ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ՝ ԴՐԱՄԻՆ ԲՈՒՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ - Գ -

Ը­սինք որ դրա­մը մո­գա­կան զօ­րու­թիւն մը ու­նի, ո՛ւժ մըն է ան՝ ո­րուն առ­ջեւ յա­ճախ կը լու­ծուին, կը տկա­րա­նան օ­րէնք՝ սկզբունք՝ հա­մո­զում՝ հա­ւատք՝ պար­կեշ­տու­թիւն՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն, եւ ազ­նուու­թիւն՝ բո­լո­րը։ Քա­նի որ ան ա­նի­մա­նա­լի, ան­բա­ցատ­րե­լի ո՛ւժ մըն է՝ ա­մե­նէն ա­հա­ւո­րը ու­ժե­րուն, ա­մե­նէն ան­տե­ղի­տա­լին, ո­րուն չի կրնար դի­մադ­րել մարդ­կա­յին միտ­քի ար­տադ­րած հնարք­նե­րէն եւ ո՛չ մին։ Ա­մէն­քը կը հպա­տա­կին ա­նոր։

Ա­յո՛, սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կա՛մ, ո՛ւժ մըն է դրա­մը։ Եւ իր այդ յատ­կու­թիւնն է ա­մե­նէն ա­ւե­լի՛ որ կը բարձ­րաց­նէ իր ար­ժէ­քը քրիս­տո­նէու­թեան առ­ջեւ, քա­նի որ ո՛ւր կայ ուժ՝ հոն ըն­դու­նա­կու­թիւ­նը կայ բա­րիին, լա­ւին եւ օգ­տա­կա­րին։

Ար­դա­րեւ չա­րը չի կրնար մշտնջե­նա­պէս զօ­րա­ւոր ըլ­լալ, մշտա­պէս պա­հել ու­ժը, քա­նի որ բա­րին կեա՛նքն է նոյ­նիսկ, եւ ա­մէն ինչ որ կեանք ու­նի՝ բա­րիին սկիզ­բը ու­նի, բա­րիին պատ­րաս­տու­թիւ­նը ու­նի ար­դէն իր մէջ, ըլ­լա՛յ բնու­թեան բղխում, ըլ­լա՛յ միտ­քի ծնունդ ո՛­րե­ւէ բան՝ որ ներս կը մտնէ գո­յու­թեան ո­լոր­տէն, ը­սել է թէ նպա­տա­կի մը պի­տի ծա­ռա­յէ, կո­չումն ու­նի օգ­տա­կա­րին եւ բա­րիին, բա­ւա­կան է որ աչք մը հսկէ իր վրան, կամ ձեռք մը վա­րէ զինք դէ­պի այն։ Չա­րը՝ ա­պա­կա­նումն է, այ­լա­սե­րումն է, խե­ղա­թիւ­րումն է բա­րիին, որ գրե­թէ միշտ մար­դոց անզ­գոյշ տհա­սու­թեան կը պար­տի իր գո­յու­թեան ի­րա­ւուն­քը։

Եւ դրա՛մն ալ, որ իր ծագ­ման մէջ բա­րի է ա­մէն բա­նով, ա­մէն կեր­պով, քա­նի որ ստեղծուած է իբ­րեւ պէտ­քի մը, պա­հանջ­քի մը գո­հա­ցում, եւ դիւ­րու­թիւն, կը դիւ­րաց­նէ մար­դոց ա­ռեւտ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ան կա­րե­լի է նմանց­նել իւ­ղի որ կը զօ­րաց­նէ եւ կը դիւ­րաց­նէ «տնտե­սա­կան գոր­ծառ­նու­թիւն­նե­րու մե­քե­նայ»ին աշ­խա­տան­քը։

Դրա­մը՝ այն ա­տեն միայն յո­ռեշր­ջուե­ցաւ չա­րու­թեան գոր­ծի­քի մը, երբ մար­դիկ ան­տե­սե­ցին ա­նոր բա­րի յար­մա­րու­թիւն­նե­րը եւ յատ­կու­թիւն­նե­րը եւ սկսան ծա­ռա­յեց­նել զայն իբ­րեւ գոր­ծիք ի­րենց փա­ռա­տենչ ու ցու­ցա­մոլ ցան­կու­թիւն­նե­րուն։

Ուս­տի դրա­մը եր­բեք նպա­տակ չէ, այլ բա­րի պատ­ճա­ռով մը ստեղ­ծուած՝ բա­րի նպա­տա­կի ծա­ռա­յող մի­ջոց մը, ա­ռար­կա՛յ մը։

