ՃԱՇԱԿԵՍՑՈՒՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՄԲ

Մեր առօրեային մէջ կը կատարենք շատ մը գործեր, արարքներ, կ՚արտասանենք խօսքեր, բայց եւ ընդհանրապէս չենք խորհիր թափանցել անոնց իմաստին, չե՛նք հետաքրքրուիր անոնց պատճառին եւ նպատակին՝ թէ ինչո՞ւ կ՚ընենք կամ կը խօսինք այդպէս։ Թող ներելի ըլլայ մեզի, բայց կարծեմ յաճախ կը վարուինք մեքենաբար կամ թութակի մը պէս՝ մեքենաբա՛ր։ Մինչդեռ բանական էակ՝ մարդո՛ւն բնական իրաւունքը եւ պահանջքն է բանականութեամբ շարժիլ, գործածին եւ խօսածին իմաստը հասկնալ եւ ըստ այնմ վարուիլ։

Մարդուս բանականութիւնը գործածել՝ համազօր է իր մարդկային արժանապատուութեան պահպանման, քանի որ մարդ «մեքենայ» մը չէ՛, այլ՝ խորհող, մտածող, ազատ կամքով շարժող բանաւոր էա՛կ մը։

Այս ուղղութեամբ փափաքեցանք այսօր խորհրդածել՝ «Ճաշակեսցուք Խաղաղութեամբ» աղօթքին մասին, որ վստահ ենք, թէ շատերս կ՚արտասանենք օրը գոնէ երկու անգամ՝ կէսօրուան կերակուրէն եւ ընթրիքէն առաջ։

Ուրեմն, կ՚արժէ այս մասին մեր ուշադրութիւնը դարձնել Դոկտ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Արզումանեանի շահեկան խորհրդածութիւններուն։ Ան, «փոքրիկ հարցումի մը առիթով», այս մասին կ՚ըսէ.

«Կը հարցնեն յաճախ որ Սեղանի Օրհնութեան մեզի շատ ծանօթ -Ճաշակեսցուք Խաղաղութեամբ- համառօտ աղօթքին մէջ -կերակուր-ին ակնարկուած անցեալ ընդունելութեան բայը -պատրաստեա՞լ- է, թէ ոչ -պարգեւեա՛լ-։ Այսինքն, Տէրը մեր առջեւ սեղանին վրայ դրուած ուտելիքը -Ի՞նք պատրաստած- է, թէ -պարգեւած- կամ նուիրած։

«Այնքան յաճախ արտասանուած աղօթքներ երբեմն տեղի տուած են անհարկի փոփոխութեանց, ու այս պարագային մանաւանդ, թէեւ նուազագոյն չափով իսկ անվնաս նկատուի տարբերութիւնը, այսուհանդերձ իր ուղիղ գործողութիւնը հա՛րկ է գիտնալ։

«Հայ Եկեղեցւոյ աղօթքները ճշդուած են անպայման մեր Ժամագիրքին մէջ կանոնական դարձած ժամապաշտութիւններով։ Ժամագիրքին մէջ յստակօրէն -Օրհնութիւն սեղանոյ վասն մասնաւոր կերակրոց եւ ըմպելեաց- կարգը կայ, ուր Տիրոջ -պարգեւ-ը՝ հացն ու կերակուրը շեշտուած են կրկին եւ կրկին անգամներ, եւ ոչ մէկ պարագայի Տիրոջ վերագրուած է անոնց -պատրաստութիւն-ը։ (Ժամագիրք, Երուսաղէմ, 1995, էջ 523-530)։

«Թէեւ -Ճաշակեսցուք Խաղաղութեամբ- աղօթքը մեր գիտցած ձեւով չկայ այս Կանոնին մէջ, կան սակայն անոր բաղադրիչ մասեր, որոնք յստա՛կ կերպով զԱստուած կը ճանչնան որպէս ՊԱՐԳԵՒՈՂԸ, եւ զմարդիկ՝ որպէս ՊԱՏՐԱՍՏՈՂՆԵ՛Ր։

«Առաջին բառովն իսկ, երբ կը բանաք Սեղանի Օրհնութեան կանոնը, հանգը կը տրուի, յոգնակի ձեւով, այսինքն -կը պատրաստեն- մարդիկ եւ կանայք, որ յայտնապէս ուղղուած է ճաշն ու սեղանը պատրաստողներուն, եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ՝ բային եզակի գործածութեամբը։

«Ուրեմն, եթէ պատրաստողները մարդիկ են, Տէ՛րն ալ նոյն Ինքն. պարգեւողն է։ Աղօթքը ինքնին կը պարտադրէ ըսել.- զկերակուրս որ պարգեւեալ է մեզ ի Տեառնէ, այն հասկացողութեամբ որ Կանոնի առաջին Սաղմոսէն կը յայտնուի որ. -բոլորին աչքերը դէպի Քեզ կը նային եւ կը յուսան, որ Դուն կերակուր տաս անոնց։ Տուողը Աստուա՛ծ է, ինչպէս Սաղմոսը կ՚ըսէ արդէն։

