ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԱՆՑԱՒՈՐ Է

«Թէպէտ մահը զօրացաւ եւ իշխեց մարդոց վրայ, բայց Աստուած բոլորին աչքերէն արցունքը պիտի սրբէ եւ պիտի ջնջէ այն նախատինքը, որ իր ժողովուրդը կրեց աշխարհի ամբողջ տարածքին։
«Տէրը Ի՛նք խօսեցաւ ասոնք»։

ԵՍԱՅԻ ՄԱՐԳԱՐԷ
(ԻԵ 8)

Ներկայ համավարակի շրջանին երբ ամբողջ աշխարհ մտահոգութեան մէջ է, ո՜րքան մխիթարիչ եւ սփոփարար են Եսայի Մարգարէի աստուածաշունչ այս խօսքերը։ Իրաւ է որ համայն մարդկութիւնը անսովոր օրեր կ՚ապրի այս շրջանին։ Բայց որքան անսովոր, բայց ո՛չ աննախընթաց, քանի որ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ այս համավարակը առաջինը չէ, որ կը տեսնուի, աշխարհ նախապէս ալ ապրած է նման նեղութիւններ, մտահոգութիւն պատճառող դէպքեր, համատարած հիւանդութիւններ տարբեր ձեւերով, տարբեր հանգամանքներով, որոնք յուզած, դժուարութիւններու են մատնած մարդկութիւնը։ Բայց այդ բոլոր նեղութիւններուն հասարակաց եզրը եղած է անոնց ժամանակաւոր, անցողակի ըլլալը։

Աշխարհի վրայ երբեք չեն պակսիր նեղութիւններ, տառապանքներ, դժուարութիւններ եւ անոնց պատճառած մտահոգութիւններ, վախեր։ Սակայն, բարեբախտաբար բոլորն ալ եկած եւ անցած են։ Ահաւասիկ, Եսայի Մարգարէ կը վկայէ այս ճշմարտութեան՝ թէ Աստուած անպայմա՛ն, ի վերջոյ կը հասնի օգնութեան եւ կը փրկէ մարդկութիւնը իր նեղութիւններէն։ Որովհետեւ Աստուած միայն Արարիչ չէ, այլ նաեւ՝ Նախախնա՛մ, եւ երբեք չի թողուր իր արարածները մինակ իրենց նեղութիւններուն հետ։ Եւ նուազագոյն վնասով կ՚անցնին եւ կ՚երթան բոլոր նեղութիւններ եւ կը փարատին մտահոգութիւններ։

Ժահրի մը՝ պսակաձեւ ժահրին պատճառած այս համավարակը իր ընդհանուր առումով «հիւանդութիւն» մը՝  ա՛խտ մըն է։ Եւ մարդիկ հաւաքաբար կը պայքարին այս հիւանդութեան դէմ, որ Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթական պիտի հանդիսանայ մարդկութիւնը այս ախտին դէմ՝ նուազագոյն վնաս կրելով։ Եւ մարդկութիւնը իր աստուածատուր բանականութեամբ պիտի յաղթահարէ, ինչպէս անցեալի  մէջ՝ որուն կը վկայէ պատմութիւնը բազմաթիւ դէպքերով։

Բայց ի՞նչ է հիւանդութիւնը, ինչո՞ւ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի ան։ Այս հարցումները դարերու ընթացքին յուզած եւ զբաղեցուցած է մարդկութեան միտքը եւ կը շարունակէ զբաղեցնել խորհող եւ քննարկող միտքեր։

«Եւ երբ Յիսուս կ՚անցնէր՝ ի ծնէ կոյր մարդ մը տեսաւ. իր աշակերտները հարցուցին Անոր եւ ըսին.- Ռա՛բբի, մեղքը որո՞ւնն է, ասո՞ր թէ իր հօրը ու մօրը, որ ան կոյր ծնած է։ Յիսուս պատասխանեց.- Ո՛չ ատոր մեղքն է եւ ո՛չ ալ իր հօրն ու մօրը, այլ որպէսզի Աստուծոյ գործերը յայտնի ըլլան ատոր վրայ։ Եւ քանի դեռ ցերեկ է, ես պէտք է կատարեմ գործերը Անոր՝ որ զիս ղրկեց. կու գայ գիշերը, երբ ոչ ոք կրնայ գործել։ Քանի դեռ աշխարհի մէջ եմ, աշխարհի լոյսն եմ։ Երբ այս ըսաւ՝ թքաւ գետնին եւ կաւ շինեց թուքով ու կաւը ծեփեց կոյրի աչքերուն վրայ եւ ըսաւ անոր.- Գնա լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ, (որ կը թարգմանուի՝ առաքեալ)։ Գնաց լուացուեցաւ, եկաւ եւ կը տեսնէր», (ՅՈՎՀ. Թ 1-8)։

Ահաւասիկ, Յիսուս կը պատասխանէ այն հարցումին՝ թէ ինչո՛ւ կան հիւանդութիւններ, «որպէսզի Աստուծոյ գործերը յայտնի՛ ըլլան»։

Ուստի բնական եւ բանական օրէնք է. պէտք է ըլլայ որեւէ բանի մը հակառակը, որպէսզի տեսնուի շիտակը, ճիշդը, եւ դարձեալ պէտք է ըլլայ ժխտականը, բացասականը, որպէսզի երեւան գայ դրականը, էականը եւ պէտք է ըլլայ խաւարը, մութը, որպէսզի հոն յայտնուի լո՛յսը։ Եւ այս ուղղութեամբ, հիւանդութիւններ կան, որպէսզի առողջութեան յարգը գիտցուի եւ բժշկութեան արժէքը գնահատուի։ Չէ՞ որ մարդ երբ հիւանդանայ, այն ատեն առողջութեան արժէքը կը հասկնայ եւ անմիջապէս կը դիմէ բժիշկին՝ բժշկուելու եւ իր առողջութիւնը վերագտնելու համար։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, հիւանդութիւնները առիթներ են անդրադառնալու մեծ Բժիշկին՝ Աստուծոյ գոյութեան եւ խնդրելու Յիսուսի Բժշկութիւնը։ Եւ ուրեմն, այս ալ ցոյց կու տայ, որ հիւանդութիւնները ժամանակաւոր են՝ պայմանով որ մարդ անդրադառնայ Բժիշկին ներկայութեան եւ վստահի Անոր Բժշկութեան, եւ հետեւի Անոր ցուցմունքներուն։ Հոս դարձեալ յիշենք, եւ կ՚արժէ յիշել այն ճշմարտութիւնը՝ թէ բժիշկները, Աստուծոյ երկրի վրայ ձեռքն են։

Ուրեմն Աւետարանը կը պատասխանէ այն հարցումին, թէ՝ ի՞նչու հիւանդութիւններ կան։

Բայց ի՞նչ է հիւանդութիւնը։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է թէ՝ ամէն արդիւնք անպայմա՛ն պատճառ մը ունի, առանց նախապատրաստութեան հետեւանք մը կարելի չէ որ յայտնուի։ Ուրեմն հիւանդութիւններն ալ բնականաբար պատճառ մը ունին։

«Յիսուս ըսաւ անոր.- Ելի՛ր, ա՛ռ մահիճդ եւ գնա՛։ Եւ մարդը առողջացաւ իսկոյն, ոտքի ելաւ, առաւ իր մահիճը եւ կը քալէր… Իսկ բժշկուած մարդը չէր գիտեր թէ ո՛վ է ան, որովհետեւ Յիսուս այնտեղէն խոյս տուած էր խուռն ամբոխին պատճառով։ Անկէ ետք Յիսուս զայն գտաւ տաճարին մէջ եւ ըսաւ անոր.- Ահաւասիկ առողջացար, այլեւս մի՛ մեղանչեր, որպէսզի աւելի չար բան մը չպատահի քեզի», (ՅՈՎՀ. Ե 8-9, 13-14)։ Մեղքի կարգ մը աստենական հետեւանքները կը տիրապետեն մարդուս մէջ, ինչպէս տառապանքը, հիւանդութիւնը, մահը եւ կամ կեանքին յարակից եղող մարդկային բեկուն բնութիւնը, ինչպէս նկարագրի տկարութիւններ, եւ այլն։ Մեղքին դէմը պայքարելու համար մարդու մէջ դրուած ցանկութիւնը անկարող է վնասելու անոնց՝ որոնք զինք մերժելով՝ արիաբա՛ր կը դիմադրեն Քրիստոսի շնորհքով։ Մանաւանդ թէ «ո՛վ որ մարտնչի ըստ օրէնքի՝ անիկա պսակի պիտի արժանանայ», (Բ ՏԻՄ. Բ 5)։

Այս կէտին, «մեղք»ը առնենք իր ամենալայն իմաստով, պատուիրաններու, տուեալ օրէնքներու, կանոններու, հրահանգներու, պատուէրներու, բնական օրէնքներու որպէս անհնազանդութիւն, անհաւատարմութիւն։ Եւ ուրեմն, հիւանդութիւնը հետեւանք մըն է, մարդուս իրեն տրուած իրաւասութեան, իրաւունքի եւ ազատութեան շահագործութեան, չարաչար գործածութեան եւ ընդհանրապէս անհնազանդութեա՛ն։ Զոր օրինակ, առողջապահական օրէնքներու անհնազանդութիւնը, ամէն տեսակ չափազանցութիւնները, ծայրայեղութիւնները կրնան պատճա՛ռ հանդիսանալ որեւէ հիւանդութեան իր տեսակին համեմատ։

Եւ երբ կ՚ըսենք չափազանցութիւններ, ծայրայեղութիւններ, արդեօք կարելի չէ՞ հասկնալ մարդուն բնութեան ներդաշնակութիւնը, հաւասարակշռութիւնը խանգարող եւ անոնց սպառնացող զանազան արարքները։ Անշուշտ թէ գիտութիւնը կը պահանջէ ուսումնասիրութիւն, քննարկում, գիտական աշխատանք եւ եթէ արգելք դրուի անոնց, գիտութիւնը չի կրնար յառաջանալ եւ կատարել իր դերը, բնական եւ բանական է ասիկա։ Բայց եթէ այդ աշխատութիւնները ի վերջոյ վնասակար եւ վտանգաւոր կ՚ըլլան մարդկութեան, ո՞րքան ընդունելի կ՚ըլլան…։ «Չափաւորութիւնը կէս Աստուած է», կ՚ըսէ առածը։

Մարդկութիւնը երբ անդրադառնայ իր սխալներուն՝ հեռու պիտի չըլլայ իր փրկութիւնը այս համավարակէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 23, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020