ՍՈՒՐԲ ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԸ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ՎԿԱՆ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ
«Եւ կը քարկոծէին Ստեփանոսը, որ աղօթք կ՚ընէր եւ կ՚ըսէր.- Տէ՛ր Յիսուս, ընդունէ իմ հոգիս։ Եւ ծունկի վրայ գալով բարձրաձայն աղաղակեց.- Տէ՛ր, այս մեղքը մի սեպեր անոնց։ Այս ըսելով ննջեց։ Սօղոս ալ կամակից էր անոր սպաննուելուն». (ԳՈՐԾՔ. Է 58-59)։
Սօղոս՝ Պօղոս առաքեալ, Սուրբ Գիրքի մէջ երեք տարբեր տեղեր կը խոստովանի իր հակաքրիստոս գործունէութիւնը եւ կը դառնայ «Մեծ առաքեալ»։ Արդարեւ, «առաջիններ»ը մեծ նշանակութիւն ունին. խոստովանութիւններ, զղջումներ, առաջին վկայութիւններ եւ առաջին սարկաւագ Սուրբ Ստեփանոս։ Սարկաւագութիւնը թէեւ օգնել եւ խնամել կ՚ենթադրէ, բայց նաեւ՝ քարոզել Յիսուսը եւ առաջնորդել ճշմարտութեան։
Վկայ, վկայութիւն, իր նեղ իմաստով, եւ աւելի դատական առումով կը նշանակէ՝ իմացածը կամ տեսածը յայտարարել եւ հաստատել դատարանի մը՝ ճշմարտութեան եւ արդարութեան ծառայելու համար։
Աւելի ընդարձակ իմաստով՝ Սուրբ Գիրքով հաստատումը եւ վկայութիւնն է Աստուծոյ՝ Ճշմարտութեան։ Վկան՝ զայն հաստատողն է, իսկ վկայութիւնը՝ հաստատման գործողութիւնը։ Եւ այս իմաստով, Աստուածաշունչ Մատեանը այն վկայագիրն է, ուր Աստուծոյ եւ մարդուն հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեան կը վկայէ՝ կը հաստատէ։ Արդարեւ, Յիսուս արեան մկրտութեամբ եւ իր կեանքին գծով վկայեց ճշմարտութեան, Անոր խաչելութիւնը եւ Յարութիւնը եղաւ ճշմարտութեան վկայութիւնը։ Այս ուղղութեամբ Եկեղեցին այն հոգեւոր հաստատութիւնը, միութիւնն է՝ ուր իւրաքանչիւր անդամ յանձնառու կ՚ըլլայ Քրիստոսի եւ Իր խաչին զօրութեամբ վկայ ըլլալ ճշմարտութեան՝ պայքարիլ ճշմարտութեան համար, քաջասիրտ ըլլալ ամէն դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու նկատմամբ եւ ճշմարիտ վկա՛ներ ըլլալ։
Սուրբ Ստեփանոս եղաւ առաջին վկան եւ առաջին սարկաւագը։
Ի՞նչ է ուրեմն վկայութիւնը եւ սարկաւագը։
Ինչպէս յիշուեցաւ աւելի վերը, վկայութիւնը իր ընդարձակ առումով հաստատումն է ճշմարտութեան։
Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցելու պարտականութիւնը կը մղէ քրիստոնեաները գործելու իբրեւ «Աւետարանի վկաներ» եւ անկէ բխող պարտաւորութիւններուն։ Այս վկայութիւնը փոխանցումն է հաւատքին, խօսքով եւ գործով։ Վկայութիւնը արդարութեան արարք մըն է, որ կը հաստատէ ճշմարտութիւնը կամ կը ճանչցնէ զայն։ (ՅՈՎՀ ԺԸ 37) եւ (ՄԱՏԹ. ԺԸ 16)։ Ուստի, ինչպէս կ՚ըսէ Ս. Թովմաս Աքուինացի, «մարդը մարդուն պարկեշտօրէն պարտաւոր է ճշմարտութիւնը յայտնելու…»։
Եկեղեցին՝ առաքեալներուն հաւատքը փոխանցող կենդանի հաղորդութիւնն է, որով կը հանդիսանայ վայրը մեր ճանաչումին՝ Սուրբ Հոգիի մասին։ Եւ այս հաղորդութիւնը շատ միջոցներով, որոնց գլխաւորներէն են Սուրբերու վկայութիւնները՝ ուր Իր սրբութիւնը կը յայտնէ եւ փրկութեան եւ նախախնամութեան գործը կը շարունակէ Սուրբ Հոգին։
