ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ՏՈՒՆԸ ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆ ԷՐ
Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ, թէ «ժամանակը ամէն բանի բուժումն է», սակայն կեանքը իւրաքանչիւրիս սեփական փորձառութեամբ պիտի սորվեցնէ, թէ իրականութեան մէջ ժամանակը այնքան ալ դրական տեսք մը չունի, որովհետեւ բոլորս ալ դէպի անցեալ հայեացք մը նետելով պիտի տեսնենք ժամանակին տարածները: Անկասկած պիտի նկատենք, թէ ինչքա՜ն ալ «ժամանակը մեզ չի՛ փոխեր» ըսած ըլլանք, կամայ թէ ակամայ փոխուած ենք եւ հիմա անդունդ մը կայ մեր հինին եւ նորին միջեւ:
Պիտի նշմարենք, որ ժամանակը մեզմէ հեռու տարած է բազմաթի՜ւ երբեմնի սիրելիներ՝ ոմանց տանելով դէպի անդրշիրիմեան աշխարհ, իսկ շատ շատերու ալ դէպի անորոշութիւն. պիտի նշմարենք, որ շա՜տ շատ արժէքներ որոնք անցեալին սրբութեան կարգավիճակ ունէին, այսօր դարձած են սովորական ու ընթացիկ: Եւ վերջապէս ժամանակը ոչ թէ բուժած, այլ բռնի ձեւով անվերադարձ խլած ու տարած է, ինչ որ յարգի էր ու արժէքաւոր:
Ժամանակի ուսումնասիրութիւնը մեր աչքերուն առջեւ պիտի պարզէ անցեալի եւ ներկայի անհամեմատելի փոփոխութիւնները. մարդկայնօրէն մենք փոփոխութիւն ըսելով կ՚ուզենք դրականութիւն մը տեսնել անոր մէջ, սակայն ժամանակի կատարած փոփոխութիւնը կարծես միայն դէպի ժխտականութեան եւ դէպի ծայրայեղութեան հակում ունի եւ սարսափելին մեր մէջ այն է, որ մենք մի՛շտ ալ միջինը գտնելու դժուարութիւնը ունեցած ենք եւ մէկ յոռի երեւոյթը սրբագրելու սիրոյն անցած ենք անդունդի միւս կողմ՝ մենք զմեզ գտնելով նոյն վիճակին մէջ:
Այդ ծայրայեղութեան տարբերութիւնները պարզելու համար կ՚առաջարկեմ կարդաք 1864-1931 թուականներուն ապրած ազգագրագէտ, հնագէտ եւ բանահաւաք Երուանդ Լալայեանի «Վարանդա» աշխատութիւնը, ուր յստակօրէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի վարքն ու բարքը:
Տեսնենք, թէ բարոյապէս ինչպէ՞ս ծայրայեղութենէ անցած ենք դէպի այլ ծայրայեղութիւն մը. Երուանդ Լալայեան վերոյիշեալ գիրքի «Ընտանեական կեանք» խորագրին տակ խօսելով այդ ժամանակուան աղջիկներու կեանքի մասին հետեւեալը կը գրէ. «Աղջիկը ութը տարեկանին դուրսի աշխարհէն կտրուելով տունը կը քաշուի, իսկ դուրս ելած ժամանակ աչքերը գետին յառած կ՚աճապարէ իր գործին. ճամբու ընթացքին տղամարդու մը հանդիպելու պարագային կա՛մ կը փոխէ իր ճամբան եւ կամ երեսը հակառակ կողմ դարձնելով քարացած կը կանգնի եւ կը սպասէ տղամադրուն անցնելուն». այսօրուան պատկերն ու վիճակը նկարագրելու կարիքը չունինք: Ահաւասիկ հարիւր տարուան բերած տարբերութիւնը մեր մտածելակերպին եւ բարքերուն մէջ. վերոյիշեալ ծայրայեղութենէն այլ ծայրայեղութեան մը մէջ մենք զմեզ կը գտնենք:
Վերը յիշուած օրինակին պէս մեր մէջ փոխուած է գրեթէ ամէն բան՝ նոյնիսկ տունի հասկացողութիւնը, որուն համար մեր յօդուածին որպէս խորագիր ընտրած ենք «Ժամանակին տունը մտերմութիւն էր» դժբախտ իրողութիւնը, որովհետեւ այսօր ո՛չ տունը, ո՛չ ընտանիքը, ո՛չ բարեկամութիւնը, ո՛չ մտերումութիւնը եւ ո՛չ անկեղծութիւնը ունի այն իմաստը՝ ինչ որ ունէր ժամանակին:
