ՀԱՅՈՒ ԹՐՔԱԽՕՍ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ

Եւ ո՞վ պիտի ուզէր միթէ մերժել հայու այդ թրքախօս զաւակները…

Մի քանի օրեր առաջ ատելութեան թիրախ դարձան մի քանի հայորդիներ, որոնք համարձակութիւնը ունեցած էին թրքերէնով պատասխանել «CNN Türk» լրատուականին Հալէպի մէջ տուած մի քանի հարցերուն՝ կապուած Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն: «Հարցազրոյց»ը առնուած էր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, որովհետեւ հարցազրոյցի հիմնական նպատակն էր ստուգել քրիստոնեայ համայնքին ունեցած կարծիքը, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ հարցերը քաղաքական ըլլալու կողքին նաեւ կրօնական որոշ հարցեր կ՚ընդգրկեն:

Սակայն տարօրինակը հայ ժողովուրդի ունեցած ներքին ատելութիւնն է եւ տարօրինակ ձեւով նման պարագաներու քննադատողները կ՚ըլլան անոնք, որոնք ընդհանրապէս թրքերէնի չեն տիրապետեր, սակայն պէտք է ընդունինք, որ սփիւռքի մէջ ապրող շատ մը հայեր՝ մանաւանդ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, լաւապէս կը տիրապետեն թրքերէնի: Պատճա՞ռ. պատասխանը պարզ է. թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Լիբանանի մէջ ունեցած ենք սերունդ մը, որ եղած է գրեթէ թրքախօս, որովհետեւ անոնց մայրերն ու հայերը 1915 թուականի գաղթերու ժամանակ տիրապետած են միայն ու միայն թրքերէնին. օրինակի համար, Արշակուհի Թէոդիկ Կիլիկիա կատարած իր այցելութիւններէն մէկուն մասին խօսած ժամանակ կը գրէ. «Տեղացի հայը դժբախտաբար թրքախօս ըլլալով, հազուադէպ պարագայ մըն է եթէ հանդիպիս հոս մէկու մը, որ հայերէն լեզուն հասկնայ ու խօսի», եւ նման սերունդի մը յաջորդող նոր սերունդները բնականաբար պիտի գիտնային ու սորվէին թրքերէն լեզուն: Օրինակի համար, խմբագիր եւ յօդուածագիր Լարենց եւս իր հրապարակախօսութիւններէն մէկուն մէջ կը յիշատակէ հետեւեալը. «Ատանայի հայութիւնը թրքախօս է եղեր». աւելին նոյնիսկ կուսակցական նախաձեռնութեամբ կազմուած հաւաքներն ու թատրոնները կը կատարուէին թրքերէն լեզուով: Գրող եւ մտաւորական Գարեգին Սրուանձտեանց եւս իր «Թորոս Աղբար» աշխատութեան մէջ կը խօսի Զիլէ քաղաքին մասին, ուր ապրող հայ ժողովուրդին մէջ ընդհանուր երկու հոգի հայերէն գիտէր. Զիլէ պարզապէս մէկ օրինակն էր բազմաթիւ այլ գիւղերու:

Այսօր ինչո՞ւ համար քննադատել նման ժողովուրդի մը ժառանգորդները՝ պարզապէս թրքերէն լեզուով խօսած ըլլալու համար: Մեզ յօդուած գրելու մղողը հետեւեալ տրամաբանութիւնն է. մեր ազգին մէջ կան շատեր, որոնք կը կարծեն եւ կամ գուցէ նոյնիսկ կը հաւատան, որ նման երեւոյթ մը քննադատելը հայրենասիրութեան արտայայտութիւն մըն է. կը կարծեն, որ անոնց թրքերէն խօսիլը քննադատելը պիտի բարձրացնէ հայրենասիրութեան անոնց մակարդակը, սակայն կու գանք հաստատելու, որ խօսիլն ու չխօսիլը, նոյնիսկ այդ խօսողը քննադատելն ու չքննադատելը հայրենասիրութեան եւ ազգի բարօրութեան մէջ ոչ մէկ իմաստ ու նշանակութիւն ունի: Այսօր իմ թրքերէն գիտնալս եւ կամ քու թրքերէն չգիտնալդ հայրենասիրական ոչ մէկ փաստ կրնայ ներառել իր մէջ:

Կարծես ազգովին ունինք հայրենասիրութեան ինչութեան մասին անորոշ պատկերացում մը՝ սխալ ու թիւր: Այս քննադատութիւններն ու ատելութիւնները, որոնք «դաւաճանութիւն» նկատեցին թրքախօսութիւնը, յիշեցուցին մեր մեծ մտաւորականներէն Ռուբէն Սեւակի «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» աշխատութեան մէջ յիշատակած Յովհաննէս, Կարապետ ու Մարիամ որբերը, որոնք մէկ բառ հայերէն չգիտնալով ծունկի գալով կ՚երգեն «Տէր Ողորմեա՛»ն։ Այդ պահը Սեւակ կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով. «Այս ի՜նչ երգ, այս ի՜նչ երգ, Աստուա՜ծ։ Ու քանի՜ տարի է չէի լսեր այս բարի ու ահաւոր մեղեդին։ Վերէն ի վար սարսուռ մը անցաւ վրայէս, մարմինս փուշ-փուշ եղաւ։ Ի՜նչ տարօրինակ համոզումով կ՚երգէին այդ թրքախօս բերանները». վերջապէս անոնց թրքախօս ըլլալը ի՞նչ իմաստ ունի, եթէ հայրենասիրութիւնը խօսքերէն ու արտաքին աշխարհէն անդին, հոգեկան ապրում ու զգացում է:

