ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՇՐՋԱՆԻՆ՝ «ՄԱՍ»Ի ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆ - Բ -
Ըսինք, որ «օրէնք»ը՝ ընդհանուր ընկերային կեանքը դիւրացնող եւ հարցերու լուծում բերող, ճշմարիտին եւ բարիին գործադրութեան առիթ տուող կանոններու դրութիւնն է, որ կը յենուի բանականութեան վրայ՝ որ իմաստութեան արդի՛ւնքն է։ Եւ այս իմաստով, առանց տուեալ օրէնքի կարելի չէ լուծում բերել որեւէ ընկերային հարցի, կամ անհամաձայնութեան։
Եւ դարձեալ ըսինք, թէ օրէնքը կրնայ գրաւոր եւ կամ բերանացի ըլլալ, ինչ որ կ՚աւանդուի աւանդութեան միջոցով։ Ուրեմն երբ «օրէնք»ի մասին կը խօսուի, տգիտութիւն է ըսել. «Ո՞ւր գրուած է այդ մէկը…»։
Օրէնքներ, իրապէ՛ս «օրէնք»ի հանգամանք կը ստանան իրաւասու, պատկան իշխանութեան կողմէ վաւերացուած եւ գործադրուած ըլլալով։ Եւ քանի որ օրէնքը «հասակարաց կամք»ին արդիւնքն է, ապա ուրեմն իրաւասու ժողովներու կողմէ առնուած որոշումներ ալ գործադրելի կ՚ըլլան որպէս «կանոն», ինչպէս Հայ Եկեղեցւոյ բազմաթիւ կանոններ եւ օրէնքներ, իրաւո՛ւնք։
Արդարեւ, հոն ուր գրաւոր օրէնք գոյութիւն չունի, այդ չի՛ նշանակեր որ այդ մասին կանոնական տրամադրութիւն չկայ, քանի որ աւանդութիւնը, եւ ո՛չ երբեք սովորութիւնը, կանոն է, օրէ՛նք է։ Եւ այդ իսկ եթէ գոյութիւն չունի, բանական եւ բնական օրէնքով կարելի է լուծել հարցը։ Բայց կացութիւնը փրկելու համար, ենթակայական կարծիքներով կարելի չէ լուծումի հասնիլ, քանի որ այդ պարագային անհիմն լուծում մը խնդրոյ առարկայ կ՚ըլլայ։
Ուրեմն այս խորհրդածութիւններու լոյսին տակ, ջանանք վերլուծել Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի բացատրութիւնները «մաս»ի նկատմամբ։
«… Արժանաւորները հաղորդուելէ ետք, մնացեալն ալ անարժաններու՝ այսինքն չհաղորդուողներու կը բաժնուի իբր բարեպաշտական մասնակցութիւն Սուրբ Խորհրդոյն», կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան։ Այս կը նշանակէ՝ որ պէտք է հաղորդուողներ գտնուին, գոնէ հաղորդուելու կարելիութիւն ըլլայ, որպէսզի այդ հաղորդութենէն «մնացեալ» մաս գոյանայ։ Մինչդեռ Մեծ պահոց շրջանին Սուրբ Հաղորդութիւն չի մատակարարուիր, քանի որ այս շրջանին իմաստը եւ խորհուրդը «զրկանք» է։ Եւ եթէ ժողովուրդը զրկուած է բո՛ւն իսկ Սուրբ Հաղորդութենէն, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է անոր մնացեալը բաժնել ու բաշխել անոնց։
Յետոյ նոյն հատուածին մէջ «արժանաւոր»ներու մասին կը խօսուի՝ որպէս պայման հաղորդուելու։
Ուրեմն, հաղորդուողը պէտք է ապաշխարած ըլլայ, բայց Մեծ պահքի շրջանին՝ Սուրբ Սեղանին վարագոյրով ծածկուած ըլլալու իմաստը եւ խորհուրդը՝ ժողովուրդին ո՛չ թէ «ապաշխարած», այլ՝ «ապաշխարող» ըլլա՛լն է, այս իսկ պատճառով ոեւէ մէկը չի կրնար հաղորդուիլ։ Եւ երբ ժողովուրդը արժանի չի նկատուիր «հաղորդուելու», ուրեմն «չհաղորդուածներ»ու մնացորդն ալ պիտի չըլլայ բնականաբար։
Բանականութիւնը եւ իրերու բնութիւնը այն կ՚ըսէ, թէ՝ եթէ «բուն»ը չըլլայ, անոր ճիւղերն ալ գոյութիւն չեն ունենար, իսկականը եթէ գոյութիւն չունենար, անոր նմանն ալ չ՚ըլլար։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ բարեկամներ, պահ մը միասին խորհինք…։
Օրմանեան Սրբազան, շարունակելով կ՚ըսէ.