Հին գրողներու մօտ կը տեսնենք, թէ տօնական օրերու ժամանակ միս ուտելը ինչքա՜ն յատուկ եւ ուրախալի բան մըն էր, սակայն այսօր նման բանով ուրախանալն ու հրճուիլը պարզապէս ապուշութիւն մը կրնայ ըլլալ. կը տեսնենք, թէ անցեալին ինչքա՜ն մեծ նշանակութիւնը ունէր «տօնական զգեստ» կոչուածը. մարդիկ կը զարդարուէին եւ այդ իրականութեան մէջ պարզ, սակայն իմաստապէս հարուստ այդ զգեստները կը հագուէին տարին մէկ անգամ... Այսօր փողոց դուրս գալով տեսէ՛ք վիճակը: Այսօր ո՞վ չի յիշեր մի քանի տասնեակ առաջուան Նոր տարուան գիշերներուն եւ ներկայինին տարբերութիւնը. տարբեր իմաստ ու արժէք ունէին տօնական օրերու եկեղեցի յաճախելը, ազգականներու կատարուած այցելութիւններն ու մտերմութիւնները: Այսօր ընտանեկան ճաշկերոյթները չունին այդ համը՝ ինչ որ ունէին նախապէս, որովհետեւ ժամանակը մարդը հեռացուց իր շրջապատէն եւ իրական կեանքի մէջ պահելով հանդերձ վերացական երկրորդ «կեանք» մը տուաւ անոր արհեստագիտութեան զարգացումի միջոցով. արհեստագիտութիւնը զարգացաւ, սակայն անոր զարգացումով մարդը շա՜տ բան կորսնցուց. այսօր տունը մարդուն համար չունի երբեմնի մտերմութիւնը:
Այս մտերմութիւնը այսօր փոխարինուած է օտարութեամբ, որովհետեւ մեր հետ միասին օտարացած է նաեւ մեր արենակիցը, մեր դրացին, մեր հարազատն ու ազգականը: Գուցէ աշխարհը առանց քաղաքակրթութեան շա՜տ աւելի լաւ վիճակի մէջ գտնուէր այսօր, որովհետեւ այդ քաղաքակրթութենէն այսօր ամբողջութեամբ դուրս դրուած է կրթութիւնը:
Արհեստագիտական խնդիրներու շնորհիւ բախտաւորութիւնը ունիմ արդէն իսկ երեք շաբաթէ ի վեր հեռու մնալու մեզի պարտադրուած արհեստագիտական կեանքէն եւ արդէն կը զգամ յստակ տարբերութիւնը անցեալի եւ ներկայի կեանքին. քաղաքակրթութիւն ըսուածը բազկակալած է իւրաքանչիւրս եւ առիթ չի՛ տար ըլլալու այն՝ ինչ որ էինք նախապէս:
Այսօր մենք ցաւով կը յիշենք անցեալը, սակայն այդ մէկը միայն մեզի՝ մեր սերունդին կամ մեզմէ մեծերուն տրուած իրողութիւն մը չէ. նոր ծնունդ առնող սերունդը եւս օր մը պիտի ունենայ իր անցեալը եւ կեանքի օրէնքին համաձայն իւրաքանչիւր նոր օր մը պիտի դառնայ հին՝ իր տեղը տալով այլ նորերու, որոնք նոյնպէս հին դառնալու դժբախտ ճակատագիրին պիտի արժանանան: Բոլորն ալ վերջապէս պիտի նկատեն, որ բուժիչ նկատուող ժամանակը բուժելու փոխարէն ամբողջութեամբ արմատախիլ ըրած է բոլոր սրբազան արժէքները, անոնց փոխարէն մարդուն տալով միայն յիշատակներ՝ որոնք դրականին չափ եւ աւելի լեցուած են ժխտականներով:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -152-
Լիբանան ապրած ժամանակ յաճախ առիթը կ՚ունենայի ծերանոց այցելելու եւ տեղի մեր տարեց մայրերուն եւ հայրերուն հետ զրոյց ունենալու:
Օր մը այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին մայրիկ մը սկսաւ իր կեանքէն դրուագներ պատմել. պատմեց իր ամուսնութեան մասին. զաւակին մասին մի քանի տեղեկութիւններ փոխանցեց, ինչ որ հաճոյքով ունկնդրեցի: Դուրս գալով ծերունիին սենեակէն հիւանդապահուհիին հարց տուի, թէ զաւակը այցելութեան կու գա՞յ թէ ոչ: Ժպիտը դէմքին հիւանդապահուին պատասխանեց, թէ ան ամուսնացած չէ եւ զաւակ ալ չունի... այդ բոլորը պարզապէս երեւակայութեան եւ կամ գուցէ չապրուած կեանքի մը պտուղն էին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վաղարշապատ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024