ԾԵԾԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է…

Թէեւ եւրոպական երկիրները այժմ բարեկիրթ ու քաղաքակիրթ ժողովուրդ ներկայանալով խստիւ կը դատապարտեն ծեծն ու բռնութիւնը, մինչ տարիներ առաջ՝ 1963 թուականին զուիցերացի հեղինակաւոր մանկավարժ մը կը յայտարարէր. «Ծեծը անհրաժեշտութիւն մըն է դպրոցին մէջ: Չափաւոր ու արդար ծեծը բուժարար է եւ բարոյաբեր: Ծեծը ծռածները կը շտկէ: Ծեծը կը յղկող է»:

Անկասկած նոյն մտայնութիւնը ունէր մեր հայկական ծեծի մանկավարժներէն Տէր Թոդիկը, որ նոյնպէս կողմնակից  ու համախոհ էր ծեծին: Երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան եւս իր «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերու մէջ» աշխատութեան «Գանտիլլի» խորագրեալ իր ԻԸ. գլուխին մէջ կը նկարագրէ Պ. Աբրահամ Այվազեանի կողմէ բացուած դպրոց մը, որուն մասին կը գրէ. «Գիտենք որ այս դպրոցին մէջ տարին քանի մը անգամ պէօրէկ կ՚ուտեն աշակերտները, բայց չգիտենք, թէ տարին քանի՛ անգամ ծեծ կ՚ուտենե, պարզ այն տրամաբանութեամբ որ պէօրէկներուն թուաքանակը կարելի էր հաշուել, իսկ ծեծերունը՝ ոչ»:

Թէեւ ներկայ նազիկ դարու պայմաններուն հետեւելով բոլորս ալ դէմ ենք ծեծին, սակայն վստահաբար համաձայն ենք, որ Տէր Թոդիկը շա՜տ աւելի առողջ ու տիպար սերունդ մը առաջ բերաւ՝ քան ներկայ զարգացած մանկավարժութիւնը: Այնպէս ինչպէս երկաթը իր տաք վիճակին մէջ առանց ծեծելու կարելի չէ կերպարանափոխել, նոյն համոզումով մանուկը եւս որոշ տեղ իր տաքութեան՝ պատանեկութեան կարծես ծեծով առաջնորդութիւն մը պէտք է ստանայ՝ ներկայ սերունդի նման շփացած անհատներ չունենալու փափաքով:

«Զարգացած» երկիրներէն մեզի հասնող ոչ-զարգացած տրամաբանութիւնը կամաց կամաց ներկայ դարու մարդուն յաջողեցաւ վարժեցնել, որ ուսուցիչը ո՛չ թէ դաստիարակիչ, այլ ամսական ստացող, վարձու աշխատաւոր մըն է եւ նկատի ունենալով, որ այդ աշխատավարձը վճարողը աշակերտը ի՛նքն է իր կրթաթոշակով, հետեւաբար ան աւելի վեր է եւ իրաւունքով՝ քան ուսուցիչը: Անցեալին զարմանալի կը թուէր ծեծի գաղափարը. դպրոցին գումար վճարես՝ ու մէյ մըն ալ տեսնես զաւակդ ծեծուած տուն կը վերադառնայ. յաճախ ծեծ ըսելով մենք արտաքին հետեւանքները նկատի կ՚ունենանք, սակայն պէտք է գիտակցիլ, որ ապտակի մը յառաջացուցած կարմրութիւնը կարճ ժամանակ մը ետք կ՚անցնի, սակայն կրնայ ցմահ ներգործութիւն մը ունենալ՝ դրական արդիւնքով ու պտուղով:

Այնպէս մը չթուի որ ծեծի կողմակից ենք, սակայն կը հաւատանք, որ ծեծը ունի իր դրական կողմերը, ինչպէս զուիցերացի մանկավարժը կ՚ըսէ «չափաւոր ու արդար» ծեծ:

Փորձենք բացատրել ծեծին չափաւորութիւնն ու արդարութիւնը. չափաւոր ու արդար ծեծը ա՛յն է, որ ծնունդ է ո՛չ թէ ատելութեան, այլ դաստիարակութեան եւ կրթումի. անցեալի ուսուցիչն ու ներկայի ուսուցիչը ամբողջութեամբ տարբեր են. այսօր, ցաւ ի սիրտ, հակառակ ներկայ մանկավարժութեան պնդումներուն, ուսուցիչներ կը շարունակեն ունենալ սիրեցեալ աշակերտներ եւ խտրութիւն դնել անոնց միջեւ. նման ուսուցիչներ յաճախ կրնան կատարուած սխալի մը համար ծեծի ենթարկել Սարգիսը, սակայն նոյն սխալին համար ժպիտով ընդունիլ Լեւոնինը:

Արփիար Արփիարեան իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ որբի մը մասին խօսելով կ՚ըսէ. «ծեծ ուտելու տարիքը անցընելով, վերջապէս հօրեղբօրը տունը մնաց». տարօրինակ չեմ նկատեր, եթէ դար մը առաջ ծեծ ուտելու համար որոշ ընդունելի տարիք մը գոյութիւն ունեցած ըլլար, որմէ ետք արդէն կոփուած կեանքը բնականոն կրնար շարունակուիլ:

