ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ ՄԸ
Բնաւ տեսա՞ծ էք տապալած ծառ մը։ Մինչեւ իր տապալիլը ան պարտէզի մը պարծանքը՝ երէկ կանգուն, իսկ այսօր՝ գետնամած… մեռա՜ծ…։ Տապալած այդ ծառը եթէ մարդ մը ըլլար՝ յանկարծամահ եղաւ պիտի ըսէինք, պիտի ցաւէինք։
Եւ տապալած, մեռած այդ ծառը իր հիւծման յետին աստիճանին մէջ իսկ յամառ եւ հերոսական կեցուածքով հասցուցած էր իր պտուղը։ Բայց տապալած ծառը ինկած, պառկած չորցած ծառ մը չէր, այլ՝ տերեւալից, որուն ճիւղերուն վրայ պտուղները կախուած են, կարծես ծառը տակաւին առողջ եւ կենդանի ըլլար։ Ծառը տապալած էր, մեռած էր եւ պտուղները՝ կ՚ապրէին…։
Բնական ու բանականօրէն ի՞նչ կ՚ընէ մարդ, երբ տեսնայ տապալած ծառ մը՝ իր վրայ պտուղներով։ Ինչպէ՞ս կը վարուի մարդ այդ մեռած ծառին հետ։ Այո՛, բնական է, որ քաղէ բոլոր պտուղները, իսկ ծառն ալ սղոցէ ձմրան իբրեւ վառելանիւթ գործածելու համար։
Բնական է եւ բանակա՛ն այս երեւոյթը։
Եւ կան մարդիկ, շատ մը մարդիկ, որ կը նմանին այդ փտախտաւոր ծառին, տապալած ծառին, որոնք, իրենք նկարագրով անարժէք մարդիկ են, հոգիով հիւծած, բարոյապէս ապականած, տապալած, մեռած, որոնք սակայն «բարի» պտուղներով օրհնած են իրենց շրջանակը, միջավայրը։
Ուստի միայն «բարի մարդ»ը չէ՛ որ բարիք կ՚ընէ։ Բարութեան գաղափարը իսկ չունեցող, «ի՞նչ է բարին» չգիտցող մարդիկ ալ բարիք կ՚ընեն, եւ շա՜տ բարիք կ՚ընեն։
Երբ ուսումնասիրենք եւ քննենք պատմութիւնը, ան պիտի վկայէ այն մեծագումար դրամագլուխներուն՝ որոնք հաստատուած են աշխարհի տարբեր վայրերուն վրայ, եւ պիտի տեսնուի, թէ անոնցմէ ամէնքն ալ, որոնք այդ դրամագլուխները հաստատեցին կրթական եւ բարեսիրական նպատակներու համար, հոգեւոր եւ բարոյական չափանիշներով՝ անպայման բարի եւ բարեպաշտ մարդիկ չէին։ Աւելի քան փտած ծառի մը վրայ՝ ինչպէս «փտած» մարդու մը վրայ երբեմն առատ կ՚ըլլայ պտուղը։
Բայց եւ այնպէս պտուղի առատութիւնը ապացոյց չէ ո՛չ ծառին եւ ո՛չ ալ մարդուն հոգեւոր եւ բարոյական առողջութեան։
Զոր օրինակ, մարդ մը՝ որ անպիտան եւ անշնորհք կեանք մը ապրած է, մէյ մըն ալ կը մեռնի եւ ահա՛, երբ կտակը կը բացուի, կը տեսնուի, թէ իր հարստութիւնը, մասամբ կամ ամբողջովին յատկացուցած է մարդասիրական, բարեգործական նպատակներու։
Զարմանալի, թէեւ բացատրելի եւ հասկնալի իրողութիւնը այն է, թէ սա մեր ապրած դարուն յառաջ տարուած բարեսիրութիւններու եւ բարեգործութիւններու մեծ մասը «մեռած» մարդոց հայթայթած ու ապահոված միջոցներովն է։ Ներկայիս օգտագործուած՝ բարեսիրական ու բարեգործական նպատակներու համար տրամադրուած ամէն մէկ գումարին մօտաւորապէս կէսը «մեռած» մարդիկ տուած եւ տրամադրած են։
Տապալած ծառին ի՛նչ որ կ՚ընէ մարդ բանականօրէն՝ նոյնը պէտք է ընել. պտուղը պէտք է առնուի, քաղուի եւ օգտագործուի առանց նկատի ունենալու «փտած ծառ»ը։
