ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կեանքի մէջ, մարդիկ ունին բազմաթիւ պարտականութիւններ, զորս պէտք է կատարեն, այլապէս իրենց «մա՛րդ» կոչումին անհաւատարիմ գտնուած կ՚ըլլան։ Անշուշտ մարդկային պարտականութիւնները ունին իրենց պատասխանատուութիւնը՝ որ ամէն մէկ պարտականութեան կարեւորութեանը համեմատութեամբ ծանրութեան եւ աստիճանի փոփոխութիւններ ցոյց կու տայ։ Բայց ի՛նչ կ՚ուզէ ըլլայ կարեւորութիւնը՝ պարտականութիւնը մի՛շտ պարտք է, եւ պատասխանատուութիւնն ալ՝ պատասխանատուութի՛ւն։
Ընկերային կեանքի բնական մէկ հետեւանքն է այս։
Ինչպէս ըսինք, պարտականութիւնները կ՚աստիճանաւորուին իրենց կարեւորութեան համեմատութեամբ, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ թէ առաջնահերթութիւն մը խնդրոյ առարկայ է անոնց կատարման ժամանակին նկատմամբ։ Եւ ա՛յս ալ բնական է, քանի որ մա՛րդ նոյն ատեն չի կրնար կատարել իր պարտականութիւնները՝ պէ՛տք է դասաւորէ զանոնք ըստ անոնց կարեւորութեանը եւ անմիջականութիւնը նկատի ունենալով։ Այս ալ կ՚ենթադրէ՝ առաջնահերթութեան կանոնաւորումը եւ ըստ այնմ գործել եւ կատարել պարտականութիւնները։ Արդարեւ հերթով եւ կանոնաւորապէս կատարուած գործը աւելի արդիւնաւոր պիտի ըլլայ։
Սուրէն Սարկաւագ Գէորգեան հետաքրքրական առակ մը կը պատմէ առաջնահերթութիւններու սահմանման նկատմամբ։ Փափաքեցանք զայն բաժնել նաեւ մեր սիրելի ընթերցող բարեկամներուն հետ։
Կը պատմուի՝ թէ փիլիսոփայութեան լսարանի մը մէջ, դասի ընթացքին, կանգնած էր դասախօսը, որուն դիմաց զանազան իրեր դրուած էին։ Դասախօսը անձայն կերպով մը վեր բարձրացուց մեծ եւ պարապ հեղուկի կաւէ աման մը եւ սկսաւ զայն լեցնել փոքր գնդակներով։ Եւ ամանը լեցաւ գնդակներով։
Յետոյ դասախօսը հարցուց ուսանողներուն՝ թէ արդեօք ամանը՝ տարան լեցո՞ւն է։ Ուսանողները՝ միաբերան ըսին, թէ տարան լեցո՛ւն է։
Այս պատասխանէն վերջ, դասախօսը, այս անգամ առաւ խճաքարերու տուփ մը, եւ խճաքարերը լեցուց տարային՝ ամանին մէջ։ Թեթեւակի շարժեց՝ թափահարեց ամանը։ Խճաքարերը լեցուեցան փոքրիկ գնդակներու մէջ եղած ազատ տարածութեան՝ պարապութիւններուն մէջ։ Յետոյ, ան դարձեալ հարցուց աշակերտներուն, թէ արդեօք ամանը լեցո՞ւն է։ Ուսանողները համաձայնեցան, որ լեցո՛ւն է։
Այնուհետեւ դասախօսը առաւ տուփ մը աւազ եւ տուփին պարունակութիւնը ամբողջութեամբ պարպեց փոքր գնդակներով ու խճաքարերով լեցուած ամանին մէջ։ Բնականաբար աւազը լեցուց մնացած պարապ-ազատ մասը ամանին։
Դաստիարակը նորէն հարցուց աշակերտներուն, թէ արդեօք ամանը պարա՞պ է։ Ուսանողները միաձայն պատասխանեցին. «Այո՛»։ Յետոյ, դասախօսը սեղանին տակէն հանեց երկու բաժակ սուրճ եւ պարպեց ամանին մէջ՝ լեցնելով աւազահատիկներու միջեւ եղած պարապութիւնները՝ ազատ մասերը։
