ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ ԱԽՏԸ
Կ՚արտօնէ՞ք սիրելի բարեկամներ, որ անգամ մը եւս խորհրդածենք բամբասանքի մասին։ Գիտեմ, յաճախ խորհրդակցեցանք բամբասանքի մասին, բայց ի՛նչ ընենք, որ ամէն օր մեզի հետ է ան՝ որքան որ հեռու մնալ կը ջանանք անկէ, կարծես յամառօրէն կը հետապնդէ մեզ, վարակիչ, փոխանցիկ համաճարակ հիւանդութեան մը պէս կը տարածուի մեր շուրջը, աւերիչ ազդեցութեանը տակ առնելով ամբողջ մեր կեանքը։
Որմանք կարեւորութիւն իսկ չեն տար, բնական կը սեպեն բամբասանքը, քանի որ անոնք կա՛մ անտարբեր են կեանքի արժէքներուն, մարդկային արժանապատուութեան։ Ուրիշներ, թերեւս կ՚ախորժին ունայնախօսութենէ, քանի որ ընելիք ուրիշ գործ չունին՝ իրենց պարապ կեանքը եւ պարապ միտքը կը լեցնեն պարապ խօսքերով։
Խե՜ղճ ունայնամիտներ, թշուա՜ռ շուարածներ. անիմաստութիւնը կը լեցնէ իրենց ամբողջ կեանքը։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ երկու խումբ անձնաւորութիւն կա՛յ. մին կառավարելու շնորհքով օժտուած, միւսը՝ կառավարուելու պահանջքը ունեցողներու խումբը։ Կառավարելու շնորհքը ունեցողներ քի՛չ են թիւով, իսկ կառավարուելով ապրողներ բազմաթի՛ւ։ Եւ կեանքը, այս երկու խումբին փոխադարձ ազդեցութեան եւ հակազդեցութեան միջեւ կ՚ընթանայ, կը կանոնաւորուի։ Եւ մարդկային տկարութիւններ, թերութիւններ, անկատարութիւններ՝ այս երկու խումբին ներդաշնակութեանը մէջ ընկերային կեանքը կը կազմեն։
Բայց կը գտնուին շատ հազուագիւտ մարդիկ, որոնց կարելի չէ՛ ըսել՝ խումբ, այլ առանձնաշնորհեալ ազնիւ անձեր, որոնք ո՛չ կառավարող, եւ ոչ ալ կառավարուող խումբին կը պատկանին։ Այս հազուագիւտ, ընտիր անձերը բարձր գիտակցութիւնը ունին՝ իրենք զիրենք կառավարելու։ Ուրիշները կառավարելու չեն ձգտիր, ուրիշի կողմէ կառավարուելու պահանջքը չեն զգար, քանի որ անոնք գիտեն, թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիլ՝ ժամանակին եւ տեղի՛ն։
Անշուշտ թիւրիմացութեան տեղի չտալու համար պէտք է մատնանշենք, թէ՝ ինքզինք կառավարելու շնորհը երբե՛ք անիշխանութիւն չ՚ենթադրեր։ Անոնք գիտակցութիւնը ունին նաեւ անիշխան կեանք չապրելու՝ կը հպատակին, կը համակերպին, կը հնազանդին անոր՝ որ ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէ՝ արդար է եւ ուղի՛ղ։ Անոնք գիտե՛ն, թէ ո՛րն է ճիշդը, ո՛րը՝ արդարը եւ ո՛րը՝ շիտակը, եւ գիտեն նաեւ իրենց չափը, կշիռը, իրաւունքի եւ պարտականութեան սահմանը, եւ վերջապէս գիտեն անոնց գործածութեան տեղը եւ ժամանա՛կը…։
Ինքնագիտակցութեան եւ մտաւոր հասունութեան հետեւանք է ինքզինք կառավարելու շնորհը։
Հիմա, թերեւս ոմանք պիտի հարցնեն, թէ՝ այս նիւթը ի՞նչ կապ ունի բամբասանքի հետ։
Այս նիւթը՝ եթէ ո՛չ ուղղակի, հապա անուղղակի կերպով կապ ունի բամբասանքի հետ։ Նախ սա ըսենք, որ թերեւս կառավարողներ եւ կառավարուողներ աստիճան մը կ՚ազդուին բամաբասանքէ՝ կը սրտնեղին, կը տրտմին՝ երբեմն կը զայրանան եւ այս բոլորը պատճառ կ՚ըլլայ, որ իրենց կեանքի ընթացքը փոխեն, շուարին եւ կորսնցնեն իրենց պաղարիւնութիւնը, սխալ գործեն, անորոշութեան մէջ տատանին, մէկ խօսքով ազդուին բամբասանքէն։
Բայց ինքզինք կառավարելու շնորհքով օժտուած մէկը՝ ինքնավստա՛հ է, իսկ ինքնավստահ մէկը երբեք չ՚ազդուիր արտաքին ազդեցութիւններէ…։
