ՏԱՌ ԱՅԲՈՒԲԵՆ ԵՒ ՏԱՌԵՐՈՒ ԹՈՒԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔԸ

Հնչիւնաբանութիւնը կ՚ուսումնասիրէ լեզուի մը հնչիւնային կազմը՝ անոր մէջ եղած հնչիւններուն տեսակները եւ փոփոխութիւնները։

Ամէն բառի մէջ կան զանազանելի առանձին ամենափոքր մասեր՝ որոնք միասին որոշ իմաստ մը կ՚արտայայտեն, զոր օրինակ՝ «քար» բառը բաղկացած է երեք ամենափոքր մասերէ՝ «ք»-«ա»-«ր», իսկ «ծաղիկ» բառը՝ հինչ ամենափոքր մասերէ՝ «ծ»-«ա»-«ղ»-«ի»-«կ»։

Այսպէս՝ բառի մը մէջ զանազանուող ամենափոքր միաւորը «հնչիւն» կը կոչուի։

Սակաւաթիւ բառեր կազմուած են միայն մէկ հնչիւնէ. օրինակ՝ «ու» (Հայր ու որդի պարտէզ եկան), «է» (Գուրգէնը իմ ընկերս է)։

Հնչիւնի գրաւոր նշանը՝ պատկերը «տառ» կը կոչուի. զոր օրինակ՝ «սար» բառը կազմուած է երեք հնչիւններէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գրուի մէկ տառով՝ ս-ա-ր։ Սակայն կայ պարագայ մը, ուր միեւնոյն հնչիւնը կը ներկայացուի երկու տարբեր տառերով. օրինակ՝ «օ» հնչիւնը կը գրուի թէ՛ «օ» տառով (օր, օղ) եւ թէ «ո» տառով (ով, ովկիանոս, նոր, շող)։ Բառի մը մէջ յաճախ կը լսենք «է», բայց կը գրենք «ե» (գետ, հետ, նետ, շեշտ)։

Տառերու (կամ գիրերու) յաջորդական կարգը «այբուբեն» կը կոչուի՝ առաջին եւ երկրորդ տառերու անուններով՝ «այբ», «բեն»։

Հայերէնի տառերը ունին իրենց անունները. այբ, բեն, գիմ, դա, եչ, զա, է, ըթ, թօ, ժէ, ինի, լիւն, խէ, ծա, կեն, հօ, ձա, ղատ, ճէ, մեն, յի, նու, շա, ո, չա, պէ, ջէ, ռա, սէ, վեւ, տիւն, րէ, ցօ, ւիւն, փիւր, քէ, օ, ֆէ։

Ասոնցմէ զատ հայերէնը ունի նաեւ հնչիւն մը՝ թէեւ պարզ, բայց երկու տառով գրուող՝ «ու»։

Տառերը մեծատառ (գլխատառ, գլխագիր) կամ փոքրատառ կը գրուին։

Տառերու թուային արժէքները եւ անոնց կիրարկութիւնը. հին ժամանակները, երբ ներկայիս գործածուող թուանշանները դեռ չկային, իբրեւ թուանշան կ՚օգտգործուէին հայերէն տառերը։ Անոնք բաժնուած էին չորս իննեակի՝ միաւորներ, տասնաւորներ, հարիւրաւորներ եւ հազարաւորներ, իրենց առաջին տառերը ունենալով՝ ա- 1, ժ- 10, ճ- 100, ռ- 1000։

Եւ յաջորդ տառերը՝ ըստ համապատասխան թիւերու. այսպէս՝

Ա- 1               Ժ- 10           Ճ- 100          Ռ- 1000

Բ- 2               Ի- 20            Մ- 200         Ս- 2000

Գ- 3               Լ- 30            Յ- 300          Վ- 3000

Դ- 4               Խ- 40           Ն- 400          Տ- 4000

Ե- 5               Ծ- 50           Շ- 500          Ր- 5000

Զ- 6               Կ- 60            Ո- 600          Ց- 6000

Է- 7               Հ- 70            Չ- 700          Ւ- 7000

Ը- 8               Ձ- 80            Պ- 800          Փ- 8000

Թ- 9               Ղ- 90           Ջ- 900          Ք- 9000

Օրինակ՝ 1968-ը կը գրուի ՌՋԿԸ։

Այժմ տառերը յաճախ կը գործածուին միայն իբրեւ «դասական թուական». Ա՝ առաջին, Բ՝ երկրորդ, Գ՝ երրորդ, Թ՝ իններորդ, Ժ՝ տասներորդ, ԻԱ՝ քսանմէկերորդ եւ այլն։

Բառարաններու մէջ բառերը բնականաբար դասաւորուած են այբբենական կարգով. հաշուի առնուած են ոչ միայն բառերու սկզբնատառերը, այլեւ բոլոր տառերու յաջորդականութիւնը. զոր օրինակ՝ «անուն» բառը աւելի առաջ է, քան «աշուն» բառը. ինչպէս՝ «բակ» բառը աւելի առաջ է, քան «բան» բառը եւ այլն, քանի որ այբուբենին մէջ «ն» գիրը «շ»էն, իսկ «կ»ն՝ «ն»էն առաջ են։

Անշուշտ որ այս բոլոր տեղեկութիւնները անծանօթ չեն մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն. փափաքեցանք պարզապէս վերաքաղ մը ընել եւ մեր գիտցածները վերյիշել միասին…

- Սկզբնաղբիւր.- Ս. Գ. Աբրահամեան, Բ. Յ. Վերդեան, Վ. Ա. Քոսեան. «Հայրերէն լեզուի դասագիրք», Երեւան, 1968։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 20, 2024, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2024