանքի մէջ այդ պայքարը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է. վկայ վերջին ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ հնդիկներուն եւ կամ այլ երկիրներու մէջ սուրիացի ժողովուրդին հանդէպ եղած անարդար քննադատութիւններն ու ատելութիւնները: Պէտք է գիտնալ, որ այս երեւոյթը մարդկային կեանքի մէջ ծնունդ առած նոր իրադարձութիւն մը չէ. ամէն ժամանակաշրջան ունեցած է իր քաջերն ու տկարները, իր յաջողակներն ու ձախողները:

Եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք պատմութիւնը, պիտի տեսնենք, թէ Միջնադարուն Հայաստան աշխարհը համեմատելով այլ ազգերու հետ, ունէինք վեհութիւն մը, բարձրութիւն մը՝ մանաւանդ քաղաքակրթութեամբ, սակայն ինչպէս ամէն ինչ, այնպէս եւս փառքն ու համբաւը կը դառնան ժամանակաւոր:

Օտար ազգերու կողմէ վեհանձն նկատուող Հայաստանը ժամանակի ընթացքին կորսնցուց իր հռչակը եւ սկսաւ երկրորդական դասուն պատկանող երկիրներու շարքին դասուիլ: Այս բոլորին մասին խորհած ժամանակ 1910 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուող մամուլի մը մէջ հանդիպեցայ հետեւեալ նախադասութեան. «...հայը այս երկրին նոյնիսկ կառավարութեան համար արհամարհելի տարր մ՚է»։ Այսօր մեր հայկական գաղութներու մէջ կը տեսնենք հաստատուած հայութիւն մը՝ որ չի տարբերիր բնիկ տեղացիէն, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ նախապէս պատկերը այդպէս չէր. ոչ միայն Ամերիկայի մէջ, այլ գրեթէ ամէն տեղ (մանաւանդ եղեռնի ժամանակ) հայը կը դիտուէր որպէս դժբախտ, գռեհիկ ժողովուրդ մը՝ որ հայրենիք չունենալով, ներքին միասնականութիւն չունենալով՝ կորսնցուցած էր հայրենիքը եւ մուրացկանի մը թշուառութեամբ հասած էր օտար ափեր, առանց լեզու եւ կամ քաղաքակրթութեան տարրական իմացականութիւնը ունենալու:

Այսօր աւելի քան դար մը ետք, կը տեսնենք, թէ ինչպէս հայը կ՚անտեսէ հնդիկն ու ափրիկեցին՝ մոռնալով որ անոնց ներկայի ճամբան հայոց նախկին ճամբան էր՝ մանաւանդ սփիւռքի մէջ. այսօր հայը կ՚ուզէ երթալ Ամերիկա, Ռուսաստան, Եւրոպա եւ այլուր աշխատիլ ու օրուան հացի գումարը վաստակիլ, սակայն տարօրինակ ձեւով չ՚ուզեր, որպէսզի հնդիկը իր թշուառ երկիրը ձգելով գայ Հայաստան եւ իր օրուան հացի պայքարը մղէ այդպէս: Տարօրինակ քննադատութիւն մը կը ստանան այն հնդիկները, որոնք Հայաստանի մէջ ուրախանալու աններելի մեղքը կ՚ընեն. կը քննադատուի անոնց ծիծաղը, անոնց պարն ու յոյզերը, մոռնալով որ անոնց օրինակով այսօր բազմաթի՜ւ հայեր օտար երկիրներու մէջ թէ՛ կը պարեն, թէ՛ կը զուարճանան, սակայն նոյնը խոցելի կը գտնեն երբ ընողը ըլլայ հնդիկ մը:

Պէտք չէ մոռնալ, որ ամերիկացիք հայուն հետ շա՛տ անարդար վարուեցան։ Ահաւասիկ 114 տարիներ առաջ գրուած այդ անարդարութեան տողերը. «Հայը վեց ամիս այս երկրին մէջ ձերբակալուեցաւ: Վեց ամիս արհամարհուեցաւ: Կարծես իրեն զգալ տուին, թէ զինք իտալացիէն, սպանացիէն, յոյնէն, հրեայէն իսկ ստոր կը ճանչնան»: Ահաւասիկ, կը տեսնենք ամերիկացիներու խտրական մօտեցումը:

Կեանքը այդ կողմէ մի՛շտ եղած է անարդար. բոլոր այն դժուարութիւնները զորս մարդ ինք կրած է, փորձած է գործադրել իրմէ տկարներուն վրայ եւ այսօր մենք այդ է որ կ՚ընենք Հայաստանի մէջ՝ քննադատել բոլոր այն օտարները, որոնք իրենց աշխատանքով իրենց հայրենիքին մէջ ընտանիք կը պահեն ու կ՚ապրեցնեն:

Անտեսուած հայը այսօր առաւել կամ նուազ չափով յաջողած է պահել իր արժանի տեղը, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ այս պայքարը անվերջ ընթացք մըն է. այսօր աշխարհի մէջ ամենէն շատ «մարդ» կարծուած ամերիկացին եւս օր մը կրնայ երկրորդ մակարդակի մարդ որպէս դիտուիլ, որովհետեւ ո՛չ մէկ փառք աշխարհի մէջ յաւիտենական է՝ բացի երկնայինէն:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ ամերիկացի մանուկը աւելիով «մարդ» է՝ քան ափրիկեցին:

Պատասխան. Ամերիկացի երեխաները իրենց էութեամբ աւելի կարեւոր չեն քան Ափրիկէի երեխաները կամ ցանկացած երեխայ: Կարեւորութեան ընկալման վրայ երբեմն կրնան ազդել լրատուամիջոցներու լուսաբանութիւնները, տնտեսական նկատառումները եւ քաղաքական տարբեր գործօններ: Որոշ դէպքերու պարագային ամերիկացի երեխաները կրնան աւելի մեծ ուշադրութեան արժանանալ երկրի հարստութեան եւ քաղաքական ազդեցութեան պատճառով, սակայն այդ մէկը չի՛ նուազեցներ ափրիկեցի երեխային կարեւորութիւնը։ Իւրաքանչիւր երեխայի բարեկեցութիւնը եւ իրաւունքները հաւասարապէս կարեւոր են՝ անկախ ազգութենէն եւ պատկանելիութենէն: Պէտք է ջանք չխնայել աշխարհի բոլոր երեխաներուն համար հաւասար միջավայր մը ստեղծելու համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024