«Ուրախութի՜ւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։ Մարդը կրնայ Աստուած մոռնալ կամ մերժել, ուրանալ զԱյն, սակայն Աստուած չի դադրիր կանչելէ մարդը՝ որ որոնէ զԻնք եւ ապրի եւ երջանկութիւնը գտնէ։ Բայց այս որոնումը կը պահանջէ մարդուն իմացականութեան ամբողջ ճիգը, անոր կամքին ուղղամտութիւնը, անոր -ուղիղ սիրտ-ը եւ նաեւ՝ բարի վկայութիւնը անոնց, որոնք իրեն Աստուած փնտռել կը սորվեցնեն։
Գալով սարկաւագի անհրաժեշտութեան հոգեւոր ծառայութեան գործին մէջ, մանաւանդ որպէս արժանաւոր յաջորդը Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագին։
«Կարգ»ը խորհուրդ մըն է, որուն շնորհիւ Քրիստոսի կողմէ առաքեալներուն յանձնուած առաքելութիւնները կը շարունակուին գործադրուիլ Եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ լրումն ժամանակներուն։ Ան առաքելական սուրբ խորհուրդն է եւ երեք աստիճան կ՚ըմբռնէ. եպիսկոպոսութիւն, քահանայութիւն եւ սարկաւագութիւն։ Այսօր «կարգ» բառը վերապահուած է խորհրդենական այն արարքին՝ որ եպիսկոպոսներ, քահանաներ եւ սարկաւագներ «դաս»ի մը անդամ կը դարձնէ։
Ան հասարակութեան կողմէ կատարուած պարզ «ընտրութենէ» մը, «անուանումէ» մը, «տիտղոսի տուչութիւն» մը, «պատուիրակ» կամ «պաշտօնեայ» նշանակումէ մը կամ «հաստատումէ» մը աւելի անդին կ՚երթայ, որովհետեւ «կարգ»ը կ՚ընձեռնէ Ս. Հոգիէն պարգեւ մը՝ որ կը թոյլատրէ «նուիրական իշխանութիւն» մը կիրարկել, որ կու գայ միայն Քրիստոսէն, Իր Եկեղեցիին միջոցաւ։ «Կարգ»ը կոչուած է նաեւ «քահանայական օծում», քանի որ ան զատորոշում մըն է եւ իշխանութեան մը փոխանցում մը՝ նոյն Ինքն Քրիստոսէն՝ Իր Եկեղեցիին համար։ Եպիսկոպոսին «ձեռնադրում»ը, նուիրագործումի աղօթքին հետ, կը կազմեն տեսանելի նշանը այս քահանայական օծումին։
Մկրտութեան սովորական պաշտօնեաներն են եպիսկոպոսը եւ քահանան, իսկ Լատին Եկեղեցին՝ նաեւ սարկաւագը։
Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի կ՚ըսէ. «Սարկաւագները յարգեցէ՛ք ինչպէս կը յարգէք Աստուծոյ օրէնքը»։
Աստուծմէ հաստատուած եկեղեցային հասարակական պաշտօնատարութիւնը ի գործ կը դրուի ըստ կարգերու զանազանութեան՝ անոնց կողմէ, զորս հին ժամանակներէն սկսեալ կոչած են եպիսկոպոս, քահանայ, սարկաւագ։
«Թող ամէնքը մեծարեն սարկաւագները ինչպէս Յիսուս Քրիստոսը… մեծարեն նաեւ եպիսկոպոսը, որ Հօր պատկերն է, եւ երէցները իբրեւ Աստուծոյ խորհուրդին անդամները եւ իբրեւ առաքեալներուն համախումբը, առանց անոնց կարելի չէ Եկեղեցիի մը մասին խօսիլ…», կ՚ըսէ Ս. Իգնատիոս Անտիոքացի։
Սուրբ Ստեփանոսի տօնին՝ սրտանց կը շնորհաւորենք բոլոր Սարկաւագները, քաջութիւն եւ կարողութիւն մաղթելով իրենց աստուծահաճոյ ծառայութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 24, 2024, Իսթանպուլ