ԼՈՅՍԸ ԵՒ ԽԱՒԱՐԸ

Մարդկային կեանքը հաստատուած է հակադիր, իրերամերժ արժէքներու հրաշալի ներդաշնակութեանը վրայ։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ կ՚ըսուի, թէ կեանքը «պայքար» մըն է այս հակադիր ուժերու միջեւ, եւ այդ պայքարին մէջ պարտութիւն կամ յաղթանակ կ՚որոշեն մարդուն կեանքի ընդհանուր ընթացքը։

Այս հակադրութիւնները կարելի է ամփոփել «չար»ի եւ «բարի»ի գաղափարներուն շուրջ, եւ բազմացնել կեանքի այդ իրերամերժ ուժերը։

Ահաւասիկ, այդ հակադիր ուժերէն կամ վիճակներէն մէկն է «խաւար»ի եւ «լոյս»ի հակադրութիւնը, որ կը զբաղեցնէ մարդուս կեանքը իր ամէն վիճակներուն մէջ։ Ինչպէս որ մարդկային կեանքին մէջ անպակաս են չարը եւ բարին, նո՛յնպէս անուրանալի են խաւարը եւ լոյսը՝ որ կերպով մը կը ներկայացնեն չարը եւ բարին՝ իր ամենալայն իմաստով։

Իր սկզբնաւորումէն ի վեր, քրիստոնեայ հաւատքը ծագումներու հարցին մասին իր տուած պատասխանէն տարբեր պատասխան-ներու հետ դէմ առ դէմ գտնուեցաւ։ Այսպէս, հնագոյն կրօններու եւ մշակոյթներու մէջ բազմաթիւ առասպելներ կարելի է գտնել, որոնք կը հային աշխարհի ծագումին։

Կարգ մը փիլիսոփաներ ըսին, թէ ամէ՛ն ինչ Աստուած է. աշխա՛րհը Աստուած է, թէ աշխարհի լինելութիւնը Աստուծոյ լինելութիւնն է։ Այս իմաստասիրական տեսութիւնը կը ներկայացուի «համաստուածու-թիւն» գաղափարով։

Ուրիշներ ըսին, թէ աշխարհը Աստուծոյ մէկ անհրաժեշտ արտաբխումն է, որ կը ծագի այս ակունքէն եւ կը վերադառնայ այս ակունքին։

Ուրիշներ ալ հաստատեցին գոյութիւնը երկու յաւիտենական նախասկիզբներու. «Բարի»ն եւ «Չար»ը, «Լոյս»ը եւ «Խաւար»ը. իրարու դէմ յարատեւ, մշտնջենական պայքարի մէջ։ Այս տեսութիւնն ալ կը ներկայացուի «երկուութիւն» եւ «մանիքէականութիւն» գաղափարներով։

Ըստ այս կարգ մը մտայղացումներուն, աշխարհը՝ գէթ «նիւթակա՛ն աշխարհը» չա՛ր է, անկումի մը արդիւնք, ուստի կա՛մ մերժելի է եւ կա՛մ գերազանցելի։ Այս ալ կը ներկայացուի «գնոստիկան» տեսութեամբ։

Իսկ ուրիշներ կ՚ընդունին, թէ աշխարհը «յօրինուած» է Աստուծմէ, այն ժամագործին նման, որ ստեղծելէ ետք՝ զայն լքած է իր բախտին, ինքն իրեն։ Այս ալ կը նշանակէ՝ «աստուածադաւանութիւն»։

Ուրիշներ, վերջապէս, աշխարհին գերակայ ո՛չ մէկ ծագում կը վերագրեն, այլ կը տեսնեն անոր մէջ միա՛յն խաղը մշտագոյ նիւթին։ Այս տեսակէտը կ՚արտայայտը-ւի որպէս «նիւթապաշտութիւն», իր յատուկ իմաստով։

