ՄԵՂՐԱԲՋԻՋՆԵՐԷ ԾՈՐՈՂ ՄԵՂՐ

Քաղցրախօս՝ անուշ լեզուով խօսուած խօսքը կը նմանի փեթակի մը բջիջներէն հոսող մեղրի կաթիլներու։ Արդարեւ, մեղրախորիսխ, այսինքն մեղրով լեցուն բջիջներ ինչպէս որ մեղրածոր են, քաղցր՝ անուշ խօսք մըն ալ նո՛յնպէս մեղրի նման քաղցր է եւ կարծես «բերնէն մեղր կը հոսի», ինչպէս՝ փեթակին մեղրաբջիջներէն մե՛ղր։

Արդարեւ, «բջիջ»ը՝ մեղուներու շինած վեցանկիւն՝ մոմէ խորշերն են, այսինքն՝ ծակեր փեթակի բջիջներ՝ ուրկէ քաղցրահամ մեղր կը հոսի։ Եւ երանի՜ այն մարդուն՝ որուն բերանը մեղրաբջիջի մը կը նմանի եւ տեւական քաղցր խօսքեր կը լսուին։

Քաղցրախօս ըլլալու համար, մարդ, նախ պէտք է քաղցրաբարոյ ըլլայ, այսինքն մեղմ եւ անոյշ բնութեան տէր ըլլայ։ Իսկ քաղցրաբարոյ ըլլալու համար պէտք է հանդարտաբարոյ ըլլալ, հաշտ աչքով դիտել շուրջը՝ հանդուրժողութիւն ունենալ, ներքին խաղաղութիւն ունենալ, համբերել, թոյլատու եւ ներողամիտ ըլլալ, համակրական հասկացողութեամբ մօտենալ իր շուրջիններուն, լայնախոհ եւ ազատամիտ ըլլալ, եւ սիրել ամէն ինչ՝ գիտնալով որ այդ ամէնը Աստուծոյ ստեղծագործութիւնները եւ արարածներն են։

Մարդ քաղցրաբարոյ է, երբ կրնայ սանձել եւ զսպել իր կիրքերը եւ կրնայ կշիռ դնել իր փափաքներուն։ Քաղցրաբարոյ է այն մարդը՝ որ տէ՛րն է իր «Ես»ին։

Արդարեւ, հաւատքը կը մղէ մարդուն սիրտը եւ կը դարձնէ զայն դէպի Աստուած, կը բանայ մտքին աչքերը եւ ճշմարտութեան հաւանելու ու հաւատալու քաղցրութիւնը կու տայ բոլորին։ Արդարեւ, «Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներուն վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն», կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԳԱՂ. Ե 22-25), եւ «Հոգին մեր կեանքն է» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26)։ Եւ ուրեմն քաղցրութիւնը կու գայ Սուրբ Հոգիէն։ Եւ դարձեալ Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ. «Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ» (ԵՓՍ. Դ 2)։

Ուստի, քաղցրաբարոյ ըլլալ առաքինութիւն մըն է՝ ազնուութիւն եւ ճշմարիտ եւ անկեղծ մարդասիրութեան արտայայտութի՛ւն։

Այս ուղղութեամբ «ինքնազսպութիւն»ը անհրաժեշտ պայման մըն է քաղցրաբարոյ բնաւորութեան մը։ Ինքնազսպութիւնը, ինքզինք հակակշռել, տէր ըլլալ իր կիրքերուն, կենցաղագիտական պահանջք մըն է միանգամայն։ Արդարեւ, մարդու մը «բարեկիրթ» եւ քաղցրաբարոյ ըլլալու ապացոյցներէն մէկն է ինքնազսպութիւն (=self control) ունենալը։

Ինքնազսպութիւնը արուեստի մը պէս է՝ չի ստացուիր, ստացական չէ՛, այլ՝ ընդոծի՛ն, կը մշակուի հետզհետէ կամքով եւ ջանքով, որ արդէն ընդաբոյս է։ Պարզապէս, անքաղաքակրթութեան նշան է, երբ ոեւէ մէկը յուզման կամ բարկութեան ատեն իր բուռն զգացումները եւ բորբոքած կիրքը չի կրնար զսպել, այլ յախուռն լեզուով եւ անվերապահ դուրս կու գայ խօսք մը, եւ դուրս կու տայ ի՛նչ որ կը խորհի եւ կը զգայ ճիշդ այդ վայրկեանին, կը վիրաւորէ արժանապատուութիւններ։

Եւ որքա՜ններ իրենց ամենէն մօտիկ եւ անկեղծ ընկերներուն եւ բարեկամներուն սիրտը դառնապէս վիրաւորած եւ զանոնք օտարացուցած են իրենց այս անզգոյշ եւ յախուռն վարմունքով։

Ինքնազսպութեան պակասը մեծ եւ անդարմանելի աւերներ կը գործէ նաեւ ընտանեկան կեանքի մէջ, երբ այր-մարդը իր կնոջ, իր ամուսնին մէկ թեթեւ սխալմունքին եւ կամ անխորհուրդ դիտողութեան համար կիրքի ելած բարկացայտ խօսքեր կ՚արձակէ բերնէն՝ վիրաւորիչ եւ անպատկառ բառերով, կատաղի աղմուկներով, եւ կնոջը սիրտը կը կոտրէ եւ անոր սիրոյն հարուած կու տայ, եւ կամ երբ հայր մը նոյն անզուսպ բնաւորութեամբ կը յանդիմանէ եւ կը նախատէ իր տղան կամ աղջիկը խիստ խօսքերով եւ երբեմն ալ ապտակելով…։ Մինչդեռ քաղցրախօս ամուսին մը կամ ծնող մը երջանիկ ընտանիքի մը առաջնակարգ պայմաններէն ըլլալու գիտակցութիւնը եթէ ունենային անոնք, ո՜րքան երջանիկ միջավայր մը պիտի ըլլար ընտանիքը…։

Ինքզինք զսպել չգիտցող ամուսին մը եւ կամ հայր մը, իր տունը «դժոխք» կը դարձնէ այդ տգեղ եւ անվայել բնաւորութեամբը։ Ընտանեկան կեանքի խաղաղութեանը համար ամուսիններ՝ այր-մարդն ալ, կին-մարդն ալ, զաւակներն ալ պէտք է սորվին զսպել իրենց զգացումները, կիրքերը եւ սանձ դնել իրենց մանաւանդ լեզուին՝ ինքնազսպութիւն ունենալով։

Արդարեւ, հանրային եւ ազգային կեանքի մէջ ալ անզուսպ բնաւորութեան տէր մարդիկ, որ ընդհանրապէս իրենց լեզուն սանձել եւ զգացումները եւ կիրքերը կշռել եւ չափաւորել չեն գիտեր, չարիքներ կը ստեղծեն, որոնց տուժողը կ՚ըլլայ ժողովուրդը, քանի որ հոն կը բացակայի ընկերային խաղաղութիւնը։ Քաղցրախօս լեզուն է, որ խաղաղ միջավայր մը կը ստեղծէ միշտ։

Եւ ո՜րքան կը տեսնուի յաճախ ինքնազըս-պութեան բացակայութիւնը հրապարակային բեմերու վրայ, երբ ինքնակոչ եւ կարծեցեալ «ազգային փրկիչ»ներ դիւանագէտի եւ մանաւանդ ամենագէտի հովե՜ր առած՝ ջարդ ու փշուր կ՚ընեն իրենց պէս չխորհողները։ Հանդուրժողութեան եւ համբերութեան պակասը այս կերպով անդարմանելի աւերներու պատճառներ կը դառնան…։

Մինչդեռ իրենց պէս չխորհողները եւ այն մարդիկն ալ ուրիշ կերպով պատրաստ են ներկայ ընկերային հարցը լուծելու։

Պատմութեան դասերը կարեւոր են. պարկեշտութեամբ խորհելու, խօսելու եւ գործելու, եւ աւելի խոհեմ եւ պաղարիւն ըլլալու, քաղցրաբարոյ ըլլալու եւ ինքնազսպութեամբ արտայայտուելու մանաւանդ այն նիւթերու մասին, որ մեր գլխէն վեր են։ Ուստի պէտք է արժէք ընծայել մեզմէ տարբեր խորհողներու կարծիքներուն եւ համոզումներուն եւ գոնէ լո՛ւռ մնալ, փոխանակ յարձակումներ ընելու անոնց վրայ։ Ժողովուրդը կը տուժէ լեզուն եւ գրիչը չափաւորել չգիտցողներու, իմաստակներու անխոհեմ վարմունքին պատճառով։

Ահաւասիկ, հոս կ՚արժէ յիշել անգամ մը եւս Մ. Ա. Վոլթէրի սա խօսքը. «Խստիւ կը հակառակիմ ձեր մտածումին եւ բացարձակապէս կը մերժեմ ձեր գաղափարները, բայց ի գին ամէն ինչի կը պաշտպանեմ ձեր մտածումները եւ գաղափարները ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքը»։

Թող մեր խօսքերը մեղրաբջիջներէ ծորող քաղցր մեղրի կաթիլներ ըլլան, ընկերային խաղաղութեան եւ երջանկութեա՜ն գաղտնիքը այդ կաթիլներուն մէ՛ջն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 23, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2019