ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (Զ.)

ՄԱՆՈՒԿՆ ՈՒ ՍՈՒՏԸ

Մանկավարժական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, մանուկը իր առաջին սուտերը 2-4 տարեկանին կը սկսի դուրս տալ: Տարբեր է սակայն մեծահասակներուն եւ մանուկներուն սուտերը. ստախօսութիւնը յոռի երեւոյթ մը ըլլալով հանդերձ, մանուկներու պարագային կը կրէ որոշ անմեղութիւն մը, որովհետեւ անոնց մօտ ստելը չարամտութեան նշան չէ, այլ ճանաչողութեան զարգացման ընթացք մըն է պարզապէս:

Այդ սուտերը յաճախ ժողովուրդին կողմէ կը կոչուի «սպիտակ սուտ»եր. պէտք է նկատի ունենալ, որ իրենք այդ տարիքին տակաւին լաւապէս չեն ըմբռներ ճշմարտութիւն եւ կեղծիք հասկացողութիւնները եւ այդ ճանաչողութեան պակասն է, որ ծնողքին համար կը դառնայ դիւրին բացայայտելու եւ հասկնալու համար ճշմարտացի եւ կամ սուտ ըլլալը:

Սուտի սկզբնական պատճառ կրնայ դառնալ մանկական ժապաւէնները, որոնք թէեւ երեւակայական եւ «սուտ», մանուկին որպէս իրական կը թուին: Օրինակի համար, անոնք կը սկսին երեւակայական ընկերոջ մը գոյութեան մասին խօսիլ, որ շատ անգամ նոյնինքն ժապաւէնին հերոսը կրնայ ըլլալ: Անոնք կրնան ծնողքին խօսիլ ու պատմել իրենց ընկերոջ քաջագործութիւններուն մասին: Օրինակի համար, մանուկը յանկարծ կը սկսի պատմել, թէ ինչպէս վիշապ մը տեսած է, գուցէ կռուած է անոր հետ եւ յաղթանակած: Կրնան յանկարծ երկիրի մը անունը տալ եւ ըսել, թէ իրենք այցելած են եւ կամ գիտեն զայն: Յաճախ կը տեսնենք, թէ մանուկին տարօրինակ պատմութիւններուն դիմաց ծնողներ կը բարկանան՝ «սուտ»ը կանխել ուզելու համար, սակայն խորհուրդ կու տանք ծնողներուն ուշադրութեամբ լսել ու կարեւորութիւն տալ այդ պատմութիւններուն՝ բարկանալու փոխարէն, որովհետեւ այդ բոլորը մանուկին երեւակայական աշխարհն են եւ ծնողքը պէտք է կարեւորութիւն ընծայէ այդ երեւակայութեան զարգացման:

Անգիտակցաբար ըսուած սուտը ժամանակի ընթացքին գիտակից վիճակ մը կը ստանայ, որ նոյնպէս զարգացման ընթացքը ցոյց կու տայ. օրինակ՝ մանուկը կը սկսի հերքել իր խաղալիքը եւ կամ առարկայ մը կոտրելը. կը հերքեն տան մէջ թափթփելը՝ նոյնիսկ այն պարագային երբ բացայայտօրէն ծնողքին աչքին առջեւ կատարած է այդ բոլորը, որովհետեւ անոնց մէջ կը զարգանայ հետեւանքի գիտակցութիւնը. անոնք կը սկսին գիտակցիլ, թէ ո՛ր արարքով մայրը կ՚ուրախանայ եւ որ արարքով՝ ոչ:

Սուտի այլ տեսակ մը ի յայտ կու գայ մանուկներուն եւ անոնց հասակակիցներուն միջեւ. անոնք կը սկսին չափազանցել: Կը սկսին իրենց ձեռքբերումները ուռճեցնելով պատմել եւ ժողովուրդի լեզուով «մրջիւնը փիղի վերածել»: Իրենց հասակակիցներուն հանդէպ սուտի այլ երեւոյթ մը առաջ կու գայ մեղադրանքի ձեւով. օրինակ՝ կոտրուած խաղալիքի մը համար մանուկը կրնայ մեղադրել իր հասակակից ընկերը եւ պատասխանատուութիւնը կը փորձէ հանել իր վրայէն: Այդ է պատճառը, որ յաճախ մանկուներէն կը լսենք «եղբայրս ըրաւ» եւ կամ «քոյրիկս ըրաւ» արտայայտութիւնը:

Որոշ ժամանակ ետք գիտակցութեան գալով մանուկը կը սկսի դէպքերը պահել. օրինակի՝ կրնայ ականատես ըլլալ, որ հայրը անուշադրութեամբ կը կոտրէ ծաղկամանը. մօրը հարցին դիմաց, թէ ո՞վ կոտրեց, կրնայ «չեմ գիտեր» ըսել՝ հակառակ լաւապէս գիտնալուն, որովհետեւ անոր մէջ հետեւանքի գիտակցութեամբ անախորժութիւններէ խուսափելու բնազդը ի յայտ կու գայ:

Մանուկը ստախօսութեան մղող ամենէն կարեւոր կէտերէն մին վախի ազդեցութիւնն է. մանուկը կը ստէ այն ժամանակ, երբ գիտէ, թէ իր խօսքը եւ կամ արարքը կրնայ պատիժի պատճառ դառնալ: Շատ անգամ գիտնալով հանդերձ, որ ստելը ինքնին պատիժի պատճառ է, դարձեալ կը նախընտրէ ստել, որովհետեւ այդ մէկը ինքզինք պաշտպանելու բնազդ մըն է ո՛չ միայն մանուկին մօտ, այլ ընդհանրապէս մարդ արարածին մօտ:

Մանուկին ստախօսութիւնը ծնողքին մօտ ջղայնութեան պատճառ դառնալու փոխարէն պէտք է դաստիարակութեան լաւագոյն առիթներու վերածուին, որովհետեւ վերջապէս այդ սուտերուն դիմաց լռելը եւս ձեւով մը սուտը քաջալերելու կը վերածուի եւ այս կամ այն դէպքէն սուտի ճամբով ազատող մանուկը սուտը որպէս միջոց գործածել կը սկսի՝ իր միւս «քաջագործութիւն»ները պահելու համար:

Ծնողներ յաճախ կը մտածեն, թէ ինչպէ՞ս կրնան սուտին առաջքը առնել: Ծնողքին դերը մեծ է այստեղ:

Ա.- Ծնողքը ամէն բանէ առաջ պարտի խրատելէ եւ քարոզներ կարդալէ առաջ կեանքով օրինակ ըլլալ: Ծնողներ յաճախ իրենց մեծահասակի յատուկ սխալները կը կատարեն մանուկներու ներկայութեամբ, մտածելով որ անոնք փոքր են ու բան չեն հասկնար, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ: Մանուկը լաւապէս կը քննէ իր մօր եւ հօր արարքները եւ անոնց հիման վրայ իր սովորութիւնները կը յառաջացնէ: Օրինակի համար, ծնող մը սովորական մածուն մը դնելով անընդհատ թող «կծու է» ըսէ. անընդհատ կրկնէ այդ մէկը եւ պիտի տեսնենք, որ մանուկը եւս պիտի ըսէ «կծու է»՝ հակառակ այն իրականութեան, որ կծու չէ մածունը: Այս նոյն մածունի օրինակը մեր բոլոր արարքներուն համար ի զօրու է եւ մանուկը մեր երեւակայածէն աւելի աչքաբաց կը քննէ մեզ:

Բ.- Ծնողը պարտի իր մանուկին համար ստեղծել «ապահով» միջավայր մը եւ այդ ապահովութիւնը զգացնէ իր մանուկին. մանուկը առաւելաբար կը ստէ այն ժամանակ՝ երբ վտանգ մը կը կանխատեսէ եւ մօրը բարկութիւնն անգամ որպէս մեծ վտանգ կ՚ընկալէ:

Գ.- Ծնողը բարկանալու փոխարէն պէտք է առաջին հերթին լաւապէս ուսումնասիրէ մանուկը դէպի սուտ առաջնորդող պատճառները։ Արդեօք սուտի պատճառը պատիժի հանդէպ եղած վա՞խն է. բարկանալը պարզապէս վախ պիտի յառաջացնէ մանուկին մէջ եւ ո՛չ մէկ լուծում պիտի տայ. ծնողքը խնդիրը հասկնալով աւելի արդիւնաւէտ ձեւով պիտի յաջողի ստելու խնդիրը լուծել:

