«ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ»Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

«Աւագ շաբաթ»ը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տնօրինութիւններուն՝ չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման, ինչպէս նաեւ դժոխքի աւերման, հոգիներու ազատման եւ հրաշափառ յարութեան շաբա՛թն է։ Այս շաբաթուայ ընթացքին կատարուած ամէն բան, անհրաժե՛շտ էր մեղաւոր մարդուն վերստին «անմահութիւն» պարգեւելու եւ երկնային արքայութեան արժանացնելու եւ հոն փոխադրելու համար։

Այս շաբաթը կը կոչուի «աւագ», քանի որ կը պարունակէ չորս մեծ խորհուրդ. նախ՝ «աշխարհի ստեղծման շաբաթուայ՝ եօթը օրերու խորհուրդ»ը, ապա՝ «այս՛ կեանքի եօթը ժամանակաշրջաններ»ը եւ այս շրջանի խորհուրդը։ Արդարեւ, ըստ Եկեղեցւոյ հայրերու՝ արարչագործութենէն մինչեւ Տիրոջ երկրորդ գալուստը եօթը շրջան է։ Այնուհետեւ՝ «Քրիստոսի չարչարանքներու խորհուրդ»ը, եւ վերջապէս՝ «աշխարհի վախճանի խորհուրդ»ը։

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ. Աւագ Երկուշաբթին կը խորհրդանշէ արարչագործութեան երկրորդ օրը՝ երբ Աստուած ջուրերը բաժնեց իրարմէ եւ ստեղծեց երկինքի հաստատութիւնը։ Այս օրը կը խորհրդանշէ նաեւ «երկրորդ շրջան»ը, երբ ապականուեցաւ ամբողջ տիեզերքը, եւ միա՛յն Ենովքը հաճելի եղաւ Աստուծոյ եւ երկինք փոխադրուեցաւ. (ԾՆՆԴ. Ե 21-24)։ Եւ այս օր է որ Քրիստոս անիծեց անպտուղ թզենին, եւ այն իսկոյն չորցաւ. (ՄԱՏԹ. ԻԱ 18-22)։ Անպտուղ թզենին օրինակն է «ճշմարիտ հաւատք եւ բարի գործեր չունեցող» մեղաւորներու, որոնք պատժուելու եւ վերջին օրը դատապարտուելու են աստուածային հրամանով։

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ. Աւագ Երեքշաբթին կը խորհրդանշէ արարչագործութեան երրորդ օրը՝ որուն ընդհանուր պատկերը կը ներկայացնէ. երբ Աստուած երկրի վրայ դալար՝ կանաչ բոյսեր եւ պտղատու ծառեր աճեցուց։ Աստուած զգալի-տեսանելի նիւթական ծառերու հետ միասին տնկեց նաեւ իմանալի-հոգեւոր ծառեր՝ արդարներու եւ սուրբ մարգարէներու դասերը, ինչպէս կը վկայէ Պօղոս Առաքեալ. «Ուստի գովենք զինք այն փառքին համար՝ որ մեզի շնորհեց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ, նախքան աշխարհի արարչութիւնը». (ԵՓԵՍ. Ա 4)։

Աւագ Երեքշաբթին նաեւ «երրորդ ժամանակաշրջանի խորհուրդ»ը ունի, երբ ջրհեղեղը ողողեց ամբողջ աշխարհը, եւ Աստուած մարդոց լեզուները խառնելով՝ անոնք ամբողջ աշխարհի վրայ. (ԾՆՆԴ. Է 1-24, Ը 1-22, Թ 1-28, Ժ 1-32, եւ ԺԱ 1-32)։ Այսօր՝ Աւագ Երեքշաբթի օրը, արարածներու Արարիչը, մարդու կերպարանքով զգեստաւորուած, կը նստի Ձիթենեաց լերան վրայ՝ որ օրինակն է «վերին արքայութեան» եւ Իր աշակերտներուն կը պատմէ Իր չարչարանքներուն, տաճարի աւերման, աշխարհի վախճանի, Նեռի՝ հակաքրիստոսի գալուստին, գործուելիք պղծութիւններու եւ Իր երկրորդ՝ հրաշափառ գալստեան մասին։ Ի վերջոյ, այս բոլորը կ՚ամփոփէ «Տասը կոյսեր»ու առակով. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 1-13)։

«Տասը կոյսեր»ը կը խորհրդանշեն ամբողջ մարդկային ցեղը. իսկ անոնց լապտերները եւ մէջի իւղը՝ ողորմութիւնը եւ մարդասիրութիւնը։ Կոյսերու ննջումը կը խորհրդանշէ բոլորիս ննջելը գերեզմանի մէջ, իսկ փեսային ընդառաջ ելլելը՝ յարութի՛ւնը գերեզմաններէն։ Իմաստուն կոյսերը անոնք են, որոնք անձի սրբութեանը խառնեցին ողորմածութիւնը, հաւատքին՝ բարի գործերը։ Իսկ «յիմար»ները կուսութեան մեծ գործին խառնեցին՝ ընչասիրութիւնը, անտարբերութիւնը եւ ողորմութեան գործերէն զուրկ գտնուեցան։

ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ. Այսօր յիշատակն է արարչագործութեան չորրորդ օրուան, երբ Աստուած լուսատուներ դրաւ երկինքի հաստատութեան մէջ եւ անով տուաւ Արդարութեան Արեգակի՝ Քրիստոսի ծննդեան աւետիսը։ Աւագ Չորեքշաբթին նաեւ պատկերն է չորրորդ ժամանակաշրջանի, երբ Աբրահամ ստացաւ Իսահակի ծննդեան աւետիսը. (ԾՆՆԴ. ԺԸ 1-33), Հրեաները Եգիպտոսէն դուրս եկան (ԵԼՔ. ԺԲ 1-51, ԺԳ 1-22, ԺԴ 1-31), Վկայութեան խորանը պատրաստուեցաւ (ԵԼՔ. ԻԵ 1-40, ԻԶ 1-37, ԻԷ 1-21), եւ Իսրայէլի որդիները Աւետեաց երկիր փոխադրուեցան. (ՅԵՍՈՒ. Ա-ԺԹ 1-51)։

Աւագ Չորեքշաբթի օրը յիշատակն է նաեւ Տիրոջ մատնութեան, որ կափարուեցաւ Իր աշակերտ Յուդայի կողմէ՝ քահանայապետներէն ստացած 30 արծաթի փոխարէն, ինչպէս կը վկայէ Մատթէոս Աւետարանիչ. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 14-16)։ «Անոնք երեսուն արծաթ դահեկան հաշուեցին…»։

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ. Աւագ Հինգշաբթի օրը պատկերն է արարչագործութեան հինգերորդ օրուան, երբ Արարիչը ստեղծեց ձուկերը եւ թռչունները։ Այս օրը ունի նաեւ հինգերորդ ժամանակաշրջանի խորհուրդը, երբ Իսրայէլի զաւակները կերան զատկական գառը, մկրտուեցան ամպի եւ ծովի մէջ, անապատի մէջ կերան երկինքէն իջած մանանան եւ ըմպեցին վիմաբուխ աղբիւրներէն. (ԵԼՔ. ԺԲ, ԺԴ, ԺԶ, ԺԷ 1-16)։

Աւագ Հինգշաբթի օրը Տէրը կու գայ Վերնատուն՝ որ «Եկեղեցի»ի օրինակն է, այնտեղ կ՚ուտէ զատկական գառը, կը լուայ Իր աշակերտներուն ոտքերը, որը կը յիշատակուի եկեղեցւոյ մէջ, այս օր կատարուող Ոտնլուայի արարողութեամբ, որմէ վերջ, հաւատացեալներուն կը բաշխուի օրհնուած իւղ եւ այդ իւղը կը գործածուի հիւանդութիւններու պարագային, հիւանդներու բժշկութեանը համար։ Յիսուս, աւելի վերջ, Վերնատան մէջ Իր աշակերտները կը հաղորդէ Իր Մարմինին եւ Արեան՝ այսպիսով հաստատելով Ս. Պատարագի խորհուրդը։ Իսկ գիշերը կ՚ելլէ Ձիթենեաց լեռ, Իր աստ-ւածային գլուխը գետին խոնարհելով՝ կ՚աղօթէ Հօրը եւ ապա կը ձերբակալուի. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 17-46)։ Տէրը, նախ լուաց աշակերտներուն ոտքերը, ապա տուաւ Իր Մարմինը եւ Արիւնը՝ կամենալով նախ սրբել անոնց ադամական մեղքը եւ յետո՛յ տալ սուրբ Խորհուրդը, ի՛նչ որ բանական յաջորդականութիւն մըն է։

Աւագ Հինգշաբթի օրը, երբ Տէրը Վերնատան մէջ նստաւ Իր աշակերտներուն հետ, ասիկա կը խորհրդանշէ Քրիստոսի՝ Իր փառքի աթոռը նստիլը Իր տասներկու աշակերտներուն հետ՝ տասներկու ցեղերու հետ։

Աւագ Հինգշաբթի երեկոյեան, եկեղեցիներու մէջ կը կատարուի նաեւ «Խաւարման արարողութիւն», որ արդէն կը վերաբերի Աւագ Ուրբաթի խորհուրդին՝ Տիրոջ ձերբակալութեանը, չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ մահուան։ Եւ «Խաւարում» կը կոչուի այն պատճառով, որ Յիսուսի խաչելութեան ժամանակ արեւը կէսօրուան մէջ խաւարեցաւ մինչեւ ժամը երեքը, երբ Յիսուս հոգին աւանդեց. (ՄԱՏԹ. ԻԷ 45-50)։