Ցաւ ի սիրտ, այսօր ականատես կ՚ըլլանք, որ աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ աշակերտներն են ուսուցիչները ծեծի կ՚ենթարկեն, մանաւանդ բարձր դասարանի աշակերտները եւ այս երեւոյթը կամաց կամաց տարածում կը գտնէ եւ այս ընթացքով կրնայ կրթական համակարգը հասնիլ այնտեղ՝ որ ուսուցիչը ո՛չ մէկ խօսք կամ թելադրանք կարենայ կատարել աշակերտին:

Բանաստեղծ, մանկավարժ եւ հրապարակախօս Ռեթէոս Պէրպէրեան ի՛նք եւս դէմ էր ծեծի եւ այս մասին բազմիցս արտայայտուած է իր մանկավարժական գրութիւններուն մէջ, սակայն մենք, ինչպէս միշտ, չկրցանք հաւասարակշռութիւնը պահել։ Հաւասարութիւնը ա՛յն էր, որ վերացուէր ծեծը եւ պահպանուէր յարգանքը ուսուցիչին հանդէպ. այս պարագային մենք պայքարեցանք միա՛յն ծեծը վերացնելու եւ յարգանքը՝ որ արդէն իսկ վերջին շունչը կը փորձէր տալ... սպաննեցինք:

Այսօր այս բոլորը իրաւունքի վերածած ծնողները, անտեսելով իրենց զաւակին անմարդավայել ու անկիրթ ընթացքը, կու գան դպրոց բողոքելու ուսուցիչի կատարածը, առանց կարեւորութիւն դարձնելու կամ մտածելու անոր շարժառիթին կամ դրդապատճառին. թէ՛ աշակերտ եւ թէ ծնողք կամաց կամաց ուսուցիչը դաստիարակիչի դերէն կը վերածեն վարձկան դասատուի, որուն պարտաւորութիւնն է հանդուրժելով հանդերձ աշակերտներու անկրթութեան, չծեծել, չբարկանալ, որովհետեւ արդի մանկավարժութիւնը այդ կը պահանջէ:

Թրքական յայտնի առածը կ՚ըսէ. «Աղջիկը չծեծողը ծունկերը կը ծեծէ». մենք նոր սերունդը հեռու պահեցինք ծեծէն, այդ իսկ պատճառով է, որ հիմա անընդհատ մեր ծունկերը կը ծեծենք, բողոքելով ներ սերունդի վարքն ու բարքը: Եթէ այսպէս շարունակուի, դեռ շա՜տ պիտի ծեծենք մենք մեզ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԻՔԱՅԷԼ ԹԱՐԻՎԵՐՏԻԵՒ
(1902-1996)

Մեր թուականէն 26 տարիներ առաջ՝ 25 յուլիս 1996-ին Սոչիի մէջ մահացած է ազգութեամբ հայ երգահան, Ռուսաստանի Ժողովրդական արուեստագէտ եւ երաժիշտ Միքայէլ Թարիվերտիեւ (բուն անունով՝ Միքայէլ Թարիվերտեան):

Միքայէլ ծնած է 15 օգոստոս 1931-ին Թիֆլիզի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած է Թիֆլիզի տասնեամեայ երաժշտական վարժարան եւ ապա ուսումնարան։ Միքայէլ որոշ ժամանակ ուսանած է նաեւ Երեւանի երաժշտանոցէն ներս: Ապա մեկնած է Մոսկուա, ուսումը շարունակելու «Կնեսիններ» երաժշտական-մանկավարժական կաճառէն ներս: Միքայէլ երիտասարդ տարիքէն սկսած է երաժշտութիւն յօրինել. ան առաւելաբար յայտնի դարձած է ժապաւէններու համար պատրաստած իր երաժշտութիւններով: Տեղեկութիւններու համաձայն, Միքայէլ հեղինակ է աւելի քան 130 ժապաւէնի երաժշտութեան, որոնցմէ յայտնի են՝ «Եղջերու արքան», «Գարնան տասնեօթ ակնթարթ», «Տասնհինգերորդ գարունը» եւ ուրիշներ:

Միքայէլ ստեղծագործած է երգեր, ինչպէս նաեւ նուագներ՝ ջութակի եւ նուագախումբի համար, ինչպէս նաեւ դաշնամուրային գոհարներ. անոր լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն են՝ «Աղջիկը եւ մահը», «Սպասում», «Երջանկութեան պոէմ», «Աղջիկը գնդի վրայ» եւ այլ գոհարներ:

Բացի այս բոլորէն Միքայէլ երաժշտութիւն յօրինած է նաեւ թատերական ներկայացումներու համար:

Շնորհիւ իր վաստակին ու շնորհքին, Միքայէլ արժանացած է աւելի քան 18 միջազգային մրցանակներու: Երաժիշտը պարգեւատրուած է «Աշխատանքային կարմիր դրօշ» շքանշանով, ինչպէս նաեւ արժանացած է «Ժողովրդական արուեստագէտ» եւ «Արուեստի վաստակաւոր գործիչ» կոչումներուն: 

Յետ մահու հրատարակուած է արուեստագէտի «Ես պարզապէս ապրում եմ» աշխատութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 25, 2022