Մարդ ե­թէ ըն­դու­նի այս ճշմար­տու­թիւ­նը՝ այ­լա­պէս դրա­մը պի­տի վե­րագտ­նէ իր իս­կա­կան եւ ար­դար ար­ժէ­քը, եւ հե­ռու պի­տի մնայ ա­մէն մե­ղադ­րան­քէ եւ պի­տի ծա­ռա­յէ իր բա­րի ե՛ւ օգ­տա­կար նպա­տա­կին՝ ո­րուն կո­չուած է սկիզ­բէն ի վեր։

Աշ­խար­հի վրայ ապ­րող մար­դոց 90 տո­կո­սը կ՚ը­սէ, թէ «տնտե­սա­գէտ ճար­տա­րա­խօս մը՝ հա­րիւ­րե­րոր­դին փշրանք­նե­րո­վը՝ ա­նոր հա­ճոյ­քին սպա­սար­կու­թեամբ կ՚ապ­րի»։ Մարդ­կա­յին հո­գին եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը սպան­նող ա­նի­րա­ւու­թի՛ւն մըն է ա­սի­կա՝ որ ոս­կիին կամ դրա­մին անխ­նայ տի­րա­պե­տու­թեա­նը տակ ստեղ­ծուած է…։

Հին ժա­մա­նակ­նե­րու ծա­ռան գի­տէ՛ր թէ այդ­պէս է ճա­կա­տագ­րին կամ ը­սենք, բնու­թեան տնօ­րի­նու­թիւ­նը, կար­գը, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ կը հա­մա­կեր­պէր իր վի­ճա­կին՝ կո՜յր եր­կայ­նամ­տու­թեամբ մը, ճա­կա­տագ­րա­պաշտ էր ա­նի­կա։

Այ­սօր ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ ծա­ռա­յին դիրքն ու վի­ճա­կը՝ ան կը խոր­հի թէ ի՛ր ալ ի­րա­ւունքն է եր­ջան­կու­թիւ­նը, ի՛ր մարդ կո­չու­մը տուած է ի­րեն ալ ապ­րե­լու ի­րա­ւունք եւ կեան­քի բա­րիք­նե­րը վա­յե­լե­լու ա­զա­տու­թի՛ւն։ Եւ երբ զրկուած է իր ի­րա­ւուն­քէն ու կաշ­կան­դուած իր ա­զա­տու­թիւ­նը՝ կը փնտռէ, կը պա­հան­ջէ զա­նոնք։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, աս­կէ է որ կը ծա­գին ու կը ծա­ւա­լին այն տան­ջանք­նե­րը, ըն­կե­րա­յին այն ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, տուայ­տան­քը՝ որ կը մրրկեն մար­դուն հո­գին, եւ նա­խան­ձի ու ա­տե­լու­թեան վատ ու դառն  զգա­ցում մը կը ստեղ­ծեն դրա­մին դէմ։ Մինչ­դեռ դրա­մը ան­մե՛ղ է, մարդն է մե­ղա­ւո­րը։

Դրա­մին ան­յագ, ան­կուշտ սէ­րը կը վե­րա­ծուի ա­գա­հու­թեան, մո­լու­թեան, եւ կը խան­գա­րէ ըն­կե­րու­թեան խա­ղա­ղու­թիւ­նը, կ՚ա­ւե­րէ ըն­կե­րա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, ոճ­րա­գործ ա­նի­րա­ւու­թիւն­ներ եւ ցա­ւա­լի զրկանք­ներ կը ստեղ­ծէ՝ աղ­քա­տին հա­ցին մէջ թո՛յն կը խառ­նէ, ան­հա­ւա­տար­մու­թիւն­ներ ու յափշ­տա­կու­թիւն­ներ կը մշա­կէ, կը թոյ­լատ­րէ նոյնիսկ դա­րա­նա­կալ վայ­րա­գու­թիւն­ներ, ո­րոնց առ­ջեւ ան­զօր կը մնան շատ ան­գամ նոյ­նիսկ կրօ­նի զգա­ցու­մը, հան­րու­թեան սէ­րը եւ ըն­տա­նի­քի հան­դէպ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Դրա­մը ո՛ւժ մըն է, ե­թէ բա­րի նպա­տա­կով գոր­ծա­ծել գի­տէ զայն մարդ, ան «բա­րի՛ ուժ» մըն է…։

- Ներշն­չուե­ցանք եւ մա­սամբ օգ­տուե­ցանք 1905-ին հրա­տա­րա­կուած Թոր­գոմ Ար­քեպս. Գու­շա­կեա­նի մէկ քա­րոզ-յօ­դուա­ծէն՝ որ գրուած է Ար­մաշ, ուր կը պաշ­տօ­նա­վա­րէր որ­պէս Ծայ­րա­գոյն Վար­դա­պետ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 18, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015