ԱՆՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ - Բ -
Մեր նախորդ գրութեան մէջ, անհաւատարմութեան հարցին, զանազան կարծիք եւ տեսակէտներ ներկայացուցած, եւ ըսած էինք, թէ բնազդը մարդուս հզօրագոյն ազդակն է, որ կը վարէ անոր շարժումները, արարքները եւ արտայայտութիւնները։ Այսպէս կը կարծէին ոմանք եւ կը շարունակէին. կրօնքը եւ բարոյական կանոններ պէտք չէ՛ որ արգելք հանդիսանան եւ ջանան զսպել եւ չափաւորել բնազդը։
Եւ այս բնական եւ ֆիզիքական պատճառներու նկատմամբ, ոմանք կ՚ըսեն, թէ՝ սուրբ համարուած կուսակրօններ իսկ երբեմն չեն կրցած դիմադրել այդ ուժին՝ բնազդին զօրութեան եւ յայտնապէս կամ գաղտնապէս տեղի տուած են անոր առջեւ, երբեմն նոյնիսկ հրապարակային գայթակղութիւններու առիթ տալով։
Այս կէտին սա յիշեցնենք, թէ՝ բացառութիւններ կրնան գտնուիլ, բայց անոնց գոյութիւնը երբեք չի՛ խախտեր էականը՝ սկզբո՛ւնքը։
Հարցը՝ շիտակը ծուռէն, սուտը ճշմարիտէն, օգտակարը վնասակարէն կարենալ զանազանելու մէջ կը կայանայ։ Ուստի երկու հակադիր արժէքներ պէտք չէ շփոթել։ Արդարեւ, կեանքի մէջ շատ անգամ, կը գտնուին այնպիսի «սխալ»ներ, որ ճիշդ են ընդունուած, եւ երբ մէկը սրբագրել եւ շտկել ջանայ զանոնք, կը կարծուի թէ «շիտակ»ը փոխել կ՚ուզուի «ծուռ»ի։ Սխալ մը եթէ ճիշդ է ընդունուած, անիկա փոխել շատ դժուար գործ մըն է, քանի որ հաստատուած համոզում մը՝ սխալ կամ ճիշդ, փոխել գրեթէ անկարելի՛ է…։
Ահաւասիկ, հաւատարմութեան հարցին ալ, վերոյիշեալ տեսակէտները, դժբախտաբար այսպիսի նախապաշարումի մը արդիւնքն են, եւ այդ ուղղութեամբ մտածողներու կարծիքը, որքան ալ սխալ եւ տհաճ ըլլայ, փոխել, սրբագրել շատ դժուար է, «անկարելի» չըսելու համար։
«Բնազդ»ը հզօրագոյն եւ առաջնակարգ համարողներու եւ այդ կերպով «անհաւատարմութիւն»ը պաշտպանողներու, արդարացնողներու կարելի է հարցնել պարզ հարցում մը. «Եթէ բնազդը առաջնակարգ դիրքի վրայ կը համարուի, ապա ուրեմն ո՞ւր մնաց մարդուս բանականութիւնը, որ անոր ամենայատկանշական առաւելութիւններէն մին է։ Յետոյ, ո՞ւր կը մնայ մարդուն -ազատ կամք-ը, եւ վերջապէս բարձրագոյն արժէքը մարդուն՝ արժանապատուութիւնը»։
Բնազդը՝ անբան-անասուն կենդանիներու մղիչ եւ ազդու ո՛ւժն է, քանի որ անոնք բանականութեամբ չեն օժտուած եւ չարը ու բարին զանազանելու, մինչեւ իսկ չարի եւ բարիի ըմբռնումը եւ որոշելու կարողութիւնը չունին։ Բայց մարդը՝ այդ հարաշալի՜ բանաւոր էակը, խորհող, դատող, որոշող «անձ»ը, կարելի՞ է որ բնազդի տիրապետութեան համակերպելու դատապարտուի։ Այլապէս, ո՞ւր մնաց մարդկային բարձր արժէքները եւ մանաւանդ՝ արժանապատուութիւնը։
Եւ եթէ մարդ իր բնազդներով պիտի շարժի, ապա ո՞ւր կը մնայ բանաւորի եւ անբանի տարբերութիւնը։ Բնազդը, անհաւատարմութեան մոլորանքին արդարացուցիչ փաստը նկատել՝ ամենապարզ որակումով՝ պատրանք է, իաքնախաբէութիւն է, ի՛նչ որ չի համապատասխաներ մարդկային արժանաւորութեան եւ արժանապատուութեա՛ն։