Ծառը կրնայ փտած, տապալած եւ մեռած ըլլալ, եթէ պտուղը բարի է եւ օգտագործելի, ապա ուրեմն ինչո՞ւ զրկուին մարդիկ այդ պտուղէն։ Ծառը՝ տապալած, մեռած ծառը կրնայ արժէք չունենալ, ուրեմն առանց անոր պատիւ ընծայելու՝ «փտած ծառ»ին պտուղներուն կարելի է պատիւ ընծայել, քանի անոնք «բարի» են եւ եւ օգտակար։
Արդարեւ, բարեգործը «միջոց» է, իսկ բարեգործութիւնը՝ նպատա՛կ։
Ուստի կարելի է պզտիկ «միջոց»ներով մեծ «նպատակ»ներու հասնիլ։ Մեծ բարեգործութիւններ բայց պզտիկ բարեգործներ։
Ո՛չ ոք փտած, տապալած եւ մեռած ծառը առողջ եւ գործածելի փայտի տեղ կը դնէ. փտածը իր արժանի նպատակին կը ծառայեցնէ՝ կը վառէ՛։ Բայց առողջ ու օգտագործելի պտուղն ալ կը քաղէ, կ՚օգտագործէ։
Ուստի մարդ, պէտք է բարերարը՝ «բարերար» ճանչնայ, բայց չկարծէ, թէ որովհետեւ «բարերար» էր՝ նոյն ժամանակ ամէն տեսակ առաքինութիւններով օժտուած «մարդ» էր։
Արդարեւ, փտութիւնը ո՛ւր որ գտնուի, միայն «վառել»ու արժանի կը տեսնուի։ Այս պատճառով՝ փտած ծառը կ՚այրուի, բայց առողջ պտուղը կ՚օգտագործուի իր արժէքին համեմատ։ Թէ՛ պատմութեան, թէ՛ ընդհանուր կեանքի փորձառութեան ցոյց տուած համայնապետկերը ա՛յս է…։
Երբ կ՚ըսենք, թէ փտած ծառը առողջ պտուղ կու տայ, սակայն ասոր բոլորովին հակառակն ալ կը պատահի յաճախ։
Ծառը ի՛նք առողջ կ՚ըլլայ, բայց պտուղը անօգտագործելի։ Կրնայ ըլլալ նաեւ, որ ծառը բարի եւ առողջ ըլլայ, բայց պտուղ չտայ։
Ընդհանուր սկզբունք ընդունուած է. «ծառը իր պտուղէն կը ճանչցուի…», այո՛, բայց ո՛չ միշտ, ինչպէս կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ պատմութիւնը կը վկայեն։
Եւ ահաւասիկ, ասիկա է որ ցոյց կու տայ մեզի, ասիկա է որ կը բացատրէ մեզի փտած, տապալած եւ մեռած ծառը…։
Եւ բոլոր այս խորհրդածութիւններէ կը հասնինք սա եզրակացութեան, թէ աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ սկզբունք, ո՛չ մէկ օրինակ բացարձակ եւ ստոյգ արժէք կը ներկայացնէ։ Այլ ամէն մէկ պայման, ամէն մէկ պարագայ՝ դէպք կամ երեւոյթ իւրայատուկ նկարագիրը ունի, ինչպէս մարդկային նկարագիրը։ Կարելի չէ՛ մարդիկ նոյն նկարագիրներով, նման նկարագիրներով դասաւորել. կարելի չէ՛ երկու կամ երեք նկարագիր նախատեսել եւ մարդիկ այդ երկու կամ երեք նկարագիրերու մէջ դասաւորել։
Աշխարհի վրայ որքան անհատ կայ, այնքան նկարագիր կայ։ Եթէ այդպէս չըլլար, մարդիկ այդքան զանազանութիւն եւ տարբերութիւն պիտի ունենայի՞ն։ Եթէ կարելի ըլլար երկու-երեք նկարագրի դասաւորել մարդիկ, աշխարհի վրայ ա՜յսքան անհամաձայնութիւն, անմիաբանութիւն, մտքի ու գաղափարի այսքան տարբերութիւն պիտի ըլլա՞ր։
Կ՚արժէ՛ անգամ մը խորհիլ այս մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 18, 2016, Իսթանպուլ