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ. Աւագ Ուրբաթը կը խորհրդանշէ արարչագործութեան վեցերորդ օրը, երբ Աստուած հողէն ստեղծեց Ադամը՝ Իր պատկերով եւ նմանութեամբ, իսկ յետոյ անոր կողէն ստեղծեց Եւան, եւ զանոնք դրաւ Դրախտին մէջ։ Ուրբաթ օրը կերան Ադամ եւ Եւան «արգիլուած պտուղ»ը՝ մերկացան փառքէն եւ Տէրը, անիծելով պատժեց մարդը՝ արտաքսեց Դրախտէն։

Վեցերորդ ժամանակաշրջանին, Աստուած, սուրբ Կոյսի անարատ արգանդին մէջ դարձաւ կատարեալ Մա՛րդ՝ հոգիով, միտքով եւ մարմինով, որպէսզի կատարէ տնօրինական գործերը։ Աւագ Ուրբաթ օրը, ինչպէս եւ արդէն նշուեցաւ, Տէրը, Իր աշակերտին՝ Յուդայի մատնութեամբ ձերբակալուեցաւ, ծեծի, անարգանքի եւ ծաղրի ենթարկուեցաւ, եւ յետոյ, Իր վրայ առնելով Ադամի անէծքը եւ դատապարտութիւնը, խաչի վրայ մեռնելով, բացաւ Իր կողը, եւ կողէմ բխած ջուրով լուաց մարդուս մեղքերը։ Իսկ բխած Արիւնով մեզ գնեց չարի ծառայութենէն. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 47, ԻԷ 56)։ Եւ ինչպէս Ադամի կողէն ստեղծուեցաւ անոր կինը՝ Եւան, ա՛յդպէս ալ Տիրոջ կողէն ստեղծուեցաւ Անոր հարսը՝ Եկեղեցի՛ն։

Այսօր թէպէտեւ ուրախութի՜ւն է հոգիներու համար, քանի որ Քրիստոսի չարչարանքներով մեր հոգիները ազատուեցան դժոխքէն, սակայն մարմնապէս սուգ է եւ տրտմութի՛ւն։

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ. Աւագ Շաբաթ օրը ընդհանուր պատկերը եւ օրինա՛կն է արարչագործութեան եօթներորդ օրուան, երբ Աստուած՝ Արարիչը հանգստացաւ Իր բոլոր գործերէն։

Աստուած վեց օրուան մէջ արարեց, ստեղծեց ժամանակաւոր եւ ապականութեան ենթակայ աշխարհը, իսկ եօթներորդ օրը՝ սուրբերու հանգիստը։

Անցած օրերը Աստուած պատուեց արարչութեամբ, ստեղծագործութեամբ, իսկ այս օրը՝ Շաբաթը՝ օրհնութեամբ եւ սրբութեա՛մբ։

Արդարեւ, վեցերորդ ժամանակաշրջանին՝ Փրկիչը եկաւ, մարմնացաւ եւ մարդացաւ կամաւորապէս չարչարուելու։ Այս մեծախորհուրդ Շաբաթ օրը կը յիշատակուին Տիրոջ թաղումը եւ հանգիստը գերեզմանի մէջ. (ՄԱՏԹ. ԻԷ 57-61)։ Այս Շաբաթ օրը, Յիսուս, մարդոց հոգիներու չարչարանքներու վայրը՝ դժոխքը աւերեց, եւ բացաւ հանգիստի վայրը՝ Դրախտի դռները։

Իսկ եօթներորդ ժամանակաշրջանը երբ հասնի, անմիջապէս Տէրը կրկին պիտի գայ եւ արդարներուն պիտի շնորհէ, աշխարհի սկիզբին անոնց համար պատրաստուած Արքայութիւնը՝ յաւիտենական կեանքը ե՛ւ յաւիտենական հանգի՛ստը։

Թէեւ Յիսուս Քրիստոսի թաղման յիշատակի օրը Աւագ Շաբաթ օրն է, եւ սակայն թաղման գլխաւոր արարողակարգը կը կատարուի Աւագ Ուրբաթ օր երեկոյեան, քանի որ երեկոյեան, օրը արդէն փոխուած է Շաբաթ օրուան։

Իսկ Աւագ Շաբաթ օրը, նոյն օրուայ երեկոյեան կը կատարուի Սուրբ Զատկի Ճրագալոյցի արարողութիւնը՝ այսպիսով եզրափակելով Տիրոջ «չարչարանքներու շաբաթ»ը՝ Աւագ շաբաթը, եւ աւետելով Անոր Յարութիւնը մեռելներէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ, 19, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 26, 2018