ԳՆԱ ՊԷ ՃԱՆԸՄ

Երէկ գիշեր երազ մը տեսայ. Իբրեւէ թէ Մեսրոպ Մաշտոց կ՚ապրէր ներկայ դարաշրջանը՝ շրջապատուած այժմու ազգի ղեկավարներով եւ կը փորձէր գիրերու գիւտը կատարել... կը տեսնէի հին Մաշտոցը՝ նոր օրերուն...:

***

-Գնա՛ պէ ճանըմ...

-Բայց գիրերու ստեղծումով ազգ մը պիտի փրկենք կորուստէ եւ այսպիսով...

Առաջին «գնա՛ պէ»ն չէր. քանի՜ քանի անգամներ ազգը ղեկավարողներուն մօտէն դուրս քշուեցաւ Մաշտոց: Ազգի ղեկավարներուն հասնիլն ալ այդքան դիւրին չէր. Եդէմի պարտէզ մուտք գործելը աւելի դիւրին էր՝ քան ազգը ղեկավարողի մը ներկայութեան կանգնիլը: Պէտք էր անցնէր մի քանի տասնեակ քարտուղարներու, խորհրդականներու հարցաքննութենէն եւ եթէ ի վերուստ արժանի նկատուէր կրնար կանգնիլ ղեկավարին դիմաց:

Մաշտոց բարոյալքուած, դարձեալ կը փորձէր հայ գիրերու գիւտ մը կատարելու անհրաժեշտութեան մասին բացատրել ազգի ղեկավարներէն մէկուն, որ ներկայացուած թուղթերու զանգուած մը ձեռքին կը փորձեր «Լ» տառը իր ատրճանակին նմանցնել. դէպի հիւսիս, հարաւ, արեւելք եւ արեւմուտք կը դարձնէր «Թ» տառը՝ պատահականութեամբ կատարուած գիծեր կարծելով:

-Այսպիսով,- կը շարունակէ Մաշտոց,- ազգ մը պիտի փրկենք կորուստէ. պիտի ունենանք դիմագիծ , պիտի ունենանք մեր ուրոյն տառերը ու բանաւորին կողքին պիտի ունենանք գրաւորը:

-Հոս սեղանիս վրայ ձգէ՛ յետոյ կը նայիմ.- քիթի-միթի ծռմռոցով մէկ կողմ նետելով մրոտած թուղթերու կապոցը:

Գիտէ՞ք քանիերրորդ անգամն է որ այսպէս ծրարներ ձգելով դուրս կու գար Մաշտոց մեծաւորի մը մօտէն: Մայրը բազմիցս փորձած էր համոզել զաւակը հրաժարիլ ցնորական գաղափարներէ. վերջապէս «հայերէն ի՞նչ խէր կ՚ելլէ»:

Կամաց կամաց խելագարի համբաւը սկսած էր տարածուիլ ամբողջ գաղութին մէջ. ինչպէ՞ս թէ նոր գիր. եթէ նման պէտք մը զգացուէր, Մաշտոցէն առաջ չէ՞ որ ազգին ղեկավարները վաղուց կը մտածէին... Մաշտոցը իրենցմէ լաւ ինչպէ՞ս կրնար գիտնալ:

Մաշտոց բազմիցս այդ ղեկավարներէն լսած էր ազգապահպանումի եւ հայկական դիմագիծի պահպանման կարեւորութեան մասին, սակայն բազմիցս մերժուած նոյն ղեկավարներու կողմէ: Շուարած էր Մաշտոց. կ՚ուզէին՝ բայց չէին ըներ, կը խօսէին՝ բայց չէին գործեր. սակայն որոշած էր չյուսահատիլ: Յաջորդ առաւօտ որոշեց երթալ գաղութի մշակութային բաժինը ստանձնած յանձնախումբի մը մօտ՝ դարձեալ խօսելու համար իր ցնորքներուն մասին:

Գնա՛ց:

Շէնքի պահակներուն հազար ու մէկ բացատրութիւն տալէ ետք մուտք գործելու պարգեւն ու օրհնութիւնը ստացաւ: Բարձրացաւ երկրորդ յարկ. ազգը առաջնորդողները հոն չէին: Աղօտ կերպով սկսաւ ձայներ լսել ժողովասրահէն. ժողո՜վ կը գումարէին: Աւելի պատեհ առի՞թ գիրերու գիւտը ներկայացնելու: Մօտեցաւ: Բայց ամօթ չէ՞ր. չէ՞ որ ինք սովորական մահկանացու էր եւ արտօնեալ չէր իրեն մասնակցիլ նման ազգի փրկութեան մասին ելքեր առաջարկուող ժողովի մը:

Յանդգնութիւնը ունեցաւ մօտենալու: Բարեբախտաբար դուռը մասամբ մը բաց մնացած էր. ուզեց գաղտնալսել ու գիտնալ ազգը դէպի յառաջդիմութիւն ու բարգաւաճում տանող յառաջիկայ ծրագիրներու մասին:

Թաւ ձայն ունեցող ժողովական մը յայտարարեց.