Եւ բամբասանքն ալ չ՚ազդեր իրենց վրայ. որքան ալ բամբասուին, երբեք չեն փոխ-ւիր, քանի որ երբեք չեն ազդուիր, չեն տարակուսիր, չեն կասկածիր իրենց նկարագրին մասին, քանի որ անոնք հաստատ նկարագրի տէ՛ր են, եւ զօրաւոր նկարագիրները դիւրին չէ՛ տկարացնել եւ վատթարացնել։
Բամբասանքը՝ որ արդէն ունայնախօսութիւն է, չ՚ազդեր զօրաւոր նկարագիրերու։ Բամբասողը ի՛նք կը վնասուի, ժամանակ կը վատնէ, բայց բամբասանքի առարկայ զօրաւոր նկարագրի տէր մարդը միա՛յն կը ծիծաղի բամբասողին խեղճութեան վրայ…։
Արդարեւ այն, որ կը բամբասէ՝ խե՜ղճ է, քանի որ իր ժամանակը կը վատնէ, չ՚օգտուիր իրեն տրուած ամենաթանկագին շնորհէն՝ ժամանակէն, ողորմելի՜ թշուառ մըն է, քանի որ պարապ, անօգուտ զբաղումներով կը լեցնէ իր կեանքը, երբ այնքան օգտակար, բարոյապէս շահաւոր գործերու փոխարէն պարապ բաներով կ՚անցընէ իր ժամանակը։ Բամբասողը թէ՛ ինքն իրեն, եւ թէ իր շուրջիններուն ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ապահովէ, այլ՝ վնա՛ս։
Բամբասողներ զգոյշ պէտք է ըլլան, քանի որ ի վերջոյ իրենց ուրիշներու համար պատրաստած սուտերու, մեղադրանքներու ճահիճին՝ լճացած ու նեխած ջուրերուն մէջ իրենք զիրենք կը կորսնցնեն։
Բամբասողնե՛ր եթէ անգամ մը փորձէին նպաստաւոր խորհիլ, եթէ կարենային իրենց խորհածը մաղելէ ետք խօսիլ, եւ եթէ քաջութիւնը, արիութիւնը ունենային՝ մէկու մը բացակայութեան իրենց ըսածները իրենց հասցէագրած անձին ներկայութեան՝ երես երեսի ըսել… բայց ո՞ւր է անոնց այդ քաջութիւնը, արիութիւնը, որ կը պակսի դժբախտաբար իրենցմէ։ Նկարագի՞ր։ Արժանապատուութի՞ւն։ Օտար արժէքներ են բամբասող «վատեր»ու նեղմտութեան առջեւ, անոնց համար ուրիշի մը անարգութիւնը յարգելիութիւն է, ուրիշի մը վարկաբեկութիւնը ազնուութիւն է իրենց համար։ Բամբասողները իրենց կեանքը կը կերտեն ուրիշներու մահուան եւ ոչնչացման վրայ։ Բամբասողներ գիշատիչ գազաններ են։
Ո՜րքան անոյշ կը թուի բամբասանքը կծու լեզուներու, եւ ո՜րքան հեշտ ու ախորժելի՝ քարացած անգութ սիրտերու։ Բամբասողներ՝ բարդոյթներու տիղմին մէջ տառապողներ, վատութեան աղբանոցին մէջ իրենց սնունդը փնտռող անողորմ, չար հոգիներ են։ Ուրիշի մը անկումը իրենց բարձրացումը նկատող տմարդեր են բամբասողները։ Հերոսի, քաջ մարդու դիմակով վախկոտներ են անոնք։ Անվստահելի, անկայուն եւ տկա՛ր նկարագիրի տէր էակներ են բամբասողները։ Խաւարին մէջ ապագայ փնտռողներ են անոնք։
Բամբասողներ, նախանձով կը սնանին։ Կը նախանձին եւ յետոյ կը սկսին բամբասել, կը բամբասեն՝ կը սկսին նախանձի՞ եւ այս ամուլ շրջանը կը շարունակէ մինչեւ իրենց մահը։ Անշուշտ ամէն նախանձո՛տ բամբասող չէ, բայց ամէն բամբասող՝ նախանձո՛տ։ Կայէն իր Աբէլ եղբայրը սպաննեց «նախանձ»ի պատճառով։ Ուրեմն նախանձը սկզբնապատճա՛ռն է՝ ատելութեան, բամբասանքի եւ մինչեւ իսկ ոճրագործութեան։ Արդարեւ «նախանձ»ը կ՚ենթադրէ՝ ինքնակեդրոն ըլլալ, անձնասիրութիւն, եւ կ՚արտայայտէ «միայն ինք ըլլալ», «միայն իրը ըլլալ» եւ «միայն իր անձը արժէք ներկայացնել»։ Եթէ միայն ի՛նք չէ, եթէ միայն ի՛րը չէ, եթէ միայն ի՛ր անձը արժէք չի ներկայացներ, ապա ուրեմն ուրիշին, ուրիշինին, ուրիշին արժէքին պէտք է նախանձիլ՝ վարկաբեկել զայն, որուն ամենէն կարճ ու դիւրին ճամբան է՝ բամբասա՛նքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 23, 2015, Իսթանպուլ