Դ.- Ծնողը պարտի անոր լաւապէս սորվեցնել անկեղծ ու ազնիւ ըլլալ. պէտք է մանուկը փոքր տարիքէն հասկնայ, որ իր բոլոր դրական ու ժխտական խնդիրներուն համար կրնայ դիմել իր մօրը եւ կամ հօրը. պէտք է մանուկը սորվի, որ սուտը կրնայ ընտանեկան յարաբերութիւնը խախտել, հետեւաբար ընտանիքի անդամներուն հետ, մանաւանդ հօրն ու մօրը հետ պէտք է ըլլալ թափանցիկ:

Ե.- Ծնողը պէտք է խուսափի ծայրայեղ պատժամիջոցներէ, որովհետեւ խիստ պատիժը ստելը կանխելու փոխարէն աւելիով սուտը կը քաջալերէ, որովհետեւ պատժամիջոցները տեսնող մանուկը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ սուտով պահելու իր ապագայի բոլոր սխալ արարքները:

Զ.- Սահմանեցէք յստակ պատժամիջոցներ։ Երեխաները կը ստեն այն ժամանակ, երբ չեն գիտեր, թէ ինչպիսի պատիժ պիտի ստանան եւ կամ ինչ պիտի ըլլայ ծնողքի հակազդեցութիւնը եւ այդ անծանօթ հետեւանքէն խուսափելու համար կը դիմեն սուտին:

Ե.- Ստելու պատճառները գտնելէ ետք ծնողքը պէտք է սորվեցնէ, թէ նման խնդիր մը ինչպէս կարելի է լուծել, որպէսզի նման դէպքի կրկնութեան պարագային սուտի դիմելու փոխարէն մանուկը ունենայ գիտակցութիւնը եւ կատարէ այն բոլորը, ինչ որ որպէս կրթութիւն պիտի փոխանցուի մօտ եւ հօր կողմէ:

Յամեայնդէպս պէտք է ի մտի ունենալ, որ ստելը մարդկային անբաժան մէկ մասն է եւ կրնաք վստահ ըլլալ, որ ձեր ճանչցած ամենէն բարի մարդիկ անգամ իրենց կեանքին մէջ կամայ թէ ակամայ դիմած են սուտին:

Թող ամէն ծնողք նկատի ունենայ վերոյիշեալ բոլոր ազդակները, միշտ յիշելով, որ մանկական աշխարհը առեղծուածային աշխարհ մըն է եւ մանուկէ մանուկ կրնայ տարբեր ազդեցութիւն ունենալ, հետեւաբար պէտք է ըլլալ արթուն եւ ի պահանջել հարկին դիմել մասնագէտներու օգնութեան, որովհետեւ մանուկ մեծցնելը աշխարհի ամենէն սրբազան, սակայն նոյնքան դժուար առաքելութիւնն է, որ որպէս պարգեւ տրուած է ծնողներուն:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -377-

Փոքր ժամանակ չեմ գիտեր ինչու, եղբայրս սուտի հանդէպ յատուկ սէր մը ունէր. այդ ստախօսոթիւնը սակայն ո՛չ վախի եւ ոչ ալ այլ հոգեկան բարդոյթներու հետեւանք էր. պարզապէս կը սիրէր սուտ եւ երեւակայական պատմութիւններ հիւսել:

Օրինակի համար, Նոր տարուան գիշեր մը աւելի քան քառասուն հոգի յարձակած էին իր վրայ. ինք իր մէջքէն դուրս հանած էր ատրճանակը եւ յանկարծ քառասուն հոգին ներողութիւն խնդրելով հեռացած էին:

***

Պատանի եղած ժամանակ եղբայրս արաբական պարախումբի մը մաս կը կազմէր. օր մը գիշերով հանդիսութենէ մը վերադառնալով պատմեց. «Երէկ պարի զոյգս եկած էր, իր հետ միասին այնպէս մը պարեցինք, որ ամբողջ սրահը ապշած ծափահարութիւններ ու գոչեր բարձրացուց»:

Յաջորդ առաւօտ, գուցէ մոռնալով իր սուտը դարձեալ մէկ օր առաջուան առիթին մասին պատմեց. «Պարի զոյգս եկած չէր. ձեռքս սուրեր տուին եւ մինակս բեմ բարձրացայ...»:

Թէ ինչո՞ւ կը սիրէր նման երեւակայական պատմութիւններ պատմել՝ չեմ գիտեր, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ մօրեղբայրներէս մէկուն ածականը «CNN» է՝ իր սուտ տեղեկատուութիւններուն պատճառով:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2023