-Երեքշաբթի՛, Պլօթի մրցաշարք...

Այբբենարանի ծրարը սահեցաւ ձեռքէն ու սիրտը ցաւ մը պատեց.

-Գնա՛ պէ ճանըմ, քու ինչի՛դ պէտք գիրերու գիւտ, քու ինչի՛դ պէտք հայութիւն ու ազգութիւն...: Ահաւասիկ եօթ տարիէ ասոր անոր դուռը երթալով կը մուրամ, որ կեանքի կոչենք այբբենարանը ու մի՛շտ ալ «հոս ձգէ կը նայինք մը»: Պիտի պատռեմ այս բոլո՛ր թուղթերը: Ալ ո՛չ տառ եւ ո՛չ ալ գիր. թող երթան ազգիս ղեկավարները պլօթով զբաղուին, մի՛նչ ազգը կամաց կամաց թող կործանի: Այբբենարանի մասին պիտի չխօսիմ այլեւս... թո՛ղ մնան այսպէս՝ մինչեւ անէանան...

***

Մղձաւանջ մըն էր: Սթափեցայ. Փառք Աստուծոյ... գիրերու գիւտը կատարուած էր:

Բայց... դարձեալ անէացման ճամբուն վրայ էինք մենք:

Ո՞ր մէկը երազ, ո՞ր մէկը իրական էր. չե՛մ գիտեր:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԷՏՄՈՆ ՔԻՐԱԶ
(1923-2020)

Մեր թուականէն 98 տարիներ առաջ՝ 25 օգոստոս 1923 թուականին Գահիրէի մէջ ծնած է ծաղրանկարիչ Էտմոն Քիրազ (Քիրազեան):

Քիրազ նախնական կրթութիւնը ստացած է Գահիրէի Նուպարեան Ազգային վարժարանէն ներս, ապա մեկնած է Ֆրանսա՝ ուսումը շարունակելու: Ան իր գծագրական առաջին փորձերը կատարած է տասն տարեկանին՝ կատարելով 17-րդ դարու կրօնական նկարներու կրկնօիրնակումը:  Քիրազ 17 տարեկանին սկսած է նկարել քաղաքական ծաղրանկարներ, որոնք հրատարակուած են «Image», «Parade», «La Réforme d’Alexandrie» եւ «Al Moussavar» հանդէսներուն մէջ:

Ծաղրանկարիչը իր սուր դատողութեան ու մեծ տաղանդին շնորհիւ կրցած է ֆրանսական մամուլի ուշադրութիւնը գրաւել, որու շնորհիւ երկար տարիներ աշխատակցած է «La Bataille», «Le Rouge et le Noir», «Samedi Soir», «Ici Paris» եւ այլ յայտնի թերթերու:  Քիրազ ֆրանսացի մտաւորականներու առաջադրանքով սկսած է նկարել «Փարիզուհիներ» շարքը, ֆրանսական «Jours de France» թերթի համար, որ յետագային լոյս տեսած է նաեւ ամերիկեան ամսագիրերու մէջ:  Էտմոն Քիրազ իր ծաղրանկարները որպէս առանձին հատորներ սկսաւ հրատարակել 1950 թուականին: Ծաղրանկարներուն կողքին լոյս ընծայեց նաեւ «Ինքնակենսագրութիւն եւ յիշողութիւններ» խորագրեալ գիրքը:

Քիրազի գործերը ցուցադրուած են Ֆրանսայի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու պատկերասրահներուն մէջ. անոնցմէ մաս մը ցայսօր կը գտնուի ֆրանսական «Քարնաւալ» թանգարանին մէջ: Իր արուեստին որպէս գնահատանք արժանացած է «Պատուոյ Լեգէոն» շքանշանին, ինչպէս նաեւ «Փարիզի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումին:

Էտմոն Քիրազ մահացած է 11 օգոստոս, 2020 թուականին, Փարիզի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2021