«Առանց տիպի նուրբ նշխարներ կը պատրաստուին, եւ կտոր-կտոր կամ մաս-մաս բաժնելով՝ ժողովուրդին կը բաժնուին»։ Ե՞րբ, այն պահուն՝ որ «արժանաւոր»ներ կը հաղորդուին։ Հապա եթէ հաղորդուելու կարելիութիւն չկայ, ի՞նչին մնացեալը պիտի բաշխուի։ Եւ ահաւասիկ ճիշդ այս կէտին պէտք է ուշադրութեամբ զանազանենք՝ «սովորութիւն»ը եւ «օրէնք»ը կամ օրէնքի հանգամանք ներկայացնող «աւանդութիւն»ը։ Մեծ պահոց շրջանէն դուրս Սուրբ Պատարագներու աւարտին «մաս» բաժնել սովորութիւն է, բայց այդ սովորութիւնը, Մեծ պահոց շրջանի խորհուրդին համաձայն պէտք է դադրի կը խորհինք, քանի որ բանականութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ։ Եւ երբ ժողովուրդը «զրկուած» է Սուրբ Պատարագի մասնակցութենէն, հաղորդուելէ, քանի որ ապաշխարութեան այս շրջանը կարգ մը զրկանք եւ զոհողութիւններ կը պահանջէ, ուրեմն բնական ու բանական է որ զրկուած ըլլան նաեւ անոր մնացորդներէն, բեկորներէն, ստորոգելիներէն, թէ ո՛չ Մեծ պահքի շրջանը մասամբ կը կորսնցնէ իր իմաստը։ Այս մասին «միջակութիւն», «թեթեւութիւն» կամ ընդհանրապէս «կացութիւնը փրկել»ու ջանքեր ներելի պէտք չէ՛ ըլլան…»։
Այս առիթով կ՚ուզենք Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի «նշխար»ի մասին խօսքերը յիշել.
«Նշխարը՝ Սուրբ Հաղորդութեան հացի տեսակին համար պատրաստուած նիւթն է։
«Մաքուր ալիւրէ, անխմոր շաղուած, տափակ ու կլոր բաղարջ մը (բաղարջ=խմորուած՝ անխմոր հաց), մէկ երեսը խաչի պատկեր տպուած, եւ միւս երեսը նկատով (նկատ=փայտէ գործիք՝ ծայրը սանտրաձեւ երկաթ թելերով՝ նշխարքը ետեւէն ծակծկելու) ծակծկուած, եւ երկաթ թիթեղի վրայ եփուած, առանց այրելու եւ առանց տապկելու։ Նշխարին մեծութիւնը սովորաբար 6-10 հարիւրամետր տրամագծով կ՚ըլլայ եւ 2-3 հարիւրամետր թանձրութեամբ։
«Աւելի մեծ նշխարներ ալ համեմատական թանձրութեամբ կը շինուին տաղաւար օրերուն, եւ ուխտաւորութեանց առթիւ հաղորդուողներու բազմութեան բաւեցնելու համար։
«Պատարագի նշխարը նոյն առտու պատրաստուած պիտի ըլլայ ըստ առաքելական կանոնաց։ Ժողովորդեան իբր մաս բաժնուելիք նշխարներ տարբեր տիպեր կ՚ունենան, եւ առաջուընէ պատրաստուած կրնան ըլլալ»։
Արդարեւ այս նիւթը կը կարօտի աւելի խոր ու նոյնքան լուրջ ուսումնասիրութեան։ Մենք ջանացինք միայն հարցը ներկայացնել ու պարզել հետաքրքիր մեր սիրելի՜ բարեկամներուն։ Մեր տեսակէտը հաստատող Եկեղեցւոյ կանոններ եւ օրինական հատուածներ պիտի ներկայացնենք՝ աւելի՛ ընդարձակ եւ տարածուն ուսումնասիրութիւն մը կատարելէ վերջ։
Օրէնք, կանոն անհրաժե՛շտ է նաեւ Եկեղեցիի բարեկարգման համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 9, 2016, Իսթանպուլ