ԳՈՐՏ, ՄՐՋԻՒՆ ՈՒ ՋՂՋԻԿ. ՍԷ՜Ր

Անցնող երկու յօդուածներով օգնեցինք, որ Մ. Գուշակի օժանդակութեամբ մեր հայ երիտասարդները՝ ճաղատ թէ՛ մազաշատ յաջողին գերել իրենց սիրած օրիորդներուն սիրտը, սակայն չկարծուի, որ օրիորդներուն համար ալ գուշակութիւններ ու կախարդութիւններ նախատեսուած չեն. օրիորդները եւս ունին իրենց սիրտին տիրած մէկը եւ տիրանալու համար Մ. Գուշակը անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ: Սակայն ի տարբերութիւն տղոց, օրիորդներու գերելու ձեւերը շատ աւելի վտանգաւոր ու սարսափազդու կրնան ըլլալ:

Առաջինը այնքան ալ դժուար բան չէ. սիրելի օրիորդներ, եթէ կը փափաքիք տեսնել ձեր ապագայ ամուսինին ձեւն ու կերպարանքը՝ ձեւը հետեւեալն է. «Նոր տարուան, Զատկուան կամ Սուրբ Գէորգի տօներու նախօրեակին երթալ եւ քառուղիի մը առաջ նստիլ գետնին վրայ, առջեւը դնելով խորոված ձուկ մը եւ գաւաթ մը օղի: Այն ատեն ապագայ ամուսինին կերպարանքը կ՚երեւի՝ լուռ եւ անշարժ: Եթէ տղու կերպարանքը վերցնէ ձուկը՝ ամուսնութիւնը երջանիկ պիտի ըլլայ, բայց եթէ առաջին անգամ առնէ օղին, ամուսնութիւնը ապերջանիկ պիտի ըլլայ: Իսկ, եթէ ան ոչ մէկին ձեռք զարնէ, կամ աղջիկը եւ կամ տղան պիտի մեռնի մէկ տարուան ընթացքին»:

Գուցէ հարիւր տարի առաջ քառուղի ճամբաները ամայի էին... սակայն այսօ՞ր. կը պատկերացնեմ, թէ երեւանի փողոցներու իւրաքանչիւր անկիւն խորոված ձուկով եւ օղիով օրիորդ մը գետին նստած է: Ձուկը խորովելու հնարաւորութիւն չունեցողները չե՞ն կրնար տապկել եւ կամ օղիի փոխարէն գաւաթ մը գինի դնե՞ն։ Այդ ի՞նչ առեղծուածային կապ խորոված ձուկին եւ օղիին միջեւ. վերջապէս ճամբու մը եզերքը խորոված ձուկով ու օղիով «քէֆ» ընող աղջիկ մը ո՞վ պիտի ուզէ որպէս կին առնել: Մ. Գուշակ պատասխանատուութիւնը կը վերցնէ՞ արդեօք, եթէ աղջիկ մը իր սիրելին տեսնելու սիրոյն՝ ինքնաշարժի մը արկածով ի վերին Երուսաղէմի ճամբորդ դառնայ: Վերջապէս պէտք է քիչ մը յստակեցնել, թէ ինչպիսի՞ ձուկ պէտք է խորովել, մանաւանդ որ Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս գետի ձուկ կարելի է գտնել։ Քանի՞ քիլօ պէտք է խորովել եւ պէ՞տք է համեմել՝ որ տղան երբ ձուկը վերցնէ չկասկածի աղջկան ճաշ պատրաստելու ունակութեան վրայ:

Եթէ որպէս օրիորդ կը կարծէք ճամբու եզերքը օղիի գաւաթով նստիլը ամօթ է, ոչինչ Մ. Գուշակ «Ուրիշ սիրադեղ մը» խորագրին տակ կու տայ այլ ձեւ մը. սակայն այս մէկը ընելու ժամանակ պէտք է զգուշանալ, որովհետեւ վերջաւորութեան օրիորդը կրնայ յայտնուիլ բանտի ճաղերու ետին։ Ուշադրութեամբ լսենք գաղտնիքը. «Սուրբ Յովհաննէսի տօնին օրը, բռնել կանաչ գորտ մը եւ դնել պզտիկ ծածկերով հողէ ամանի մը մէջ եւ զայն զետեղել մրջիւններու ծակերու մօտ: Մրջիւնները կ՚ուտեն գործը եւ կը թողուն միայն անոր կմախքը. պէտք է աղալ կմախքը, փոշիի վերածել եւ յետոյ խառնել ջղջիկի արեան հետ. ապա չորցնել եւ պզտիկ հատիկներու վերածել: Պատեհութեամբ մը, գաղտնի կերպով պէտք է դնել այն անձին կերակուրին մէջ՝ զոր կ՚ուզէք հմայել»:

Իրականութեան մէջ որքա՞ն տրամաբանական թուեցաւ ձեզի՝ չեմ գիտեր. նման գաղափար մը ո՞վ յղացած է. ո՞վ էր առաջին անձը, որ որոշեց գորտ մը բռնել, մրջիւններուն կեր դարձնել, ապա այդ գորտին ոսկորները աղալ ու ջղջիկի մը արեան հետ խառնել. եւ յետոյ ի՞նչ տրամաբանութեամբ այդ քաոսը կերցնել սիրած տղամարդուն՝ որ սիրելու փոխարէն կրնայ իր մահկանացուն կնքել: Մ. Գուշակ այս անբացատրելի «ճաշ»ը քանի՞ տղամարդու կերցուցած է արդեօք եւ կամ ընթերցողներէն քանի՞ հոգի իրապէս կանաչ գորտ մը փնտռելով, մրջիւններ եւս փնտռած ու կատարած է այս «սիրոյ դեղ»ի հրահանգը: Կը կարծենք, եթէ աղջիկը տղուն ըսէ, որ մտադրութիւն ունիմ մնամ բան մը քեզ կերցնել, տղան առանց ուտելու յանձն կ՚առնէ աղջկան հետ պսակուիլ՝ փրկելու համար իր կեանքը՝ նոյնիսկ չուզուած ամուսնութիւն մը կնքելու գնով:

Եթէ նման հնարամտութիւններ մեր ապագայ ընտանիքներու հիմքը պիտի կազմեն, աւելի լաւ չէ՞ կուսակրօն եւ ճգնաւոր դառնալ. փաստօրէն սիրուհիին կողմէ հրամցուած իւրաքանչիւր կերակուր պէտք է կասկածի ենթարկել, որովհետեւ գորտի կմախք, իշու պոչ եւ կամ եղնիկի եղունգ մը կրնայ յայտնուիլ... ո՜վ գիտէ: Ու հիմա խոր մտածումներու մէջ եմ. արդեօք իմ նախահայրերէս մէկը գորտին կմախքին պատճառով պսակուեցա՞ւ եւ հիմա այս հսկայական սերունդը իր գոյութիւնը գորտի մը կը պարտի. արդեօք մեզմէ քանի՞ հոգի ծնունդն է գորտի կմախքին ու ջղջիկի արեան. ա՞յդ է պատճառը, որ շատ մը երկիրներու մէջ գորտը կ՞ուտեն` անցեալէն եկած քաղցր համ մը զգալով իրենց բերաններուն մէջ:

Զաւակի մը համար ի՜նչ յուսախաբութիւն պիտի ըլլար հանգուցեալ մօր օրագիրին մէջ կարդալ, թէ իր հայրն ու մայրը ամուսնացած են գորտի մը կմախքի պատճառով. հարցականի տակ պիտի դնէ իր գոյութիւնը եւ սկսի մտածել, թէ Աստուա՞ծ պատճառ եղաւ իր լոյս աշխարհ գալուն, թէ գորտը, մրջիւններն ու ջղջիկը:

Գուցէ այս բոլորը կարդացող մը մօտիկ ապագային սկսի արտադրել նման «գնդիկներ»՝ դիւրացնելու համար օրիորդներու գործը՝ որոնք գերելու մէջ աւելի սարսափազդու են՝ քան տղամարդիկ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Վախը աւելի վտանգաւո՞ր է քան հիասթափութիւնը:

Պատասխան. Վախն ու հիասթափութիւնը ազդեցիկ յոյզեր են, սակայն ազդեցութեամբ կը տարբերին: Վախը կրնայ աւելի վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ յաճախ անձը կաթուածահար կ՚ընէ՝ կը մատնէ անգործութեան, պատճառ կ՚ըլլայ վատ որոշումներ կայացնելու եւ խոր խոցելիութեան զգացում կը յառաջացնէ եւ կրնայ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ: Վախը կրնայ մարդուն մէջ անհանգստութիւն յառաջացնել սահմանափակելով անձնական աճը: Իսկ հիասթափութիւնը կ՚օգնէ սորվելու եւ կատարելագործուելու:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յուլիս 25, 2024