ՎԱՂՈՒԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ

«Մտահոգուիլը կանգունով մը կ՚երկարէ՞ ձեր հասակը։ Եթէ նուազագոյն բանը չէք կրնար ընել, ինչո՞ւ ուրեմն ուրիշ բաներով կը մտահոգուինք…» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 25-26)։ Աւետարանի այս հատուածը մարդուն արտաքին պէտքերուն եւ աստուածային նախախնամութեան իրարու հետ ունեցած կապակցութեան մասին է։ Ուստի Յիսուս մէկ կողմէն կ՚ըսէ. «Մի՛ մտահոգուիք թէ ձեր կեանքը պահպանելու համար ի՞նչ պիտի ուտէք կամ ի՞նչ պիտի խմէք, մի՛ մտածէք թէ ձեր մարմինը պահպանելու համար ի՞նչ պիտի հագնիք, եւ պէտք չէ՛ որ շարունակ իրարու հետ ալ խօսիք այս մասին. ի՞նչ ուտենք, ի՞նչ խմենք, ի՞նչ հագնինք։ Առաջուընէ հոգ ընելու՝ մտահոգուելու պէտք չկա՛յ՝ թէ վաղը ի՛նչի պէտք ունիք. ամէն օրուան համար իր հոգը եւ իր փորձանքը բաւական է, վաղ-ւանն ալ բարդել պէտք չկայ. թո՛ղ վաղուանն ալ վաղուան մնայ եւ վաղուանը ինք խորհի»։

Տեսակ մը անտարբերութիւն, անհոգութիւն եւ «յանձնապաստան ճակատագրականութիւն» կը նշմարեն ոմանք այս խօսքերուն մէջ։ Մինչդեռ Յիսուս այս խօսքերով կը հիմնէ բովանդակ «աստուածային նախախնամութեան հաւատք»ը։

Մարդկային կեանքին մէջ նեղութիւններ եւ դժուարութիւններ պատճառ կ՚ըլլան հոգերու։ Բայց հոգը եւ մտահոգութիւնը պէտք է զանազանել, քանի որ հոգը այսօրուան կը պատկանի, իսկ մտահոգութիւնը՝ վաղուան, այսինքն ապագային, ի՛նչ որ անորոշ է եւ անորոշ բանի մը համար հոգ ընել անիմաստ է, քանի որ ան կախում ունի Աստուծոյ կամքէն։

Արդարեւ, մտահոգութիւնը ցոյց կու տայ հաւատքի եւ վստահութեան պակասը։ Մարդ եթէ հաստատ հաւատք եւ անտարակուսելի վստահութիւն ունենայ, չի մտահոգուիր։ Ասիկա ինչպէս մարմնական, նո՛յնպէս հոգեւոր կեանքի համար ի զօրու է։ Ուստի մարդ որդիական վստահութիւնը կ՚ապրի, եւ ասիկա կը փաստուի նեղութիւններու, դժուարութիւններու մէջ։

Զոր օրինակ, գլխաւոր դժուարութիւն մը, նեղութիւն մըն է որ կը յայտնուի աղօթքի ընթացքին։ Եւ այս դժուարութիւններէն ազդուած, ոմանք նոյնիսկ կը դադրին աղօթելէ, մտածելով՝ թէ իրենց աղօթքը, խնդրանքը ընդունելի չէ եղած։ Ահաւասիկ վստահութեան պակասի նշան մը։ Հոս, երկու հարցում կը ծագի, ի՞նչու կը խորհի մարդ, թէ իր խնդրանքը ընդունելի չէ եղած։ Ապա ի՞նչ ձեւով իր աղօթքը ընդունելի՝ արդիւնաւոր կը դառնայ։

Ահաւասիկ հոգ մը՝ որ կը զբաղեցնէ մարդը։

Հոս կը տեսնենք հոգի եւ մտահոգութեան տարբերութիւն՝ թէ աղօթքի ընդունելի կամ ընդունելի չըլլալը կրնայ հոգ պատճառել աղօթողին, բայց ընդունելի ըլլալու մասին եթէ որեւէ տարակոյս չկայ, անոր կատարուելու կամ չկատարուելու մասին մտահոգուիլը անվստահութեան նշան է՝ թերահաւատութեան նշանա՛կ։ Մինչդեռ վստահութիւնը կը պահանջէ համբերատար ըլլալ եւ սպասել խնդրանքին կատարման։ Իսկ համբերատար ըլլալ կը նշանակէ զօրաւո՛ր ըլլալ եւ չազդուիլ արտաքին ազդեցութիւններէ, հաստատամի՛տ ըլլալ։

«Զօրութիւն»ը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու մէջ կ՚ապահովէ վճռակամութիւնը, եւ հաստատամտութիւնը բարիին հետապնդումին մէջ։ Ան վստահութենէ կը բխի եւ կ՚ամրացնէ առաջադրանքը փորձութիւններուն դիմադրելու, տոկալու եւ ամէն տեսակ արգելք յաղթահարելու բարոյական կեանքին մէջ։

Մարդ երբ յետադարձ ակնարկ մը նետէ իր անցեալին, պիտի տեսնէ, թէ որքան անիմաստ մտահոգութիւններով տանջած է ինքզինք։

Զօրութեան առաքինութիւնը մարդս կարող կը դարձնէ յաղթելու վախին, նոյնիսկ մահուան վախին, ճակատելու նեղութիւններուն եւ զանազան հոգեւոր տանջանքներու։ Ան մարդս տրամադիր կը դարձնէ երթալու մինչեւ զոհաբերումը իր կեանքին, պաշտպանելու համար արդար դատ մը, ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. «Իմ զօրութիւնս եւ իմ երգս, Տէ՛րն է», (ՍԱՂՄ. ՃԺԷ 14)։ Ինչպէս եւ, «Աշխարհի վրայ պիտի չարչարուիք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Բայց մտահոգութեամբ մարդ չի կրնար փոխել որեւէ բան, քանի որ ան կը պատկանի ապագային եւ մարդ երբեք տէրը չէ ապագային։

Ուրեմն կ՚երեւի, թէ վստահութիւնը անհրաժեշտ է անհոգ, անվնաս եւ ապահով կեանք մը ապրելու համար։ Արդարեւ, «խոհեմութիւնը ուղիղ կանոնն է գործին», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Իսկ Սուրբ Օգոստինոս սապէս կ՚ըսէ. «Լաւ ապրիլը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ սիրել Աստուած ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով եւ ամբողջ գործերով։ Կը վերապահենք Անոր ամբողջական սէր ժուժկալութեամբ, որ ո՛չ մէկ դժբախտութիւն կրնայ խախտել՝ ի՛նչ որ զօրութիւն է, որ կը հնազանդի միա՛յն Անոր եւ ասիկա արդարութիւն է, եւ որ կը հսկէ կշռադատելու համար բոլոր բաները, որպէսզի չըլլայ թէ անակնկալի գայ խորամանկութենէն եւ սուտէն, եւ ասիկա խոհեմութիւն է»։

Արդարեւ, Աստուած սիրել կը նշանակէ հաւատալ Անոր, եւ ո՛ւր որ սէր կայ, հոն կայ նաեւ վստահութիւն։ Սէրը եւ վստահութիւնը փոխադարձ ազդեցութիւն գործող զգացումներ են՝ մարդ կը սիրէ՝ որովհետեւ կը վստահի, եւ կը վստահի, որովհետեւ կը սիրէ։ Եւ ուրեմն սէրը արգելք կը հանդիսանայ ամէն վախի, մտահոգութեան եւ տարակուսանքի, քանի որ սէրը վստահութիւն կը ներշնչէ, կը ներդաշնակէ եւ կը սահմանաւորէ ամէն ժխտական մտածում, յոռետես զգացում։

Հաւատքը այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը ճանչնայ Աստուած, կը հաւատայ Անոր, քանի որ Աստուած նոյն ինքն Ճշմարտութիւնն է։ Հաւատքով է որ մարդ կը վստահի եւ ինքզինք ամբողջովին եւ ազատօրէն կը յանձնէ Աստուծոյ։ Այս պատճառով «հաւատացեալ»ը կը փնտռէ ճանչնալ եւ կատարել Աստուծոյ կամքը՝ փոխանակ մտահոգուելու։ Մտահոգութիւնը ներհակ է յոյսին եւ սիրոյ, եւ յոյսէն եւ սէրէն զրկը-ւած՝ հաւատքը հաւատացեալը լիովին չի միացներ Քրիստոսի եւ չ՚ըներ զինք կենդանի անդամ Անոր Մարմինին։

Քրիստոնեայ յոյսը կը փարատէ ամէն մտահոգութիւն, ամէն մտատանջութիւն։ Ուստի, այն որ քրիստոնէական յոյսով կ՚ապրի, մտահոգութիւն չ՚ունենար վաղուան մասին, քանի որ վաղը իրեն չի պատկանիր, այլ՝ Աստուծոյ եւ Աստուծոյ կամքն է որ կը տիրէ վաղուան, եւ որուն պէ՛տք է ապաւինիլ յոյսով եւ կատարեալ վստահութեամբ, քանի որ Ա՛ն է Ճշմարտութիւնը ամբողջ տիեզերքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 21, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2018