Կեանքի մէջ կան վկայութիւններ, փորձարութիւններ՝ որոնք ցոյց կու տան, թէ այր-մարդոց համոզումը, հաւատալիքը այս սխալ կարծիքին ուղղութեան վրայ հաստատուած է։ Բարեբախտաբար անոնց թիւը շատ քիչ է, հազիւ «բացառութիւն» կազմելու աստիճան, եւ ինչպէս վերը յիշեցինք, բացառութիւններ չե՛ն խախտեր սկզբունքը։
Ուստի, բանաւորութեամբ օժտուած մարդուն համար էականը եւ իրականը՝ հաւատարմութի՛ւնն է։
Եւ մանաւանդ ամուսնական հաւատարմութեան յարած մնալ, մաքրութեան եւ բարոյականութեան բարձր գաղափարներուն կապուած մնալ՝ մարդկային արժանապատուութեան մէկ պահա՛նջքն է։
Հաւատարութեան գաղափարը արդիւնքն է նաեւ խղճամտութեան։ Մա՛րդն է որ «խիղճ» ունի եւ խիղճը արգե՛լք մըն է անհաւատարմութեան առջեւ կանգնած։ Եւ անոնք, որ «բնազդ» կը հոլովեն, բնազդը ինչպէ՞ս կրնան պատշաճեցնել խղճին եւ արժանապատուութեան հետ…։
Անհաւատարմութիւնը, «բնազդ»ով արդարացնելու ջանացողներ կը խորհի՞ն արդեօք, թէ այդ հասկացողութիւնը ո՛րքան նպաստաւոր կամ աննպաստ կրնայ ըլլալ ընտանեկան եւ ընկերային ուղիղ եւ ճշմարիտ զարգացման համար, թէ ի՛նչ ազդեցութիւններ կ՚ունենայ ապագայ սերունդներու վրայ։
Ուստի մարդ միայն ներկան պէտք չէ՛ խորհի, այլ՝ ապագա՛ն, ապագայ սերունդներն ա՛լ։
Եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի իր հաճոյքին կամ քմայքին համար վնաս պատճառելու՝ ընտանիքին եւ ընկերութեան ապագային՝ ապագայ սերունդներուն։ Ուստի մարդ պատասխանատու չէ միայն իր անձին, այլ՝ ամբողջ ընկերութեան՝ ներկային ե՛ւ ապագային։ Այլապէս անիկա «ինքնամոլութեան տիպա՛ր» մը կ՚ըլլայ…։
Մարդ, պէտք է դո՛ւրս ելլէ իր անհատապաշտութենէն, քանի որ սէրը որ իր մէջ կ՚ընդունի, կ՚ազատագրէ զինք անկէ։
Ամուսնական սէրը իր բնութեամբ իսկ ամուսիններէն՝ այր-մարդէն եւ կին-մարդէն անբռնաբարելի հաւատարմութիւն կը պահանջէ։ Ասիկա հետեւանքն է իրենց անձերուն պարգեւին՝ զոր ամուսինները իրարու կը կատարեն։ Ուստի սէրը կոչուած է յաւիտենական ըլլալու։ Ան չի կրնար տեւել «մինչեւ ցնոր տնօրինում»։ Արդարեւ, երկու արձերու փոխադարձ նուիրումը, զոհողութիւնը հանդիսացող այս սերտ եւ անքակտելի «միութիւն»ը, նոյնքան նաեւ զաւակներուն բարիքը, որ կը նշանակէ ապագային բարիքը, կը պահանջեն ամուսիններուն՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու ամբողջական հաւատարմութիւնը եւ անբաժանելի միութիւնը։
Հաւատարմութեան ամենախորունկ դրդապատճառը կը գտնուի Աստուծոյ հաւատարմութեան մէջ Իր ուխտին հանդէպ եւ Քրիստոսի՝ Իր Եկեղեցիին հետ։ Ամուսնութեան սուրբ խորհրդով ամուսինները կը լիազօրուին այս նուիրական հաւատարմութիւնը ներկայացնելու եւ անոր վկայելո՛ւ։
Սուրբ խորհուրդին շնորհիւ, ամուսնութեան անլուծանելիութիւնը նոր եւ աւելի՛ խորունկ նշանակութիւն մը կը ստանայ…։
- Յաջորդով պիտի շարունակուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 20, 2017, Իսթանպուլ