ՀԱՑԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ - Բ -

Երբ կը խօսուի հացին Խորհուրդին մասին, կարելի չէ անտեսել մեր ազնիւ բարեկամ՝ բանաստեղծ եւ գրագէտ, ուսուցիչ Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահերի երկու յօդուածները՝ «Հացի ծառեր», «Հացապտղի» եւ «Կաթի ծառեր»ը՝ որոնք հրատարակուած եւ մաս են կազմած իր «Նոյն արեւուն տակ», 1996, գիրքին։

Ուստի, մեծ հաճոյքով կը ներկայացնենք այս յօդուածները՝ ուր սքանչելի՜ խորհրդածութիւններով կը ներկայացուի «հաց»ը բանաստեղծական ոճով մը։ Արդարեւ, եթէ հեղինակը Տքթ. Վարդ Շիկահերն է, այդ խորհրդածութիւններուն «սքանելի՜» ըսելը շատ համեստ որակում մը պէտք է համարել…։

Հաւատարիմ մնալով իրենց բնատիպին՝ նոյնութեա՛մբ կը ներկայացնենք այս երկու յօդուածները։

«ՀԱՑԻ ԾԱՌԵՐ» «ՀԱՑԱՊՏՂԻ»

Հարաւային Խաղաղականի եւ Արեւմտեան Հնդկաց կղզիներուն մէջ, կը հասնին «հացի ծառ»եր, «հացապտղիներ»։ Ծառաբաններ զբաղեր են այս ծառերու հետաքըր-քիր մասնայատկութեամբ։ Ծառի յատկանիշը ա՛յն է, որ իր պտուղները հացի կը նմանին, ախորժով կ՚ուտուին, ունին բաւարար սննդական արժէք, յագեցում եւ բաւականութիւն կը պատճառեն։

Ծառը, որ տասը-քսան մեթր բարձրութիւն ունի, բեռնաւոր՝ սաղարթախիտ բազմաթիւ ճիւղերով եւ ձուաձեւ տերեւներով, կը կազմէ անտառակներ ալ եւ յո՛յժ սիրելի է բնիկներուն, իր կաթնեղէն ու ճաշակելի պտուղներով։

Տեղացիներ «հացի ծառ» անունով կոչեր են այդ պտղատու ծառը։ Պտուղ կը ժողվեն, հա՛ց կը ժողվեն այդ ծառերէն, կը նստին անոնց շուքին տակ, կը գոհանան դիւրաշխատ այդ արդիւնքէն։ Սեղա՛ն բաց կ՚ընեն, պտղալից ու հացալից։ Հիւրերու, զբօսաշրջիկներու առջեւ կը դնեն այդ հացապտուղները, պտղահացերը, «կը հացամեծարեն…»։

«Սեղանը պատրաստ է, եկէ՛ք, հաց պիտի ուտենք…», կ՚ըսէին, կը ձայնէին մայր ու մամ։ Հացը համանիշ էր ճաշին, կերակուրին։ Հացը կեա՛նքն է։ Աշխարհի ստեղծման առաջին օրերէն իսկ Արարիչը տուաւ իր արարածներուն՝ Կենաց Ծառը. «կեանքի հաց»ը։ Նախածնողները սակայն չգիտցան յարգն անոր։

Երեխաներ հացին «մամա» կ՚ըսեն, որովհետեւ մօր պէս նուիրական է ան։

«Կենդանի ջուր» կ՚ըսենք ջուրերուն, որոնք կը բխին ու կը հոսին, որոնցմով կը յագեցնենք մեր ծարաւն ու պապակը, «անմահական ջուր» է կ՚ըսենք ու կը գոհանանք։ «Կենդանի հաց»ն ալ ուրեմն՝ ծաղկող ու պտղաբերող ծառէն է։ Ահա՛, «հացի ծառ»երէն կը բաշխուի մարդոց՝ հա՛ցը, հալա՜լ հացը, պատրաստ՝ իջնելու ա՛մէնքի ափերուն։

«Հացի հարց»ը, գոյութեան հարց է, կենսա՛կան, կեդրոնական մարզ է։ Ժողովուրդներու բարօր կեանքին, խաղաղ համակեցութեան հետ առընչակից է, սերտ աղերս ունի։

Երբ անօթութեան պատուհասը կը ճարակի աշխարհի վրայ, բնութեան անմեկնելի բարիքն է, որ հացի ծառերը շատնան, անտառակները տարածուին։ «Հացն եփուկ, գաթան նաշխուկ», հրաշագեղ երեւոյթ է՝ որ ծառեր այսպէս «հաց ու թաց» տան մարդոց։

Հա՜ց եւ խաղաղութի՜ւն անփոխարինելի բարիք են։ «Սոխ ու հաց, սիրտը բաց», կը բնորոշէ խաղաղութեան քաղցրութիւնը։

Որքա՜ն ցանկալի է, որ «հացի ծառ»երն ու «ձիթենի»ներն իրարու մօտիկ ըլլան միշտ ու լեցնեն աշխարհի լիասահման տարածութիւնները։

