ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Ե -
«Անուն»ին կարեւորութիւնը իր իմաստին մէջն է, անունը, արդարեւ, կը նոյնանայ «անձ»ին հետ եւ կը կազմէ «ինքնութիւն» եւ այս կերպով անունը արժէք կը ստանայ։ Անհատը «ի՛նք» է իր կրած անունով եւ ինչո՞ւ չէ՝ իր անուան իմաստո՛վ։
«Անուն»ը երբ կը լսուի, կ՚արտասանուի՝ մարդուս աչքին կը պատկերանայ «անձ»ը…
Ուրեմն, շարունակենք անուններու իմաստները տեսնել՝ Հրաչեայ Աճառեանի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի եւ André-Marie Gerard-ի բառարաննէն քաղուած տեղեկութիւններով։
Խաղաղութիւն= «Սուքիաս» անունէն՝ որ կը նշանկէ՝ խաղաղ, հանդարտ, խաղաղութիւն
Խամարդաւլա= «լուսին պետութեան». կարելի է համեմատել՝ «Գամառ-Քաթիպա» ծանօթ անունին՝ որ յայտնի է թէ կազմուած է երեք անուններու եւ ազգականներու նախատառերէն. Գէորգ Քանանեան, Մնացական Թիմուրեան եւ Ռաֆայէլ Պատկանեան, բայց ամբողջը այնպէս համարուած է, որ ստացուած է «լուսնային քարտուղար», մեծ բանաստեղծներու տրուած յայտնի տիտղոսէն
Խայաթ= դերձակ
Խանդան= ուրախ, ժպտերես, խնդացող
Խանսանամ= գեղեցկութեան տիպար, պատկեր
Խաչանէս= «խաչ» բառէն կազմուած անուն, ինչպէս՝ «Յովհաննէս», «Վրթանէս», եւայլն
Խաչատուր= Խաչին տուածը, ինչպէս՝ «Ասատուր», «Տիրատուր», եւայլն
Խաչգունդ= խաչվառի կամ խաչալամի վրայի գունդը
Խաչեղբայր= հայերէն իմաստով՝ «խաչեղբայր»ը՝ պսակի արարողութեան ընթացքին, կնքահօր օգնականն է
Խաչենիկ= «խաչ» բառէն՝ ինչպէս եւ «Վարսենիկ», «Սաթենիկ» անունները
Խաչեր= «խաչ» բառին յոգնակին. նաեւ՝ «Խաչերես» անուան կրճատուած ձեւը
Խաչէվարդ= խաչով վարդ իմաստով
Խաչիկ= «խաչ» բառի նուազականը՝ «Խաչատուր» անուան փաղաքշականը
Խաչման= «Խաչմանուկ» անուան կրճատ ձեւը
Խաչում= խաչելութիւն
Խարտեաշ= սեւուկ, խարտեաշ
Խդըր= մարգարէի անունէն, նաեւ որպէս մականուն՝ «Խտրեան»
Խդրշահ= «Խդըր» մարգարէի անունէն՝ թագաւոր
Խելոք կամ Խելօք= իմաստուն. (Սոֆիա)
Խէրադին= կրօններու օգուտը, բարիքը
Խէրան= զարմացած, հիացած
Խէրի= բարեգործական
Խիլայ= նուէր՝ հայերէն «խիլայ» բառը
Խիկար= իմաստուն, խոհեմ, բանիմաց
Խնդիր= աղաչանք, խնդրանք, փափաք յայտնել
Խնդում= Խնդուն= ուրախ, զուարթ, ժպտուն (յունարէն՝ «Իլարիոն»)
Խնդուշ= խնդալ, ուրախանալ, ժպտիլ
Խնդրած= ուխտով խնդրուած, փափաքուած