«Սաղմոսին կը յաջորդէ քահանային մաղթանքը՝ ուր կ՚ըսուի.- Ողորմած եւ գթած է Տէրը որ կերակուր կու տայ իր երկիւղած զաւակներուն։ Իսկ անմիջապէս յաջորդող սարկաւագին քարոզը արդէն բացայայտօրէն կ՚ըսէ.- Կ՚աղաչենք Ամենակալ Աստուծմէ որ մեզի կերակուր պարգեւէ։ Այս բոլորէն դարձեալ կը հետեւի որ պարգեւողը Աստուած Ի՛նքն է. իսկ պատրաստողը՝ մարդիկ։ Արդարեւ, մարդիկ ի՞նչպէս պիտի պատրաստեն ուտելիքը եթէ իրենց տրուած կամ պարգեւուած չըլլայ Տիրոջմէ։ Ի՞նչպէս կը պատրաստես բան մը որ չունիս։      

«Կանոնը կը շարունակէ ըսելով որ քահանան կ՚օրհնէ հացը, կը բեկանէ, եւ ապա կը բաշխէ նախ -ճաշը պատրաստողներուն, ու ասոնք ալ՝ միւս բոլորին։

«Պատրաստողները ուղղակիօրէն յիշուած են։

«Իսկոյն քահանան կ՚ըսէ.- Ճաշակեսցուք Խաղաղութեամբ, այսինքն՝ խաղաղ միտքով եւ սիրտով միասին ճաշենք ու միայն այս երկու բառերով կը հրաւիրէ ներկաները ճաշելու, քանի որ մնացեալ մասը չկայ Կանոնին մէջ, որ ըսել կու տայ մեզի որ մէկը ամբողջացուցած է զայն յետագային, նկատի ունենալով Սեղանի Օրհնութեան Կանոնին բովանդակութիւնը։

«Աղօթքին մէջ Աստուած Արարչագործութեան ատեն իր ստեղծած առաջին -պտուղներէն- եւ բնութեամբ մեզի պարգեւած -բանջարեղէններէն- բաժին հանելով ամէն օր կը պարգեւէ մեր հացն ու ուտելիքը մեզի համար։

«Ճաշակեսցուք - աղօթքը Աստուծոյ չէ ուղղուած, այլ մեզի, երբ զայն կը հասկնանք որպէս հրաւէր, այսինքն՝ -Եկէ՛ք, ճաշակենք միասին։ Եւ սակայն չենք մոռնար մենք զմեզ հրաւիրելէն առաջ ընդունիլ որ սեղանին վրայ գտնուած հացն ու ուտելիքը Իրմէ միայն եկած ու հասած են մեզի։ Ի՛նք պարգեւած է մեզի ամէն բանէ առաջ. իսկ պատրաստողներն ալ երկիւղածութեամբ եւ գոհունակութեամբ աշխատած են ու այժմ հրաւիրուած՝ ընթրելու սրտի բովանդակ խաղաղութեամբ։

«Քահանան իր աղօթքին մէջ դարձեալ կը յիշեցնէ թէ.- Տէրը կերակրիչն է. որուն ի պատասխան սարկաւագը կրկին իր քարոզը կը կարդայ, ըսելով.- Գոհացարուք ի վերայ լիութեանց պարգեւած Տեառն Աստուծոյ մերոյ. շեշտելով որ -Ան կը կերակրէ զմեզ Իր պարգեւներու լիութեամբը։

«Ճաշէն ետք արտասանուած աղօթքին մէջ, որ գրուած է Կանոնին վերջաւորութեան, Տէրունական աղօթքէն ետք, քահանան կ՚ըսէ.- Թող Աստուած օրհնէ ուտողները եւ երախտաւորները որոնց վարձքը բարիով հատուցանէ Ինք՝ Քրիստոս Աստուած մեր որ զմեզ կերակրեաց եւ լիացոյց։

«Ուրեմն, հիմնուելով Ժամագիրքին Սեղանի Օրհնութեան յատուկ Կանոնի բովանդակութեան վրայ, պիտի աղօթենք այսպէս.

«Ճաշակեսցուք Խաղաղութեամբ զկերակուրս որ պարգեւեալ է մեզ ի Տեառնէ։ Օրհնեալ է Տէր ի պարգեւս իւր։ Ամէն։

«Ըսողներ պիտի ըլլան թէ ինչո՞ւ համար -պարգեւ- բառը կրկնել նոյն նախադասութեան մէջ երկու անգամ՝ նախ որպէս բայ եւ ապա որպէս գոյական։ Նոյն նախադասութիւնը չէ, երբ ուղիղ կարդանք զայն. վերջակէտով մը կը զատորոշուին նախ -Պարգեւող-ը, եւ ապա -պարգեւ-ը։ Եթէ նոյնիսկ կրկնութիւն նկատուի՝ Աստուծոյ պարգեւը որքան շատ տրուի՝ այնքան լա՛ւ»։

Անդրադառնանք նաեւ գրագէտ, ուսուցիչ, ազնիւ բարեկամ Տքթ. Վարդ Շիկահերի այս աղօթքի մասին, թէ յաճախ կը յիշեցնէ արտասանել. «Պարգեւեալ» ձեւով եւ ո՛չ թէ «պատրաստեալ» բառով։ Արդէն նոյն աղօթքին համապատասխան ֆրանսերէն աղօթքի մէջ ալ սապէս կ՚ըսուի. «…բարեհաճեցար օրհնել պատրաստուած այս ճաշը…», եւ ուրեմն զայն պատրաստողը մարդիկ են, որ Աստուած կը պարգեւէ, կ՚օրհնէ եւ կու տայ մեզի։

Եւ կ՚աւելցնեն. «Օգնէ մեզի որ այս ճաշը բաժնենք նաեւ ուրիշներու հետ…»։

Ուստի, պարգեւներ բաժնելո՛վ է որ կը հասնին իրենց նպատակին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 23, 2017, Իսթանպուլ           

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017