Եւ ուսանողները սկսան ծիծաղիլ…։
«Հիմա», ըսաւ դաստիարակը, երբ ուսանողներուն ծիծաղը դադրեցաւ. «կ՚ուզեմ որ դուք հասկնաք, որ տարան, այսինքն ամանը կը ներկայացնէ ձեր կեանքը։ Փոքրիկ գնդակները ամենակարեւո՛ր բաներն են՝ ձեր ընտանիքը, ձեր զաւակները, ձեր առողջութիւնը, ձեր ընկերները, ձեր բարեկամները, ձեր սիրելի եւ օգտակար զբաղումները՝ բաներ, որոնք տեղ կը գրաւեն ձեր կեանքին մէջ եւ որոնց շնորհիւ արդէն կը լեցուի ձեր կեանքը՝ եթէ նոյնիսկ ուրիշ ո՛չինչ ունենայիք կեանքի մէջ։
«Խճաքարերը միւս բաներն են՝ որոնք նշանակութիւն ունին ձեզի համար. ձեր աշխատանքը, ձեր տունը, ձեր ինքնաշարժը, ձեր առարկաները։
«Իսկ աւազահատիկները կը խորհրդանշեն մնացած՝ աննշան, մանր-մունր բաները»։
«Եւ եթէ դուք սկիզբէն լեցնէիք աւազը՝ ամանին մէջ…», շարունակեց դասախօսը. «այլեւս տեղ չէր մնար խճաքարերուն եւ փոքր գնդակներուն համար։ Ա՛յսպէս է նաեւ կեանքի մէջ. եթէ դուք ձեր ամբողջ ժամանակը եւ ներուժը ծախսէք մանր-մունր, անօգուտ եւ անկարեւոր բաներու վրայ, ապա դուք երբեք ժամանակ չէ՛ք ունենար կարեւոր եւ օգտակար գործեր կատարելու համար։ Ուրեմն ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք, մանաւանդ այն ամէն բանի վրայ՝ ի՛նչ որ կարեւոր է, ի՛նչ որ օգտակար է եւ ի՛նչ որ ձեզի սիրելի է, մէկ խօսքով ի՛նչ որ կարեւո՛ր է ձեր երջանկութեանը համար։ Զոր օրինակ, խաղացէ՛ք ձեր մանուկներուն հետ, ուրախացուցէ՛ք ձեր զաւակները, զբաղեցէ՛ք անոնց հետ եւ անոնց հետ անցուցած ժամանակը թող լեցնէ ձեր կեանքը, քանի որ երբեք վատնում չէ՛ անիկա։
«Ժամանակ գտէ՛ք նաեւ բժշկական ստուգումներու համար։ Ան ալ կարեւո՛ր է ձեր կեանքի լիութեանը համար։ Ձեր կինը հրաւիրեցէք յաճախ, իրեն հաճոյք պատճառող տեղ մը միասին ճաշելու, միասին զուարճանալու, կեանքը միասին ապրելո՛ւ։ Տունը միշտ միասին էք, ամէն տեղ միասին ըլլալ փորձեցէք։ Արդարեւ միշտ ժամանակ կը մնայ տունը մաքրելու համար…։
«Սկիզբէն հոգ տարէք, խնամք ցոյց տուէ՛ք փոքր գնդակներու համար՝ այն բաները, որոնք իսկապէ՛ս կարեւոր են։ Ուստի սահմանեցէ՛ք ձեզի համար առաջնահերթութիւնները։ Կեանքի մէջ մնացածը պարզապէս աւազ է…»։
Այո՛, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, իրապէս երբեմն ո՜րքան պարապ բաներով կը լեցնենք մեր կեանքը՝ դուրս թողլով եւ զոհելով կենսականը, էականը, որոնք մեզ պիտի երջանկացնեն։ Եւ սիրելինե՜ր, որքան յաճախ երջանկութիւնը գտնել կը փորձենք «խճաքար»երու եւ «աւազահատիկ»ներու մէջ՝ որոնց լեցուցած կեանքին մէջ այլեւս պարապ տեղ չէ՛ մնացած մեր սիրելիներուն եւ մեր իսկական երջանկութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 24, 2015, Իսթանպուլ