Խնկիկ= «խունկ» բառի փաղաքշական ձեւը
Խնձոր= «խնձոր» բառէն իգական անուն
Խոնարհ= «խոնարհ», համեստ
Խոշ= անոյշ, քաղցր
Խոշեար= քաղցր, լաւ, սիրելի, մտերիմ բարեկամ
Խոստրիկ= խոստում, կամ «ուխտական զաւակ»
Խոսրան= Խոսրով= բարեհամբաւ, բարի անուն. (հակառակն է՝ հայերէն «դսրով»)
Խոսրովիդուխտ= Խոսրովին աղջիկը, դուստրը
Խորէն= արեգակ, արեւիկ
Խոցադեղ= վէրքի դեղ
Խուանդ= տէր
Խուբ= լաւ, գեղեցիկ
Խուբեար= սիրելի բարեկամ
Խուբիջան= Խուբիճան= լաւ հոգի, բարի հոգի
Խուբնիգար= գեղեցիկ պատկեր, նկար
Խուդաբաշխ= աստուածապարգեւ, աստուածանուէր
Խուդադադ= Խուդիտադ= աստուծատուր
Խուդադան= աստուածաճանաչ, աստուածածան, աստուածագէտ՝ Ատսուած ճանչցող, գիտցող
Խուդադար= աստուածակիր. նաեւ՝ Իսադար
Խութայ կամ Խութա= Սասուն
Խութան= հաւալուս. «pelikan», նաեւ՝ «արագիլ» գաղթող թռչուն
Խունկ= «խունկ»՝ կնդրուկ՝ անուշահոտ եւ բուրումնաւէտ խէժ
Խուրդիշ= արեգակ, լուսաւոր, պայծառ, փայլուն
Խրիմ= «Ղրիմ» թերակղզիի անունէն՝ «Ղրիմի իշխանունհի» իմաստով
Խրմըզ= որդան կարմիր
Ծածուր= Աստուածատուր անուան կրճատ ձեւը. փոխուելով՝ «Ծատուր»էն
Ծաղիկ= «ծաղիկ» բառը՝ «Ֆլորա»
Ծաղկանց= ծաղիկ բառի յոգնակի սեռականը
Ծաղկինէ= «ծաղիկ» բառէն անուն. նման անուններ՝ Եւգինէ, Արմինէ, Ատրինէ, Քրիստինէ, Վերգինէ, եւայլն
Ծամ= մազ, «Ծամոսկի»ի կրճատ ձեւը
Ծամալ= դեղ
Ծամիկ= «ծամ» անուան փաղաքշական ձեւը
Ծամոսկի= այն՝ որուն մազերը ոսկեգոյն են. ոսկեհեր. կրճատ ձեւը՝ «Ծամ»
Ծեր= Ծերուն= ծերուկ իմաստով. նաեւ՝ Սիմոն Ծերունիի ակնարկութիւն
Ծերօն= «Ծերուն» անուան տարբեր ձեւը
Ծիածան= հայերէն «ծիածան» բառէն
Ծիծառնիկ= ծիծառն՝ ծիծեռնակ բառէն, փոքր թռչուն (=kırlangıç)
Ծովակ= ծովային. (լատիներէն՝ «Marinus»)
Ծովիկ= Ծովի= «ծով» բառէն
Ծովինար= «ծովինար» բառէն՝ փայլակ
Ծոցիկ= «ծոց» բառէն փաղաքշական ձեւ
Կակոս= Կիրակոս անուան կրճատ ձեւըs
Կայծակ= փայլակ
Կանաչ= թարմութիւն, կենդանութիւն, կենսունակութիւն. «կանաչ» բառէն
Կապոյտ= «կապոյտ» բառէն. ինչպէս՝ Սեւուկ
Կապուտիկ= «կապոյտ»ի փաղաքշական ձեւը
Կատա= «Կատարինէ»ի կրճատ ձեւը. «Կատարինէ» եւրոպական անուն է՝ «Catherine» կը նշանակէ՝ մաքուր, թարգմանաբար՝ «Մաքրուհի» անունը
Կարապետ= առաջնորդ, ճամբայ բացող
Կարէն= իրանական՝ «Karen», լատինական՝ «Carenes», արաբերէն՝ «Qaran»
Կարինէ= «Գայիանէ» անունէն հնչումով ձեւափոխութեամբ կազմուած անուն. «Կարին» քաղաքի անունին հետ պատահական նմանութեամբ (Հրաչեայ Աճառեան)
Կարճ= «կարճ» բառը, փաղաքշականը՝ «Կարճիկ»
Կարպիաս= «Պողիկարպոս» անուան կրճատուած ձեւը, կը գործածուի որպէս «Կարպիս», որ փաղաքշական ձեւն է «Կարապետ» անուան
Կաքաւ= «կաքաւ» թռչունը, կը գործածուի թէ՛ արական, թէ՛ իգական անուն
Կեկել= գեղեցկուհի. (ֆրանսերէն՝ «Cécile»)
Կենսաբեր= կեանք բերող
Կեչեղակ= «կաչաղակ» թռչունը. «saksağan»
Կեռան= «տիրուհի Աննա» (յունարէն ձեւէն)
Կեռաս= կեռաս պտուղը
Կեռսակ= «Կիռ Սահակ»ի կրճատ ձեւը
Կեցուն= մնացական, երկայնակեաց
Կթուն= նուշի, ընկոյզի, եւայլն միջուկը՝ որ կորիզին մէջ ծածկուած է
Կիպրիանոս= բուն կիպրացի. (լատիներէն՝ «Cyprianus», ֆրանսերէն՝ «Cyprien»)
Կիրա= տիրուհի
Կիրակէ= տէրունական. «տիրուհի» իմաստով
Կիրակոս= տէրունի՝ տէրունական, Տիրոջ պատկանող
Կիւրեղ= տիրուկ՝ որպէս գգուական ձեւը «տէր» բառին. (լատիներէն՝ «Cyrillus», ֆրանսերէն՝ «Cyrille», անգլերէն՝ «Cyril»)
Կլէոպատրա= փառք, հռչակ, հօրը փառքը
Կղաւդիոս= «կաղ» բառէն. (լատիներէն՝ «Claudianus», «Claudia»)
Կղեմէս= հեզ, հանդարտ, ողորմած, քաղցր. «Clemens», «Clément», «Clem»
Կոզմաս= կարգ կանոն, զարդ. «Cosmus», «Côme», «Cosme», «Cosmo»
Կոկոն= հայերէն՝ «կոկոն» բառը
Կոմիտաս= երկար մազերով, մազոտ, զինուոր, կրճատ ձեւը՝ «Կոմիկ»
Կոմս= իշխան, կոմս
Կոյս= «կոյս» բառը (հայերէն բառ)
Կոպեռնիկ= լեհացի աստղաբաշխի՝ Նիկոլա «Copernic»ի ազգանունը, որ գործածուած է որպէս անուն
Կոռնակ= բորենիի փոքր ձագ. «sırtlan» նաեւ՝ կորիւն բառի գգուական ձեւը
Կոստանդին= Կոսի= դիմացկուն, ամուր, հաստատուն, տեւական. «Constantinus». կրճատ ձեւն է՝ «Կոստիկ»
Կովկաս= Կովկաս լեռներու անունէն
Կորիւն= առիւծի ձագ, համազօր անուններ՝ Լեւոն, Ղեւոնդ, «Ասադ», «Հայդար», «Ասլան»
Կորկոտակ= ջարդուած, թեփահանուած ցորեն՝ գործածուած է որպէս անուն
Կորնկան= առուոյտի (yonca) նման խոտի տեսակ մը
Կուգոր= «Գրիգոր» անուան ժողովրդական ձեւը
Կուզի= գառնուկ
Կուիրինոս= սլաք, նետ. «Quirinus»
Կուլաֆչա= կարմիր գոյնով ծաղիկ մը
Կուրտ= ներքինի
Կտրիճ= «կտրիճ» բառը՝ «քաջ»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 19, 2016, Իսթանպուլ