ՄԵՐ ԴԺԲԱԽՏ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ
Զբօսաշրջիկներու հոսքը դէպի Հայաստան որպէս լա՞ւ թէ վա՞տ պէտք է ընդունիլ՝ չեմ գիտեր. յաճախ կ՚ունենանք այն մտածումը, որ երկիր մը եթէ ունի բազմաթիւ այցելուներ՝ կը նշանակէ աճի ու յառաջընթացի մէջ է, սակայն վերջերս հակառակն է որ կը նկատեմ. աւելին, սկսած եմ համոզուիլ, որ այն երկիրը որ ունի այցելուներու հոսք՝ ունի դժբախտ ու թշուառ ժողովուրդ մը, որ իր երկրին բարիքները կրնայ տալ ուրիշին՝ սակայն ոչ իր սեփական ժողովուրդին:
Գուցէ նոյն պարագան է այլ երկիրներու պարագային եւս. օրինակի համար, աչքէ անցուցէք Թուրքիոյ տեսարժան վայրերը եւ պիտի նկատէք, որ այդտեղ թուրքերէ աւելի օտարներ են եւ այս դժբախտ իրողութիւնը պարզապէս երկրի մը անկարողութիւնը ցոյց կու տայ:
Յաճախ կը կարծուի, թէ մարդիկ իրենց հանգիստը կ՚ուզեն անցընել յառաջդիմած երկիրներու մէջ, սակայն իրականութիւնը այն է, որ զբօսաշրջիկին համար կարեւոր է երկրին տնտեսական վիճակն ու գնաճը եւ այսօր Հայաստան այն երկիրներէն է՝ որ կը գրաւէ օտարները: Հիմնական դժբախտութիւնը հոն է սակայն, որ զբօսաշրջիկին համար աժան թուացող Հայաստանը իր սեփական ժողովուրդին համար սուղ ու անհասանելի կը դառնայ:
Անցնող մի քանի ամիսներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ մի քանի ամիսները բազմաթիւ հայեր, ինչպէս նաեւ օտարներ այցելեցին եւ պիտի այցելեն Հայաստան. անոնցմէ շատեր փառաւոր ճաշի մը համար կը վճարեն 30 հազար դրամ եւ այդ մէկը իրենց համար աժան կ՚երեւի պարզ այն պատճառով, որ նման փառաւոր ճաշի մը համար իրենց երկիրներուն մէջ պիտի վճարեն եռապատիկը եւ կամ քառապատիկը: Սակայն դժբախտութիւնը կը սկսի հոն, երբ հայաստանցի հայը կը զրկուի այդ բոլորէն. իր օրավարձը որպէս 4 հազար եւ կամ 5 հազար ստացող հայ մը չի՛ կրնար ճաշի մը համար 30 հազար գումար մսխել. կ՚ըսենք մսխել, որովհետեւ օտարին համար փոքր թուացող այդ գումարը իրենց համար մեծ գումար մը պիտի ըլլայ՝ նկատի ունենալով երկրի տնտեսական վիճակն ու աշխատավարձերը:
Այսօր Հայաստանի սրճարանները, ուրախութեան ու հաճոյքի վայրերը լեցուն են ռուսերով, արաբներով, եւրոպացիներով եւ մեծապէս զգալի է պակասութիւնը տեղացի հայերուն:
Նման երեւոյթ մը հետեւեալ վիճակը կը պարզէ. օտարը կը սքանչանայ Հայաստանով, մինչ բնիկ հայը կը բողոքէ եւ անպայմանօրէն երկրէն դուրս գալու ցանկութիւնը կ՚ունենայ:
***
Այս նիւթերուն մասին աւելիով մտածել սկսայ, երբ հետեւեալ խօսակցութիւնը ունեցայ 25 ամեայ հայ պոռնիկի մը ետք. հարցուցի մասնագիտութիւնը. մի քանի տարի առաջ աւարտած էր Երեւանի Պրուսովի անուան համալսարանի Անգլերէն լեզուի բաժինը եւ ստացած ուսուցիչ դառնալու վկայական: Հարցուցի, թէ ինչո՞ւ համար ուսուցչութեան փոխարէն կը զբաղի պոռնկութեամբ. պատասխանը հետեւեալն էր.
-Հայաստանի մէջ ուսուցիչներուն վճարումները շատ քիչ են. մօտաւորապէս 100-120 հազար դրամ, ինչ որ Հայաստանի պայմաններուն մէջ գոյատեւելու համար շատ քիչ գումար է: Տուներուն վարձքերը երբ նուազագոյնը 150 հազար դրամ է, կարելի չէ ապրիլ 120 հազար դրամով:
Իրապէս ալ հայրենիքի մէջ վիճակը այդպէս է. տան վարձքերը, մարդկային բնական ծախսերը շատ անգամ աւելի են՝ քան մարդոց աշխատավարձը եւ այս երեւոյթն է պատճառը, որ բազմաթիւ լիբանանահայեր ու սուրիահայեր որոնք որոշած էին Հայաստան հաստատուիլ, կը վերադառնան դարձեալ Լիբանան եւ Սուրիա:
Համաձայն ենք, թէ զբօսաշրջիկը երկրի մը տնտեսութիւնը կ՚ապահովէ, սակայն համաձայն չենք տեսնել հայրենիք մը՝ ուր զբօսաշրջիկը հանգիստ եւ ուրախ, սակայն երկրի սեփական զաւակը տխուր ու թշուառ վիճակ մը ունենայ: Ամէն ձեւով յառաջընթացի կարիք ունի մեր հայրենիքը. ցաւալի է տեսնել, թէ օտարերկրացիներ ինչպէս իրենց տարեկան հանգիստը կ՚անցընեն այցելելով օտար երկիրներ, սակայն հայը իր իսկ երկրին մէջ հանգստանալու կարելիութիւնը չ՚ունենար:
Այդ տնտեսական վիճակն է, որ հայ երիտասարդուհին կը դարձնէ պոռնիկ. այդ վիճակն է, որ կը ստիպէ, որ հայը «գողնայ» զբօսաշրջիկէն. Հայաստան ամէ՛ն այցելող մարդոց վերբերմունքը տեսնելով «հայաստանցին գող է» արտայայտութիւնը պիտի ունենայ, սակայն այդ մէկը բնաւորութեան հետ կապ չունի. պարզապէս այն երկիրները ուր տնտեսութիւնը անապահով է՝ զբօսաշրջիկը առիթ ու միջոց է գումար վաստակելու. նոյնն է պարագան Թուրքիա եւ այլուր:
Ցաւ ի սիրտ, մեր պետութիւնը եւս իր առաջնահերթութիւնը իր սեփական ժողովուրդին չ՚ընծայեր եւ կը զբաղի մանրուքներով՝ որ հայուն ո՛չ մէկ օգուտ ու յառաջընթաց կ՚ապահովէ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -299-
Յաճախ որպէս գրող կը մտածենք, թէ տակաւին ընթերցողներ գոյութիւն ունի՞ն թէ ոչ։ Անցնող օրերուն այս հարցին պատասխանող երկու դէպք պատահեցաւ։
Հալէպէն ժամանած քահանայ մը յայտնեց, թէ Վարուժան Մավլեանի ճամբով յօդուածներս, ինչպէս նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այլ գրողներու յօդուածները կը կարդայ։ Վարուժանը ծանօթ չէր ինծի։ Քահանան ցոյց տուաւ, թէ ինչպէս ան իմ եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի այլ գրողներու յօդուածները իր էջին մէջ կը տեղադրէ։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն այլ երիտասարդ մը յայտնեց, թէ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ յօդուածներս կը կարդայ։ Իր երիտասարդ ըլլալն ու ԺԱՄԱՆԱԿ կարդալը տարօրինակ թուեցաւ, որովհետեւ անհաւատալի էր տեսնել նոր սերունդին պատկանող երիտասարդ մը, որ ներկայ կեանքի պայմաններուն մէջ ժամանակ «կը զոհէ» ընթերցելու թերթ մը, որ բազմաթիւ զոհողութիւններով կը հրատարակուի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան