ԿԵԱՆՔԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆՆԵՐ

Կեանքին շրջանները կը բաժնուին երեք գլխաւոր ժամանակամիջոցներու՝ որոնց բոլորին մէջ կը գտնուի Աստուծոյ հզօր կամքը։ Առաջին շրջանն է «անցեալ»ը։ Ուստի, յաճախ պէտք է նայիլ անցեալին՝ ուր կը գտնուին սխալներ, թերացումներ եւ հոգեկան տկարութիւններ։ Արդարեւ, կեանքի այս շրջանին՝ ուրախ եւ տխուր դէպքեր, յիշատակներ, յաջողութիւններ եւ ձախողութիւններ, յաղթանակներ եւ պարտութիւններ։ Ուստի, անցեալը մեզի ցոյց կու տայ սա իրականութիւնը, թէ՝ կեանքը հակադիր արժէքներու, ներհակութիւններու եւ հակապատկեր երեւոյթներու ընթացք մըն է։ Կեանքը՝ ի՛նք իսկ հակադրութիւն մը, հակադրութիւններու վրայ հիմնուած դրութիւն մըն է։

Եւ մանաւանդ՝ սիրոյ եւ ատելութեան անվերջ պայքար մըն է կեանքը…

Մարդ երբ յետադարձ ակնարկ մը նետէ իր անցեալին վրայ, խոր ցաւով կը յիշէ իր բարոյական սխալները, կորուստները, յուսահատութիւնները։ Կը յիշուի նաեւ, ուրախ եւ զուարթ պահեր ընտանեկան երջանկաբեր յարկերուն ներքեւ, փայլուն յաջողութիւններ՝ մաքուր եւ օրինակելի ապրումներ։

Անցեալը կը նմանի պարտէզի մը՝ որուն մէջ կ՚աճին ցանուած զանազան սերմեր։ Ցանուած սիրոյ, նախանձի կամ ատելութեան սերմեր։ Սէր ցանուած պարտէզներ երկրի վրայ դրախտներ՝ երջանկութեան վայրեր, իսկ նախանձ եւ ատելութիւն ցանուած պարտէզներ՝ դժոխքներ, երկրի վրայ փանջանքի յաւիտենական վայրի։ Ահաւասիկ, այս իմաստով, կեանքը անվերջ պայքար մըն է, ուր նպատակը միշտ յաղթանա՛կ է։

Կեանքի շրջաններու երկրորդն է «ներկայ» ժամանակը։ Արդարեւ, ներկան մարդուն սեփականութիւնն է։ Այս իմաստով, անցեալը կը պատկանի պատմութեան։ Անցեալը եւ ներկան կը ներկայացնեն նոր պատեհութիւններ՝ Աստուծոյ մարդուս շնորհած, նոր եւ վճռական որոշումներ առնելու։

Ցաւալի է տեսնել, որ բազմաթիւ մարդիկ վաղուան կը յետաձգեն իրենց որոշումները եւ անոնց գործադրութիւնը՝ պատճառաբանելով որ իրենք տակաւին «երիտասա՛րդ» են եւ դեռ շա՜տ ժամանակ ունին։

Սակայն, ժամանակը հիմա՛ է, ներկայ ժամանակը։

Գործի համար ժամանակը՝ միշտ ներկան է։ Մահամերձ հիւանդ մը կանուխ, հիւանդանոց կը հասցունեն եւ շատ կարող վիրաբուժի մը կը յանձնեն. երբ բժիշկը կը քննէ հիւանդը եւ կը նկատէ հիւանդին դէմքին արտաքին տեսքը եւ տրտմագին կը յայտարարէ. «Կը ցաւիմ, որ շատ շատ ուշ է…»։ Կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է ընդհանրապէս. պէտք չէ՛ ուշ մնալ, ժամանակը մի՛շտ հիմա է՝ ներկայ ժամանակը։

Ուստի, «Չար»ը տեւաբար կը փորձէ յետաձգելու մարդուս որոշումները։

Կը պատմուի, թէ օր մը «Չար»երը՝ սատանաները «mal» ժողով մը կը գումարեն Աւետարանին զօրութիւնը չէզոքացնելու համար։ Ժողովի ընթացքին, սատանայ մը կը յայտարարէ.- Ես մարդոց պիտի ըսեմ, որ Սուրբ Գիրք չկարդան։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը սուտ է եւ սխալ։ Ուրիշ մը կը թելադրէ.- Ես ալ պիտի ըսեմ, թէ Աստուած գոյութիւն չունի եւ բոլոր քարոզիչները յիմար են։ Իսկ երրորդ սատանայ մը ոտքի կանգնեցաւ եւ առաջարկեց.- Տէր նախագահ, ես պիտի ըսեմ, թէ Աստուած կա՛յ եւ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ խօսքն է, Աւետարանը Աստուծոյ զօրութիւնն է եւ բոլոր քարոզիչներուն խօսածները շիտա՛կ են։ Միայն թէ մարդոց խորհուրդ պիտի տամ, որ իրենք վաղուան յետաձգեն։ Վերջին սատանային ծրագիրը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ եւ անմիջապէս գործադրութեան դրուեցաւ։

Արդարեւ, որեւէ որոշում յետաձգել՝ անիկա երբեք չգործադրելու համազօր է։ Օրեր կ՚անցնին, տարիներ արագ արագ կը սահին։

Մարդ մը, թէեւ հեւ ի հեւ կը վազէր, սակայն ինքնաշարժը փախցուց՝ որ արագ արագ կը սուրար եւ հետզհետէ կը հեռանար։ Այդ մարդուն քայլերուն հետեւող շուրջ տասն տարեկան տղեկ մը կ՚ըսէ.- Պարո՛ն, դուք ինքնաշարժը փախցուցիք, որովհետեւ պէտք եղածին չափ արագ չէիք վազեր…։ Մարդը հեւալով կը պատասխանէ.- Ես շատ ուշ սկսայ արագ վազելու։

Ուստի, հաւատքով, ինքնավստահութեամբ եւ համբերութեամբ պէտք է վազել մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը՝ հասնելու համար նպատակին։

Կեանքի ընթացքին երրորդ շրջանը մարդուս ապագան է։ Ապագան, արդարեւ, մարդուս մարմնաւոր աչքերէն ծածկուած է մութ եւ խորհրդաւոր վարագոյրով մը։ Հայր Աբրահամ կ՚երթար, բայց չէր գիտեր թէ ո՛ւր կ՚երթար։ Աբրահամ հաւատքո՛վ կը քալէր, ո՛չ թէ երեւոյթով։ Հաւատքի այս ուխտաւորին ճամբան կ՚անցնէր սարերէն եւ խոր ձորերէն. կ՚անցնէր չոր անապատներէն եւ մութ անտառներէն եւ կ՚երկարէր մինչեւ Քանանացիներու երկիրը։

Ապագան անծանօթ է եւ վտանգաւոր։ Աստուած սակայն մարդուս ապաւէնը եւ զօրութիւնն է։ Ան է մահուան մէջ կեանքը, խաւարի մէջ լոյսը, ակնկալողներուն յոյսը եւ տարակուսանողներուն երկայնամտութիւնը։ Ան է որ իմաստութեամբ կը ստեղծէ. անմուտ արեգակն է Ան եւ ո՛չ ոք կրնայ ծածկել Անոր Տէրութեան փառքը։

Ուստի, ապագան յղի՛ է անակնկալ դէպքերով եւ հաւանաբար դառնութիւններով։ Աստուած սակայն մարդուս ապաւէնն է. Անոր բարեգութ եւ ողորմած հզօր ձեռքերուն մէջ է պահուած կեանքի բոլոր շրջանները։ Ան չունի ո՛չ անցեալ եւ ոչ ալ ապագայ, քանի որ Ան միշտ ներկա՛յ է։ Մարդուս բոլոր կեանքը, բոլոր ժամերը Աստուծոյ ներկայութեանը մէջ է։ Արդարեւ, «Աստուած»ի ստուգաբանութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ որպէս բառ, կը նշանակէ «այն ի՛նչ որ հոս է՝ աստ եղող»։ Աստուած այն է՝ որ միշտ ներկա՛յ է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023