Այլ հեղինակութիւն մը՝ Զապէլ Եսայեան «Ժողովուրդի մը հոգեվարքը» աշխատութեան մէջ կ՚ըսէ. «Հակառակ որ այնթապցիք ընդհանրապէս թրքախօս են, մեծ սէր ունին դէպի ուսմունք եւ ազգը»: Զապէլ Եսայեանի այս հաստատումը եւս որոշ չափով կը գտնենք սխալ, որովհետեւ «հակառակ» բառը եւ անոնց «ընդհանրապէս» թրքախօս ըլլալը հայրենասիրութեան չափը չի կրնար որոշել. կը հաւատանք, որ մէկ բառ հայերէն չգիտնալով շատ աւելի հայրենասէր անձեր ունեցած ենք պատմութեան ընթացքին՝ քան անոնք, որոնք լաւապէս հայերէն լեզուին կը տիրապետեն:

Այս բոլորէն ետք մեր խօսքը կ՚ուզենք ուղղել բոլոր անոնց, որոնք այսպէս կամ այնպէս քննադատեցին այն մարդիկը, որոնք եկեղեցւոյ բակին մէջ համարձակութիւնը ունեցան թրքերէնով արտայայտուելու. պէտք չէ մոռնալ, որ թրքախօսութիւնը հայ ժողովուրդին նկարագրին մաս կը կազմէ. վերջապէս մեր թատրոնը, գրականութիւնը եւ մշակութային շատ մը արժէքներ զարգացած են Պոլսոյ եւ շրջակայ շրջաններուն մէջ. մեր հին գրականութիւնը այսօր ողողուած է թրքերէն բառերով, սակայն, այդ մէկը ո՛չ թէ հայրենասիրութեան պակասի, այլ ժողովուրդի մը նկարագրին եւ աւանդութիւններուն նշանն է: Սակայն նման քննադատութիւններ մեր ժողովուրդին մէջ նորութիւն մը չէ. Մատթէոս Զարիֆեան իր «Օրագրութեան Էջեր» աշխատութեան մէջ կը համարձակի հետեւեալ արտայայտութիւնը ունենալ. «Թրքախօսութեան շարունակումը պէտք է նկատուի ոճիր՝ ցեղին դէմ»։ Սիրելի Մատթէոս, հաւատայ, որ հայերէն խօսելով ազգին վնաս պատճառողները շա՜տ շատ աւելին են՝ քան թրքախօսութեամբ հարցազրոյցի մը պատասխանողները: Մենք ալ կը հաւատանք, որ հայերէն խօսիլը՝ մա՛նաւանդ սփիւռքի տարածքին յոյս մըն է ապագայի, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայախօս սերունդ իր կարգին պիտի փորձէ լոյս աշխարհ բերել հայախօս այլ սերունդ մը (որ ամէն պարագայի իր նահանջը պիտի ունենայ), սակայն թրքերէն գիտնալը այդ առաքելութեան մէջ վնաս մը պիտի չըլլայ, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը խօսակցական լեզուով չէ, որ կը չափուի. վկայ հայախօս դաւաճաններն ու ներքին թշնամիները՝ որոնք աւելիով կը կործանեն մեր ազգը՝ քան հարցազրոյցի 75-80 տարեկան թրքախօս ծերուկները:

Հիմա դո՛ւք ըսէք.- ո՞վ պիտի ուզէր միթէ մերժել հայու այդ թրքախօս զաւակները…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Մարդ իր մայրենի լեզուն չգիտնալով հանդերձ կրնա՞յ ազգասէր ըլլալ:

Պատասխան. Մարդ նոյնիսկ եթէ իր մայրենի լեզուն չգիտնայ, կրնայ հայրենասէր ըլլալ, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը խարսխուած է սիրոյ եւ հայրենիքի հանդէպ ունեցած նուիրուածութեան վրայ եւ ոչ լեզուի իմացութեան: Թէեւ լեզուն կարեւոր է մշակութային հարստութիւնները պահելու համար, սակայն հայրենասիրութիւնը դրսեւորումն է մարդուն, որ կարելի է չափել ազգին բարօրութեան ուղղուած գործունէութիւններով: Մայրենի լեզուի իմացութիւնը կը զօրացնէ եւ կը խորացնէ մշակութային ըմբռնումը, սակայն լեզուի իմացութիւնը ինքնին հայրենասիրութեան ապացոյց մը կարելի չէ նկատել:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024