ՊԱՏԱՆԵԿՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆ

Ողջախոհ անձը գիտէ իր մէջ պահել ամբողջականութիւնը կեանքի եւ սիրոյ ուժերուն, որոնք զետեղուած են իր մէջ։ Այս ամբողջականութիւնը կ՚ապահովէ «ներքին միութիւն»ը անձին, կը հակառակի զայն վիրաւորող ամէն վերաբերմունքի։ Ան չ՚արտօներ ո՛չ կրկնակի կեանք, ո՛չ ալ կրկնակի բարբառ. «Պարզապէս ձեր Այոն Այո՛ թող ըլլայ եւ Ոչը՝ Ո՛չ։ Անկէ աւելին չարէն կու գայ» (ՄԱՏԹ. Ե 37)։

Ողջախոհութեան առաքինութիւնը կը համընթանայ ժուժկալութեան բարոյական առաքինութեան հետ, որ կը ձգտի մարդկային զգայնականութեան կիրքերը եւ ախորժակները իմացականութեամբ թրծելու։ Ողջախոհութիւնը բարոյական առաքինութիւն մըն է։ Ան նաեւ պարգեւն է Աստուծոյ, «շնորհք» է, պտուղ է հոգեկան գործին։

Ողջախոհութիւնը կ՚ենթադրէ «ինքնատիրացում», որ երկար յարատեւութեան աշխատանք է։ Պէտք չէ երբեք համարիլ, թէ զայն ձեռք կը ձգենք մի անգամ ընդ միշտ։ Ան կեանքի բոլոր տարիքներուն մէջ վերսկսուած ճիգ մը կ՚ենթադրէ։ Պահանջուած ճիգը կրնայ աւելի՛ սաստկանալ որոշ շրջաններուն մէջ, ինչպէս անձնականութեան կազմաւորման շրջանին՝ մանուկին եւ պատանիին մէջ։

Ահաւասիկ, այս կէտին կարեւորութիւն կը ստանայ այն յայտնի խօսքը որ կ՚ըսէ. «Երիտասարդներ կամենային, տարեցներ կարենային»։ Եւ որքան վշտալի է՝ կամենալ բայց չկարենա՛լ…։

Արդարեւ, կամենալուն եւ կատարելուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անհամընթացութիւնը կը մատնանշուի այն բախումէն, որ գոյութիւն ունի ընդմէջ մէկ կողմէ Աստուծոյ Օրէնքին, որ բանականութեան օրէնքն է, եւ միւս կողմէ ուրիշ օրէնքի մը. «որ կը շղթայէ զիս մեղքին օրէնքին, որ մարմինիս անդամներուն մէջն է» (ՀՌՈՄ. Է 23)։ «Կամենալ», «կարենալ» եւ «կատարել». ահաւասիկ մարդկային կեանքի զանազան շրջաններուն յայտնուած վիճակներ, որոնք ի վերջոյ կը յանգին ինքնատիրութեան առաքինութեան, որ կախում ունի մարդուս հասունութեան՝ կրթութեան եւ կազմաւորման պարագաներէն։ Ուրեմն կենսական կարեւորութիւն մը կը ստանայ մանուկին-պատանիին-երիտասարդին կրթութիւնը եւ կազմաւորումը։ Այս իմաստով, ուսուցումը՝ մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ չափահասներուն «կեանքի դաստիարակութիւն»ն է. ան կը բովանդակէ յատկապէ՛ս ուսուցումը կեանքին, տրուած ընդհանրապէս համադրական եւ կառուցաւոր կերպով, սկիզբ տալու համար բարւոք կեանքի մը լիութեան։ Եւ որպէսզի երիտասարդներու «Այո»ն ըլլայ ազատակամ, ինչպէս՝ «Ոչ»ը։ Մէկու մը մտային եւ հոգեկան հասունութիւնը կարելի է ճշդել իր «Այո»ին կամ «Ոչ»ին հաստատամիտ, անփոփոխելի եւ վճռական ըլլալէն կամ յարափոփոխ, երկմտի երեւոյթ մը պարզելէն։ Որպէսզի մարդուս նկարագիրը հաստատ եւ մնայուն հիմերու վրայ հանգչի, երիտասարդներուն կեանքի նախապատրաստութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն մը կը ստանայ։

Ծնողներուն եւ ընտանիքներուն տուած բարի օրինակը եւ ուսուցումը՝ այս պատրաստութեան առանձնաշնորհեալ ուղին կը հանդիսանայ։ Մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ չափահասներուն ուսուցումը կը միտի կեանքի մասին խորհրդածելու, լաւագոյնը գործադրելու եւ զայն իւրացնելու ամէն ժամանակ, որպէսզի պտղաբերէ «նոր կեանք»ով։ Ուսուցումը այն պահն է, ուր կարելի է մարդուս ջերմեռանդութիւնը զատորոշել եւ դաստիարակել մանաւանդ երիտասարդներու մօտ։ Հիմնական գիտելիքները սորվիլ կեանքի անհրաժեշտ յենարանը կը հանդիսանայ, բայց կարեւոր է եւ անհը-րաժեշտ նաեւ կեանքին նպատակը եւ իմաստը գիտնալ եւ անոնց ճաշակը առնել։ Սուրբ Հոգին կարգ մը անձերու կու տայ իմաստութեան, հաւատքի եւ զատորոշելու կարողութեան պարգեւներ՝ ի նպաստ այն հասարակաց բարիքին, որ է հոգեւոր եւ մտաւոր առաջնորդութիւն։

Ընտանիքը դաստիարակութեան առաջին վայրն է։

Այս իմաստով, ընտանիքը «առտնին եկեղեցի»ն է։ Փոքր տարիքի զաւակներուն համար մանաւանդ, ընտանեկան առօրեայ կեանքը համբերութեամբ վառ պահուած կենդանի յիշողութեան առաջին վայրն է՝ ուր կը հասնի ապագայ մարդը։ Մանուկներու եւ երիտասարդներու իբր օրինակ տրուած ամէն ինչ կը կազմաւորեն եւ մնայուն ազդեցութիւն թողլով կը ձեւաւորեն անոր նկարագրի ընդհանուր էութիւնը։ Վատ օրինակներ, սխալ ուսուցումներ գայթակղութեան ծանր հանգամանք կը ստանան։ Ուստի ընտանիքը պատասխանատո՛ւ է մանուկներու եւ երիտասարդներու ապագայ կեանքին ձեւաւորման…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 11, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2019