ԿՐՕՆՔ ԵՒ ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄ

«Կրօնքը մարդկային կեանքին որոշողութիւնն է (détermination) զգացումովը կապի մը՝ որ մարդկային հոգին կը միաւորէ այն խորհրդաւոր հոգիին հետ, որուն տիրապետութիւնը՝ աշխարհի եւ իր վրայ, կը ճանչնայ, եւ որուն հետ ի վերջոյ միացած կը զգայ ինքզինք», կ՚ըսէ Ալպերթ Ռէվիյլ։

Ըստ աստուածաբաններու, «Կրօնք»ի այս սահմանումը կանխահաս է, քանի որ նախքան այդ զգացումի զարթումը, նախքան այդ «որոշող» կարողութեան կազմուիլը՝ որ ինքնին իմացական զարգացումի նախընթաց շրջաններ կ՚ենթադրէ, բնութեան եւ մարդուն միջեւ հաղորդակցութեան նախնական կապ մը կայ, ուրիշ խօսքով՝ բնութիւնը առաջին կրօնքն է մարդուն, ինչպէս եւ կ՚ըսէ Գարեգին Արք. Խաչատուրեան։

Այս ուղղութեամբ, կենդանական կամ անասնական շրջանին մարդը, որ գտած է ինքզինք խորհրդաւոր զօրութիւններու, կամ աւելի ճիշդ՝ երեւոյթներու ազդեցութեան տակ, եւ որուն մէջ քննող եւ վերլուծող բանը (raison) իրեն սաղմնային եւ անգործ (inerte) վիճակին մէջ կը գտնուէր տակաւին, կը «յղանայ՝ առանց քննութեան եւ դատողութեան կարծիքներ», այսինքն բնութիւնը իր նախնական գաղափարապատկերները կը դրոշմէ անոր կերպընկալ գանկին մէջ ոչ այնքան ինքնատիպ երփներանգութեամբ մը, եւ ա՛յսպէս կը կազմուին «նախապաշարումներ»ը (préjugé

Նախապաշարումները, ուրեմն, այնքան արհամարհելի չեն՝ որքան կ՚ենթադրէ հասարակաց կարծիքը։ Քանի որ անոնք՝ իբրեւ առաջին յայտնութիւններ կամ թարգմաններ կրօնական զգացումին, անցեալին մէջ ունեցած են իրենց գոյութեան իրաւունքը եւ ներկայիս ունին իրենց կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, առանց անոնց մանրակրկիտ եւ խնամոտ ուսումնասիրութեան, անկարելի կը թուի ըմբռնել եւ ծանօթանալ ժողովուրդի մը ներքին կեանքը՝ հոգեբանութիւնը։ Ուստի ժողովուրդի մը ներկայ հոգեվիճակը հաստատուած եւ ներկայացուած է անցեալի նախապաշարումներուն վրայ։ Այս պատճառով, ո՛վ որ արհամարհական աչքով կը նայի ներկայ նախապաշարումներուն՝ ան կ՚արհամարհէ անցեալը, եւ ո՛վ որ ներկայ կրօնական զգացումը կ՚անջատէ անցեալ նախապաշարումներէն՝ կը սխալի՛։ Բայց արհամարհելի է շարունակել նախապաշարումները ի հեճուկս ներկայ կրօնական զգացումներուն։

Իր ամենալայն իմաստով, «վախ»ը այս նախապաշարումներու կարգէն է։ Ուստի, կրօնքի զգացումը երբ յայտնուած է մարդուս, զօրաւոր նեցուկը եղած է անոր, ինչպէս կ՚ըսէ, Սդուարդ Միլլ։ Նախապաշարումը, այսպէս՝ որպէս մայր-բնութեան տպաւորութեան հոգեխօսական (psycologique) առաջի՛ն արտայայտութիւն, իբրեւ նախազգացում, անհրաժեշտ նախաքայլն է դէպի կրօնի կատարեալ ըմբռնում։

«Կրօնքը մտքին մէկ կարողութիւնն է, որ ատակ կ՚ընէ ըմբռնելու անհունը զանազան անուններու եւ յարափոփոխ ծպտումներու տակ. առանց այս կարողութեան, ո՛չ մէկ կրօնք հնարաւոր պիտի ըլլար եւ ո՛չ մէկ կուռքերու եւ փետիշներու պաշտամունքը. եւ որքան ալ քիչ ականջ դնենք՝ ամէն կրօնքի մէջ կրնանք լսել հոգիին հեծեծանքը, անիմանալին իմանալու՝ անհասկնալին հասկնալու եւ ըմբռնելու եւ անբացատրելին բացատրելու համար ճիգի աւաչ մը՝ ձայն մը, մրմունջ մը, դէպի անհո՜ւնը բաղձանք մը», կ՚ըսէ Մաքս Միւլլէր։

Արդարեւ «անհուն»ը, որով շրջապատուած է մարդը՝ իբրեւ «հունաւոր» գոյութիւն մը՝ իր սահմանաւոր միտքով եւ կեանքով, եւ որ իսկապէս միջոցի պիտականուն եւ անըմբռնելի մէկ գաղափարապատկերն է կամ բնութեան համայնանկարի վերանցական (transcendental) մէկ սահմանումը՝ մտքին փորձառազուրկ մէկ իմացումին վրայ հիմնուած։ Թերեւս առաջինը եղած ըլլայ՝ որ արթնցուցած է մարդուն մէջ հեծեծանք մը, բաղձանք մը եւ յետոյ ճիգ մը՝ անհունը ճանչնալու, ըմբռնելու եւ բացատրելու…։

Անհունն ալ՝ այսպէս՝ կը տեսնուի որ ինքնին «նախապաշարում» մըն է։ Այսինքն խորհրդաւոր մեծղի երեւոյթի մը՝ խոշոր իրադարձութեան մը թափանցելու եւ ծանօթանալը իրականացնելու անկարող սահմանաւոր մտքին «կանխակալ մէկ ըմբռնում»ը՝ որ սակայն անփոփոխ մնալու դատապարտուած կը թուի, հակառակ «զանազան անուններու եւ յարափոփոխ ծպտումներու», քանի որ միջոց եւ ժամանակ՝ իբրեւ մտքին զուտ յառաջագունական (à priori) յղացումներ՝ վեր կը մնան ամէն տրամաբանական դրական եւ տիրական բացատրութիւններէ։ Անաշխատ նիւթէն ձերբազատուած եւ գործօն շունչով կենդանացած անասուն-մարդուն կրօնքը նախապաշարումներով ի յայտ կու գայ ուրեմն։ Բնութեան առաջին դասն է այդ, Օրէնքին առաջին նախագիծը եւ գերագոյն Կամքին առաջին յայտնութիիւնը՝ Բնութեան եւ Օրէնքին միջոցով։

Այստեղ կը յիշենք Վոլթէրի խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Եթէ Աստուած գոյութիւն չունենար, մարդը ինք աստուած մը պիտի ստեղծէր»։ Այստեղ, այս խօսքին մէջ «Եթէ»ն ցոյց կու տայ, թէ Վոլթէր հաւատացող մըն է, եւ ո՛չ թէ՝ անաստուած, ինչպէս կը կարծեն ոմանք։ Իսկ խօսքին վերջին մասն ալ կ՚ապացուցանէ «նախապաշարումներ»ու մարդկային մտացածին եւ յերիւրածոյ երեւակայութեան հետեւանք ըլլալը։ Արդարեւ, աւելի դիւրին է փաստել Աստուծոյ գոյութիւնը, քան Աստուծոյ անգոյութիւնը…։

Նախապաշարումները ծնունդ են նաեւ «նիւթապաշտութեան». փետիշապաշտութիւնը (կռապաշտութիւն=Fétichisme), քարապաշտութիւնը, երկնային մարմիններու եւ օդերեւոյթներու պաշտամունքը, ծառապաշտութիւնը եւ այլն, ինչպէս նաեւ ամէն տեսակ հմայութիւններ եւ կախարդութիւններ, որոնք բոլորն ալ «կրօնային գոյացութիւն» մը ունին իրենց մէջ։

Բնութեան եւ մարդուն միջեւ թաքուն եւ ներքին յարաբերութեան մը հոգեբանական զանազան խորհրդաւոր արտայայտութիւններն են անոնք. մարդուն բնախօսական (physiologique), զանազան երեւոյթներու մէջ, ընդհանուր խառնուածքին եւ կազմուածքին կամ տրամադրութիւններուն համապատասխան…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 23 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 25, 2022