ԿԱԹԻ ԾԱՌԵՐ

Յայտնի է, թէ աշխարհ հետզհետէ ա՛ւելի կը տագնապի պարենաւորման անբաւարարութենէ։ Կարելի չ՚ըլլար բառնալ երաշտն ու սովը, որոնք տեղ-տեղ անսանձ կը ճարակին։ Մարդիկ յուսախնդիր՝ կը փարին բնութեան շնորհներուն, իբրեւ փրկարար յեցակներ։

Այս շնորհատու միջոցներուն մէջ կը յիշուին յաճախ, ծառեր՝ հացապտղիներու շարքէն։

«Հացի Ծառեր» վերադիրով քրոնիկի մը մէջ, անդրադարձեր էինք ծառերու մասին, որոնք պուրակներ կը կազմեն Խաղաղակի եւ Արեւմտեան Հնդկաց Ծովու կղզիներուն մէջ։ Անոնց պտուղները կիտրոնի մեծութեամբ, կը նմանին հացի, ունին նկատելի սննդական արժէք։

Կը տրուին ծանօթութիւններ ուրիշ օգտամատոյց ծառերու մասին։ «Կաթնածառ» կամ ժողովրդական ասութեամբ «Կով-Ծառ» կ՚անուանուին անոնք։ Կ՚աճին Հարաւային Ամերիկայի մէջ, սակաւանձրեւ ու տաք վայրեր։ Տեղական կլիմային նմանողութեամբ, այդ ծառերը կը յայտնուին գօս ու ցամաք տեսքով, բայց հիւթառատ են ծառաբունի ներքնախաւերը։ Երբ ճեղքեր բացուին, առատօրէն կը սկսի ծորիլ կաթնանման հիւթ մը։ Այդ կաթնահամ հիւթը կարճ միջոց ետք, սեր կը կազմէ, կաթնսեր մը կը գոյացնէ իր մակերեսին վրայ։

Արգասաւոր է այլապէս ծառին կեղեւն ալ, զոր երբ աղան, կը ստանան տեսակ մը ալիւր։ Հաց կը շինեն անով, կը շինեն նա՛եւ կաթնաւէտ հացը, կաթով եւ ալիւրով՝ բոլորակ հացը։

«Մայրի՛կ, սոված եմ, հա՛ց կ՚ուզեմ», կ՚ըսէ տղան։ Մայրը կը հացաւորէ իր զաւակը, կու տայ կաթնաթաթախ հացը։

Կը հետեւի, թէ այս ծառերը բնիկներուն եւ եկուորներուն կա՛թ կու տան, սեր կու տան, հա՛ց կու տան։ Կը կթուին կաթնտու կովերու նման, ասկէ՝ «Կով-Ծառ» ասոյթը։

Հալա՜լ է մօր կաթը։ Բնո՛ւթիւնն ալ մայր է։ Անոր ընծայած կաթերն ալ, ստնաւորներու կաթնաղբիւրներէն կամ «կաթնածառ»երէն բխած՝ հալա՜լ են նոյնպէս։ Կա՛թ է ամբողջ, աւիշն այդ ծառերուն, նա կը բարձրանայ հեշտիւ արմատներէն դէպի վեր ու կը լեցնէ կաթնանօթները։

Ծառասէր է ազգաբնակութիւնն այդ հողերուն։ Յո՜յժ կենսական է անոնց համար, ծառադարմանումը, ծառ մշակելն ու բազմացնելը, որովհետեւ կը մայրանան ծառաստաններն այդպէս, «կաթի գետեր» սերի աղբիւրներ, հացի ափեր կը խոստանան, կ՚իրագործեն։

Կաթնամայրեր կ՚ըլլան այդ ծառերը։ Սննդակցութեան մը ծիրին մէջ կաթնեղբայր կ՚ընեն, կ՚եղբայրացնեն մարդիկը։ «Կաթը կթող», կաթուոր բազմութիւններն իրարու մօտիկ կու գան, «կաթ ու կորեկ կը դառնան իրարու հետ», որ կը նշանակէ, թէ կ՚ապրին հաշտ ու հաւան, բնութեան բարեխնամ ու հաց-բարի ծոցին մէջ։

«Բնութիւնը երբեք չի՛ խաբեր զինք սիրողները», կ՚ըսէ անգլ. առածը։

***

Ահաւասի՛կ, Տքթ. Վարդ Շիկահերի լայնատես աչքով հա՛ցը՝ որ կարծես տարբեր իմաստ մը կու տայ մեր սովորական հացին։

Եւ երբ կը կարդանք Շիկահերի քերթը-ւածները՝ բանաստեղծական գրութիւնները, կարծես երաժշտական կտոր մը կ՚ունկնդրենք, քանի որ ան գիտէ վարպետօրէն փոխել տառերը ձայնանիշներու։ Հաճոյք է կարդալ զինք, քանի որ ան, կը սորվեցնէ նաե՛ւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 16, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 26, 2018