Այս բոլոր մտածումի փորձերը կը վկայեն, թէ ծագումներու հարցը յարակայ է եւ ընդհանրակա՛ն։ Եւ այս որոնումը իւրայատուկ է մարդո՛ւն։

Եւ եթէ խորհինք, թէ կեանքը պայքա՛ր մըն է մշտնջենական, պէտք է ընդունինք, թէ «չար»ը եւ «բարի»ն, «խաւար»ը եւ «լոյս»ը գլխաւոր կռուաններն են կեանքին։

Մեր այսօրեայ կեանքն ալ գործնականապէս ցոյց կու տայ «չար»ին եւ «բարի»ին, «խաւար»ին եւ «լոյս»ին պայքարը, որ կը տեսնուի՝ «շահել»ու եւ «չկորսնցնել»ու, «Ես»ը պահպանելու եւ տեւականացնելու անվերջ ջանք մը՝ որուն մաս կը կազմեն նաեւ՝ սէրը եւ ատելութիւնը, ինքնամոլութիւնը եւ մարդասիրութիւնը՝ եսասիրութիւնը եւ այլասիրութի՛ւնը։

Արդարեւ, մարդ կրնայ փրկուիլ խաւարէն հաւատքի միջոցով։ Լոյս հաւատքը կը լուսաւորէ մարդը եւ կը փարատէ խաւարը, քանի որ Յիսուս Քրիստոս «Լոյսն է աշխարհի», (ՅՈՎՀ. Ը 12)։ Լոյս եւ ճշմարտութիւն համընթաց են. լոյսը կը յայտնաբերէ, տեսանելի կ՚ընէ ճշմարտութիւնը, եւ փոխադարձաբար՝ ճշմարտութիւնը լոյս կը սփռէ։

Յիսուս Քրիստոսի մէջ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ամբողջովին կը յայտնուի, քանի որ Ի՛նք լոյս է ե՛ւ ճշմարտութիւն։ Եւ ո՛վ որ Անոր կը հաւատայ չի մնար խաւարին մէջ. (ՅՈՎՀ. ԺԲ 46)։

Մարդ բնականաբար կը ձգտի ճշմարտութեան, ի՛նչ որ կը նշանակէ ձգտիլ լոյսին։ Մարդիկ պիտի չկարենային զիրար ճանչնալ եւ սիրել, երբ լոյս չըլլար, քանի որ մարդ լոյսին մէջ է որ կրնայ տեսնել եւ ճանչնալ իր նմանը, եւ սիրելու համար ալ պէտք է ճանչնայ իր նմանը։

Խաւարը անվստահութեան, անորոշութեան պատճառ կ՚ըլլայ եւ վտա՛նգ կը ստեղծէ, իսկ լոյսը վստահութիւն կը ներշնչէ՝ ապահովութիւն եւ անվտանգութի՛ւն։ Լոյս, այս իմաստով, կեա՛նք է, իսկ խաւարը՝ մա՛հ։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ, թէ՝ մարդը մարդուն պարկեշտօրէն պարտական է ճշմարտութիւնը յայտնել։

Եւ քանի որ ճշմարտութիւնը կը յայտնուի լոյսին մէջ՝ լոյսին միջոցով, ապա ուրեմն անհրաժեշտ է լոյսը ճշմարտութեան համար։

Այս կէտին կարեւոր է զանազանել լոյսը եւ լուսանման ստուերը, կարենալ որոշելու համար իրականը եւ անիրականը, ինչպէս կը յայտնուի «պղատոնեան ճշմարտութեան» պարագային։

Լոյսի մէջ ըլլալ՝ ապահով ըլլալ, անվտանգ ըլլալ կը նշանակէ, քանի որ լոյսի մէջ է, որ կը յայտնուի ճշմարտութիւնը եւ հոն ուր ճշմարտութիւնը կը փայլի, հո՛ն կը փարատին մութը եւ խաւարը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 22, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018