ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԻԸ.)
Թրքախօս հայերու հայերէն սորվեցնելու մտատանջութիւնը մեզի կը հասնի 1750-ական թուականներէն. 1794, 1795 եւ 1796 թուականներուն իրարու ետեւէ Մատրասի «Յարութիւն Շմաւոնեան Շիրազեցու» տպարանէն կը հրատարակուի «Ազդարար: Ամսագիր: Աշխարհաբար մի խարք հատուածներով» աշխատութիւնը, որուն ճամբով թրքախօս հայերուն մայրենի լեզուն սորվեցնել կը փորձէին: Աշխատութեան առաջին էջին վրայ կը կարդանք. «Նոր Այբբենարան, հանդերձ մեկնութեամբ տաճկական բառից՝ հայկական աշխարհաբար լեզուաւ»:
Սակայն կը տեսնենք, թէ այդ ժամանակաշրջանի աշխարհաբարը ամբողջութեամբ տարբեր է մերօրեայ աշխարհաբարէն. օրինակի համար աշխատութիւնը հետեւեալ թարգմանութիւնները կու տայ.-
Տաճկերէն.- իշտահըն վա՞ր մը:
Հայերէն.- Ախորժ ունի՞ս կերակրոյ:
Յիշուած աշխարհաբարէն միայն մէկը՝ «ունիս»ն է, որ մենք այսօր կը գործածենք. մեր արդի արեմտահայերէնի աշխարհաբարով կ՚ըսենք. «Ախորժակ ունի՞ս կերակուր ուտելու»: Այս մէկը մեծագոյն փաստն է այն իրողութեան, որ ամէն ժամանակ փորձած է իր խօսակցական աշխարհաբարը ունենալ, որ թէեւ մօտիկ, սակայն եղած է տարբեր:
Սակայն այս աշխատութեան ճամբով կը տեսնենք, որ ոչ միայն հայերէնը, այլ նաեւ թրքերէն խօսակցական լեզուն, ինչպէս նաեւ բոլոր միւս լեզուները ենթակայ են փոփոխութեան. օրինակի համար՝ «Դեղ կ՚առնե՞ս»ին որպէս թրքերէն խօսակցական տարբերակ աշխատութիւնը կը գրէ. «Իլաճ իսթիմալ իտէ՞րմիսին». այս տարբերակը եւս այսօր թրքերէն լեզուի մէջ չի գործածուիր:
Այսօր մենք կը գործածենք «ինչպէ՞ս ես»ը, սակայն աւելի քան դար մը առաջ «ինչպէս»ին փոխարէն կը գործածուէր ինտոր կամ ընտոր տարբերակը, սակայն ժամանակի ընթացքին փոփոխութեան ենթարկուելով լեզուն կը վերանորոգէ ինքզինք եւ առանց պաշտօնական որոշումներու իր բառացանկէն դուրս կը հանէ բառեր եւ անոնց տեղը նորերը կ՚ընդունի: Յաճախ տեղի կ՚ունենան նաեւ փոքր փոփոխութիւններ. օրինակ՝ «Ազդարար»ի հրատարակած աշխարհաբարի մէջ «Ամէն» բառը ամէն տեղ կը գրուի որպէս «ամմէն», «ինծի»ն՝ որպէս «ընծի», «կը»ի փոխարէն «կու», օրինակի համար ոչ թէ «կը հանեմ» այլ «կու հանեմ»:
«Ազդարար»ի, ինչպէս նաեւ այլ մամուլներու կողմէ հայատառ թրքերէնը սակայն հետեւեալ իրողութեան մասին մտածել կու տայ. անցեալի թրքախօս հայեր, հակառակ հայերէն խօսիլ չգիտնալուն, լաւապէս ծանօթ էին հայերէն այբուբենին. հիմա յաճախ վիճակը հակառակն է. սփիւռքի մէջ կը տեսնենք հայեր, որոնք գէշ-աղէկ գիտեն հայերէն խօսիլ, սակայն կարդալ չեն գիտեր: Հետաքրքրական է գիտնալ, որ հայերէն խօսիլ չգիտցող այդ ժողովուրդը, ինչպէ՞ս լաւապէս կը տիրապետէր հայոց այբուբենին եւ կը յաջողէր կարդալ հայատառ թրքերէն գրուածները: Կը կարծենք, որ անոր մէջ մեծ դեր ունի վստահաբար մամուլը, մարդոց ընթերցանութեան հանդէպ ունեցած սէրն ու կապուածութիւնը, որովհետեւ անոնք լսելէ աւելի կը տեսնէին ու կը կարդային, մինչ այսօր ամբողջութեամբ հակառակ, կը լսեն՝ առանց տեսնել ու կարդալու:
Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:
ՁԱ.- ՇԱԼՎԱՐ
Կան բառեր, որոնց թարգմանութիւնը ըսելու կարիքը չունինք՝ գիտնալու համար թէ այդ բառը ինչ ըսել կ՚ուզէ. այդ բառերէն մէկն է նաեւ շալվարը, որ թէ՛ արեւմտահայերէնի եւ թէ արեւելահայերէնի մէջ կը գործածենք մինչեւ օրս:
Շալվար բառը կը տեսնենք Գրիգոր Զօհրապի «Կեանքը ինչպէս որ է» աշխատութեան մէջ. «Նայէ, էֆէնտիս, մեր գեղը Պոլիս չէ, հոն շալվար կը հագնինք մենք»:
Յակոբ Օշական իր «Ծակ պտուկը», ինչպէս նաեւ «Մնացորդաց» աշխատութիւններուն մէջ կը գործածէ շալվար բառը.- «Արիւնոտ անոնց անդրավարտիքները ծածկեցին կապուտիկ, ով գիտէ ո՛ր բարի խաթունի մը խերով կարկտուած շալվարները»:
Արփիար Արփիարեան այս բառը կը գործածէ իր «Մինչեւ ե՞րբ» աշխատութեան Գ. գլուխին մէջ.- «Դեռ քսան տարի առաջ, շալվար հագած բանուոր մըն էր, տիւրկէր Գասպարը»:
Առաջին անգամ ըլլալով այս յօդուածաշարքին մէջ կը յիշենք Խրիմեան Հայրիկը. ան շալվար բառը կը գործածէ «Պապիկ եւ թոռնիկ» աշխատութեան 21-րդ գլուխին՝ «Թոռնիկին հարսնիք»ին մէջ. «Դու հողագործ աշխատաւոր ես, շալէ շալվար կը վայելէ քեզ»:
Յայտնենք, որ այս բառը կը գործածեն Զապէլ Եսայեան, Համաստեղ, Եղիա Տէմիրճիպաշեան եւ բազմաթիւ այլ գրողներ:
Յովսէփ Մալէզեան շալվար բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ անդրավարտիք բառը, սակայն Յակոբ Օշական որ աշխատութեան մէջ շալվար բառի դիմաց որպէս իմաստ կը նշէ «լայն տաբատ» բացատրութիւնը:
ՁԲ.- ՇԷՔԷՐ
Իրականութեան մէջ այս բառին թրքերէն եւ հայերէն տարբերակները այնքան ալ հեռու չեն իրարմէ. պարզապէս «է» տառերուն փոխարէն դնել «ա» եւ արդէն իսկ կը վերածուի հայերէնի: Սակայն այս բառը իր թրքական տարբերակով կը գործածեն զանազան գրողներ. առաւելաբար կը տեսնենք տաղերու եւ բանաստեղծութիւններու մէջ։
Երեմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան իր տաղերէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Շրթունքդ է շէրպէթ, շիրին շէքէր լապ»:
Տաղասաց Սիմէոն Կաֆացի (որ ծանօթ է նաեւ Խրմպէյի Որդի անունով) իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Խօսքդ է շէքէր, լեզուդ նման պիւլպիւլի»:
Նիկողոս Սաֆարեան շէքէր բառը կը գործածէ իր «Իշխանուհին» աշխատութեան մէջ. «Առած էր աչքերուն դէմ շէքէր ու շէրպէթ միսերուն տեսիլքը, բոլոր թուրք ու քրիստոնեայ կիները...»:
Թլկատինցի շէքէր բառը կը գործածէ իր «Կուլիկ ու վարժապետը» աշխատութեան մէջ. «Գիր գրի վրայ, էն ի՜նչ խօսքեր, Կարապետս, է՛ն ի՜նչ մեղր ու շէքէր խօսքեր»:
Արփիարեան այս բառը կը գործածէ իր «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ. «Արմիկ ափսէն ձեռքը ներս մտաւ եւ անուշ ու շէքէր հրամցնելէն յետոյ, Արթաքին շարունակեց»:
Յովսէփ Մալէզեան շէքէր բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ շաքար բառը:
ՁԳ.- ՈՒՂՈՒՐ
Այս բառը այնքան ալ ժողովրդականութիւն չունի՝ ինչքան միւս բառերը, սակայն թէեւ քիչ՝ կարելի է լսել: Այս բառը ուղուր տարբերակէն բացի կարելի է տեսնել նաեւ որպէս «ուղուրլու» ձեւով:
Ուղուր բառը Արփիարեան կը գործածէ «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ. «Արդար գառնուկ էր, պէ՛լքիմ ուղուր կու գար»:
Կրնանք այս բառը տեսնել Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզները» աշխատութեան մէջ «Ուղուր օլա՜, կը պատասխանէին տղամարդիկ»:
Յովսէփ Մալէզեան ուղուր բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել բարեբաստութիւն բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -351-
Հայերը տարօրինակ ու հետքրքիր ժողովուրդ են։
Երէկ տեսայ հայ կին մը, որ իր չգիտցած անգլերէնով կը փորձէր խօսիլ արաբ կնոջ մը հետ, որ ո՛չ անգլերէն գիտէր եւ ոչ ալ հայերէն։ Հակառակ լեզուական խոչընդոտին, հայ կինը չյանձնուեցաւ, եւ քիչ մը հայերէն քիչ մը ռուսերէն եւ մի քանի բառ անգլերէն խառնելով փորձեց բաներ մը բացատրել։ Աւելի քան կէս ժամ առանց զիրար հասկնալու խօսեցան, խնդացին եւ հասկնալ ձեւացուցին ու հակառակ այդ անհասկնալիութեան հայ կինը չլռեց. խօսեցա՜ւ ու խօսեցա՜ւ՝ առանց կարեւորութիւն տալու, թէ արաբը կը հասկնայ թէ ոչ։
Նոյնն էր մեծ մայրս, որ արաբ դրացիներուն հայերէնով իր կեանքը կը պատմէր։ Կարեւոր չէ թէ կը հասկնան թէ ոչ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան