ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (Գ.)
ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ
Նախորդ յօդուածին մէջ ըսինք, թէ անցեալին կողակիցի ընտրութիւնը կը կատարուէր ընտանիքներու կողմէ. այս երեւոյթը շարունակուեցաւ մօտաւորապէս մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբները. հայ ընտանիքներու մօտ եւս պարագան տարբեր չէր. սէրը որպէս սուրբ զգացում ընդունելով հանդերձ մարդիկ սէրը «ամօթ» կը նկատէին. անոնց համար սէրը ամունսութեան առաջնորդող զգացում մը ըլլալէ աւելի մարդիկը դժբախտացնող երեւոյթ որպէս կը դիտուէր. վէպերը, երգերն ու բոլոր տաղերը չապրուած սէրերու արցունքը կու լային, հետեւաբար ծնողներու կատարած ընտրութիւնը աւելի «յարմար» պիտի ըլլար՝ քան դէպի սիրոյ ողբերգութիւն առաջնորդուիլը:
Ծնողներու կողմէ կատարուած ընտրութեան գաղափարը աւելի յստակ դարձնելու համար կ՚ուզենք այստեղ յիշել հը-րապարակախօս ու բանասէր Յակոբ Թէրզեանի մեր թուականէն 114 տարիներ առաջ՝ 1909 թուականին «Ատանայի կեանքը» աշխատութեան մէջ գրած հետեւեալ տողերը. «Հաւանութիւնը առնելէ ետքը, մայրը կ՚ընտրէ աղջիկը եւ իր ամուսնոյն կը հաղորդէ, հայրը աղջկան ձիրքերէն աւելի հօրը կամ ազգականներուն յատկութիւնները նկատի կ՚առնէ եւ որոշումը տրուելէ ետքը երիտասարդին կը հաղորդուի կրկին նոյն ազգականին միջոցով: Երիտասարդը՝ իր ծնողացը յարմար դատածին համար ընդհանրապէս, մեծ «Այո»ն կ՚ըսէ եւ անմիջապէս նշանի պատրաստութեան կը ձեռնարկուի»:
Կողակիցի նման պատկերի մը մասին կը խօսի ազգագրագէտ եւ բանահաւաք Երուանդ Լալայեան, իր «Վասպուրական, ազգագրութիւն.- Ա. Վան, Տոսպ եւ Հայոց Ձոր, ամուսնութիւն եւ հարսանիքի սովորութիւններ» աշխատութեան մէջ. «Հնումը երիտասարդի ծնողներն էին ընտրում հարսնացուն, եւ պսակում էին առանց տղայի կամքը հարցնելու։ Եղել են շատ դէպքեր, որ տղան հարսնացուի երեսը տեսել է միայն առագաստի գիշերը»:
Երուանդ Լալայեանի, Յակոբ Թէրզեանի եւ մի քանի այլ մտաւորականներու աշխատութիւնները կարդալով կարելի է գիտնալ ու հասկնալ անցեալի մտածողութիւնը: Մարդոց մտածողութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր էր. ծնողքի մը համար մեծագոյն չափանիշներէն մէկն էր աղջկան տան գործերուն մէջ ցոյց բերած աշխատասիրութիւնը. մտային եւ վերացական արժէքները այնքան կարեւորութիւն չունէին, ինչքան աղջկան լաւ ճաշ եփելն ու տուն մաքրելը: Այդ չափանիշները ստուգելու համար գոյութիւն ունէր վստահաբար մեր բոլորին լսած «Աղջիկտես»ը: Յակոբ Թէրզեան իր աշխատութեան մէջ այսպէս կը նկարագրէ աղջիկտեսը. «Կանայք առանց նեղուելու՝ սկսում էին յայտնի կերպով զննել, քննել աղջկան, քայլել էին տալիս, ձեռները վերեւ բարձրացնում, մի շիւղ էին ցոյց տալիս, որ վերցնի, շատ ցածր ձայնով բան էին խնդրում, որ կատարի, ասեղ ու թել էին տալիս որ թելի». պէտք չէ զարմանալ, որովհետեւ հին ժամանակ դպրոցներուն մէջ գիտութիւն տալու փոխարէն աղջիկներուն տնային աշխատանքներ կատարել կը սորվեցնէին, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին մեծագոյն չափանիշներէն մէկը այդ էր. պէտք է ընդունիլ, որ այսօր պատկերը այնքան ալ հեռու չէ անցեալէն. մեր մայրերը եւս կը կարեւորեն, տեղին նոյնիսկ կը բամբասեն այդ չափանիշներու չգոյութիւնը:
Եթէ ուզենք ծնողքին կողմէ կողակից ընտրելու գաղափարին արմատները ուսումնասիրել, կը հասնինք մինչեւ Հին կտակարան. Ծննդոց 29.15-20 բաժնին մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Լաբան իր Ռաքէլ աղջիկը կնութեան կու տայ Յակոբին՝ առանց Ռաքէլի կարծիքն անգամ հարցնելու: Նոյնը կը տեսնենք բազմաթիւ տեղեր. օրինակի համար Ծննդոց 21.21. կը կարդանք. «... մայրը անոր համար կին առաւ Եգիպտոսի երկիրէն»:
***
Սակայն ինչպէս ամէն բան, այսօր այդ բոլորը եւս ապրած են որոշ «բարեփոխումներ» եւ այդ բաժինով մեր խօսքը կ՚ուզենք ուղղել մեր երիտասարդներուն, որպէսի կողակիցի ընտրութեան պարագային լաւապէս մտածեն, թէ ինչ բան պէտք է նկատի ունենան: Կեանքի ընկեր եւ կողակից ընտրելու պարագային մեր կարծիքով առաջին հերթին պէտք է նկատի առնել սեփական արժէքներն ու անոնց հանդէպ մեր ունեցած հասկացողութիւնները. նկատի ունենալով, որ բոլորս տարբեր ընտանիքներէ եւ շրջանակներէ կու գանք, որոշ արժէքներու շուրջ կրնանք ունենալ ամբողջովին տարբեր հասկացութիւններ եւ ըմբռնումներ: Զոյգերու միջեւ մեծագոյն բախումներէն մէկը (նոյնիսկ նիւթական խնդիրներէ աւելի) այդ արժէքներու հակասութիւնն է, այդ իսկ պատճառով կողակիցը քննելէ եւ ընտրելէ առաջ պէտք է լաւապէս սեփական վերլուծութիւն մը կատարել եւ որոշել մեզի համար կարեւորին եւ անկարեւորին ինչ ըլլալը, որովհետեւ կողակիցի կողմէ կամայ թէ ակամայ արժէքներու ոտնահարումը կրնայ լուրջ խնդիրներ յառաջացնել միասնական կեանքին մէջ:
Ամուսնական կեանքի մէջ յաջողելու մեծագոյն գաղտնիքներէն մէկը ինքզինք ճանչնալն է. պէտք է լաւապէս ուսումնասիրէք դուք ձեզ, զննէք ձեր նպատակները, ձգտումները եւ յստակ պատկերացում մը կազմէք, թէ ինչ է այս կեանքի մէջ ձեր ուզածը:
Վստահաբար լսա՛ծ էք այն հեքիաթը, ուր թագաւորը աղջկան կօշիկը ձեռքին կը շրջի գտնելու համար նախորդ գիշեր իր տեսած աղջիկը. ձեր ինքնաճանաչողութիւնը ձեր ձեռքին տրուած այն կօշիկն է, որուն համեմատ կողակից մը պիտի փորձէք գտնել, խուսաբելու համար ապագայ դժուարութիւններէն:
Ճիշդ է, որ կեանքի մէջ մէկս միւսէն աւելի բարձր չենք. բոլորս ալ որպէս մարդ հաւասար ենք, սակայն մեր մէջ սերմանուած արժէքները, տեսլականներն ու ապրելակերպը նոյն ձեւով չեն աճած. այդ իսկ պատճառով հակառակ կեանք ունենալը կրնայ մեծ խոչընդոտ հանդիսանայ ամուսնական կեանքի անդորրութեան: Աւելի յստակ դարձնելու համար օրինակով մը բացատրենք. պատկերացուցէք, թէ տղան փոքր տարիքէն եկեղեցի երթալու սէրը ունի, իսկ աղջկան համար եկեղեցի երթալը ընդհանրապէս «ապուշութիւն» մըն է. նման պարագայի մը եթէ անոնք դառնան զոյգեր, իրարու համար խոչընդոտ պիտի հանդիսանան. կա՛մ տղան պիտի յաջողի քանդել աղջկան համոզումները եկեղեցի երթալու հանդէպ եւ կամ ալ աղջիկը պիտի յաջողի տղուն մէջ դուրս հանել եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը:
Այդ իսկ պատճառով սեփական սկզբունքներուն չհակառակելու համար կարեւոր կը նկատենք ինքնաճանաչողութիւնը, որովհետեւ ձեր սկզբունքները փոխելը ձեզի համար եւ ձեր կողակիցին սկզբունքները փոխել փորձելը անոր համար «հաճելի» պիտի չըլլայ, հետեւաբար առաջին հերթին յստակացուցէք որակները, որոնք պիտի չխոչընդոտեն ձեր սկզբունքներու իրագործումը: Այդ ինքնաճանաչողութեան մէջ նկատի ունեցէք նաեւ վերացական, ինչպէս նաեւ ձեր զգացումի աշխարհը, որովհետեւ անոնց համարժէք կողակից մը գտնելով՝ հոգեպէս աւելի ուրախ ու երջանիկ պիտի ըլլաք:
Նախքան կողակիցի մը փնտռտուքը գծեցէք սահմաններ. որոշեցէք, թէ ո՛ր արժէքը ձեզի համար անձեռնմխելի է եւ որ մէկը ոչ. ո՛ր մէկը կարելի է սակարկել եւ որ մէկը ոչ. այսպիսով կը յաջողիք աւելի յստակ ու առողջ գնահատական մը կատարել եւ այդ բոլորը քննելու համար է, որ գոյութիւն ունի ընկերութեան, խօսքկապի, նշանախօսութեան ժամանակաշրջանները, աւելի մօտէն քննելու համար հաւասարակշռութիւնը արժէքներուն:
Վերոյիշեալ բոլոր կէտերը արտաքին գեղեցկութենէն դուրս ու հեռու հասկացողութիւն մըն է. ընդունինք կամ ոչ, մարդկայնօրէն բոլորս ալ հակումը ունինք դէպի գեղեցիկն ու գրաւիչը, սակայն վերոյիշեալ արժէքներն են, որ կը գեղեցկացնեն ամուսնական կեանքը եւ ո՛չ արտաքին գեղեցկութիւնը եւ ինքնաճանաչողութեան ընթացքը լաւապէս անցած անհատը կը յաջողի զանազանութիւն մը դնել արտաքին գեղեցկութեան եւ արէժքներու մէջ:
Վերոյիշեալ ինքնաճանաչողութիւնը պիտի օգնէ գտնել նոյն զգացումները, նոյն մտածումներն ու արժէքները բաժնող կողակից մը. այն նոյնութիւնը պատճառ պիտի ըլլայ, որպէսզի կարող ըլլաք դժուարին պահերուն զիրար մխիթարելու, հասկնալու եւ իրարու վէրքերը բուժելու. այդ նոյնութիւնն է, որ ձեր մէջ պիտի ստեղծէ առողջ հաղորդակցութիւն եւ բնական է, որ առանց առողջ հաղորդակցութեան, կարելի չէ ընկալել առողջ ընտանեկան մթնոլորտ մը:
Այդ իսկ պատճառով որպէս առաջին պայման, ժամանակ տրամադրեցէք ճանչնալու համար ձեր անձերը եւ նպատակները:
Մեր հայրերը կարեւորած են այս խօսքը. «Ծանի՛ր զքեզ». կեանքի մեծագոյն, սակայն ամենէն դժուար բաներէն մէկն է ինքզինք ճանչնալը:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում.- Ինչո՞ւ համար երազ կը տեսնենք:
Պատասխան.- Երազը մեր միտքին կողմէ մեր քնացած ժամանակ բեմականացած թատրոն մըն է: Գիտնականները տակաւին ամբողջական ձեւով չեն կրցած բացայայտել երազին առեղծուածը, սակայն անոնց ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, երազները կը ծառայեն վերամշակելու մեր արթուն կեանքի յոյզերն ու փորձառութիւնները: Երազները կրնան օգնել, որպէսզի մենք համախմբենք յիշուղութիւնը եւ կամ որոշ խնդիրներու լուծումին շուրջ որոշ պատկերներ երեւակայենք:
Երազներուն վրայ կրնան ազդել մեր միտքերը, զգացումներն ու ենթագիտակցութիւնը: Յաճախ մեր երազը կրնայ ըլլալ այնպիսի բանի մը մասին, որ ամբողջ օրը զբաղեցուցած է մեր միտքը, սակայն ոչ բոլոր երազները: Երբեմն երազները ծնունդ կ՚առնեն վախէն, յոյզերէն, չլուծուած խնդիրներէն եւ ցանկութիւններէն:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան